February 16, 2026
Այսպէս կը կոչենք լեզուական այն տարրերը, որոնք յառաջացած են արեւելահայերէնի մէջ եւ խորթ են արեւելահայուն եւս, բայց կա՛ն զանոնք կիրարկողներ, միւս կողմէ կոյր ընդօրինակումներ կամ հետեւութիւններ են օտար լեզուներէ, յատկապէս՝ ռուսերէնէ:
February 5, 2026
«Մի՛ ըսէք ու գրէք *յորմէ յետէ, յորմեհետէ *ոտնկայս, ոտնկաց, հոտնկաց այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք ***յորմէ hետ ***յոտնկայս
January 31, 2026
Դուռ-դռա՞ն, թէ՞ դուռ-դրան հարցին առաջին համապարփակ անդրադարձողը եղած է հայր Արսէն Այտընեանը, որուն համար աշխարհաբարեան ամառ, ձմեռ, լեռ եւ դուռ բառերը արդի լեզուի մէջ պէտք է գրուէին ռ-ով՝ ամռան, ձմռան, լեռան, դռան:
January 28, 2026
Մի՛ ըսէք ու գրէք *ամենայն դէպս այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք ***յամենայն դէպս
January 24, 2026
«Մի՛ ըսէք ու գրէք *Յանկերգ *Յանձինս Մարկոսին Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք ***յանգերգ ***յանձին Մարկոսին (եզակի)
January 19, 2026
Մի՛ ըսէք ու գրէք *Թատրերգութիւն Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք ***թատերգութիւն
January 15, 2026
*Մի՛ ըսէք ու գրէք *Բազմիցս անգամ ***Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք ***բազմաթիւ անգամներ, բազմիցս
January 13, 2026
*Մի՛ ըսէք ու գրէք *Ակնոցներս դրի (յոգնակի՝ սխալ) ***Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք ***ակնոցս դրի (ճիշդը՝ եզակի)
November 12, 2025
Արգելափակել Այս փորձանքը մեր գլուխը փաթթողը արեւելահայերը եղան՝ իրենց սխալ ու ապիկար կիրարկութեամբ: Ստորեւ սփիւռքահայ կիրարկութիւն մը. ***Ամերիկացի գոնկրէսական Պրէտ Թըրման …պահանջեց արգելափակել ամերիկեան աջակցութիւնը Անքարային եւ Պաքուին, նկատի առնելով Հայաստանի շրջափակումը եւ Պաքուի մեր արգելափակուած հայ գերիներուն հարցը («Արարատ», 18/9/2025, էջ 4): Այս երկու կիրարկութիւններէն երկրորդը ճիշդ է, քանի արգելափակել կը նշանակէ մէկը բանտարկել փակ եւ ըստ ամենայնի վատառողջ միջավայրի մէջ, ինչ որ պարագան է Պաքուի հայ գերեալներուն: 19-րդ դարուն Պոլսոյ պատրիարքները նման խուցեր ունէին իրենց պատրիարքարանի յարակից տարածութեան մէջ, ուր կ’արգելափակէին հայ խենթերը: Չէին գոհանար միայն արգելափակելով, այլեւ կը կապէին զանոնք յատուկ սիւներու եւ օրական քանի մը
November 8, 2025
Վերադառնանք «Ազդակ»-ի լեզուական ուսանելի գոհարներուն: 3/11/2025 ***Վարչապետարանը հաղորդեց, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները (էջ 02): —Սպասենք անոնց երկուքին եռակողմանի քննարկումին… ***Եգիպտական ծրագիրը կը նկատուի բանակցային ուղիի ուղղութեամբ քայլ…(էջ 2): —Կը մնայ մաղթել, որ ան չշեղի… ուղիի ուղղութենէն: ***Հրթիռը կրնայ արձակուիլ հիւլէական սուզանաւի մը հնոցի մը ուժին համազօր ուժով (էջ 8): —Հրթիռը կրնայ… սուզանաւի մը հնոցին մը ուժին համազօր ուժով: 4/11/2025 ***Ան շեշտեց, որ Համասին պիտի ստիպէ զինաթափուիլ(էջ 1): Ստիպել-ը ներգործական է եւ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ: —Ան շեշտեց, որ պիտի ստիպէ Համասը զինաթափուելու: ***Ասիկա այն ժողովուրդն է, որուն ոչ ոք պիտի կարենայ պարտութեան մատնել (էջ 2): Պարտութեան
