Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (38)
August 1, 2026
ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ, գ., Որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան ղեկավար մարմին կամ զայն ներկայացնող յանձնաժողով: Այսպէս, համաձայն Հայաստանի վարչական բաժանումներուն, կը յառաջանան կոմիտէութիւններ, մարզային կոմիտէութիւններ, Երեւանի քաղաքային կոմիտէութիւն, Հայաստանի կազմակերպութիւն (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԿՈՊԵՌՆԻԿԵԱՆ, ած., Քոփեռնիքոսի գիտական գործունէութեան վերաբերող, հոս՝ ըմբռնումներու, գաղափարներու բեկումնային՝ անկռահելի եւ անակնկալ մեծ փոփոխութեան բերող: Արմատական նորույթներ բերող, շրջադարձային: Նաեւ համոզուած էի, որ այս նիւթերուն պատմականացումը պիտի պատճառէր կոպեռնիկեան յեղափոխութիւն մը այն տարազներուն մէջ, որոնցմով ներկայացուած են, այսպէս կոչուած, «հայկական բաները»՝ աւանդական եւ ընդունուած-տիրական (mainstream) պատմագրութեան մէջ (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ԿՈՐՈՒՍՏԵԱԼ, ած., Կորսուած, արժէքաւոր բանի մը կորուստին յատուկ // Կորուսեալ: Մնաց հոն՝ տէր կանգնելու կորուստեալ հողին…. մնաց մեր լեռներում՝ իբրեւ ռազմական տհոլ մուսալեռեան (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):
ԿՐԱՂԻՒՍԵԱՅ, ած., Կրաղիւսէ շինուած՝ պատրաստուած: Ինք ալ իր կար գին, հազար կտոր ըլլալէ եւ գլուխը ֆրիվէյի կրաղիւսեայ պատին բիւր անգամ զարնելէ ետք, հասած էր վերջնական իր որոշման (Բագին, 2010, 1, էջ 23):
ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ, գ., Ուսանելու՝ կրթուելու կարելիութիւն ստեղծելու համար նիւթական օժանդակութիւն։ Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 16):
ԿՐԾՐԾԵԼ, բ., Շատ անգամ կամ ասդիէն ու անդիէն խածնել, խածոտել, խածխծել։ Ատելութիւնը սանձարձակութեան մէջ կը պայթի։ Ինքնամեղադրանքը՝ մո՛ւկ, կը կրծէ, կը կրծրծէ։ (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 22)։
ԿՐԿՆԱՊԱՏԿԵՐ, գ., Մարզական խաղի տեսագրութեան որեւէ պահի կրկնութիւնը: Օրուան իրաւարարը, ՎԱՐ համակարգով դիտելէ ետք կրկնապատկերը, Հայաստանի ի նպաստ տուաւ փենալթի մը (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 7):
ԿՐԿՆԱՐԱՐՔ, գ., Որեւէ գործողութիւն՝ արարք կրկնելը։ Լման պետութիւններ հիմնուած են եւ կը ծաղկին այսօր հսկայածաւալ չափերու հա սած եւ բրտօրէն վերանորոգուած նման կրկնարարքերու տարբե րակները գործադրելով (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 144)։
ԿՐՕՆԱԲԱՐՈՅԱԽՕՍԱԿԱՆ, ած., Բարոյական սկզբունքներ, որոնք կրօնական համոզումներէ կը բխին //Կրօնական եւ բարոյախօսական։ Շմաւոնեան…. կը տպէր նաեւ Խաչատուր Ջուղայեցիի «Պատմութիւն պարսից» բաւական մեծ պատմական ու սումնասիրութիւնը, որ պատմական ակնարկներու նկարագրական հաւաքածոյ մըն էր՝ համեմուած կրօնաբարոյախօսական դատողութիւններով եւ խոհերով (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ԿՐՕՆԱՊԱՏՄՈՒՃԱՆ, գ., 1. Կղերականի երկայն պարեգօտ: 2. փխբ. Երեւոյթի մը կրօնին՝ հոգեւորին յատուկ երանգ՝ նշանակութիւն տալը, անոր կրօնական յատկանիշներ վերագրելը։ Բայց անշուշտ մոմիաները եւ նշխարատուփերը այդ խորհրդաւոր պահուն ցուցադրումը չէին միայն, նաեւ անոր օգտագործումն էին, թարգմանութիւնը ուրիշ լեզուով մը, հաւատքի լեզուով, ուրեմն անոր բռնի (եւ հաւանաբար անխուսափելի) իմաս տաւորումը, սրբացումը, կրօնապատմուճանով ներկայացումը (61)։ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 84)։
ՀԱԿԱԺԱՀՐԱՅԻՆ, ած., Հիւանդութեան մը ազդակի ներգործութեան ուժը նուազեցնող, անոր ազդեցութեանը դիմադրող։ «Մոլնուփիրաւիր» (Molnupiravir) հակաժահրային բերնի դեղամիջոցը նախատեսուած է բուժելու մեղմ եւ չափաւոր «Քորոնա» այն մեծահասակներուն մօտ, որոնք կը գտնուին ծանր «Քորոնա»-ի պարագայի կամ հիւանդանոցային վտանգի տակ (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ՀԱԿԱԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Ոչ թէ ժողովուրդի, այլ պզտիկ խումբի կողմէ ղեկավարուող կարգ // Անհամապատասխանութիւն ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն, ժողովրդավարական ազատութիւններու բացակայութիւն։ Նման միաձայնութիւն չի նշանակեր հակաժողովրդավարութիւն, ազատութիւններու սահմանափակում կամ իսկական բազմակարծութեան ոտնակոխում, որովհետեւ բազմաթիւ ենթաուղիներ ունեցող ճամբան մէկ է եւ կը հարկադրէ միասնութիւն…. (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):