Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (37)

July 26, 2026

ԿԻՆՈԼՐԱԳՐՈՂ, գ., Շարժապատկերի ասպարէզին մէջ տեղի  ունեցող անցուդարձի՝ նորութիւններու մասին լուրեր գրող անձ: Հիմնուած է 2004 թուականին՝ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի զարգացման հիմնադրամի, Կինոգէտներու եւ կինոլրագրողներու հայկական միութեան կողմէ (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):

ԿԻՊՐԱՀԱՅ, ած. գ., 1. Կիպրոս ծնած կամ կիպրոս ծնած  ծնողներ ունեցող հայ: 30 օգոստոսին կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան…. ներկայ գտնուեցաւ նախագահական պալատի արարողութեան եւ պաշտօնական ընթրիքին…. (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 4):

ԿԻՍԱԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ, ած., Իրականութեան հետ քիչ աղերս ունեցող, հեքիաթային՝ վիպային երանգ ունեցող // Կիսով չափ  առասպելական, երեւակայական: Միայն ֆաթիմական հայերու պարագան, որ ամբողջութեամբ հիմնուած է արաբական աղբիւրներու վրայ, բաւարար էր փաստելու, թէ այն կիսաառասպելական պատկերը կամ տպաւորութիւնը, որ յառաջացած է հայոց մասին իբրեւ փոքր, միատարր, սահմանափակ, յարատեւօրէն ճնշուած ու անիրաւուած փոքրամասնութիւն, իրողապէս ճիշդ չէ (Ազդակ, 2  Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ԿԻՍԱԺԱՄ, մկբ., Գործառուի մը ութժամեայ աշխատելու  ժամանակին մէկ մասի՝ սովորաբար կէսի չափով (աշխատիլ): Աւելի ուշ ժողովրդային ցոյցերու, ճամբաներու փակման ու առհասարակ տնտեսական պայմաններու բերումով ամուսինը՝ Ժանը,  ստիպուեցաւ փոխան լիաժամի, կիսաժամ աշխատելու (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ԿԻՍԱԾԱՆՐ, ած., փխբ., Թշնամի զօրքի ուժին վնաս տալու զօրութեամբ միջին սաստկութիւն՝ ներգործութիւն ունեցող (զէնք) // Միջին հզօրութիւն ունեցող: Երկար ժամանակէ ի վեր փոխադարձ եւ առաստաղազուրկ յայտարարողական յարձակումները գետնի վրայ թարգմանուեցան պատերազ մը յիշեցնող գործողութիւններով, փոքր եւ կիսածանր զէնքերու գործածութեամբ, նահատակներու եւ վիրաւորներու արձանագրու թեամբ (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԿԻՍԱՀԱՅԵՐԷՆ, ած., Լեզու մը ուրիշ լեզուի մը բառերով, քերականութեամբ խառնուած՝ մաքրութիւնը կորսնցուցած (հոս՝ արաբերէնը հայերէնով) // Կիսով չափ հայերէնախառն օտար լեզուով։ Խնդիրը շատ պիտի մեծնար, որովհետեւ սուրիական բանակի զինուորը ո՛չ մեր խօսած կիսահայերէն արաբերէնէն, ո՛չ Վարդավառէն, ոչ ալ մեր թափած արցունքներէն բան կը հասկնար… (Գրական Սփիւռք – 9, էջ 118)

ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ, ած., մարզ., Ախոյանական մրցաշարքի վերջին որոշիչ խաղին նախորդող խաղ, որուն յաղթողը ախոյանութեան յաւակնորդ կ’ըլլայ: Կիսաւարտականին Ուքրանիա կը մրցի Ռուսիոյ դէմ, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին Վրաստան կը մրցի Հնդկաստանի դէմ (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):

ԿԻՍԱՓԱՍՏ, գ., Երեւոյթի մը վերաբերող մասնակի՝ անկատար՝ մակերեսային փաստ, անօրէութիւնը՝ ամբողջականութիւնը  անտեսող փաստ // կիսատ՝ ոչ լիարժէք փաստ, խեղաթիւրուած  փաստ։ Յաճախ, ինչպէս հինաւուրց օրէնք է մեր մէջ, այդ պատասխանները յանգած են լուտանքներու, խեղաթիւրումներու եւ ափյափոյ կիսափաստերու տարատեսակ գումարումին, վերահաստատելով Յակոբ Պարոնեանի «հայհոյանքը փաստի սով է» խօսքին անժամանցելիութիւնը…. (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 44)։

ԿԻՍԱՔԱՅԼ, գ., 1. Կէս քայլ: 2. փխբ. Խնդիրի մը յարաբերական՝ պայմանական լուծում, որ այդ պահուն կրնայ ելք ըլլալ, բայց  փրկութիւն չի դառնար: 2. փխբ. Կիսամիջոց, ոչռարմատական լուծում տուող քայլ՝ միջոց: Նման զարգացումէ բխող գոհունակութիւնը լիարժէք չէ, այլ զայն կարելի է կոչել միայն կիսաքայլ (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3, 6): 

ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ, ած., 1. Հայ համբաւաւոր երգահան եւ երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետին, անոր ստեղծագործութեան յատուկ՝ բնորոշ: Հայ մեծ երգահան Կոմիտասին եւ անոր ստեղծագործութեան բնորոշ՝ յատուկ: Ան դիտել տուաւ, որ Գէորգ Հաճեանի սրբանուէր արեան հետքերով բազում պատանիներ ու երիտասարդներ պիտի ուղղորդուին դէպի բարձունքը յաղթանակի, «ուր պիտի դիմաւորէ զիրենք ձայնդ կոմիտասեան՝ իբրեւ ռահվիրայ գալիք յաղթանակներուն» (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3,6):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x