Ծանօթանանք Փղականջին
October 1, 2025
- Փղականջ
Կը կոչուի նաեւ՝ խլաթ, դոնդ:
Լատիներէն անուանումն է Begonia:
Այս նոյն անունով կը կոչեն զայն ֆրանսերէնը, անգլերէնը, ռուսերէնը եւ շատ ուրիշ լեզուներ:



Ծանօթ է փղականջի աւեի քան 2000 տեսակ: Կ’աճի մասնաւորաբար
արեւադարձային տարածքներու խոնաւ հողին մէջ:
Միւս կողմէ՝ ջերմոցային պայմաններու օգտագործումով կարելի կ’ըլլայ զայն աճեցնել աւելի զով կլիմաներու մէջ եւս:
Անոր թուփերը կը հասնին 1-3 մ բարձրութեան:
- Արեւելահայ լեզուական բարքեր
Հետեւեալ լուրը կը քաղեմ հայրենի հերթական լրատւութենէ:
***Ալկոհոլի ազդեցութեամբ բենզին է լցրել կնոջ և դստեր վրայ և հրկիզել. կինն ուղղարկվել է հիւանդանոց («Առաջին լրատուական»):
Անկախ հաղորդուած զազրելի միջադէպէն, որ շատ բան կ’ըսէ արեւելահայ
բարքերու մասին, հաղորդումը կը յատկանշուի ուղղագրական սխալներով եւս:
—ուղղարկվել
Կը նշանակէ «ի ուղի արկանել», ճամբու դնել, ճամբել, այլ խօսքով՝ ուղարկել՝ միայն մէկ ղ-ով, կրաւորականը՝ ուղարկուիլ:
Այս եւ նման սխալներ կը վխտան արեւելահայ գրաւոր խօսքի մէջ, որոնց հեղինակները ենթադրուած են շատ լաւ սերտած ըլլալ Հայոց լեզուն եւ անոր ուղղագրութիւնը՝ ընդհուպ մինչեւ համալսարանական մակարդակով:
Ասկէ բացի. քանի մը տարի առաջ պետական որոշում տրուեցաւ, որ եւ շաղկապը անջատ գրուի եւ յարգուի անոր երկտառ հանգամանքը:
Բայց ահա շատ լայնօրէն արհամարհուած է այս կանոնը, եւ քիչ մը ամէն մակարդակի վրայ կը շարունակուի միացեալ և գրութիւնը:
Միացած՝և կը գրէ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ «Գրական թերթ»-ն ալ, որ Գրողներու միութեան պաշտօնաթերթն է: Եւ ահա ոչ խմբագրութիւնը կը միջամտէ, ո՛չ միութիւնը, ո՛չ ալ… պետութիւնը:
Ասոնք եւ նմանները տեսնելով՝ իրաւամբ հարց կու տանք, թէ հայերէնը
գոյութիւնը որքա՞ն երաշխաւորուած է… Հայաստանի մէջ:
- Այլոք...
Այս այլանդակ բառը ազատ շրջանառութեան մէջ է ի Հայաստան քիչ մը բոլոր մակարդակներու վրայ` առանց խնայելու սփիւռքին. օրինակ՝
Հայաստանաի դատարանը իր վճիռները կը մակագրէ սա՛պէս՝
***Խաչատրեանը եւ այլոք ընդդէմ Հայաստանի» (27/11/2012):
***«Զալեանը եւ այլոք ընդդէմ Հայաստանի» (17/3/2016):
Այլուր կը կարդանք.
***«Իզուր չէ, որ պահլաւագիտությունը դեռ ԺԹ դարից այդքան ուշադրության է արժանացել մի շարք հայազգի հայագէտների եւ իրանագէտների կողմից, ինչպիսիք էին Ղ. Ալիշանը, Հր. Աճառեանը, Հ. Թիրաքյանը, Ռ. Աբրահամեանը եւ այլոք »:
Օրինակս քաղած եմ «Պահլաւական ուսումնասիրութիւններ» անուն նեղ մասնագիտական աշխատութեան մը նախաբանէն, որ տպուած է Երեւան, 2018-ին. հեղինակութեամբ Ռուբէն Նիկողոսեանի:
Նաեւ՝
***Վարչապետը եւ այլոք մասնակցել են հիւրասիրութեան:
Նոյնին հանդիպեցայ օրերս «Յուսաբեր»-ի 17/9/2025-ի թիւին մէջ, էջ 2, բ. սիւնակ, ստորագրութեամբ Վահէ Յովհաննիսեանի, որ քաղաքական մեծամիտ մեկնաբան է:
***«2018-2019-ին նոյն մարդիկ Նիկոլը, Արմէն Գրիգորեանը եւ այլոք արել են լրիւ հակառակը»:
* * *
Արտակ Վարդանեան իր մէկ յօդուածը խորագրած է.
***«Այդ չարաբաստիկ “այլոք”-ը»:
Լեզուի կոմիտէն իր կարգին իր մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը գրէ.
***«Խնդիրն այն է, որ անչափ շատ է տարածուած այլոք սխալ բառաձեւը։ Հայերէնն այսպիսի բառաձեւ չի ունեցել եւ չունի» (22/8/220):
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ այլոք-ը շարունակած է գոյատեւել՝ ցուցաբերելով արտասովոր եւ անբացատրելի կենսունակութիւն մը:
* * *
Հետաքրքրականը այն է, որ այլոք-ը այս բոլոր կիրարկութեանց մէջ կ’ընկալուի իբրեւ ուղղական հոլով, որ կը նշանակէ բառարանային կազմով. իսկ հայերէնի մօտ 150 բառարաններէն բացարձակապէս ոչ մէկը ունի այլոք բառաձեւ մը, չունի, որովհետեւ գոյութիւն չունի ան:
Ոչ մէկ կիրարկող անդրադարձած է այս տարրական իրողութեան:
Բառիս արմատն է այլ, յոգնակին այլք:
Ասոնց հոլովական յարացոյցերը յաջորդաբար կու տան՝
—այլ, զայլ, այլոյ, այլում, յայլմէ, այլով,
—այլք, զայլս, այլոց, այլոց, յայլոց, այլովք:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան