Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (16)
May 20, 2026
ԲՆԵՐԳ, գ., փխբ. Բուն դէպքերու նկարագորութիւն, անոնց արմատապէս կապուած ըլլալը // Բուն՝ հիմնական դէպք՝ իրադարձութիւն: Հանճարեղ արուեստագէտը, որ այդքան խոր ապրած է խոցը, իր գործերուն մէջ միայն անուղղակի ակնարկներով հպանցիկ կ’անդրադառնայ համաճարակի բներգին (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3,6):
ԲՈՂՈՔԽԱՌՆ, ած., Երեւոյթ, վիճակ, որուն միացած է բողոքը՝ տրտունջը՝ ընդվզումը //Բողոքի հետ խառնուած, բողոք պարունակող։ Բողոքախառն ակնածանքդ միս-մինակ կը մնայ բերանաբաց։ (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 37))։
ԲՈՐՈՏԱԽՏ, գ., անհոգն., Մորթի փոխանցիկ հիւանդութիւն, քոս: 2. Փխբ. Խռովք, տագնապ, հոգիի անդորրը խանգարող զգացում // Մաշկի եւ հիւսուածքներու քայքայում յառաջացնող սուր վարակիչ հիւանդութիւն, բոր հիւանդութիւնը: 2. Փխբ. Հոգեկան տագնապ, խռովք։ Ներքին կեանքին մէջ տեղի ունեցած արտակարգ գրգռումի մը հետեւանքով, մեղքին բորոտախտի մանրէները կը կրծէին զայն դանդաղօրէն (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 259):
ԲՈՒՐԱՀԱՆԴԷՍ, գ., բնստ., Փխբ. Զանազան ախորժելի հոտերով լեցուն տօն, հոս՝ հոգիի խորքէն բխող անարատ՝ գինովցնող ձայն // Անուշաբոյր՝ ճոխ հանդէս, անոր արբեցնող հնչիւնները: Բոյրը Աստուծոյ, որ ձայնն էր հոգիին, օր մը օրանց չէ՞ր առած, չէ՞ր լսած իր աղօթքներուն բուրահանդէսին մեղեդիները, որ խնկարկած էր երջանիկ օր մը (Բագ., 2010, 1, էջ 11):
ԲՈՒՐԱՋՈՒՐ, եր, ի, գ., Անուշ՝ հաճելի հոտ ունեցող ջուր // Բուրումնալից ջուր, օծանելիք։ − Ճի՞շտ է թէ այդպէս է, Հէրրի,− հարցուց Տորիըն Կրէյ,− իր թաշկինակին վրայ սրսկելով քիչ մը բուրաջուր այն խոշոր, ոսկեգլուխ սրուակէն, որ դրուած էր սեղանին վրայ (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 92):
ԲՌՆԱՃԻԳ, ած., Ինքզինքին պարտադրելով՝ առանց ուզելու գործողութիւն մը կատարող // Բռնազբօսիկ, կեղծաւոր։ − Ցտեսութի՜ւն, տղա՛ս, պատասխանեց մայրը,− բռնաճիգ վեհութեան խոնարհումով մը (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 104):
ԲՐՏԱՐԱՐ, ած., Անգութ՝ բիրտ արարքներ կատարող, տմար դի, անողորմ // Բիրտ արարքներ կատարող, վայրագ, դաժան: Ասիկա բրտարար հաւաքականութեան հասնիլն է ոճի մը, «որուն ետեւ կանգնած է կատարուած ու կատարեալ զոհագործութիւնը» (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 178)։
ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Այս կամ այն տեսական սկզբունքի՝ գաղափարի վրայ հաստատուած //Տեսական գաղափարի վրայ հիմնուած: Այժմէականութեամբ կը հասկնամ մեթոտաբանական պայմանը, որ կը նշանակէ ըլլալ քննական (critical) եւ ոչ թէ՝ նկարագրական եւ զգացական… Տրամագծօրէն հակառակ կեցուածքն է աւանադականութիւնը եւ գաղափարաբանական արմատականութիւնը (radicalism), առնուազն՝ ազգային հարցերու պարագային (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ԳԱՂԹԱԹԱՂ, գ., Քաղաքի մը մէջ գաղթականներու՝ վտարանդիներու բնակած թաղը՝ ժամանակաւոր կայքը // Գաղթականներու ժամանակաւոր բնակավայր: Մեզ այստեղ հետաքրքրողը ո՛չ թէ համայնքին իրագործումներն են, այլ՝ վայրը, հիմնարկէքի տեղը, գաղթակայանը, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է նաեւ բազմապիսի անուններով. հիւղաւան, վրանաքաղաք, գաղթաթաղ, բայց մանա ւանդ «քէմփ», որ կը դառնայ այս անուանումներէն ամէնէն ժողովրդայինը (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 60):
ԳԱՐԵՋՐԱՏԱԿԱՌ, գ., Գարեջուրի կարաս: 2. փխբ. Գիրուկ, տակառի նման փորը ուռած՝ լայնափոր // 1. Գարեջրի տակառ։ 2.., Պարարտ մարմնով, հաստափոր։ Յաղթանդամ ու տարեց մարդ մըն էր Ռոմէոն, պրկուած յօնքերով, ողբերգական խռպոտ ձայնով ու գարեջրատակառի երեւոյթով (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 82):