Ի՞նչ է անհամասեռութիւնը (Ա.)
July 14, 2025
Հայերէնի ոճաբանութեան ծիրէն ներս մինչեւ հիմա տեսանք՝
—Աւելորդաբանութիւնը,
–Կրկնաբանութիւնը,
–Սակաւաբանութիւնը:
–Չափազանցութիւնը:
–Սաստկաբանութիւնը:
Այսու կը սկսինք նոր գլուխ մը՝ անհամասեռութիւնը:
* * *
Անհամասեռութիւն (ա)
Անհամասեռութիւնը ըմբռնելու համար մենք պարտինք նախ գաղափար մը ունենալ «նախադասութեան բազմակի անդամ» հասկացութեան շուրջ, որուն անծանօթ է արեւմտահայը:
Յաճախ կը պատահի, որ նախադասութեան միեւնոյն անդամը կրկնուի: Այս բանը տեղի կ’ունենայ կա՛մ ոճական նկատառումով, կա՛մ խօսողը կը ցանկայ ներկայացնել եղելութեան առաւել ճշմարիտ, համակողմանի պատկերը` ընդգծելով միեւնոյն նախադասութեան մԧջ գործողութիւն կատարողներու, գործողութիւններու, անոնց այլազան յատկանիշերու բազմակիութիւնը: Միեւնոյն շարահիւսական պաշտօնը կատարող երկու եւ աւելի անդամները կը կոչուին նախադասութեան բազմակի անդամներ:
Օրինակ՝
—Դաշտ ու այգի դեղին հագան:
—Ծառ ու ծաղիկ մերկացան:
Այս օրինակներուն մէջ բազմակի են՝ դաշտ ու այգի ենթակաները՝ հագան բային, ինչպէս նաեւ ծառ ու ծաղիկ ենթակաները՝ մերկացան բային:
–Հովիւը արածելու տարաւ ոչխարներն ու գառնուկները:
Այս օրինակին մէջ բազմակի են ոչխարներն ու գառնուկները, որոնք ուղիղ խնդիրներն են տարաւ բային:
–Ներկայացումը պիտի կրկնուի Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
Այս օրինակի բազմակի անդամներն են Երեւանի (մէջ), Գիւմրիի (մէջ), Վանաձորի (մէջ), որոնք տեղի պարագաներն են պիտի կրկնուի բային:
–Սիրելի՛ տղաք եւ աղջիկներ, այսօր պիտի սերտենք Զոհրապի մէկ անծանօթ մնացած գրութիւնը:
Այս օրինակի բազմակի անդամներն են տղաք եւ աղջիկներ կոչականները:
Բազմակի անդամները կը կոչուին նաեւ համադաս անդամներ:
Ուրեմն բազմակի եւ համադաս հոմանիշ են:
* * *
Ոճաբանութիւնը կը պահանջէ, որ բազմակի անդամները ունենան ներդաշնակ, համանման կառոյցներ. ահա այս ներդաշնակութիւնը կամ համանմանութիւնը կը կոչուի համասեռութիւն: Իսկ այդ ներդաշնակութեան կամ համանմանութեան բացակայութիւնը կը կոչուի անհամասեռութիւն: Օրինակ՝
–Սեղանին վրայ դրուած էին ֆրանսական գինի, յունական պանիր եւ լիբանանեան ապուխտ:
Բազմակի անդամներն են՝ ֆրանսական գինի, յունական պանիր եւ լիբանանեան ապուխտ բառակապակցութիւն ենթակաները:
Այս բառակապակցութիւնները համասեռ են, քանի հաւասարապէս յիշուած է իւրաքանչիւրին ծագումը՝ ֆրանսական, յունական, լիբանանեան:
–Ան բոլորին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ աշխատիլ:
Բազմակի անդամներն են՝ կանուխ արթաննալ, ժուժկալ ուտել, աշխատիլ բացայայտիչները:
Ընդ որում՝ առաջին երկուքը՝ արթննալ եւ ուտել, ունին իրենց լրացումները, իսկ աշխատիլ-ը ոչ մէկ լրացում ունի:
Ուրեմն անհամասեռ բազմակի անդամներ են ասոնք:
Կարելի է անհամասեռութիւնը դարմանել այլազան պատշաճ լրացումներ տալով աշխատիլ բային. օրինակ՝
–կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, աշխուժ աշխատիլ:
–կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, անտրտունջ աշխատիլ:
–կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, անձնուէր աշխատիլ:
Բերուած երեք օրինակները հաւասարապէս համասեռ են. կարելի է տակաւին աւելցնել համասեռ օրինակներու թիւը:
* * *
Եթէ ուշադիր կարդանք բերուած համասեռ օրինակները, ապա պիտի նկատենք որոշ ներդաշնակութիւն մը արթննալ, ուտել եւ աշխատիլ բազմակի անդամներուն միջեւ. ասոնք կը կազմեն իրարու յաջորդող գործողութիւններու տրամաբանական ու ներդաշնակ շղթայ մը: Այդ ներդաշնակութիւնը պիտի խախտէր, եթէ, օրինակի համար, ըսէինք՝
–Ան բոլորին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ դրացիներուն հետ չկռուիլ:
«Դրացիներուն հետ չկռուիլ» բառակապակցութեան իմաստը չի ներդաշնակիր առաջին երկուքին հետ. սա բոլորովին այլ կարգի թելադրանք մըն է, որ համատեելի չէ առաջին երկուքին հետ: Նման խրատը կամ թելադրանքը կարելի չէ կցել կանուխ արթննալուն եւ ժուժկալ ուտելուն հետ:
Իսկ եթէ կ’ուզենք ա՛նպայման անոր այդ թելադրանքին տեղ տալ մեր խօսքին մէջ, ապա տարբեր կառոյց պիտի ունենայ մեր խօսքը. օրինակ՝
–Ան բոլորոին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ աշխուժ աշխատիլ: Անոր տուած մէկ այլ խրատն ալ հետեւեալն էր՝ չկռուիլ դրացիներուն հետ:
Այսպէսով ունեցանք երկու տարբեր նախադասութիւններ, որոնք բոլորը հաւասարապէս կ’ամփոփեն «անոր սիրած խրատները»:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան