Մենք ու մերոնք
October 25, 2025
Շաբաթական ծաղկաքաղ «Ազդակ»-ի լեզուական ուսանելի գոհարներուն
20/10/2025
***Անհրաժեշտ է ամբողջական կերպով գործադրել (էջ 1):
Այլեւ՝ առանց պոչի:
—Անհրաժեշտ է ամբողջովին գործադրել:
21/10/2025
***[Ամէն խախտումի] նկատմամբ պէտք եղած վարուելակերպը պիտի ցու-ցադրուի (էջ 1):
—Ամէն խախտումի նկատմամբ պէտք եղած վերաբերումը պիտի ցու-ցադրուի:
***Ամէն բան շատ խաղաղ կերպով կ’ընթանայ (էջ 1):
Եւ… առանց պոչի:
—Ամէն բան շատ խաղաղ կ’ընթանայ:
***Համաձայնութիւն գոյացաւ ամերիկեան եւ ՄԱ Կ-ի միջնորդութեամբ (էջ 1):
Ամերիկեան եւ ՄԱԿ-ի չեն կրնար համադասուիլ:
Առաջինը ածական է, երկրորդը գոյական է:
Աղը եւ շաքարը իրարու վրայ գումարելու պէս բան մըն է տեղի ունեցածը:
—Համաձայնութիւն գոյացաւ Ամերիկայի եւ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ:
—Համաձայնութիւն գոյացաւ ամերիկեան կողմի ու ՄԱԿ-ի միջնորդութ-եամբ:
***Ճակատը արմատական կերպով փոխուեցաւ (էջ 1):
Եւ… առանց պոչի:
—Ճակատը արմատականօրէն փոխուեցաւ:
—Ճակատը հիմնովին փոխուեցաւ:
—Ճակատը բոլորովին փոխուեցաւ:
***Սիրուելու համար չես կրնար մարդը պարտադրել (էջ 3):
—Սիրուելու հաշար չես կրնար մարդուն պարտադրել:
—Սիրուելու համար չես կրնար մարդը ստիպել:
***Սէրը չի կրնար ստիպողաբար կամ պարտադրաբար ըլլալ (էջ 3):
Ստիպողաբար եւ պարտադրաբար մակբայ են. մեզի ածական պէտք է:
—Սէրը չի կրնար ստիպողական կամ պարտադիր ըլլալ:
22/10/2025
*** Սերկեյ Լաւրով… պաշտօնակիցին վստահեցուցած է (էջ 1):
—Սերկեյ Լաւրով… պաշտօնակիցը վստահեցուցած է:
***Կաշառք ստանալու համար մեղադրուող Գիւմրիի քաղաքապետը կալանաւորուեցաւ (էջ 1):
Մեղադրուողը Գիւմրին չէ, քաղաքապետն է:
—Գիւմրիի՝ կաշառք ստանալու համար մեղադրուող քաղաքապետը կալանաւո-րուեցաւ:
***Անծանօթ մը մուտք գործելով Պետրոսի բնակարանը, սպաննած է անոր քոյրը եւ ծանրօրէն վիրաւորած է զայն (էջ 2):
Սպաննելէն ետք վիրաւորելը ինչի՞ կը ծառայէ:
Նման յիմար մարդասպան կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ բնութեան մէջ:
Այստեղ մէկ սպաննուող կայ՝ ան ալ հայոց բազմաչարչար լեզուն է:
—Անծանօթ մը մուտք գործելով Պետրոսի բնակարանը, սպաննած է անոր քոյրը եւ ծանրօրէն վիրաւորած է զինք:
***Յուշագիրը ներկայացուց գերիներուն ենթարկուած չարչարանքները (էջ 2):
Գերիներուն ենթարկուած չարչարանքները բառակապակցութիւնը հայերէն չէ, լեզու չէ, բանական էակի յղացք ալ չէ:
—Յուշագիրը ներկայացուց գերիներուն կրած չարչարանքները:
***Մենք դեսպաններուն պիտի վստահեցնենք (էջ 2):
—Մենք դեսպանները պիտի վստահեցնենք:
23/10/2025
***Սփիւռքը իրաւունք ունի քաղաքական որոշումներու կայացման գործին մէջ գործընկերային դեր ունենալու (էջ 1):
Գործին բառը ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի այս խաժամուժին մէջ:
—Սփիւռքը իրաւունք ունի քաղաքական որոշումներու կայացման մէջ գործընկե-րային դեր ունենալու
***Կարելի չէ արտերկրի լիբանանցիներէն իրենց երկրին օգնել պահանջել եւ զանոնք զրկել ընտրելու իրաւունքէն (էջ 2):
Այս շար ադսութիւնը հայեցի չէ:
Հայը պիտի ըսէր.
—Կարելի չէ պահանջել արտերկրի լիբանանցիներէն օգնել իրենց երկրին եւ զրկել զանոնք ընտրելու իրաւունքէն:
***Պաքու կ’ակնկալէ, որ ԹՐԻՓՓ նախագիծը օր առաջ կեանքի պիտի կոչուի (էջ8):
Կ’ակնկալէ ( սահմ. ներկայ) եւ պիտի կոչուի (ապառնի) չեն կրնար գոյակցիլ:
Ակնկալել, ըղձալ, մաղթել, յուսալ, պահանջել, սպասել, ստիպել, ցանկալ, փափաքիլ եւ նմանները ըղձական եղանակի բայ կը պահանջեն իրենց կից. օրինակ՝
–կ’ակնկալէ, որ կոչուի –կը մաղթեմ, որ յաջողիս
–պահանջեցին, որ յանձնենք –կը սպասէին, որ վերադառնայիր
–ստիպեց, որ վճարեմ –կը ցանկայիք, որ միանային ձեզի
Ինչպէս որ ընթերցողներս կ’ակնկալենք, որ մեր լրագրողները գիտնային այսքանը:
24/10/2025
***Դիմադրութիւնը պիտի կատարէ իր դերն ու իրաւունքը (էջ 2):
Դերը կատարել-ը՝ հասկցանք, բայց սա իրաւունքը կատարելը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ…
Ինչերէ՞ն է այս լեզուն…
***Պարրաքի խօսքը կը պարունակէ սպառնալիք մը (էջ 2):
Խօսք ըսածդ ոչ շիշ է, ոչ թիթեղ է, ոչ կաթսայ է, ոչ լիճ է, որպէսզի… պարունակէ:
—Պարրաքի խօսքը կը բովանդակէ սպառնալիք մը:
—Պարրաքի խօսքը յղի է սպառնալիքով:
***Իսրայէլի հետ բանակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները մեծ ճամբայ կտրած էին (էջ 2):
Առանց… մեկնաբանութեան:
Համեստ ընթերցող մը՝
Ձեր խոնարհ ծառան: