Ինչ է աստիճանաւորումը (4)
October 26, 2025
Աստիճանաւորում (դ)
Աստիճանաւորումը կ’ենթադրէ նաեւ իրերու եւ երեւոյթներու կարեւորութեան կարգը, որ նմանապէս պէտք է յարգուի:
Ստորեւ օրինակ մը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ անասունի մը կարեւորութիւնը՝ մեկնելով անկէ ստացուած այլազան բարիքներէն:
***Դժուար է երեւակայել անասուն մը, որ այնքան օգտակար ըլլայ, որքան կովը: Անոր գլխաւոր բարիքն է ամէնօրեայ կաթը, որ մարդուս լաւագոյն սնունդներէն մէկն է. զայն կը սպառենք թարմ կամ փոշի վիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ անկէ կը պատրաստենք մածուն, պանիր, կարագ, չորթան եւ այլն: Անոր միսը շատ համեղ ու անվնաս է. զայն կ’ուտենք նոյնութեամբ կամ անկէ կը պատրաստենք ապուխտ, երշիկ եւ այլ պահածոներ: Անոր կաշին շատ գնահատուած է կօշկակարութեան եւ պայուսակագործութեան մէջ: Մեծ բարիք մըն է անոր աղբը, որ կը գործածուի իբրեւ բուսական պարարտացուցիչ, իսկ մօտիկ անցեալին կը գործածուէր իբրեւ վառելանիւթ: Անոր կճղակներն ու եղջիւրները կ’օգտագործուին սոսինցի, սանտրի եւ գեղօրներու պատրաստութ-եան մէջ («Ծիածան», դասագիրք):
Կարեւորութեան կարգը մեծ բծախնդրութեամբ ու կարգապահութեամբ յարգուած է այս հատուածի բոլոր մակարդակներուն վրայ.
ա) Կովուն բարիքները՝ կաթը, միսը, կաշին, աղբը, եղունգները, որոնք դասաւորուած են ըստ իրենց հանրօրէն գտած արժեւորումի ծաւալին ու յաճախականութեան:
բ) Միւս կողմէ՝ այդ կարգը յարգուած է այս բարիքներէն իւրաքանչիւրին գործածութեան հիմամբ եւս. օրինակ՝ կաթին պարագային նախ կը յիշուի անոր սպառումը բնական վիճակով, ապա հետզհետէ նուազ կարեւորութիւն ունեցող գործածութիւնները. նախ մածունը, ապա պանիրը, կարագը, ընդհուպ չորթանը, որ այլեւս շատ այժմէական չէ:
գ) Այս նոյն աստիճանաւորումով ալ ներկայացուած է միւս բարիքներուն օգտագործումը. օրինակ՝ կաշին շատ աւելի գործածուած է կօշիկի ճարտարարուեստին մէջ, քան թէ պայուսակի եւ այլն:
Անշուշտ կարեւորութեան կարգը կրնայ անձէ-անձ որոշ տարբերութիւն կրել. օրինակ՝ եթէ մեր պարբերութիւնը շարադրողը գիւղացի մըն է, ան կրնայ կովուն աղբին կարգը խախտել՝ աւելի կարեւորելով զայն իբրեւ պարարտացուցիչ ու վառելանիւթ, եւ կաշիէն առաջ թուել զայն, քանի կաշին նուազ դեր կը խաղայ իր առօրեային մէջ:
* * *
Ստորեւ բերուած պարբերոյթին մէջ առկայ են աստիճանումի բոլոր կարգերը՝ տեղի, ժամանակի ու կարեւորութեան:
***Տարիներ ետք, երբ պապենական տունս վերադարձայ, ամեն ինչ փոխուած գտայ: Ծառուղիին, որ դէպի տուն կ’առաջնորդէր, ծառերը աւելի աճած էին եւ գլխուս վերեւ կը կազմէին կանաչազարդ կամար մը: Մեր միայարկ տունին վրայ աւելցած էր երկրորդ յարկ մը: Պատուհաններուն եւ դռներուն ներկերը փոխեր էին. գոց սրճագոյնը վերածեր էին բաց սրճագոյնի, որ շատ աւելի կը յարմարէր միջավայրին: Շնիկս մեծցեր էր ու դարձած էր անճանաչելի գամփռ մը: Դռնէն հազիւ մտած՝ նկատեցի, որ նախասենեակը աւելի փոքրացած էր: Կարօտով մտայ սենեակս, որ նոյնպէս փոքր թուեցաւ ինծի: Մօտեցայ հայելիիս, որուն առջեւ երկար վայրկեաններ կ’անցընէի, եւ հին օրերուն պէս դիտեցի դէմքս. հայելիին մէջէն զիս դիտող աչքերն ալ նոյնը չէին: Ափսո՜ս, ե՛ս եւս փոխուեր էի («Ծիածան», դասագիրք):
Հեղինակը նախ կ’ակնարկէ ծառուղիին, քանի տան շրջապատին մատ-չելու առաջին միջոցն է ան (որ…կ’առաջնորդէր) եւ ժամանագրականօրէն առաջին երեւոյթը, որ կը նկատէ, զայն եզերող ծառերուն աճն է:
Տան արտաքին փոփոխութիւններէն կը նկատէ նախ յաւելումը յարկի մը, որ իր ծաւալով աւելի ակնբախ է. եւ մինչ կը շարունակէ յառաջանալ՝ կը նկատէ անոր ներկին՝ գոց սրճագոյնի եւ բաց սրճագոյնի տարբերութիւնը:
Ապա կը նկարագրէ շունը, որ հաւանաբար հոտ կամ աղմուկ զգալով դուրս ելաւ:
Տան ներքնամասէն կը նկարագրէ նախ նախասենեակը, քանի որ առաջին անգամ կարելի է հո՛ն մտնել: Ան պզտիկ կը թուի իրեն, որովհետեւ ինք մեծցած է այլեւս:
Առաջին սենեակը, որ կը փնտռէ կամ կ’ուզէ տեսնել, ննջասենեակն է, եւ ոչ թէ հիւրանոցը, խոհանոցը կամ բաղնիքը, քանի ննջասենեակը անոր ամե-նասիրելի ու հաճելի անկիւնն է, եւ հեղինակը կարօտցած է զայն (կարօտով մտայ…): Ննջասենեակը եւս փոքր կը թուի իրեն (ճիշտ նախասենեակին պէս):
Ննջասենեակի իրերէն նախ կը փնտռէ հայելին, քանի որ «երկար վայրկեաններ» կ’անցընէր անոր առջեւ, եւ ան մտերիմ առարկայ մըն էր իրեն համար:
Հեղինակը իր անձին կրած փոփոխութիւնը կը զգայ ա՛յդ հայելիին մէջ (որքան ալ անցնող տարիներուն եւ իր տունէն հեռու՝ շատ նայած ըլլայ ուրիշ հայելիներու), քանի որ կը յիշէ այն աչքերը (եւ դէմքը անշուշտ), որոնք տարներ առաջ կը նայէին իրեն այդ նո՛յն հայելիէն եւ խորապէս դրոշմուած են իր յիշողութեան մէջ, եւ կը զգայ այդ երկուքին տարբերութիւնը:
* * *
***Աղջիկս, կը տեսնեմ, որ չնչին, տղայական, մանկական, երեխայական խօսքի մը համար հարսիդ հետ չես խօսիր (Յակոբ Պարոնեան, «Առտնին տեսարաններ», Ժբ):
Պարոնեան «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ի մէջ կ’աստիճանաւորէ Պոլսոյ քարափը ելլող հերոսի՝ Աբիսողոմ աղային ֆիզիքական յատկութիւնները:
***Այս ճամբորդն օժտուած էր զոյգ մը խոշոր եւ սեւ աչքերով, զոյգ մը հաստ, սեւ եւ երկար յօնքերով, զոյգ մը մեծ ականջներով եւ զոյգ մը քիթեր… չէ, չէ, մէկ քիթով, թէպէտ եւ զոյգ մը քիթերու տեղ կրնար ծառայել. անոր մեծութիւնը սխալեցուց զիս:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան