Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (28)

June 22, 2026

ԺՈՂՈՎԱՎԱՐԱԿԱՆ, ած., Ժողովը վարելուն, անոր ընթացքը  հսկելուն եւ կառավարելուն յատուկ, այդ գործողութեան բնորոշ: Աւելին, խորհրդարանի նախագահին ժողովավարական ճկուն ու հմուտ մօտեցումը հարցերուն, որոշ չափով մեղմացուց անցնող օրերու լարուած տրամա դրութիւնները եւ ժողովին ընթացքը դարձուց աւելի հեզասահ (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ԻՄԱՑԱԿԱՐԳ, գ., Աշխարհիկ երեւոյթներու, մարդու կեանքին՝ էութեան՝ նապատակներուն մեկնաբանութեան ամբողջական  եղանակ // Փիլիսոփայական ուսմունք իմացութեան գործընթացի, աղբիւրներու, ձեւերու մասին: Հարկ է նաեւ նկատի ունենալ, ինչպէս Նշանեան դիտել կու տայ, որ Մխիթարեաններու փորձառութիւնը դասական իմացակարգի շրջանին ամբողջութեամբ չի համապատասխաներ դասականութեան ընդունուած գործառութիւններուն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 96):

ԻՄԱՑԱԿԱՐԳԱՅԻՆ, ած., Աշխարհիկ երեւոյթներու, մարդու  կեանքին՝ էութեան՝ նապատակներուն մեկնաբանութեան ամբողջական եղանակին վերաբերող, անոր յատուկ //Իմացակարգին՝  իմացաբանութեն յատուկ՝ բնորոշ: Անգամ մը եւս, գործ ունինք բարդ հանգոյցի մը հետ ու,  արդարեւ, վերը գործածուած իմացակարգային շրջանները աւելի ճշգրիտ սահմանումի կը կարօտին (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 96)։

ԻՄԱՑԱՊԱՇՏ, ած., Միտքը՝ մտքի զօրութիւնը՝ գիտելիքը գնահատող, զանոնք գերակայ արժէք համարող // Իմացութիւնը՝ միտքը՝  գիտելիքը պաշտող: Սփիւռքահայ իմացապաշտ միտքը առաւելաբար պիտի ուզէր ողջունել այս ոսկի երակը իր ստեղծագործութեան (Սիոն, 1999, էջ 476):

ԻՆՔՆԱԶԳԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (autoethnography), գ., Գրողի կենսագրութեան՝ փորձի վրայ հիմնուած, այդ դիտանկիւնէ կատարուած  ազգագրական գիտական հետազօտութիւն:  Վերլուծաբանը «ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ ազգի մը ինքնահնարումը» հարցադրումին ի պատասխան գրած է. «Կ’ուզեմ այստեղ նկարագրել աղէտի փորձառութիւնը, այն՝ որ կը ցուցարկուի Աբովեանի մօտ եւ, գրականութեան եւ ինքնազգագրութեան ծրագրի ետին… երեւան կը հանէ «բնիկի» կերպարը (Բագին, 2021, թիւ 2-3, էջ 181)։

ԻՆՔՆԱԶՈՒՍՊ, մկբ., Ինքզինք զսպելով՝ չափի մէջ դնելով։ Հալածական, հազիւ ինքնազուսպ հասայ երիտասարդին (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան,  Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 66)։

ԻՆՔՆԱԾՐԱԳՐԵԼ, բ., Առանց արտաքին միջամտութեան իր  ուրոյն օրէնքներով զարգացող, նպատակը ինքն իր մէջ ունեցող //Ինքնուրոյնաբար՝ ինքն իր մեջ ծրագրուած: Ինչպէս կը յայտնուի իր նամակներէն՝ ինքնածրագրուած բանաստեղծութեան մը մէջ կ’ընթանար (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

ԻՆՔՆԱԿԱՅԱՑՈՒՄ, գ., Ինքզինք՝ իր բուն էութիւնը ճանչնալը  եւ այն արտայայտելը //Ինքն իր կայանալը գիտակցելը։ Ժամանակ չունէին ենթակայի ինքնակայացումով զբաղելու (Մ.Ն., 2015, էջ 28)։

ԻՆՔՆԱԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ, գ., Ինքզինք կառավարելը՝ որոշումներ ընդունելու եւ անոնք գործադրելու ազատութիւն, հոս՝ պզտիկ եւ  մեծ համայնքներու գործունէութեան անկախութիւն //Տեղական  ինքնակառավարում, տեղական (քաղաքի, գիւղի, թաղի եւ այլն) նշանակութեան խնդիրներու լուծմամբ զբաղող ընտրովի մարմին։ Կիրակի, 17 հոկտեմբերին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու 6  համայնքներու մէջ…. (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԻՆՔՆԱՀԱՄՈԶԻՉ, ած., Ինքնավստահ երեւացող, ինքն իր անձին նկատմամբ վստահութիւն ներշնչող // Ինքնավստահ։ Երկչոտ, որոնող հայեացք, ինքնահամոզիչ ուղիղ քալուածք, տեղը չեղող երիտաասարդի մը ինքնապարտադիր, մտամոլոր, հեռուէն հասած այցելութիւն մըն է իրը (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 43)։

ԻՆՔՆԱՀԱՅԵՑՈՂԱԿԱՆ (Autoscopy, Autoscopic), ած., Մարդու՝ իր անձէն դուրս եղող չէզոք դիրքէ մը իր նիւթեղէն կազմի  ընկալումին՝ դիտումին բնորոշ, այդ փորձառութեան յատկանշական  // Ինքնատեսողութեան յատուկ՝ բնորոշ, ինքնադիտողական։ Անոր կեանքը – ազգին կեանքը – մահուան տեսանկիւնէն դիտուած է («ինքնահայեցողական» կերպով), կենսապաշտութիւն մըն է որ երեւան կու գայ «մահապաշտութեան» մը խորքէն զատուելով (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 141)։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x