Պէտք է հայերէնը քիչ մը սիրելով ու ու քիչ մըն ալ սորվելով լրագրել…

September 12, 2025

Մենք ու մերոնք (8)

«Ազդակ», 11/9/2025

***Անոնց վստահեցուցի (էջ 1):

Վստահեցնել՝ ներգործական, ուրեմն՝ հայցական հոլով խնդիր:

Զանոնք վստահեցուցի:

***Թրամփ   չի կարծեր, որ կը ծառայէ Իսրայէլի:

—Թրամփ  չի կարծեր, թէ կը ծառայէ Իսրայէլի:

Յիշել Գրիգոր Զոհրապի «Կարծեմ, թէ» պատմուածքը:

***Զինուորներուն ամսականնները ամրապնդել (էջ 1):

Ամսականը կ’ապահովեն, չեն ամրապնդեր:

—Զինուորներուն ամսսկանները ապահովել:

***Ծրագիրը այդ պետութիւններու  ներկայացուին:

—Ծրագիրը այդ պետութիւններուն  ներկայացուի:

***Լիբանանը հականմարտութիւններէն զանց կացուցելու (էջ 8):

Զանց կացուցել  յարադրութիւնը  հայերէն չէ:

Հայերէնը կ’ըսէ՝ զերծ կացուցել:

—Լիբանանը հակամարտութիւններէ զերծ կացուցելու:

Ծանօթ.- Ունինք զանց առնել յարադրութիւնը, որ ուրիշ բան կը նշանակէ:

                                                          *   *   *

***Վեցշաբաթեայ ծրագրին ընթացքին, անոնք այցելեցին հարիւրաւոր քոնկրէսականներու գրասենեակներ՝ պահանջելով, որ Ատրպէյճան ազատ արձակէ հայ գերիները եւ աջակցելով միջազգային նախաձեռնութիւններուն, ներառեալ Զուիցերիոյ գլխաւորած Արցախի խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը, որ ապահովէ անոնց արժանապատիւ, անվտանգ ու համատեղ վերադարձը («Հայրենիք», 27/8/2025)։

***Վեցշաբաթեայ ծրագրին ընթացքին, անոնք այցելեցին հարիւրաւոր քոնկրէսականներու գրասենեակներ՝ պահանջելով, որ Ատրպէյճան ազատ արձակէ հայ գերիները եւ աջակցելով միջազգային նախաձեռնութիւններուն, ներառեալ Զուիցերիոյ գլխաւորած Արցախի խաղաղութեան նախաձեռնութեան, որ ապահովէ անոնց արժանապատիւ, անվտանգ ու համատեղ վերադարձը («Ազդակ», 11/9/2025)։

Ներառեալ կը նշանակէ ներառելով: Ան մի՛միայն ուղղական եւ հայցական հոլով խնդիր կրնայ առնել:

«Հայրենիք» ճիշդ գրած է՝ ներառեալ նախաձեռնութիւնը:

«Ազդակ» սխալ սրբագրած է՝  ներառեալ նախաձեռնութեան:

  • Պէտք է հայերէնը քիչ մը սիրելով ու ու քիչ մըն ալ սորվելով լրագրել…
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x