November 5, 2025
. Անծերի Կը կոչուի նաեւ կապտածաղիկ : Այս ծաղիկին ակնարկած են մի՛միայն Ակադեմիայի քառահատոր բացատրական բառարանն ու Աշոտ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը: Լատիներէն գիտական անունն է՝ Ageratum houstonianum. Ֆրանսերէն՝ agerate, անգլերէն՝ bluemink: Եղանակային՝ մայիսէն մինչեւ նոյեմբեր ապրող բոյս մըն է, որուն հայրենիքը եղած է Մեքսիկան՝ անկէ տարածուելու համար մասնաւորաբար բարեխառն այլ գօտիներ եւս: Կ’աճի յատկապէս մարգագետիններու, ինչպէս նաեւ անտառային խոնաւ բացատներու վրայ: Հայաստան մուտք գործած է 1930-ականներէն սկսեալ, մասնաւորաբար Արարատ-եան դաշտի տարածքին, ուր անոր սերմերը կը ցանեն նախ ջերմոցներու մէջ, ապա նորահաս ցօղունները մայիսի կէսերէն սկսեալ կը փոխադրեն ազատ բնութիւն: Օժտուած է գեղազարդիչ (décoratif) բարձր վարկանիշով: Ունի բազմաթիւ տեսակներ, ուր կ’իշխէ
November 2, 2025
Յակոբ Պարոնեան, աստիճանաւորումներու խորահմուտ կիրարկութեամբ, ցոյց տուած է անառակ կնոջ եւ միամիտ Պաղտասար աղբարի ամուսնական կապերու քայքայումի ամբողջ գործընթաց մը:
October 29, 2025
***Շարժումները անկեղծ կ’ըլլային, երբ ան վերահսկողութիւն չ’ունենար անոնց վրայ: ---Շարժումները անկեղծ կ’ըլլային, երբ ան վերահսկողութիւն չունենար անոնց վրայ: ***Կը կարծեմ, որ պիտի սիրեմ քեզ: ---Կը կարծեմ, թէ պիտի սիրեմ քեզ:
October 26, 2025
Աստիճանաւորում (դ) Աստիճանաւորումը կ’ենթադրէ նաեւ իրերու եւ երեւոյթներու կարեւորութեան կարգը, որ նմանապէս պէտք է յարգուի: Ստորեւ օրինակ մը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ անասունի մը կարեւորութիւնը՝ մեկնելով անկէ ստացուած այլազան բարիքներէն: ***Դժուար է երեւակայել անասուն մը, որ այնքան օգտակար ըլլայ, որքան կովը: Անոր գլխաւոր բարիքն է ամէնօրեայ կաթը, որ մարդուս լաւագոյն սնունդներէն մէկն է. զայն կը սպառենք թարմ կամ փոշի վիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ անկէ կը պատրաստենք մածուն, պանիր, կարագ, չորթան եւ այլն: Անոր միսը շատ համեղ ու անվնաս է. զայն կ’ուտենք նոյնութեամբ կամ անկէ կը պատրաստենք ապուխտ, երշիկ եւ այլ պահածոներ: Անոր կաշին շատ գնահատուած է կօշկակարութեան եւ պայուսակագործութեան մէջ:
October 25, 2025
Շաբաթական ծաղկաքաղ «Ազդակ»-ի լեզուական ուսանելի գոհարներուն 20/10/2025 ***Անհրաժեշտ է ամբողջական կերպով գործադրել (էջ 1): Այլեւ՝ առանց պոչի: ---Անհրաժեշտ է ամբողջովին գործադրել:
October 22, 2025
***Ամերիկեան կողմը պէտք է ջանք թափէ Իսրայէլին ստիպելու...: Ստիպել բայը մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին միշտ ներգործական եղած է. վկայ՝ «Նայիրի»-ի 150 բառարանները: Ուրեմն ան հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ, այսինքն՝ ստիպելու Իսրայէլը եւ ոչ թէ ստիպելու Իսրայէլին...:
October 19, 2025
