Հայ լեզուն մտահոգիչ չափերով կը նահանջէ նաեւ Հայաստանի մէջ…

 Շրջեցէ՛ք Երեւանի կամ հանրապետութեան այլ քաղաքի մը փողոցներով: Վաճառատուներու, կրպակներու եւ վաճառքի այլ վայրերու անուններուն տասէն եօթն օտարատառ է ու օտարալեզու, հինգէն երեքը՝ հայատառ, բայց ոչ հայաշունչ, այսինքն անգլերէն բառերը գրուած են հայատառ` աւելի նողկալի տպաւորութիւն յառաջացնելով:

«Մարդս» չէ, «Վազվզող» է

Արդեօք կա՞յ մէկը որ չէ լսած այս խօսքը հայկական սփիւռքի մէջ: Յաճախ զարմանքով կը նշմարենք, որ բարձր ու պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնեն միջակ հմտութիւններ եւ սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող անհատներ:

Ապագան նորահաս սերունդներուն է՝ մանաւանդ եթէ տարբեր կը մտածեն

Հայկական սփիւռքի մէջ, կուսակցական կարգապահութիւնը ստացած է ամբողջական հնազանդութեան կամ հաւատարմութեան ապացոյց պահանջող իմաստ մը:  Հաւատարմութիւնը ինքնին հոմանիշ դարձած է ի վերուստ պարտադրուած գաղափարներու հետ անառարկելի համաձայնութեան:

Պատերազմ, կորուստ, աղէտ եւ…նոյն երազկոտ ու քնաթաթախ հայը

Նոյնիսկ այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ գիտական միտքը պէտք էր հրաբուխի լաւայի պէս եռար` հասկանալու համար, թէ ի վերջոյ ո՞րն է մեր ուղին, ի՞նչ է մեր նպատակը՝ մենք գիտական առումով արձակուրդի մէջ կը գտնուինք:

Ինքնաքննադատութեան եւ ինքնասրբագրումի հրամայականը

Այս գրութեան նպատակը հայերուս մէջ որպէս ազգ ո՛չ նուաստացման կամ բարոյալքման, ո՛չ ալ ազգային հպարտութեան կորուստի զգացումներ յառաջացնելն է, բայց ազգային մակարդակի վրայ կրնայ ցաւի, ափսոսանքի եւ ինքնաքննադատութեան զգացմուներու տեղիք տալ:

Ալիեւը՝ ցեղասպան

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, 7 Օգոստոս 2023-ի թուականով հրապարակած է զեկոյց-տեղեկագիր մը, ուր միջազգային օրէնքի փաստերով կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) (կը պահենք տեղեկագրին մէջ նշուած անունումը) շրջափակումը «ցեղասպանութիւն» է:

Ազնիւ արարք մը

Դարաշրջանի մը մէջ, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը յաճախ կ'անտեսուին, վերջերս տեղի ունեցաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը, որ հայկական առումով նոր չափանիշներ կը սահմանէ հանրային եւ համայնքային ծառայութիւններու մէջ:

Յոյս գտնել յուսահատութեան մէջ` միասնականութեամբ եւ հզօր բանակով միայն

Բեկումնային պահերու, յուսահատութիւն արտայայտելը կրնայ բնական թուիլ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ նոյնիսկ ամենէն խաւար ժամանակներուն՝ միշտ տեղ կարելի է գտնել յոյսի եւ լաւատեսութեան:

Երնէ՜կ այն օրերուն… սիրելի Պուրճ Համուտ

Վերջին տարիներու Պուրճ Համուտի աննախընթաց հայաթափումը լրջօրէն կը մտահոգէ համայն հայութիւնը: Օրէ օր այս հայահոծ շրջանը կը գտնուի իր հայկական դիմագիծը կորսնցնելու եզրին: Հայուն ճակատագրուած է ըլլալ գաղթական, սակայն ուր որ գտնուած է, ան արագօրէն ընտելացած է շրջապատին ու նպաստած շրջանի բարգաւաճումին:

Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս

Իբրեւ լեզուական եւ մշակութային հարստութիւն` արեւմտահայերէնը առանցքային տարր է հայկական ամուր ինքնութեան պահպանման համար՝ աշխարհի մը մէջ, ուր մշակոյթներու փոխազդեցութեան մնայուն ընթացքը մէկը միւսը կլանելու ենթահողը կը դիւրացնէ:

«Ռուսամէտ», «արեւմտամէտ», «հայամէտ». ո՞ր մէկը ընտրել…

Ներկայիս հայ քաղաքական միտքը բացայայտօրէն կ'ապրի  կողմնորոշուելու անորոշութիւն մը: Այս օրերուն, «ռուսամէտ» եւ «արեւմտամէտ» հոսանքները դուրս եկած են քաղաքական շրջանակներէն եւ բաւական կարծրացած են հասարակական կեանքին մէջ, երբ պետական մակարդակի վրայ քննուելիք հարցերը անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ կը կ'արծարծուին «ռուսամէտ» կամ «արեւմտամէտ» տրամաբանութեամբ:

Անմիաբանութիւնը՝ աւեր, համագործակցութիւնը հրաշքներ կրնայ գործել

Թէեւ երբեմն մրցակցութիւնը բնական երեւոյթ է եւ որոշ պարագաներու կը նպաստէ յառաջդիմութեան, սակայն ընդհանրապէս հաւաքական աշխատանքն է կայուն յաջողութեան եւ զօրութեան բանալին Հայաստանի, հայութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան համար:

Տօնե՛նք նաեւ մեր մշակոյթը կերտած հայրերուն օրը

Բազմաթիւ են նախաձեռնութիւնները յիշելու եւ գովաբանելու մօր մը անզուգական դերն ու նուիրումը։ Հայրերու համաշխարհային օրուան առթիւ սակայն, անհրաժեշտ է ընդգծել նաեւ հօր մը հիմնական դերը, ինչպէս նաեւ՝ յարգանքի մեր տուրքը մատուցել այն դէմքերուն, որոնք հայոց պատմութեան մէջ արժանաւորապէս նկատուած են հայրեր՝ կերտելով մեր ազգային դիմագիծն ու մշակոյթը։

Քննական մտածողութիւնը, ընկերային ցանցերը եւ պայքար կեղծ լուրերու դէմ

Ճշմարտութեան հասնելու համար, անհրաժեշտ է կասկածիլ ու հարցադրել, իսկ մէյ մը որ կասկածինք՝ քիչ մը վերլուծելով եւ քիչ մը պրպտելով ու փաստեր գտնելով՝ իրականութիւնը կը դառնայ հասանելի:

Ոչ-դասական այլընտրանքային լրատուամիջոցները նոյնպէս՝ մեքենայութիւններու եւ ամբոխավարութեան միջոց (3 եւ վերջ)

21-րդ դարուն ամբոխավարութիւնն ու քաղաքական չարախնդութիւնը պատանդ վերցուցած են  ժողովրդավարութիւնը` եւ ոչ միայն դասական, այլեւ այլընտրանքային լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Ոչ-դասական այլընտրանքային լրատուամիջոցները նոյնպէս՝ մեքենայութիւններու եւ ամբոխավարութեան միջոց (2)

Տակաւին, անհանդուրժողականութեան առկայութիւնը,  հաղորդակցելու եւ զիրար լսելու սովորութեան չգոյութիւնը,   ընդհանրապէս երկխօսութեան բացակայութիւնը թէ՛ ղեկավարութեան եւ թէ՛ հասարակ քաղաքացիներու մակարդակներուն վրայ, շատ աւելի գերիշխող է Հայաստանի քան Լիբանանի մէջ: