Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (48)

November 23, 2026

ՅԱՐՈՒԹԵՆԱԿԱՆ, ած., Յարութիւն առնելուն՝ վերադառնալուն, վերազարթնելուն յատուկ, հոգեկան վերափոխումին վերաբերող։ Մարկ Նշանեանի մեկնողական այս գործը…. ընթերցողի մտքին կը յարուցանէ հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն կրնան առնչութիւն չունենալ Թէքէեանի յարութենական մտահայեացքին հետ, բայց կրնան անուղղակիօրէն կապուած ըլլալ նիւթին (Բագ,  թիւ 2-3 2021, էջ 211)։

ՅԵՏԱՄՂԵԼ, բ., Ետեւ տանիլ՝ հրել, առաջին շարքէ՝ աչքերէ՝  ուշադրութենէ հեռացնել, երկրորդական՝ աննկատ դարձնել, սքօղել։ Որ բարձրը, սուրբը, գեղեցիկը,  ձեւաւորը միջոցներ են դասաւորելու, եւ վերջին հաշուով արգիլելու, յետամղելու…. Այն՝ ինչ որ բարձրին կողմէ որոշուած է որպէս ցած (Մ.Ն., 2015, էջ 16)

ՅԵՏԱՐԴԻԱԿԱՆ, ած., Քսաներորդ դարու վերջին առաջ եկած  փիլիսոփայական եւ գրական շարժում (postmodern)։ Յետարդիական այս դարուն այլեւս չկան հաւաքական մեծ ասքեր, կան լոկ տարանջատ մանրուքներ (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):

ՅԵՏԳԱՂՈՒԹԱՐԱՐԱԿԱՆ, ած., Այն ժամանակին վերաբերող, երբ կայսրութիւններէ նուաճուած օտար երկիրները ազատագրուած էին՝ դառնալով անկախ պետութիւններ։ Ան (արեւելասիրութիւնը) այսօր կու գայ զգեստաւորուած…. տիրական տեսութիւններու պատմուճանով՝ յետգաղութարարական տեսութենէն հաւասարապաշտութեան ու խտրականութեան տարբեր կիրարկումները եւ անոնց խաչաձեւման գօտիները «էլիտար» լեզուով (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։

ՅԵՏԵՐԿՐԱՇԱՐԺԱՅԻՆ, ած., 1. Երկրաշարժի հզօր ցնցումին  յաջորդող նուազ ուժգնութեամբ ցնցումներուն յատուկ: 2. փխբ.  Ծանր հիւանդութեան մը յաջորդող նուազ տագնապալի անհանգստութեան յատուկ։ Ներքին գործարաններու ելեւէջ՝ ընդամէնը, յետերկրաշարժային ցնցումներ, որ չեն ալ ցնցեր այլեւս (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80  էջ (էջ 67))։

ՅԵՏԿԱՌՈՒՑԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ, գ., գիտ. Ընկերային եւ մշակութային երեւոյթներու հետազօտութեան կառուցապաշտական  եղանակի ստուգութիւնը ժխտող փիլիսոփայական շարժում: Ըստ Նշանեանի, Անտըրսընի երեւակայութեան ստորոգութիւնը…. թիւրիմացաբար կը թելադրէ ազգայնականութեան պատրանքայնութիւնը՝ մէկ կողմէ իբր թէ որպէս քննադատութիւն, միւս կողմէ՝ ոգեկոչելով «յետ կառուցապաշտութեան» վայելած համբաւը…. (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 92)։

ՅԵՏՀԱԿԱՄԱՐՏԱՅԻՆ, ած., Որեւէ խնդիրի երկու ներհակ  կողմերու պայքարէն անմիջապէս յետոյ եկող, այդ պայքարին  յաջորդող։Յետհակամարտային ժամանակաշրջանը, ընդհանուր առմամբ, հանգիստ կ’անցնի (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

ՅԵՏՆԱՄԱՍ, գ., Նկարի մը ընդհանուր այն գոյնը, որուն վրայ  կը պատկերուի առարկան եւ այն աւելի յստակ եւ ցցուն կը դարձնէ // Նկարի խորքը, ֆոնը: Մինչեւ հիմա ալ այդ ճերմակ պատը որպէս յետնամաս կայ գործերուս մէջ (Բագ., թիւ 3 2020,էջ 103)։

ՅԵՏՆՈՅԵՄԲԵՐԵԱՆ, ած., Հայաստանի, Ռուսիոյ և Ազրպէյճանի մէջ 2020 թ-ի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութենէն յետոյ եկող։ Դասախօսը իր զեկուցումը բաժնեց երեք մասի. առաջին՝ յետնոյեմբերեան ժամանակահատուածին Թուրքիոյ արձանագրած հռետորա բանական փոփոխութիւնը…. (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ՅԵՏՍԻՐԱԲԱՆԱԿԱՆ, ած., 1. Սիրային՝ փաղաքշական յարաբերութենէ ետք: Կինը…. հեռաձայնած էր ճիշդ անոնց լոգարանէն դուրս ելլելէն ետք՝ մաքուր, յետսիրաբանական եւ տակաւին քիչ մը խմած…. (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 8)։

ՅԵՏՑՆՑՈՒՄ, գ., Երկրաշարժի հզօր ցնցումին յաջորդող նուազ ուժգնութեամբ ցնցումներ։ Քաղաքացիները նախազգուշացուած են հաւանական ծովաշարժի մասին. արձանագրուած է 92 յետցնցում (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 8):

ՅԻՇԱԶՐԿՈՒՄ, գ., Յիշողութիւնը սրբելը, կապը անցեալին  հետ խափանելը՝ խզելը։ Շէնքերը յիշողութիւն ունին, այնքան ատեն որ կան։ Հաւաքական յիշազրկումի գործողութիւնը, որ բուն նպատակն էր պատերազմի աւարտին յաջորդած կիսափուլ բայց կանգուն մնացած հազարաւոր շէնքեր փլելու մոլուցքին, չի կրնար ջնջել նկարներդ (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 43)։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x