Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (33)

July 8, 2026

ԼՈՒՍՆԱՇՂԱՐՇ, գ., բնստ., Լուսինի լոյսէն հիւսուած բարակ՝  նուրբ քօղ՝ շղարշ // լուսնի շողերը իբրև շղարշ՝ քող՝ վարագոյր։ Հիմա ափին եմ ուր դուն դեռ չկաս/ լուսնաշղարշով մերկութիւնս ծածկած/ սպասումով տաք (Բագ., թիւ 2 2020, էջ 23)։

ԼՈՒՍՆԱՍԷՐ, ած., Լուսինը սիրող, հոս՝ տարտամ, երազային, անստոյգ // 1. Լուսինը սիրող: 2. փխբ. Անորոշություն՝ երազայնութիւն սիրող: Պոլիս. երբ 1880-էն ի վեր վենետիկեան դասականութիւնը բառարուեստի թռիչքներուն սանձ կը դնէր, երբ լուսնասէր ու քնաբեր մեղեդիներ մեր մամուլը կ’օրօրէին՝ ի՞նչ պատահեցաւ, ի՛նչ ոյժի պոռթկում էր յանկարծ դարասկիզբին՝ երբ բազմուղի ձայնարձակութիւն մը սկսաւ, աստուածներու վերածննդեան, անցեալի յարութեան, հերոսներու ոգեկոչման (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

ԼՈՒՏԱՍԱԳԵՂ, ած., Լուտաս ծաղիկներով զարդարուած //Լոտոսներով գեղազարդուած՝ զարդարուն։ Կարդաց Բլաստը լա Գոնգորտի կոթողին մասին, որ կրանիդէ արցունքներ կը թափէ, իր մենաւորիկ եւ անարեւ աքսորին մէջ ու կը ցանկայ վերադառնալ Նեղոսի տաք ու լուտասագեղ ափերը…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 270):

ԼՐԱՀՈՍ, գ., Լուրերու՝ նորութիւններու մէկը միւսին յաջորդող շարքը՝ շղթան // լուրերի՝ նորությունների հոսք։ Միջազգային լրահոսին մէջ կար առատ նիւթ Իտլիպի մասին…. (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑ, գ., Լուրը՝ նորութիւնը սփռելու համար  հիմնուած թերթ, ձայնասփիւռի՝ հեռուստատեսութեան կայան, կայքէջ // Լրատուական միջոց (մամուլ, համացանցային հրապարակումներ): Երէկ՝ 30 սեպտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի լրատուամիջոցները շրջանառութեան մէջ դրին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկութիւնները այն մասին, որ…. ձերբակալուեցան պաշտպանութեան նախկին նախարար Դավիթ Տօնոյեան ու անոր ընկերը՝ մատակարար կազմակերպութեան տնօրէն Դավիթ Գալստեան (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1, 4):

ԽԱՂԱՐԿԱՅԻՆ, ած., Յօրինուած կերպարներու մարմնաւորումով, անոնց ներկայացումով պայմանաւորուած՝ ստեղծուած // Դերասաններու խաղով կառուցուած, բեմադրուած, գեղարուեստական։ Ես այդ սկսած եմ ուսանողական տարիներէս եւ ցարդ 2012-2013  թուականին ստեղծած եմ «Թեւանիկը»՝ իմ առաջին խաղարկային ժապաւէնս (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4): – էջ 4

ԽԱՆԴԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, թեան, գ., Սաստիկ՝ բուռն կիրք,  անսանձ եռանդ՝ աշխուժութիւն // ջերմեռանդութիւն, փութաջանութիւն։ – Չո՜րս ամուսին… հաւատացէք, չափազանց բուռն խանդեռանդութիւն է ատիկա (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 292):

ԽԵՑՈՒՂԻ, ի, գ., Նոյն տեղէն շարունակ երթ ու դարձի հետեւանքով բնականօրէն յառաջացած հողէ ճամբայ։ Քիչ ետք, բաժանուեցան խեցուղիէն, ու կառքը թաւալեցաւ նորէն գէշ սալայատակուած փողոցներու մէջ (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 305):

ԽՆԱՄԱԿԱԼԱՅԻՆ, ած., Թանգարաններու կամ ցուցասրահներու մէջ ներկայացուելիք արժէքներու ընտրութեան եւ կազմակերպումի գործին վերաբերող, այդ պաշտօնին յատուկ // խնամակալին՝  խնամակալութեանը յատուկ։ Մեծ գաղտնիք մը չէ նաեւ, որ վերջին յիսուն տարիներուն թանգարանները դադրած են տիրող մշակոյթներու գլուխ գործոցներ ցուցադրելու ծառայող տարածքներ ըլլալէ, որպէս հետեւանք՝ ցուցահանդէսներ համադրող խնամակալներու տուած որոշումներուն ու առած քայլերուն. խնամակալային (curatorial) արարքներ, որոնք հիմնովին խախտած են թանգարաններու նախկին այդ հանգամանքը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 198)։

ԽՆԴՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ, բ., Շատերու կողմէ հաւանութեան արժանացած միտք մը, համոզում մը քննութեան ենթակայ՝ քննելի  դարձնել, անքննելին քննել //Խնդրական՝ խնդրահարոյց դարձնել։ 1. Տարիներու ընթացքին վարժուեր ես ամեն ինչ հարցադրելու, խնդրականացնելու՝ յատկապէս որոշ ուսումնառութենէ ետք (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 78):

ԽՆԴՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Հաւանութիւն վայելող համոզումի  մը քննելի ըլլալը, անքննելին քննելը: Եւ ամէն պարագայի՝ աստուածային նմանութեան եւ պատկերի ամբողջ խնդրականութիւնը պիտի վերարծարծուի «Պատկեր,  պատում, պատմութիւն» շարքին յաջորդ հատորներէն մէկուն մէջ (Մ.Ն., 2015, էջ 15)։

ԽՆԴՐԱՀԱՐՑ, գ., Երեւոյթի մը մէջ քննելին՝ խնդրականը՝ փոփոխութեան ենթական // Հիմնահարց, հիմնախնդիր։  Խնդրահարցը (problematique) ան է, որ սկսեալ հին մատենագրութենէն եւ գրեթէ ամէն տեղ հայագիտութիւնը չէ մշակուած…. իբրեւ ուժական (dynamic) եւ յարաճուն գիտութիւնը մերձաւոր-միջինարեւելեան ժողովուրդի մը (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

ԽՈՀԱԿԵՐՊ, ած., Մտածումի՝ խորհելու ուժով կազմուած, մասնաւոր խորհուրդ ունեցող //Խոհուն, խորհրդավոր: Սակայն պահ մը կը ներզգամ ես կարծես,/ Թէ կը ծնիս իբրեւ տիպար խոհակերպ/ Ֆաուսթի մէջ վերստին (Բագին, 2010, 1, էջ 41):

 

 

 

 

 

 

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x