Արքայանարինջը Լիբանանի մէջ շատ տարածուած խարման է
June 18, 2025
- Արքայանարինջ



Լիբանանի մէջ շատ տարածուած խարման է այս, որ հայերէն կը կոչուի նաեւ ժորի, խռնիկ, իսկ ծառը կը կոչուի ժորենի, ոսկեպտղի, կակենի:
Յոյները զայն կոչած են διόσπυρος, այսինքն՝ diospyros, որ կը մեկնաբանուի իբրեւ աստուածային (dios) պտուղ (pyros) կամ ցորեն, իմա՝ ուտեստ, ուրեմն՝ աստուածահաց կամ աստուածակեր:
Ֆրանսերէն՝ plaquemine, figue caque, անգլերէն՝ persimmon, caque fig:
Աճած է Ծայրագոյն Արեւելքի, մասնաւորաբար Չինաստանի, Ճափոնի ու Քորէայի մէջ, ուրկէ հետզհետէ տարածուած է քիչ մը ամէն կողմ եւ բոլոր ցամա-քամասերու վրայ: Մշտադալար է եւ ունի հարիւրաւոր ցեղեր:
Անոր թարմ պտուղի կողքին, որ գնահատուած է թէ՛ մարդուն, թէ՛ այլազան կենդանիներու կողմէ եւս, Ճափոնի մէջ շատ տարածուած է չորցուած արքայանարինջի չիրը:
Իսկ անոր տերեւները կը գործածուին իբրեւ թէյ:
Շատ գնահատուած է նաեւ անոր փայտը, որ ունի եբենոսային ընտիր յատկութիւններ. կը գործածուի մասնաւորաբար լարային նուագարաններու, դգալի ու դանակի, նետ ու աղեղի, գեղարդի ու մականի, ինչպէս նաեւ մարզական այլ պիտոյքներու պատրաստութեան մէջ:
* * *
Արքայանարինջը յաջողութեամբ մշակուած է արդի Հայաստանի մէջ եւս:
Արդէն կը պատրաստուի անոր արտահանումը:
Պիտի արտահանուի մասնաւորաբար Իջեւանի տարածաշրջանի մէջ աճեցուող արքայանարինջը: Կ’ակնկալուի, որ յարակից համայնքներուն մէջ յառաջիկայ տարիներուն տնկուին արքայանարինջի քանի մը հազար հեկտար այգիներ:
Ծանօթ.- Միջին արեւելահայը ունի խուրմա բառը,- որ պարսկերէն կը նշանակէ արմաւ,- եւ ասով հաւասարապէս կ’անուանէ թէ՛ արքայանարինջը, թէ՛ բուն արմաւը՝ յատկապէս չորը:
Այս ալ կը նշանակէ, որ երբ արեւելահայուն հետ կը խօսինք, պարտինք ճշդել, թէ ո՛ր խուրմա-ն ի մտի ունի ան:
- Ի բացառեալ…
«Նոր Մարմարա»-ն իր 10/5/2025-ի թիւին մէջ ունի հետեւեալը.
–«Անոնք փոխեցին իրենց անունները… ի բացառեալ երկու պապերէ»:
Հայերէնը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, չունի «ի բացառեալ» բառակապակ-ցութիւնը, որուն կը հետեւի ենթադրեալ պապերէ բացառական հոլով խնդիր մը:
Այլ խօսքով՝ ամէն ինչ սխալ ու յերիւրածոյ է այստեղ:
Եւ միայն «Նոր Մարմարա»-ն չէ այս սխալը գործողը:
Գրաբարը ունէր՝ «ի բաց առեալ», որ բառացի կը նշանակէ.
–Դուրս՝ մէկ կողմ դրած/դնելով, դուրս ձգած/ձգելով, զատած/զատելով իր նմաններէն:
Աշխարհաբարը նոյնութեամբ որդեգրած է զայն:
Այլ խօսքով ունի ներգործական սեռի դերբայական արժէք:
Հետեւաբար կը պահանջէ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր.
–Բոլորը մասնակցեցան խաղին՝ ի բաց առեալ կրտսեր մանչը:
–Ան թոյլատրեց ուտել բոլոր ծառերէն՝ ի բաց առեալ գիտութեան ծառը:
–Բոլոր ռազմիկները արժանացան պատիւի՝ ի բաց առեալ գերիները:
Ուրեմն «Նոր Մարմարա»-ի օրինակը պարտէր ըլլալ.
–«Անոնք փոխեցին իրենց անունները… ի բաց առեալ երկու պապեր»:
* * *
Աշխարհաբարը հնարած է բացառել[1] ներգործական բայը, որ բոլորովին համարժէք է գրաբարի «ի բաց առնուլ» կառոյցին եւ հականիշ է ներառել-ին:
Այս բայի ծիրէն ներս յառաջացած է գրաբարեան կաղապարով բացառեալ մակբայը, որ ունի շատ սակաւ կիրարկոիւթիւն եւ կը պահէ իր խօսքիմասային ծագումը, որ է ներգործական սեռի գործիական հոլով դերբայ մը, որ կը նշանակէ բացառելով. հականիշն է՝ ներառեալ/ներառելով: Օինակ՝
–Աքսորեցին բոլոր չափահասները՝ բացառեալ/բացառելով մանուկները:
* * *
Արդ, ո՞ւրկէ կը յառաջանայ «Մարմարա»-ի սխալը:
«Մարմարա»-ն շփոթած է բացառեալ մակբայը բացի նախադրութեամբ, որ, այո, բացառական հոլով խնդիր կը պահանջէ. օրինակ՝
–Անոնք փոխեցին իրենց անունները… բացի երկու պապերէ:
–Բոլոր ընկերներս ճամբորդեցին՝ բացի մէկէն:
–Անոնք կասկածեցան բոլորէն՝ բացի քեզմէ:
Զուգադրենք՝
–Ամէն ինչ ծախեցինք՝ ի բաց առեալ գիրքերը:
–Ամէն ինչ ծախեցինք՝ բացառեալ/բացառելով գիրքերը:
–Ամէն ինչ ծախեցինք՝ բացի գիրքերէն:
* * *
«Նոր Մարմարա»-ի նոյն թիւին մէջ կը գտնենք ուրիշ սովորական դարձած սխալ մըն ալ, որ է հագուիլ բայի ներգործական կիրարկութիւնը:
–«Կրօնաւորական սքեմը հագուելով արդէն փոխած էին իրենց անունը»:
Հագուիլ բայը չէզոք է եւ ուղիղ խնդիր չի կրնար առնել:
Պէտք է ըսել՝ «սքեմը հագնելով…»:
armenag@gmail. Com Արմենակ Եղիայեան
[1] Նաեւ բացարկել, որ բոլորովին նոյնանիշ է բացառել-ին: