Մարդը կ’արգելափակես, իսկ աջակութիւնը՝ կը դադրեցնես…
November 12, 2025
- Արգելափակել
Այս փորձանքը մեր գլուխը փաթթողը արեւելահայերը եղան՝ իրենց սխալ ու ապիկար կիրարկութեամբ:
Ստորեւ սփիւռքահայ կիրարկութիւն մը.
***Ամերիկացի գոնկրէսական Պրէտ Թըրման …պահանջեց արգելափակել ամերիկեան աջակցութիւնը Անքարային եւ Պաքուին, նկատի առնելով Հայաստանի շրջափակումը եւ Պաքուի մեր արգելափակուած հայ գերիներուն հարցը («Արարատ», 18/9/2025, էջ 4):
Այս երկու կիրարկութիւններէն երկրորդը ճիշդ է, քանի ար
գելափակել կը նշանակէ մէկը բանտարկել փակ եւ ըստ ամենայնի վատառողջ միջավայրի մէջ, ինչ որ պարագան է Պաքուի հայ գերեալներուն:
19-րդ դարուն Պոլսոյ պատրիարքները նման խուցեր ունէին իրենց պատրիարքարանի յարակից տարածութեան մէջ, ուր կ’արգելափակէին հայ խենթերը: Չէին գոհանար միայն արգելափակելով, այլեւ կը կապէին զանոնք յատուկ սիւներու եւ օրական քանի մը անգամ… կը ծեծէին, որպէսզի «խելքը գլուխնին գար»: Մինչդեռ այդ սիւներէն աւելի ճիշդ կ’ըլլար կապել օրուան խելացի պատրիարքներըը եւ նման բուժում առաջարկող իմաստակ բժիշկները եւ կուշտուկուռ ծեծել զանոնք:
Այս էր ունեցածնիս:
* * *
Կոպիտ սխալ է առաջին կիրրակութիւնը՝ արգելափակել աջակցութիւնը: Աջակցութիւնը վերացական հասկացութիւն մըն է, եւ իբր այդպիսին ո՛չ կ’արգելափակուի, ո՛չ կը բանտարկուի, ոչ ալ… կը բռնուի, որ տանիս ծակ մը խոթես զայն:
Աջակութիւնը կը դադրեցուի, կը խնայուի, կը կտրուի, վերջ կը գտնէ…
* * *
Ճիշդ կիրարկութիւն մըն է հետեւեալը.
***Ժամեր շարունակ արգելափակուած մնացին ինքնաշարժներուն մէջ:
Պարզ է՝ ռմբակոծումէ խուսափելու, պաշտպանուելու համար:
- Սփիւռքահայ մամուլ
«Մարմարա» (14/3/2025)
***Նախարարները միասնաբար կտրեցին ժապաւէնը եւ ելոյթներ ունեցան:
—Նախարարները միասնաբար կտրեցին ժապաւէնը եւ ելոյթ ունեցան:
***Երկուքն ալ զոհուած էին երթեւեկի արկածի մը:
—Երկուքն ալ զոհ գացած էին երթեւեկի արկածի մը:
—Երկուքն ալ զոհուած էին երթեւեկի արկածով մը:
«Հասկ» (2024, թիւ 11-12)
***Շարք մը ծրագիրներ կարելի չեղան իրականացնել (էջ 676):
—Շարք մը ծրագրեր կարելի չեղաւ իրականացնել:
* * *
Շատ յատկանշական է այս սխալը, ուր ծրագրեր-ը մտածուած կամ ընկալուած է իբրեւ ենթական նախադասութեան էական բային, որ այստեղ տուած է չեղան՝ յոգնակի. ծրագրերը կարելի չեղան:
Սխալ մտածողութիւն է այս:
Նախադասութեան ենթական իրականացնել անորոշ դերբայն է:
Նախադասութիւնը ունի բաղադրեալ դիմաւոր բայ, որ է՝ կարելի չեղաւ:
Հարցում՝
–Ի՞նչը կարելի չեղաւ:
—Իրականացնել կարելի չեղաւ:
Իսկ ծրագրեր գոյականը ուղիղ խնդիրն է իրականացնել ենթակայ դերբային.
Հարցում՝
—Իրականացնել ի՞նչ:
–(Շարք մը) ծրագրեր:
***Տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրութիւն յանձինս Շահան արք. Սարգիսեանի եւ յանձինս Մայա Գրիգորեանի միջեւ (էջ 677):
—Տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրութիւն Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Մայա Գրիգորեանի միջեւ:
***Նճէյմ եպիսկոպոս փոխանցեց պատրիարքին մտահոգութիւնները(էջ 679):
—Նճէյմ եպիսկոպոս պարզեց պատրիարքին մտահոգութիւնները:
—Նճէյմ եպիսկոպոս ներկայացուց պատրիարքին մտահոգութիւնները:
***Տոքթ. Տաքէսեան հակիրճ կերպով ներկայացուց… ծրագիրները(անդ):
—Տոքթ. Տաքէսեան հակիրճ ներկայացուց ծրագրերը:
*** Մայրավանք այցելեց Լիբանանի մօտ Աւստրալիոյ դեսպանը (անդ):
—Մայրավանք այցելեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպանը:
«Սփիւռք», թիւ 120
***Իշխանութիւններու տասնամեակներու վրայ գործած յանցաւոր սխալներու արդիւնքով (Խմբագրական):
—Իշխանութիւններու տասնամեակներու վրայ գործած յանցաւոր սխալներու հետեւանքով:
Արդիւնքով-ը ռուսաբանութիւն է:
Որուն փոխարէն հայերէնը կ’ըսէ՝ շնորհիւ կամ հետեւանքով ՝ նայած, թէ արդիւնքը դրակա՞ն է, թէ՞ բացասական է:
***Ինքնութեան հիմնաքարերը հանդիսացող խորհրդանիշներու (անդ):
—Ինքնութեան հիմնաքարերը հանդիսացող խորհրդանիշերու:
***Ինչպէս ցանկացած կրօնական կառոյց, Հայոց Եկեղեցին եւս ունի բազմա-թիւ խնդիրներ (անդ):
—Ինչպէս որեւէ կրօնական կառոյց, Հայոց եկեղեցին եւս ունի բազմաթիւ խնդիրներ: Ցանկացած-ը ռուսաբանութիւն է :
[email protected] Արմենակ Եղիայեան