Աստիճանաւորում (գ) Մեր խօսքը աւելի ազդու կը դառնայ, երբ բարձրացող աստիճանաւորումին կը յաջորդէ հակադիր հաղորդում մը, որ ի չիք կը հանէ նախորդին կուտակած տպաւորութիւնը, ինչպէս կը գտնենք հետեւեալին մէջ. ***Ա՜լ իր արմատը թող ուզածին չափ ուռճանար, թող կրցածին չափ խորը մխրճուէր, թող ստորերկրեայ ահագին աշխատութիւններ կատարէր, թող լաւագոյն հիւթերը ծծէր,— անօգո՛ւտ, այդ ծառը պտուղ պիտի չտար… (Ռուբէն Սեւակ, «Ծերերը»): Նոյնպիսի խառն աստիճանաւորումի օրինակ մըն ալ կը հայթայթէ Շիրվանզադէն՝ ոգեկոչելով Ղ. Աղայեանի եւ Ռաֆֆիի յարաբերութիւնները. ***[Աղայեանը] վրդովւում էր, բոբրբոքւում էր եւ երբեմն խօսքը աւելի համոզիչ դարձնելու համար կա՛մ խփում էր խօսակցի կրծքին, կա՛մ ամուր բռնում նրա թեւը եւ ուժգին
October 12, 2025
Աստիճանաւորումի մեծ վարպետ մը եղած է Ռուբէն Սեւակը, որ բարձր յաճախականութեամբ օգտագործած է զայն, միայն թէ անոր աստիճանաւորումները ընդհանրապէս թուային ու ծաւալային բնոյթ չունին, այլ շատ աւելի նուրբ՝ վերացական, հոգեբանական բնոյթի են:
October 7, 2025
«Ազդակ», 6/10/2025. Իսրայէլ այդ ծրագիրը առաջարկեց... Իսրայէլը արդարացնելու համար (էջ 1): Անդրադարձ դերանունը նման կրկնաբանութենէ խուսափելու համար ստեղծուած է: Ուրեմն՝ Իսրայէլ այդ ծրագիրը առաջարկեց... ինքզինք արդարացնելու համար:
October 5, 2025
Աստիճանաւորումը կրկնաբանութեան կը յարի անով, որ ինք եւս իր կարգին կը կուտակէ առակայ, յատկանիշ, գործողութիւն ու երեւոյթներ բնորոշող բառեր՝ սա՛ տարբերութեամբ, որ այս վերջինները նոյն բառի կրկնութիւնը չեն, այլ մերձաւոր հոմանիշներ...
October 1, 2025
Կը կոչուի նաեւ՝ խլաթ, դոնդ: Լատիներէն անուանումն է Begonia: Այս նոյն անունով կը կոչեն զայն ֆրանսերէնը, անգլերէնը, ռուսերէնը եւ շատ ուրիշ լեզուներ:
September 24, 2025
«Նոր Յառաջը» մեր լեզուն լաւագոյն գրողներէն է: Ունի վճիտ հայերէն մը, որ ուղիղ ժառանգած է Շաւարշ եւ Արփի Միսաքեաններէն՝ աւելցնելով անոր վրայ արդի հայագիտութեան նուաճումներու լաւագոյն աւանդները:
September 21, 2025
Շարահիւսական անհամասեռութեան ծիրէն ներս ուշագրաւ է համադասական բարդ նախադասութեան պարագան, ուր իբրեւ անհամասեռ, անհամատեղելի, անկապակից հանդէս կու գան համադասութիւնը կազմող ամբողջական նախադասութիւններ:
September 20, 2025
Բոլոր լիբանանցիներու բարեկամը ըլլալ եւ ոչ թէ մէկ խումբի մը (էջ 1): Մէկ եւ մը զիրար կը կրկնեն: Երկուքէն մէկը աւելորդ է: Կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը:
September 17, 2025
Թող չըսուի, թէ բաւական ժամանակ չունի լրագրողը նման մանրամասնութեանց ուշադրութիւն դարձնելու. եթէ չունի, թող լրագրութիւն չընէ, երթայ մսագործի աշկերտ դառնայ:
September 14, 2025
Անհամասեռութիւնը երբեմն այնքան լաւ սքողուած է, այլ խօսքով՝ ծուղակը այնքան լաւ լարուած է, որ յատուկ ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ անկէ խուսափումը:
September 12, 2025
«Զինուորներուն ամսականնները ամրապնդել: Ամսականը կ’ապահովեն, չեն ամրապնդեր: ---Զինուորներուն ամսսկանները ապահովել: ***Ծրագիրը այդ պետութիւններու ներկայացուին: ---Ծրագիրը այդ պետութիւններուն ներկայացուի:
September 10, 2025
Ապշահար աթենացիներու այն հարցումին, թէ «կանթեղով ի՛նչ կ’ընէր օրուան լոյսին», - Դիոգենէս չէր վարաներ համոզումով պատասխանելու.-Մա՛րդ կը փնտռեմ:
September 7, 2025
Անհամասեռութեան այս տարբերակը կ’ընդգրկէ բառերէն անդին՝ ամբողջական նախադասութիւններ, ուր կը յառաջանան խօսքի կառուցային անմիօրինակութիւններ, աններդաշնակութիւններ, անհամատեղելիութիւններ:
August 31, 2025
Երբեմն սպրդող անհամասեռութիւնը այնքան նուրբ ու ծածուկ է, որ դժուար է անդրադառնալ անոր գոյութեան: Օրինակ՝ Նոր տնօրէնը շուտով համոզեց մեզ, որ ինք ոչ միայն ատակ մանկավարժ մըն է, այլեւ արժանի է վստահութեան:
August 27, 2025
Լատիներէնը` rhus coriaria: Շատ աւելի ծանօթ է ան սումախ անուանումով, որ յատուկ էր հին եբրայերէնին. այս անունով ալ զայն կը ճանչնան ֆրանսացիները՝ sumac des corroyeurs, անգլիացիները՝ elm-leaved sumach եւ շատ ուրիշ լեզուներ:
August 24, 2025
Խնդրոյ առարկան ոչ միայն... այլեւ համադասական զուգադիր յաւելական շաղկապն է, որ կրնայ կիրարկուիլ թէ՛ պարզ նախադասութեան, թէ՛ համադասական բարդ նախադասութեան մէջ:
August 20, 2025
Տառադարձել կը նշանակէ օտար բառ մը՝ յատուկ կամ հասարակ, փոխադրել սեփական լեզուի կամ որեւէ այլ լեզուի՝ ջանալով հարազատօրէն վերարտադրել այդ օտար բառին արտասանութիւնը տառադարձելի լեզուով:
August 17, 2025
Մտածեցի Աստուածածնայ տօնը դիմաւորել ու խորհրդածել Քրիստոսի մէկ առակով, որ «Անառակ որդի»-ինն է (Ղուկաս, 15/11-32) եւ գրաբար գրուած ամենագեղեցիկ հատուածներէն մէկը:
August 13, 2025
Զիատ Ռահպանիի ցաւալի մահը առիթ հանդիսացաւ, որ անոր երգերէն մէկուն անունը ծնունդ տայ տառադարձական նոր ու աննախընթաց սխրանքի մը:
August 10, 2025
Ինչո՞ւ հանդուրժենք եւ բարեկիրթ ձեւանալ, երբ թուրք խուժանը այնքան կը գռեհկանայ: Համադասուած են դիմաւոր բայ մը եւ անորոշ բայ մը՝ կազմելով անընդունելի անհամասեռութիւն մը:
August 5, 2025
Անուանական անհամասեռութիւնը կ’ընդգրկէ խօսքիմասային ոչ-բայական շերտը՝ գոյականը, ածականը, թուականը, դերանունը, մակբայը, որեւէ բառ: Օրինակներ՝ -- Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնութիւնն է, արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի հաւասարութեան գործադրումը:
July 30, 2025
Այս շաղկապուող բառերը միշտ կ’ընտրուին այնպէս մը, որ իրարու հետ ներդաշնակ եւ համատեղելի ըլլան. իրապէս ալ հացն ու պանիրը հաւասարապէս կը ծառայեն ուտողը յագեցնելու եւ զայն սնուցելու:
July 27, 2025
Անհամասեռ կառոյցը իր երբեմն ճկունութեամբ, ծաւալով, բարեհնչութեամբ այնքան գրաւիչ է ու տիրական, որ գրողը, նոյնիսկ ուշադիր գրողը, յաճախ կը սայթաքի՝ մտքին ծայրէն իսկ չանցընելով համասեռ տարբեդրակը:
July 23, 2025
Խօսք մը կրնայ մէջբերուիլ ուղղակի ձեւով կամ անուղղակի ձեւով: Օրինակ՝ - «Ես քեզի կ’օգնեմ»,- ըսաւ ընկերս: - Ընկերս ըսաւ. «Ես քեզի կ’օգնեմ»: - Ընկերս ըսաւ, որ ինքը ինծի կ’օգնէ։
July 20, 2025
Անհամասեռ կրնայ ըլլալ, ինչպէս ըսինք, նախադասութեան որեւէ մէկ անդամ, որեւէ բառ: Ստորեւ տեսնենք բայական անհամասեռութիւնը, որ եղածներուն մէջ ամենաայլազանն է, ամենաշատ հանդիպողը, ամենադիւրին սպրդողը, այլեւ ամենաուսանելին:
July 16, 2025
Արդի արեւմտահայը, իմա՝ արեւմտահայերէնը, պարտի կատաղի պայքար մղել նման երեւոյթներու դէմ, որոնք, դժբախտաբար, հեզասահօրէն կը յաջողին թափանցել մեր լեզուին մէջ՝ տեղ կայ շատ, տեղ կայ քիչ, սակայն ոչ մէկ գրող ու լրագիր զերծ է անոնց ազդեցութենէն:
July 14, 2025
Անհամասեռութիւնը ըմբռնելու համար մենք պարտինք նախ գաղափար մը ունենալ «նախադասութեան բազմակի անդամ» հասկացութեան շուրջ, որուն անծանօթ է արեւմտահայը:
July 9, 2025
Հեղինակը կ’ողբայ կորուստը մի՛այն շնիկին, ընթերցողը կ’ողբայ երկու կորուստ՝ շնիկինը եւ ... հայոց լեզուինը, որուն աառաջին զոհն է մեսրոպեան «դեգերումները», որ հեղինակին յուզուած գրիչին տակ դարձած է թեքերումներ:
July 6, 2025
Յաւելական շաղկապներ. Այսպէս կը կոչուին համադասական միաւորիչ այն շաղկապները, որոնք կը փակեն համադասուող առարկաներու, յատկանիշերու կամ գործողութեանց շարքը՝ յատուկ արժեւորելով եւ լուսարձակի տակ առնելով իրենցմով շաղկապուող վերջին առարկան, յատկանիշը կամ գործողութիւնը:
July 2, 2025
Առաջին ակնարկով հաւանաբար քիչ մը դժուար ըլլայ պատկերի վրայ զանազանել հայուն ու Հայաստանին այնքան սիրած ու երգած այս երկու թռչունները:
June 29, 2025
Հայերէնը ի վաղուց անտի իբրեւ սաստկական կը կիրարկէ անորոշ դերբային գործիականը՝ աւելցնելով զայն նոյն բայի դիմաւոր ձեւին վրայ. Օրինակ՝-Մերժելով կը մերժեմ այս առաջարկդ:
June 25, 2025
Վոլթեր ֆրանսացի բազմաշնորհ մտաւորական մըն էր (1694--1788), այնպիսիներէն, որոնք ազգային մտածողութիւն կը ձեւաւորեն եւ կը ձգեն իրենց խոր դրոշմը անոր հոլովոյթին վրայ: Ֆրանսան եւ ֆրանսացի ժողովուրդը իրենց կայացման մէջ շատ բան կը պարտի իրեն եւ նմաններուն:
June 22, 2025
Մեր խօսքը առաւելագոյնս սաստկացնելու դերդումով՝ չենք վարանիր զուգադրելու երկու սաստկականներ՝ ստանալու համար ոճական աւելի ուժգին կառոյց մը:
June 18, 2025
Աշխարհաբարը հնարած է բացառել ներգործական բայը, որ բոլորովին համարժէք է գրաբարի «ի բաց առնուլ» կառոյցին եւ հականիշ է ներառել-ին:
June 15, 2025
Նկատելի է, որ՝ որեւէ ուղղակի հարցումի վրայ թէ ոչ, թէ չէ, միթէ բառ-մասնիկներու յաւելումը զգալապէս կը սաստկացնէ անոնց իմաստը՝ օժտելով զանոնք որոշ սպառնական շեշտով մըն ալ:
June 11, 2025
Գիտեմ, մեր թերթերու տնօրէնները պիտի արդարօրէն տրտրնջան, թէ ի՞նչ է, «Ազդակ»-ը վերի արտի ցորե՞նն է, որ միայն իրմով կը զբաղիս, մենք սոխի գլո՞ւխ ենք, ինչո՞վ պակաս ենք, որ երեսնիս նայած չունիս...
June 8, 2025
Հռետորական հարցումին դերը շատ մեծ է ոճաբանութեան, այլեւ... մեր կեանքին մէջ: Շատ բաներ մենք կ’ըսենք ու կը հաստատենք... հռետորական հարցումով: Կը տեսնենք կենդանի խօսքի ծիրէն ներս կիրարկոուղ կարգ մը օրինակներ:
June 5, 2025
Եթէ այսպէս գրողը մտաւորական տարրական հետաքրքրութիւն ու նախանձախնդրութիւն ունենար, ապա պիտի նկատէր, որ բառիս եր-ով յոգնակին թելադրուած է ակադեմական հետեւեալ բառարաններուն մէջ.
June 2, 2025
Սա իր կարգին, չափազանցութեան պէս, կը միտի կազմել խօսքը այնպէս մը, որ ան աւելի տպաւորիչ, հետեւաբար եւ համոզիչ ըլլայ խօսակիցին կամ ընթերցողին: Տարբերութիւնը կը կայանայ միջոցներուն մէջ միայն:
May 29, 2025
Մեր ունայնամտութիւնը յաճախ կը թելադրէ մեզի, թէ ամէն բան... գիտենք: Ի մտի ունիմ մասնաւորաբար մեր մայրենիի բառամթերքը:
May 25, 2025
Սիրելի՛ բարեկամներ, Մտածեցի այսօր Ձեր միտքերուն տալ պզտիկ զբօսանք մը, որուն բոլորդ ալ արժանի էք: Առ այդ ընտրեց Գրիգոր Զոհրապի մէկ յարաբերաբար զուարթ գրութիւնը:
May 22, 2025
Տրուած ըլլալով, որ դալար կը նշանակէ կանաչ, ապա հարց կը ծագի, թէ կանաչ գոյնը ի՞նչ առնչութիւն կրնայ ունենալ տուեալ երկին յաջողութեան հետ: Ինչո՞ւ կանաչ եւ ոչ այլ գոյնի գրիչ մը:
May 18, 2025
Չափազանցութիւնը, իբրեւ ոճական հնարք, շատ սովորական է գտնել Հայ գեղարուեստական գրականութեան մէջ եւս: Շատ ընդհանրացած է թուային չափազանցութիւնը:
May 14, 2025
Գիտէի՞ր, թէ Գրիգոր Զոհրապ ոտանաւոր եւս գրած է՝ ընդհանրապէս ոգեկոչելով երիտասարդ տարիներու անվաղորդայն սէրերը, ինչպէս կը վկայեն ստորեւ բերուած երկու ապշեցուցիչ քնքշութեամբ պարուրուած նմուշները:
May 11, 2025
Չափազանցութիւն. Այսպէս կը կոչենք ոճական այն հնարքը, որ կը կայանայ առարկաները՝ անձեր, անասուններ, իրեր, երեւոյթներ կամ անոնց յատկանիշերն ու գործողութիւնները չափազանցուած ներկայացնելու մէջ:
May 8, 2025
Յետայսու ըսուածը հայերէն չէ: Սխալ կառոյց մըն է. որովհետեւ յետ նախադրութիւնը սեռական հոլով խնդիր կը պահանջէ. օրինակ՝ յետ մահու: Իսկ այսու՝ գործիական հոլով է. ուրեմն անհամատեղելի են այս երկուքը:
May 4, 2025
--Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր: Ո՞վ կամ ի՞նչը: Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր բարեկամս (հետեւաբար ժամանակ չգտաւ զրուցելու հետս) կամ՝ հեռախօսը (հետեւաբար չկրցայ կապուիլ բարեկամիս հետ):
April 30, 2025
«Հայրենիք»-ը իր 28/3/2025-ի թիւին մէջ ունի խորագիր մը՝ «Դարձուածք դէպի Թուրքիա»: Ծանօթագրութեան մը մէջ բացատրուած է, որ ան թարգմանութիւնն է անգլերէն «Turning towards Turkey» անգլիագիր յօդուածին:
April 27, 2025
Սակաւաբանութեան ուրոյն ենթատեսակ մը կը կազմեն այն կառոյցները, որոնց մէջ դերանունը կամ որեւէ փոխանուն զուրկ է անհրաժեշտ յղումէ: Ծանօթ իրողութիւն է, որ դերանուն մը կամ փոխանուն մը ըստ ինքեան իմաստ չունի:
April 21, 2025
Ասոնք կը ներկայացնեն այնպիսի կառոյցներ, որոնցմէ ի բաց կը ձգուին, առհասարակ անվարժութեան, իսկ շատ յաճախ ալ անուշադրութեան ու մոռացութեան բերումով այնպիսի տարրեր, որոնք անհրաժեշտ են խօսքի ճիշտ ձեւաւորումին ու ընկալումին:
April 13, 2025
Հաւաքական սակաւաբանութեան մեծագոյն իրագործումներէն կը հանդիսանան միւաորեալ նախադասութիւնները: Այսպէս կը կոչենք այն նախադասութիւնները, որոնք խտացումն են երկու կամ աւելի անկախ նախադասութիւններու:
April 6, 2025
Աշխարհիկ եւ հոգեւոր գրաւոր խօսքի ընդհանրացումով եւ հրապարակագրութեան զարգացումին զուգահեռ լեզուներու մէջ յառաջացաւ սակաւաբանութեան ուրոյն մշակոյթ մը:
March 30, 2025
Այս խորագիրին տակ կը գտնենք այնպիսի կառոյցներ, որոնք յառաջացած են ժամանակի ընթացքին՝ անցնելով հաւաքականութեան բովէն, ընկալելի դառնալով անոր բոլոր անդամներուն, կոփուելով ու յղկուելով անկէ եւ մեծապէս նպաստելով լեզուի որակին:
March 24, 2025
Աշխարհաբարը բոլորովին պարզացուցած է յոգնակիի կազմութիւնը՝ որդեգրելով (ն)եր միասնական մասնիկը, որ ժողովրդախօսակցական շատ հին ակունքներ ունի:
March 16, 2025
«Ն» բաղաձայնով օժտուած էին գրաբարի բոլոր բայանունները՝ ազատումն, անջատումն, բաբախումն, խոստումն, ուսումն եւ այլն. ասոնք հազարներով աշխարհաբար անցան առանց բառավերջի «ն»-ի՝ ազատում, անջատում, բաբախում եւ այլն:
March 12, 2025
Պայքար (թիւ 412) ***Բարեփոխումների օրակարգը հետ է մնում: ---Բարեփոխումների օրակարգը յետ է մնում: ***ֆէօտալական ---ֆէոտալական...նախընտրաբար՝ աւատապետական
March 10, 2025
Պատմական սակաւաբանութիւն (բ) Սակաւաբանական մեծ փոփոխութիւններ կրեցին գրաբարի բառամթերքի բայական շերտի հազարաւոր բառեր, որոնց աշխարհաբարեան կառոյցը զգալիօրէն տարբեր է գրաբարինէն:
March 5, 2025
Շեշտը,- աշխարհի բոլոր լեզուներու բոլոր շեշտերը,- արտասանական բնական երեւոյթի մը դրսեւորումն է, որ մարդ արարածը կ’իւրացնէ մայրենի լեզուին հետ զուգահեռ, դպրոց երթալէ շատ առաջ:
March 3, 2025
Սակաւաբանութիւնը ոճաբանական այն յարատեւ ու համատարած օրէնքն է, որ խօսողը կը մղէ թօթափելու լեզուէն այնպիսի բաղադրիչներ, որոնք ենթադրաբար անհրաժեշտ չեն:
February 23, 2025
Այսօր փորձենք բանաստեղծութեան սուրբ զօրութեամբ մեր մտքերն ու հոգիները մռայլող համաշխարհային թոհուբոհին արձակուրդ տալ: Թէկուզ... մէկ օրով:
February 21, 2025
Ինքս ալ երկար փորձած էի հայացնել այդ բայը ու յանգած էի այլազանել-ին, որ այնքան ալ հեռու չըլլալով հանդերձ՝ կը կարծեմ թէ չունի բազմազանել-ին ճշգրտութիւնը:
February 19, 2025
Գեղարուեստական կրկնութեան առարկայ կրնան դառնալ կարգ մը հնչիւններ եւս, եւ այս հնարքին դիմած են ինչպէս օտար, այնպէս ալ հայ բանաստեղծները՝ թէկուզ Նարեկացիէն սկսած.
