Մի՛ ըսէք ու գրէք
February 14, 2025
— ինքզինք> ինքզինքին- ինքզինքէն-ինքզինքով:
Այլ ըսէք ու գրեցէ՛ք՝
— ինքզինք> ինքնիր-ինքնիրեն- ինքնիրմէ- ինքնիրմով:
- Լեզուական գոհար մը
Ի՞նչ կրնայ հետեւեալ բառակոյտը թելադրել ձեր բանականութեան.
–«Ուաշինկթըն կարիքը ունի լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը ամրապնդելու» («Ազդակ», 9/12/24, էջ 2):
Այս յայտարարութիւնը կը վերագրուի ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնին :
Խե՜ղճ հայոց լեզու եւ խե՜ղճ Ամերիկա, որ այս օրերուն պիտի հասնէիք:
- Սիսեան…
«Փորձանքը երբեք առանձին չի գար»,- կ’ըսէ իմաստուն ֆրանսացին, իմա՝ Նուազի լը Գրանդի աւազակապետը,- ամէն փորձանք կը յաջողի հետը բերել ուրիշ մը, եթէ չբերէ ուրիշնե՜ր. նայած թէ այդ փորձանքին ետին ո՞վ կանգնած է:
Այսպէս կը մտածէի քիչ առաջ՝ կարդալով Մովսէս Ծիրանիի՝ «Ազդակ»-ի 10/12/24-ի թիւի 4-րդ էջը, ուր երեք անգամ գտայ Սիսեան արտառոց ուղղագրութիւնը կրող տեղանունը, որ տրուած է ոչ աւելի-ոչ պակաս՝ Սիւնիքի մարզի հազարամեակներու անցեալ ունեցող եւ Սիսիան ուղղագրուող գաւառակին, որ հանրածանօթ է, ի շարս ուրիշ յատկանիշերու, ճարտարապետական գոհարով մը, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին է:
4.Կրկնաբանութիւնն ու աւելորդաբանութիւնը փակած են մեր լրագրոներէն ոմանց օձիքին, եւ անոնք կը կենակցին հաշտ ու ներդաշնակ, մինչ կարելի էր նուազագոյն ճիգով ու մանաւանդ փշուր մը… ճաշակով ձերբազատիլ անոնցմէ:
Հրամեր էք.
***«Կ’աշխատինք իսրայէլեան գերիշխանութիւնը Այսրյորդանանի վրայ տարածելու վրայ» («Ազդակ», 11/2/2025, էջ 1):
–«Կը ջանանք իսրայէլեան գերիշխանութիւնը տարածել Այսրյորդանանի վրայ»:
***«ՄԱԿ-ը կը շեշտէ իր աջակցութիւնը…համաձայն Թաէֆի համաձայնութեան» (անդ):
–«ՄԱԿ-ը կը շեշտէ իր աջակցութիւնը ըստ Թաէֆի համաձայնութեան:
***Առաջնահերթութիւնս ելեւմուտքի նախարարը ընկերային պաշտպանութեան վրայ ծախսերը աւելցնելու համոզելն է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ցանցերու վրայ ծախսը համաշխարհային մակարդակի վրայ ամէնէն ցածն է (անդ, էջ 2):
–«Նախ պիտի համոզեմ ելեւմուտքի նախարարը՝ աւելցնելու ընկերային պաշտպանութեան ծախսերը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ցանցերու ծախսը համաշխարհային առումով ամէնէն ցածն է»:
***Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերը ծանօթ են, եւ երդման ճառը հիմնարար փաստաթուղթ է եւ այդ ծրագիրին հիմը պիտի ըլլայ» (անդ):
–«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերը ծանօթ են, ուստի երդման ճառը հիմնարար փաստաթուղթ է եւ այդ ծրագիրին հիմը պիտի ըլլայ» (անդ):
***Միացեալ Նահանգները յանձնառու են սերտ կերպով միասնաբար աշխատելու…(անդ):
–«Միացեալ Նահանգները յանձնառու են սերտօրէն աշխատակցելու»:
- Մօտ
Այս անէծքը յամառօրէն կը շարունակէ հալածել մեզ՝ գլուխ ցցելով քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն ատեն: Ան երբեմն ներածուած է արեւելահայերէնէն, շատ յաճախ ալ արեւմտահայ արտադրութիւն է. ստորեւ հատուկենտ նմուշներ նորագոյն կիրարկութիւններէ.
***«Ժողովրդի մօտ իշխանափոխութեան պահանջ կայ» («Ասպարէզ», 10/12/24):
Հայերէն պիտի ըսէինք՝ «Ժողովուրդը իշխանափոխութիւն կը պահանջէ :
–«Այս բացասական պատկերը ընդվզում կը ստեղծէ ընթերցողին մօտ» «Արարատ», 10/12/2024, էջ 2):
«Այս բացասական պատկերը ընդվզում կը պատճառէ ընթերցողին մօտ»:
Կամ պարզապէս՝ «Այս բացասական պատկերը կ’ընդվզեցնէ ընթերցողը»:
***«[Այդ տմարդի արարքը] Շահնուրի մօտ ստեղծեց հայութեան նկատմամբ խորշանք մը» (անդ):
–Այսինքն՝ «Շահնուրի մէջ ստեղծեց…»:
***Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու մօտ սպասողական վիճակ կը տիրէ» (Յուսաբեր, 10/12/24):
–Այսինքն՝ «Սուրիահայերը սպասողական վիճակ ունին»:
***Հայոց մօտ տիրող տրամադրութիւնները…(անդ):
–«Հայերու մէջ տիրող տրամադրութիւնները»:
Կամ պարզապէս՝ «Հայերու տրամադրութիւնները»:
***«Բոլորորին մօտ սպասողական վիճակ կը տիրէ» (անդ):
–Այսինքն՝ «Բոլորը սպասողական վիճակ ունին»:
***«Օլիգարխի մօտ վարձու խմբագիր աշխատած Սիմոնեանը…»(անդ):
–«Սակաւապետի մօտ իբրեւ վարձու խմբագիր ծառայած Սիմոնեանը…»:
* * *
***Ազգային առաջնորդարանները պարտին կրթութիւնն ու աւանդութիւն-ները աւելի մատչելի դարձնել նոր սերունդին մօտ («Ազատ օր», 10/2/2025):
–«Ազգային առաջնորդարանները պարտին կրթութիւնն ու աւանդութիւնները աւելի մատչելի դարձնել նոր սերունդին» մօտ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան