Ինչպէ՞ս կը գրուի արդի հայերէնը…
September 24, 2025
1.Ինչպէ՞ս կը գրուի արդի հայերէնը…
***Թրամփ մօտ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութեան հասնելու («Ասպարէզ»,n4/8/2025):
Մտածենք, համբերութեամբ մտածենք ու փորձենք հասկնալ, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’ուզէ ըսել այս խորագիրը:
Հարցում՝
-Թրամփ մօտ է՝ ի՞նչ բանի:
-Մօտ է հասնելու՝ ի՞նչ բանի:
-Ան մօտ է հասնելու համաձայնութեան մը…
Սակայն իրապէ՞ս ան կը ձգտի հասնիլ համաձայնութեա՞ն մը, ինչպէս այս նախադասութեան կառոյցը կը թելադրէ: Եթէ այո, հապա որո՞ւ հետ պիտի համաձայնի ան:
Այստեղ կը յիշուին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, սակայն այս երկուքին հետ ոչ մէկ տարակարծութիւն ունի Թրամփ, որպէսզի հարկ ըլլայ յաղթահարել զայն եւ… հասնիլ համաձայնութեան մը:
Բերուած նախադասութեան քերականութիւնը կը տանի ընթերցողը նման մտորումներու, որոնք սակայն… արդիւնքի մը չեն հասցներ զինք:
Չեն հասցներ մեզ եւս:
* * *
Իսկ մենք այլապէս գիտենք, ինչպէս խաշած հաւն ալ գիտէ, որ անհամաձայնութիւնը կը տիրէ նոյն ինքն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, եւ այս անհամաձայնութիւնն է, որ Թրամփ կը ջանայ վերացնել եւ փոխարէնը համաձայնութիւն հաստատել անոնց երկուքին միջեւ:
Նման կացութիւն մը արտայայտելու ատակ նախադասութիւններ են՝
***Թրամփ մօտ է համաձայնութիւն հաստատելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:
***Թրամփ մօտ է համաձայնութեան մը բերելու Հայաստանն ու Ատրպէյճանը:
***Թրամփ մօտ է վերջ տալու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անհամաձայնութեան:
-Հարիւրամեայ «Ասպարէզ»-ը այսքանը չի՞ գիտեր, ուրեմն,- պիտի հարցնէք:
-Գիտէ՜՜՜, շա՜՜՜տ լաւ գիտէ: Սակայն երկու տարբեր բաներ են՝ գիտնալը եւ գիտցածը ճի՛շդ գրելը:
2.«Նոր Յառաջը» մեր լեզուն լաւագոյն գրողներէն է:
Ունի վճիտ հայերէն մը, որ ուղիղ ժառանգած է Շաւարշ եւ Արփի Միսաքեաններէն՝ աւելցնելով անոր վրայ արդի հայագիտութեան նուաճումներու լաւագոյն աւանդները եւ մնալով նախանձախնդիր ամէն օր նոր որակ մը տալու արեւմտահայերէնին:
Այս այսպէս ըլլալով՝ անոր վերջին թիւին մէջ ուշագրաւ էր հետեւեալ վրէպը.
***Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպում կ’ունենան Ուաշինկթընի մէջ (թիւ 2156):
Ո՞ւր է անհարթութիւնը:
Այստեղ կ’ունենան բային իբրեւ ենթակայ տրուած է Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ կառոյցը, որ իր այս կիրարկութեամբ այլեւ գոյական մը չէ,- եւ ուրեմն չի կրնար ենթակայի պաշտօն կատարել. խօսքի մէջ ենթակայ կրնան դառնալ մի՛այն գոյականը եւ առարկայանիշ, այսինքն՝ գոյականանիշ բառերը:
Իսկ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ կառոյցը գոյական չէ, այլ ածական:
Այդ երեք յատուկ անուններուն միջեւ դրուած միութեան գծիկը միացող գոյականններու գումարը կը վերածէ մէկ միասնական ածականի, որ կը պատասխանէ ո՞ր կամ ի՞նչ հարցումներէն մէկուն, որ յատւկ է ածականին կամ աւելի ընդհանրական եզր մը գործածելով՝ յատուկ է որոշիչին: Օրինակ՝
-Շուտով տեղի կ’ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպումը:
Հարցում՝ ո՞ր հանդիպումը, ի՞նչ հանդիպում:
Պատասխան՝ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպում:
Նմանապէս՝
Տեղի պիտի ունենայ Սուրիա-Լիբանան սահմանագծումը:
Երեւան-Մոսկուա թռիչքը վերսկսաւ:
Հնդկաստան-Փաքիստան պատերազմը կանգ առաւ:
Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ:
Ասոնք բոլորը որոշիչ-որոշեալ կապակցութիւններ են:
Եւ ընդհանուր առմամբ՝ իրարու միութեան գծիկով կապուած երկու եւ աւելի գոյականներ կ’ընկալուին իբրեւ ածական ու կը կատարեն որոշիչի պաշտօնը:
* * *
Կը բաւէ, որ յիշեալ յատուկ անունները տրոհենք ստորակէտով, ապա անոնք կը պահեն իրենց գոյականական իմաստը եւ կրնան կատարել գոյականի յատուկ բոլոր պաշտօնները:
Այսպէս՝
***Փաշինեան, Ալիեւ, Թրամփ պիտի շուտով հանդիպին:
Նախընտրաբար եւ շաղկապով՝
***Փաշինեան, Ալիեւ եւ Թրամփ պիտի շուտով հանդիպին:
Գծիկով միացած կառոյցները կը կոչուին բաղհիւսական բարդութիւններ, ուր բաղադրիչները հաւազարազօր են, մինչ սովորական բարդութիւններու մէջ բաղադրիչներէն մէկը կ’ըլլայ միւսին լրացումը, ինչպէս՝ գետացի՝ գետի ձի, մսակեր՝ միս ուտող, բարձրահասակ՝ բարձր հասակ ունեցող եւ այլն:
Բաղհիւսական բարդութեան բաղադրիչները կրնան հասարակ գոյական-ներ ալ ըլլալ. օրինակ՝ հայ-թուրք յարաբերութիւններ, եկեղեցի-հաւատացեալ կապեր, հայր-որդի վստահութիւն, քոյր-եղբայր զրոյցներ:
Այս վերջիններուն ածականական կամ որոշչային արժէքը կը քանդուի միութեան գծիկի վերացումով. օրինակ՝ հայը եւ թուրքը, հայրը եւ որդին եւ այլն:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան