Ինչ է աստիճանաւորումը (1)

October 5, 2025

Ստորեւ կը սկսինք ոճաբանական նոր գլուխ մը, որ կը կոչուի՝

Աստիճանաւորում (ա)

Աստիճանաւորումը (gradation) կրկնաբանութեան կը յարի անով, որ ինք եւս  իր կարգին կը կուտակէ  առակայ, յատկանիշ,  գործողութիւն ու երեւոյթներ բնորոշող բառեր՝ սա՛ տարբերութեամբ, որ այս վերջինները նոյն բառի կրկնութիւնը չեն,  այլ  մերձաւոր հոմանիշներ, որոնց իմաստը  ըստ ուժգնութեան կը սաստկանայ ու կ’աճի կամ կը նուազի ու կը տկարանայ՝ ծառայելով նո՛յն  նպատակին,  որ  է աւելի տպաւորիչ  դարձնել  խօսքը:  Ըստ այսմ  ալ  կը  զանազանենք բարձրացող աստիճանաւորումը եւ իջնող աստիճանաւորումը:

ա) Բարձրացող աստիճանաւորում

(Gradation ascendante, ascending gradation)

Այս պարագային ունինք խօսքի այնպիսի կառոյցներ, ուր իւրաքանչիւր յատկանիշ կամ արտայայտութիւն չափով մը կը գերազանցէ նախորդը իր ուժգնութեամբ:

             Օրինակ՝

***Արթին ամուճան քանի մը  օր [կը մնար] մեր տունը, որու ընթացքին կը հրամայէր, կը պահանջէր, կը սպառնար, վերջապէս ամենուն հետ կը կռուէր, նոյնիսկ մայրիկիս հետ… (Զ.Եսայեան, «Սիլիհտարի պարտէզները»):

Զապել Եսայեան կ’ակնարկէ վերաբերումին   հեռաւոր ազգականի մը, որ սովորութիւն ունէր երբեմն գալու եւ  իրենց տունը  մնալու   քանի մը օր:

Բծախնդիր ու բարդ աստիճանաւորումի տիպար օրինակ մըն է այս:

Աստիճանուած են նախ՝ կը հրամայէր, կը պահանջէր, կը սպառնար, կը կռուէր գործողութիւնները, ուր մէկը կը գերազանցէ միւսը իր ուժգնութեամբ:

Այստեղ կը գտնենք երկրորդ ասիճանաւորում մըն ալ:

Աստիճանուած են ամէնուն եւ մայրիկիս, քանի որ մայրիկին հետ կռուիլը բանով մը աւելի ծանրակշիռ է ամէնէն.  ասոր կ’օժանդակէ նոյնիսկ շաղկապը:

***Դէմէն՝  լոյսը կ’աւելնայ, կը զեղու, կը շռայլուի. արշալոյսն է (Գ. Զոհրապ, «Ռեհան»):

Գրիգոր Զոհրապ այս նախադասութեամբ  կ’ակնարկէ հետզհետէ մօտեցող առաւօտեան արշալոյսին, մինչ ինք փողոցը, աչքերը անծանօթ պատուհանի մը յառած կը սպասէ՝ պատմուածքին հերոսուհիին դէմքը  տեսնելու յոյսով:

***Սրտիս մէջն ես՝ գաղտնի, խորունկ, անհարկի աչքերէ ծածուկ տեղն ես դուն (Գ. Զոհրապ, «Կարծեմ թէ»):

Այս աստիճանաւորուող բառերով պատմուածքի հերոսուհին կը նկարագրէ  իր զգացումները  երիտասարդ  ու խենթ Գրիգոր Զոհրապին հանդէպ:

Եւ ահա կեանքը այնպէս կը դասաւորէ, որ անոնք բաժնուին իրարմէ եւ օր մը Գրիգոր Զոհրապ իր մէկ գաւառաբնակ բարեկամին հետ իբրեւ խնամախօս պաշտօնապէս վերադառնայ իր նախկին սիրուհիին տունը՝ անոր ձեռքը խնդրելու, ոչ թէ իրեն, այլ   իր այդ բարեկամին համար:

Նստած են հիւրասենեակին մէջ եւ կը սպասեն… հարսնցուին երեւնալուն:

Եւ մինչ այդ Զոհրապ կը խորհրդածէ, կը մտմտայ, թէ ճիշդ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ այսքան ժամանակ ետք վերստին տեսնէ զինք անակնկալօրէն:

            ***Կը սպասէի, որ յանկարծակիի գար, կայծակէ զարնուածի պէս  մնար զիս տեսնելուն, գոյնը նետէր ու ծունկերը կթոտէին քիչ մը (Գ. Զոհրապ, «Կարծեմ թէ»):

 Եւ ոչ միայն. տակաւին կ’երեւակայէ, որ  հարսնացուն, մոռնալով պահն ու շրջապատը, վազէ գայ իր ոտքերը իյնայ եւ յայտարարէ, թէ իրմէ՝ Զոհրապէն զատ ոչ մէկուն հետ կրնայ ամուսնանալ:

Եւ…

***Ծնողքը ահա որ կը միջամտեն. բռնի կը բաժնեն զայն,  կը յափշտակեն թեւերուս մէջէն. մազերէն քաշելով, գետինները քսկռտելով  կը տանին ոճրագործի մը պէս (Գ. Զոհրապ, «Կարծեմ թէ»):

             Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ այս առիթով  ընթերցողներս բանային ու կարդային Զոհրապի «Կարծեմ թէ»-ն՝ ըմբռնելու եւ լիայագագ ըմբոշխնելու համար այստեղ մէջբերուած աստիճանաւորումներու տարողութիւնը[1]:

                                                                *   *   *

 ***         Անտա՛ռ անհուն, անտա՛ռ սրտի,

              Որուն մէն մի  հաստատաբուն ծառերն հսկայ

              Մէկ-մէկ քնար, մէկ-մէկ փանդիռ են մեր շունչին,

              Մէկ-մէկ  շեփոր մեր հագագին ռազմական… (Սիամանթո):

Հատուածը առնուած է Սիամանթոյի «Գիւտին փառքը»-էն, որ Մեսրոպի ու անոր հնարած   այուբենին փառաբանութիւնն է:

Որքա՜ն անպատեհ պիտի ըլլար, եթէ  Մեսրոպը  նմանցուէր  նախ շեփորի, ապա  փանդիռի կամ թէ՝ նախ փանդիռի, ապա քնարի: Սիամանթո բծախընդրօրէն աստիճանած է  նախ քնարը, ապա փանդիռը, հուսկ՝ շեփորը՝ հիմնուելով անշուշտ ասոնց  ձայնի աստիճանական ուժգնացումին  վրայ:

Ըստ այսմ՝ թերի է Գեղամ Բարսեղեանի հետեւեալ կառոյցը.

***«Ուրկէ՞ հաւաքած էր այդքան վիշտ, այդքան տառապանք, այդքան մելամաղձութիւն  («Դարձը»):

Վիշտէն ու մանաւանդ տառապանքէն ետք մելամաղձութիւնը այլեւս չի տպաւորեր ընթերցողը, չըսելու համար՝ կը հիասթափեցնէ զայն:

                                                       *   *   *

***Ոչ մի ազգ ու ցեղ չի կարող  մեզ յանդիմանել որեւէ մէկի տունը քանդելու, որեւէ մէկի գերեզմանոցը զբօսայգի դարձնելու, որեւէ մէկին դաւանափոխելու, որեւէ մէկին բռնի ձուլելու  յանցանքին մէջ (Պարոյր Սեւակ):

Սեւակ ի մտի ունի ցեղային յանցանքներ, ինչպէս նաեւ ցեղային յանցագործներ, որոնց յատուկ են  վերոնշեալ վայրագութիւնները, որ ձեռնհասօրէն կը թուարկէ՝ վատէն  աստիճանաբար անցնելով  դէպի վատթարագոյնը: 

[email protected]                                                               Արմենակ Եղիայեան

 

 

 

 

[1] Թէեւ առիթով մը «Կարծեմ  թէ»-ն ղրկած եմ ընթերցողներուս, այսուհանդերձ զայն կրնաք ակն-թարթային ունենալ  Google-ով ալ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x