Դուռ-դռա՞ն, թէ՞ դուռ-դրան (եւ ինչո՞ւ պէտք չէ գրել «դրան»)
January 31, 2026
Քաղուածաբար՝ Արմենակ Եղիայեանի
«Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-էն
Դուռ-դռա՞ն՞, թէ՞ դուռ-դրան հարցին առաջին համապարփակ անդրադարձողը եղած է հայր Արսէն Այտընեանը, որուն համար աշխարհաբարեան ամառ, ձմեռ, լեռ եւ դուռ բառերը արդի լեզուի մէջ պէտք է գրուէին ռ-ով՝ ամռան, ձմռան, լեռան, դռան[1], ճիշդ ինչպէս կը գրենք բեռ–բեռան, փուռ–փռան, նուռ–նռան եւ այլն, քանի որ աշխարհաբարի մէջ ռ/ր հնչիւնափոխութիւն գոյութիւն չունի: Գրաբարի մէջ այս բառերուն սկզբնաձեւերը ամառն, ձմեռն, լեառն եւ դուռն են, եւ անոնք բոլորովին տարբեր գործօններու բերումով կու տան ամրան, ձմրան, լերին, դրան, ուր, խորքին մէջ, նմանապէս ռ/ր հնչիւնափոխութիւն մը չկայ:
Հապա ի՞նչ է տեղի ունեցածը,– հարց պիտի տայ ընթերցողը:
Ստորեւ առնենք ասոնցմէ մէկ հատը միայն՝ ամառն–ամրան ու բացատրենք անոր երեւութական հնչիւնափոխութեան էութիւնը՝ այդ բացատրութիւնը տարածելով միւսներուն վրայ եւս:
Հայերէնի այս բառին հեռաւոր սկզբնաձեւն էր ամարան (Գրիգոր Տաթեւացի ունի աշխատութիւն մը, որ կը կոչուի «Ամառան եւ ձմեռան». քիչ մը զարմանալի է, որ գրուած է ռ-ով−Ա.Ե.), որ հաւասարապէս ուղղական էր եւ սեռական: Պէտք չէ գայթակղիլ այս իրողութեան ի լուր, քանի մենք ունեցած ենք շատ ուրիշ գոյականներ, որոնց ուղղականն ու սեռականը նմանապէս եղած են նո՛յնը, օրինակ՝ աստեղ, եզեր, կայսեր, ուսուման, ոսկեր[2] եւ այլն. ասոնք եղած են հաւասարապէս ուղղական ու սեռական: Սա՛ զանազանութեամբ, որ ուղղականը կը շեշտէր վերջընթեր ձայնաւորը՝ ամա՛րան, իսկ սեռականը կը շեշտէր վերջին ձայնաւորը՝ ամարա՛ն:
Ուրեմն՝
Ուղղական՝ ամա՛րան
Սեռական՝ ամարա՛ն
Անշեշտ մնացած ձայնաւորները ընդհանրապէս կը կորսուին ժամանակին հետ. ըստ այսմ՝ ուղղականի վերջին այբը անշեշտ մնալով կը սղի, եւ բառս կը դառնայ ամա՛րն, ապա՝ ամա՛ռն, քանի որ ր-ն ն-ին առջեւը իյնալով կը դառնայ ռ: Իսկ սեռականի պարագային անշեշտ մնացողը վերջընթեր այբն է, որ իր կարգին կը սղի, ու բառս կը դառնայ ամրա՛ն:
Ահա այսպէս է, որ ամա՛ռն ուղղականին ռ-ն սեռականին մէջ կը թուի դառնալ ր, սակայն խորքին մէջ ուղղականի ռ-ն է, որ հնչիւնափոխութեան մը հետեւանք է. ան սկզբնապէս ր մըն էր, որ ն-ի հանդիպելով՝ վերածուած է ռ-ի: Այլ խօսքով՝ ըստ էութեան տեղի ունեցածը ր > ռ հնչիւնափոխութիւն մըն է՝ ուղղականի մակարդակին, եւ ոչ թէ հակառակը՝ ռ > ր՝ սեռականի մակարդակին. սեռականի ր-ն իր սեփականն է, որ կը վերայայտնուի:
Այս նոյն գործընթացին ենթակայ են ձմեռն, լեառն, դուռն եւ մատուռն բարերը եւս, եւ այս բոլորը՝ գրաբարի ծիրէն ներս եւ գրաբարեան բառաձեւերով, ուր նշուած բոլոր գոյականները կ’ենթարկուին ներքին հոլովումի (տեսնե՛լ այս եզրը նախորդ գլուխին մէջ):