February 14, 2025
Կրկնաբանութիւնն ու աւելորդաբանութիւնը փակած են մեր լրագրոներէն ոմանց օձիքին, եւ անոնք կը կենակցին հաշտ ու ներդաշնակ, մինչ կարելի էր նուազագոյն ճիգով ու մանաւանդ փշուր մը... ճաշակով ձերբազատիլ անոնցմէ:
February 12, 2025
Այս կրկնութիւններէն ոչ մէկը կը խորշեցնէ ընթերցողը, ոչ մէկը տաղտուկի եւ ձանձրոյթի նուազագոյն զգացումը կը յառաջացնէ անոր մէջ: Բանաստեղծը իր ներաշխարհի փոթորիկին ճարտարօրէն բաժնեկից կը դարձնէ զինք ընկալողը:
February 6, 2025
Ուրիշ-ը անորոշ դերանուն է եւ իբրեւ դերանուն՝ խօսքի մէջ կը փոխարինէ նախապէս արտասանուած ու ծանօթ բառ մը՝ ընդհանրապէս գոյական:
February 2, 2025
Գեղարուեստական կրկնութեան ամենէն աւելի տարածուած ու ծանօթ տեսակը յանգերգն է, որ ոտանաւորի մը իւրաքանչիւր տունի աւարտին կրկնուող մէկ տողն է, երբեմն երկու տող...
January 29, 2025
Մէ՛կ հասկացութիւն, երե՛ք կէտադրութիւն ---Որքա՜ն կարօտ ունինք քեզի հայոց բանակ (28/1/2025, էջ 3): ---Տօնդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ (անդ): ---Տօնդ շնորհաւոր, հայո՛ց բանակ (անդ)
January 27, 2025
Հակառակ այն մեծ բծախնդրութեան, որ մեր մատենագիրները ի գործ դրած են՝ խուսափելու համար կրկնութիւններէ, այսուհանդերձ միշտ կարելի չէ եղած պայքարիլ անոնց դէմ:
January 22, 2025
Ի պատիւ անոնց, նման խուսափումը պատահականութիւն չէր, այլ խորապէս գիտակցուած արարք մը:
January 19, 2025
Ահա այս «հանգամանքներու» բերումով ալ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը վերածուած է տառադարձական անիշխանական քաոսի մը, որ անարգել ու անպատիժ կը քաշքշուի...
January 16, 2025
Նման կրկնութիւններ շատ դիւրաւ կը սպրդին, իսկ անոնց սրբագրութիւնները այնքան ալ դժուար չեն, պայմանաւ որ գրողը յանձն առնէ գրածը վերընթերցելու:
January 12, 2025
Գրաբարեան հայցականը՝ զոր, կը շարունակէ յաջողապէս սպրդիլ մեր հայագէտներու արծուաբիբ տեսողութենէն ու գրաւել որ-ի տեղը:
January 6, 2025
Յարաբերութիւն-ն ու փոխյարաբերութիւն-ը իմաստային որեւէ տարբերութիւն չունին:
January 2, 2025
Տառադարձական խեղաթիւրումի աւանդոյթը կը շարունակուի անարգել ու անպատիժ, զգաստութեան ու ինքնասրբագրման առանց որեւէ նշոյլի:
December 29, 2024
Ձեր յօդուածը երկու համակարգչային էջէ աւելի թող չըլլայ. այլապէս միշտ պիտի վտանգուի Ձեր պայծառ մտքի արգասիքի ընթերցումը:
December 25, 2024
Խորհրդային կարգերու օրով եւ չվշտացնելու համար թուրք աղբարիկները, թուրք-ը դարձուցած էին տաճիկ: Եւ ահա աւանդոյթը պահուած է:
December 18, 2024
Շատ տխուր է, գիտնալ, որ այսքան անպաշտպան ու լքեալ է հայերէնը, համարեա քուրջի կտոր մը ըլլար ան, որ որեւէ կարկտանի, իմա՝ սրբագրութեան արժանի չէ այլեւս:
December 13, 2024
Զգուշանալ/զգուշացնել, ինչպէս օրինակներէս նկատեցինք, կը նշանակէ հեռու կենալ կամ կեցնել բանէ մը, որ միշտ ալ բացասական կ’ընկալուի:
December 9, 2024
Դերանուանական կրկնութիւններ. կրկնութիւններու այս տեսակին կը հանդիպինք մասնաւորաբար թարգմանական գրականութեան մէջ: