Ինչ է աստիճանաւորումը (2)

October 12, 2025

 Աստիճանաւորում (2)

Աստիճանաւորումի մեծ  վարպետ  մը եղած  է Ռուբէն Սեւակը, որ  բարձր  յաճախականութեամբ օգտագործած է զայն, միայն թէ անոր աստիճանաւորումները  ընդհանրապէս թուային ու ծաւալային բնոյթ չունին, այլ շատ աւելի նուրբ՝ վերացական, հոգեբանական բնոյթի  են: Ստորեւ քանի մը հրաշալի նմուշներ, որ քաղած եմ իր «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» աշխատութենէն:

***Զինուորական վարժարանները զինուորին կու տան անձնուիրութիւն, վեհանձնութիւն, զոհողութեան ամբողջ դաստիարակութիւն մը («Հրաշալի բժշկութիւն»):

            ***Հիւանդին փնտռածը միայն թուղթի կտոր մը չէ, այլ ապրելու յո՜յս, հոգեկան ուժ, տառապելու քաջութի՜ւն… (անդ):

***Չորս բոլորս կեանքը կ’եռար, կը զեղուր ու կը պոռթկար ամեն տեղէ («Ահաւոր տարակոյսը»):

            ***Այս ընդարձակ տիեզերքին մէջ ո՞վ իրաւունք, ո՞վ իշխանութիւն, ո՞վ զօրութիւն ունի ծագող արեւ մը խաւարելու… (անդ):

***Հոգեկան ցաւեր կան, որ հիւանդին ցաւերը կը բիւրապատկեն, կը թունաւորեն, մահացու կը դարձնեն («Անիծուած գանձը»):

***Այն ատեն այդ պարզ  նախաճաշը փոխուեցաւ, աննիւթացաւ, աղօթքի մը շնորհքն ու արքայութեան  մը երանութիւնը ստացաւ («Ստամոքսին զոհը»):

***Ժամը չորսին սենեակէն դուրս կ’ելլէր. բայց այս անգամ թեթեւցած, կազդուրուած, զուարթացած, լուսաւորուած, բոլորովին ուրիշ մարդ եղած (անդ):

            ***Այս յառաջաբանին կը յաջորդէին անվերջանալի, աներեւակայելի, անկարելի պատմութիւններ… (անդ):

***Նափոլէոն իր  խուցին մէջ կը բանտուէր  շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով… աչքերը չէր կրնար գոցել. կը հիւծէր, կը սպառէր, կը մեռնէր  («Նափոլէոնի մահը»):

Բարձրացող աստիճանաւորումի իւրայատուկ նմուշ մը կը հայթայթէ Յ. Պարոնեան «Ազգային ջոջեր»-ու առաջինին՝ Խորէն Գալֆայեանի նուիրուած գլուխին մէջ, որ հեղինակին ամենասուր քննադատութիւններէն մէկն է:

«Ազգային հիւանդանոցի մոմերուն պէս կարգերու կը բաժնուէին իւր դամբանականները. մէկ ոսկի տուող մեռեալն բարեսիրտ կ’ըլլար, երկու ղրկողը բարեսիրտ  եւ քիչ մ’ալ ազգասէր կը հռչակուէր, երեք նուիրողը ազնիւ սրտով  եւ վսեմ  զգացումնրով  կը զարդարուէր,  չորս  համրողը հանրածանօթ ազգասէր  կը ծանուցուէր, հինգ տուողն կենդանութեանը ժամանակ այնքան  գաղտնի ողորմութիւն տուած  կ’ըլլար  աղքատներուն, որ մարդ տեսած չէր ըլլար,  հայրենեաց բարերար կը յորջորջուէր, եւ ասանկներուն դագաղը ութը հոգի կը կրէր, որովհետեւ  չորս հոգի բաւական չէին  կրել այնչափ գովեստներով ծանրաբեռնեալ ննջեցեալն»:

Ուրեմն վճարուած գումարներուն հետ համընթաց կը բարձրանար ննջեցեալին յետմահու  վայելած պատիւն ալ:

Նման բնաբանի յաճախ ակնարկած է Պարոնեան իր խայթոցներուն մէջ:

Ծանօթ.− ա) Պարոնեան թուային-քանակական աստիճանաւորումին զուգահեռ համապատասխանօրէն  աստիճանաւորած է ստորոգելի-մակդիրները եւս, որոնք ընդգծուած են: բ) Նկատել նաեւ, թէ այս փոքրիկ հատուածին մէջ Պարոնեան ոճաբանական  ինչպիսի՛ բծախնդիր նախանձախնդրութեամբ ու ձեռնհասութեամբ խուսափած է կրկնաբանութենէ՝  մէկ կողմէ օգտագործելով տուող, ղրկող, նուիրող, համրող հոմանիշ կամ մերձանիշ դերբայները,  միւս կողմէ  օգտագործելով կ’ըլլար, կը հռչակուէր, կը զարդարուէր, կը ծանուցուէր, կը յորջորջուէր  հոմանիշ կամ մերձանիշ բայերը:

                                                          *   *   *

Աստիճանաւորումի  դժուարորսալի օրինակ մըն է հետեւեալը, ուր  ձեռնհասօրէն համադրուած են չկայացած մտերմութեան մը նուրբ պահերը. 

«Ինչպէ՞ս խօսիլ մէկու մը մասին… որուն հոտը չեմ առածչեմ շօշափած անոր ձեռքը, որ զիս գիրկը չէ առած, ձայնը երբչեք չեմ լսած եւ որմէ որեւէ պատկեր

չէ մնացած մտքիս մէջ» (Գ. Պըլտեան, «Սեմեր», էջ 74):

բ) Իջնող աստիճանաւորում

(Gradation descendante, descending gradation)    

Նախորդին՝  բարձրացող աստիճանաւորումին  հակառակ ներգործումն է այս, ուր առարկաներու եւ երեւոյթներու յատկանիշերը դասաւորուած են իրենց   ուժգնութեան նուազումի,  թուլացումի կարգով, որը սակայն հաղորդումի ուժգնութեան տեսակէտէ նոյնքան տպաւորիչ է, որքան առաջինը:

***Գերանդին ալ, բրիչն ալ եւ երկաթ կոթն արօրին

             Կրնան զմեզ յաղթանակին մօտեցնել (Սիամանթո):

            Սիամանթոյի զեղումներէն մէկն է այս, որուն յաղթանակի զէնքերը կրնան ըլլալ՝ գերանդիին, որ պատկառելի շեղբով, անկէ կ’անցնի  բրիչին, որ ունի կտրողական շատ խեղճ յատկութիւն մը՝ հասնելու համար  արօրի բութ  կոթին

            ***Ոսկեղէն դարերը երկարաձիգ չեն դժբախաբար, արծաթէ, պղինձէ ու երկաթէ դարերն են որ շատ կը տեւեն (Յ. Պարոնեան, «Առտնին տեսարաններ», Ժբ):

***Ստամոքսին ցաւը եկաւ ու Հալեպին առիւծը քարիւղի պաշտօնեայի մը վերածեց (Ռ. Սեւակ):

***Ու տեսայ նկարիչը, որ կ’ոգեւորուէր, կը ցնցուէր, յետոյ կը դողդոջէր (Գեղամ Բարսեղեան, «Դարձը»):

            ***Երիտասարդը էապէս փոխուեցաւ…կարծես ան կը հաւաքուէր ինքն իր վրայ, կը կծկուէրկը խտանար (Շ. Շահնուր, «Նահանջը առանց երգի»):

***Նենեթի այն սպառող, հարցաքննող, հայցող ակնարկը տղուն հոգիին ճշմարիտ վէրքը եղաւ (Շ. Շահնուր, «Նահանջը…»):

***Հեռաւո՜ր, չարաշո՜ւք  հաջոցներ, աքաղաղի խուլ կանչեր, մսկոտ սօսա-փիւնը պարտէզներու, թախծոտ  սոյլեր հարաւի (Շ. Շահնուր, «Նահանջը…»):

            ***Հիմա քաղցկեղը  նրան հիւծում է շաբաթ առ շաբաթ, օրըստօրէ, գուցէ եւ  ժամ առ ժամ (Արամ Սարոյեան, «Վերջին արարները»):

Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x