Արդ, աշխարհաբարի բառային սկզբնաձեւերն են ամառ, ձմեռ, լեռ, դուռ եւ մատուռ՝ բոլորն ալ ռ-ով, եւ քանի որ հայերէնի մէջ ռ > ր հնչիւնափոխութիւն մը չի գործեր, ապա ասոնց սեռականները կու տան ամռան, ձմռան, լեռան, դռան եւ մատռան. թէեւ այս վերջինը աւելի վայելուչ է հոլովել մատուռի(ն) ձեւով եւ ոչ թէ մատռան, միւս կողմէ՝ բերուած գոյականներուն հինգն ալ ունին արտաքին հոլովում՝ ամառ+ան>ամռան, ի հակադրութիւն գրաբարի: Այլ խօսքով՝ չկայ որեւէ պատճառ որ աշխարհաբարեան այս բառերը հնչիւնափոխուին: Ցաւալի է նկատել, որ արեւմտահայ քերականական միտքը,– եթէ իրապէս գոյութիւն ունեցած է նման միտք,– այսքանը չէ նկատած: Ճիշդ է, ծուղակը այնքան լաւ լարուած էր, որ դժուար թէ կարելի ըլլար խուսափիլ մէջը իյնալէ, բայց նաեւ կարելի էր խուսափիլ, քանի ունեցած ենք Այտընեանի պէս ուղեցոյց մը, ա՛լ չեմ խօսիր Բագրատունիի, Աբեղեանի, Աճառեանի, այլեւ ամբողջ արեւելահայութեան մասին, որոնք բոլորը կը գրեն ամռան–ձմռան–լեռան–դռան…:
Հոլովականին կից կայ տակաւին բառային գայթակղութիւնը. գրաբարը ունի ամարոց եւ ամարանոց, ձմերոց եւ ձմերանոց ձեւերը՝ բոլորն ալ ր-ով: Պարզ է, որ ասոնց բոլորը օգտագործած են գրաբարեան ր-ով արմատները: Արդ, ցաւով կը հաստատենք, որ մեր բառարանագիրները ոչ մէկ ատեն մտածած են, թէ իրենք աշխարհաբարի բառարան կը գրեն, ուր բառերուս արմատական ձեւերը ամառ եւ ձմեռ են, հետեւաբար պարտաւոր էին ասոնց աշխարհաբարեան արմատները օգտագործել եւ ստանալ՝ ամառ–ամառանոց եւ ձմեռ–ձմեռանոց:
Հիմա ժամանակն է, որ այս բաները կատարուին:
Ի՞նչ կը շահինք այս բարեկարգութեամբ:
Նախ եւ առաջ աշխարհաբարը կը թօթափէ էապէս հակագիտական ու անհեթեթ կանոն մը, որ բնաւ կապ չունի մեր արդի լեզուի իրողութեանց հետ, եւ կը հիմնուի աւելի բանական ու տրամաբանական կանոններու վրայ. ինչպէ՞ս կ’ուզենք դպրոցականին հասկցնել, որ ամառ գոյականը կու տայ ամարանոց եւ ոչ թէ ամառանոց: Կայ տակաւին մանկավարժական գործօնը. քանի՞ ուսուցիչ կը ճանչնայ հետեւեալ բթացնող յարացոյցը՝ ամառ–ամրան–ամառուան–ամարանոց–ամառնային, որպէսզի զայն ուսուցէ նաեւ իր աշակերտներուն՝ առանց ըմբոստացնելու այս վերջինները հանդէպ իրենց մայրենի լեզուին, որ օժտուած է այսքան անհեթեթ կանոններով: Մինչդեռ որքան պարզ ու ըմբռնելի պիտի գտնէին այդ նոյն դպրոցականները ամառ–ամռան–ամառուան–ամառանոց–ամառնային յարացոյցը, որ հարազատ աշխարհաբարեան է:
Այս բարեշրջումով մենք նաեւ վերացուցած կ’ըլլանք ուղղագրական անմիօրինակութիւն մը արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի միջեւ, ինչ որ ի՛ր կարգին կարեւոր ձեռքբերում մըն է:
……………………………………………………………………………………………………………………………
[1] Մխիթար Սեբաստացի, որ հեղինակն է աշխարհաբարի առաջին քերականութեան, նմանապէս չի ճանչնար ռ>ր հնչիւնափոխութիւն մը. կը գրէ ամռան, ձմռան, դռան, լեռան, մատռան:
[2] Ասոնց հինգին ալ ուղղականը աւելի ուշ՝ հայերէնի զարգացման հետագայ փուլին, ամփոփուած է, եւ անոնք գրական հայերէն հասած են աստղ, եզր, կայսր, ուսումն, ոսկր կազմով՝ բառավերջի գաղտնավանկով մը: Ուսումն բառի նախնական ուղղականը եղած է ուսո՛ւման, որ ա-ի սղումով տուած է ուսո՛ւմն, իսկ նախնական սեռականը եղած է ուսումա՛ն, որ ու-ի սղումով տուած է ուսմա՛ն: