Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (35)
July 16, 2026
ԾՈՎԱԳՐԵԼ, բ., Մարդուն կամքէն անկախ գրել՝ որոշել անոր անցնելիք ճամբան, ճակատագրական ըլլալ // …Կը յանձնուի աղին հմայքին եւ իր քաղցր ջուրին այբուբենով իր երկրորդ կեանքին նախերգանքը կը ծովագրէ (Բագին, 2010, 1, էջ 6):
ԾՈՎԱՇԱՐԺ, գ., Երկրաշարժի պատճառով առաջացած վիթխարի ալիք // Օվկիանոսային հսկայ ալիք, որ կը յառաջանայ ստորջրեայ երկրաշարժի պատճառով, ցունամի: Քաղաքացիները նախազգուշացուած են հաւանական ծովաշարժի մասին. արձանագրուած է 92 յետցնցում (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 8):
ԿԱԶՄԱԶՐԿՈՒՄ, գ., Բարդ՝ բազմաթիւ բաժիններէ կազմութեան մը անկապակից մասերու տրոհումը, հոս՝ երեւոյթի մը իմաստը կազմող բարդ հանգոյցի քանդումը։ Ինչո՞ւ «երկդիմի» է պատկերը եւ պատկերին հետ՝ երեւակայութիւնը…. որովհետեւ կը մասնակցի երկու աշխարհներու, կը գործակցի մէկուն եւ միւսին, իմաստի կազմաւորման եւ իմաստի կազմազրկման, իմաս տաւորման եւ իմաստազրկման (Մ.Ն., 2015, էջ 63)։
ԿԱԶՄԱԼՈՒԾԱԿԱՆ, ած., Անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն դիտուող երեւոյթի մասերու բաժանումի արարքին վերաբերող, միութիւնը խախտելուն յատուկ: Այս առիթով, Նշանեանի «Շելլինգէն մինչեւ Ֆրանց Կաֆկա եւ Դանիէլ Վարուժան» դասախօսութիւնը կը յղէ Ժան-Լիւք Նանսիի Անգործ համայնութիւնը աշխատութեան…. անդրադառնալով արդի առասպելի մեկնաբանութեան որպէս ինքնին առասպել, ինչպէս նաեւ մատնանշելով ֆրոյ դեան սկզբնաւորող տեսարան-յղացքի խաղցած կարեւոր դերը այս կազմալուծական աշխատանքի մէջ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 95)։
ԿԱՄԱՐՈՒՂԻ, ի, գ., Կամար՝ աղեղնաձեւ ծածկ ունեցող ճամբայ // Կառուցվածքի պատերը՝ յենարանները եւ այլն միացնող աղեղնաձեւ ծածկով անցուղի։ Յետոյ, ուժգնօրէն բռնեց Տորիըն Կրէյը եւ քաշեց կամարուղիէն դուրս (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 314):
ԿԱՅԵՆԱԲԱՐՈՅ, ած., փխբ. Հարազատին՝ եղբօրը վնասելու գաղտնի մտադրութեամբ կատարուող //Ոճրագործի՝ մարդասպա նի՝ եղբայրասպանի բնաւորութիւն ունեցող։ Երբ ծանօթացանք…. տակաւին ջուրի երես չէին ելած արեւելեան Հայաստանի բնակիչներէն անոնք, որոնք արեւմտահայերէնը հետագային պիտի շփո թէին գրաբարի հետ՝ մեկնելով անգիտութենէ թէ կայենաբարոյ չարամտութենէ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 54)։
ԿԱՅՄԵԼ, բ., բնստ., Ամուր կապ՝ յարաբերութիւն ստեղծել, վստահելի՝ ապահով դարձնել //Կայմի նման՝ որպէս կայմ ամրացնել։ Մեր հարցումները, մեր բողոքները, մեր գրաւոր արտայայտու թիւնները կը կայմէին մեզ անոր լուսաւորեալ մարդու նաւակին, ու մեզ կը տանէին դէպի աւելի ապահով ափեր (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 67)։
ԿԱՆԱՉԱՇԱՊԻԿ, ած., Կանաչ վերնաշապիկ հագած, կանաչ վերնաշապիկով // Կանաչ գույնի շապիկ հագած, կանաչ շապիկով։ ….Կալիգուլային պէս, խրախճաներ էր Կրկէսին կանաչաշապիկ ձիաւորներուն հետ…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 237):
ԿԱՆԽԱԾՐԱԳՐՈՒԵԼ, բ. և չբ. Մտադրութիւն մը կատարել՝ իրագործել, անոր կատարումի ընթացքը նախօրօք ուրուագծել // Նախապէս՝ կանխաւ ծրագրվել։ Ըստ դէտերու, Թայյունէի դէպքերը պատահական չէին եւ անոնք կանխածրագրուած էին (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄ, գ., Անբաղձալի իրադարձութեան մը իրականանալուն արգելք ըլլալը, զայն կանխելը, անոր առաջքը առնելը, անկէ խուսափիլը // Կանխարգիլելը, նախապէս կանխելը: «Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնները կը գործեն իբրեւ ապագային նման ողբերգական իրադարձութիւններու կանխարգիլման յուսալի երաշխիք», ըսած է Զայցեւ (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):
ԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ, ած., Գործունէութիւն մը կանոնաւորող վարչական օրէնքները որոշելուն՝ սահմանելուն՝ գրելուն յատուկ, անոր վերաբերող //Կանոնագրքին յատուկ, օրէնսգիրքի։ ԺԷ. Արտակարգ Ընդհանուր ժողովը, փոքր սրբագրումներ կատարելով արտասահմանեան շրջաններու կանոնագրային տրամադրութիւններուն մէջ, յառաջացուց Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ կառոյց մը (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԿԱՌՈՒՑԱԶՐԿՈՒՄ, գ., Կառուցուածք մը իր առանցքէն զրկելով քակելը՝ կազմատելը, այն պզտիկ հաւասար մասերու բաժնելը՝ վերածելը: Ինչպէս ալ բնորոշուի՝ հիմնականին մէջ մտածողական արարքը (անդրադարձ, նկատառում տրամաբական ռազմավարութեան, նշանակութեան ցանցի շօշափում, իմաստի կառուցում կամ կառուցազրկում) գրական կալուածի երկայնքին՝ անհանգիստ, անդադար ինքզինք քննութեան ենթարկող գործողութիւն մըն է…. (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթիւն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 12)։