Կենդանական աշխարհէն. հեքիաթ երկու ագարակներու մասին

 Շատեր կը յիշեն Ճորճ Օրուէլի «Animal Farm» գործը, որ իբրեւ ընթերցանութեան եւ վերլուծումի դասագիրք կը գործածուէր մեր դպրոցներուն մէջ: Գոնէ այդպէս էր, երբ 10-րդ դասարանի աշակերտ էի «Սուրէն Խանամիրեան» գոլէճին մէջ: Այս գործը շատեր հայերէնի թարգմանութիւնը կը վերնագրեն «Կենդանական ագարակ», բայց իմ նախընտրութիւնս կ’երթայ «Անասուններու ագարակ»-ին:

Օրին շատ տպաւորուած եմ անկէ ու յաճախ դիմած եմ անոր ու զայն պահած գրադարանիս մէջ: Կը պատահի, որ երբ դասընկերներով հանդիպինք՝ կատակելով ու ծիծաղելով կը յիշենք «խոզերու իշխանութիւնը»: Նափոլէոն խոզը չենք մոռցած, բայց միւսներուն անունները դժուար թէ մեր միտքը գայ:

Վերջերս նորէն աչքիս զարկաւ գիրքը եւ յիշողութիւնս վերաթարմացնելու մղումով՝ սկսայ կարդալ…

Ճորճ Օրուելի «Անասուններու ագարակը» քաղաքական այլաբանութիւն մըն է, որ տեղի կ’ունենայ ագարակի մը մէջ, ուր անասունները կ’ապստամբին իրենց մարդկային տիրոջ՝ պարոն Ճոնզի դէմ՝ հաւասարներու հասարակութիւն մը ստեղծելու նպատակով: Խոզերու գլխաւորութեամբ, որոնք այս հասարակութեան մէջ կը ներկայացնեն կենդանիներու ամենէն խելացիները, անոնք կը ստեղծեն նոր կառավարութիւն մը, հիմնուած՝ անասնութեան սկզբունքներու վրայ, ուր բոլոր կենդանիները ենթադրաբար հաւասար են:

Ժամանակի ընթացքին, խոզերը, մասնաւորաբար Նափոլէոնն (Napoleon) ու Ըսնոպոլը (Snowball), պայքար կը սկսին իշխանութեան տիրանալու համար: Նափոլէոն ի վերջոյ կը տիրանայ իշխանութեան եւ օր ըստ օրէ կը դառնայ աւելի բռնակալ՝ դիմելով քարոզչութեան, աւելի ճիշդ փրոփականտայի, հակակշիռ պահելու համար: Խոզերը կը սկսին նոյն սխալներն ու մեղքերը գործել, ինչպէս մարդը՝ Ճոնզը, զոր տապալեցին, եւ ագարակն ու անոր գաղափարախօսութիւնը կը թաղուին փտածութեան տիղմին մէջ: Գիրքին վերջաւորութեան երեւան կու գայ, որ խոզերը շատ ալ չեն տարբերիր մարդոցմէ, իսկ գաղափարախօսութիւնները կը շահագործուին անձնական իշխանութեան ու փտածութիւն նուիրագործելու համար:

Այս մտածումներով՝ օրուելեան անասնացած աշարհին մէջ թաղուած, երեւակայութիւնս սկսաւ սաւառնիլ ու յանկարծ էջք կատարեց «Համերաշխութիւն» ագարակին մէջ, ուր խումբ մը կենդանիներ կ’ապրէին Մագիլ անունով իմաստուն բազէի մը ղեկավարութեամբ: Մագիլ երկար տարիներ պահած էր անդորրութիւնը եւ երաշխաւորած ագարակին բարգաւաճումը:

Սակայն գոմին մէկ մութ անկիւնը նստած, Շիկակարմիր անունով խորամանկ աղուէսը դաւադրութիւն կը սարքէր: Շիկակարմիրը նենգամիտ էր եւ յաւակնոտ, օժտուած՝ դժգոհութիւն յառաջացնելու տաղանդով: Առիթը պատեհ նկատելով՝ ան կը սկսի շշնջալ կենդանիներուն մէջ. — Նայեցէք Մագիլին, — կ’ըսէ Շիկակարմիրը հաւերուն ու ոչխարներուն, — ինք կը պնդէ, որ արդար է, սակայն անոր բոյնը պատուած է լաւագոյն փետուրներով, մինչ մենք գոյատեւելու պայքար կը մղենք:

Շիկակարմիրին դժգոհութիւնները անկեղծ չէին: Առանց մնացեալ կենդանիներու գիտակցութեան՝ ան կապ հաստատած ու ազդուած էր խումբ մը իրմէ աւելի խորամանկ աքիսներէ, որոնք կ’ապրէին մօտակայ ագարակի մը մէջ՝ «Մախանքի արտավայր» անունով: Աքիսները աչք ունէին «Համերաշխութիւն» ագարակին վրայ, կը նախանձէին անոր բարգաւաճումին եւ չարամտօրէն կ’ուզէին ապակայունացնել զայն` ներսէն բաժանումներ հրահրելով:

Շիկակարմիրի ազդեցութեամբ՝ կենդանիները կը սկսին կասկածի տակ առնել Մագիլի ղեկավարութիւնը: Անոնք կը սկսին հակասութիւններ տեսնել Մագիլի յայտարարութիւններուն եւ իրենց ապրած իրականութեան միջեւ, որոնք չափազանցուած կը ներկայացուէին Շիկակարմիրին վարպետորդի մեկնաբանութիւններով: Հաւերը կը սկսին կռկռալ հացահատիկի անհաւասար բաշխումին, իսկ ոչխարները՝ մայել գայլերէ պաշտպանուելու գիշերային պահակութեան բացակայութեան դէմ:

Առիթը օգտագործելով ու չափազանցելով այս դժգոհութիւնները Մագիլի դէմ՝ Շիկակարմիր կը բացագանչէ.
—Տեսէ՛ք ինչպէ՛ս կ’ապրի ան, կը պնդէ, թէ ինք հոգատար է, բայց ան հանգիստ կը քնանայ, մինչ վտանգը դարանակալ կը սպասէ:

Սկիզբը այս յայտարարութիւնները կը ծառայեն որպէս իրազեկման կոչ՝ մղելով կենդանիները աւելի լաւ վերաբերում եւ թափանցիկութիւն պահանջելու: Սակայն, Շիկակարմիրին իսկական մտադրութիւնները հեռու էին բարեկարգչական ըլլալէ:

Ժամանակը կը սահի եւ Շիկակարմիրին արդարութեան եւ առատութեան խոստումները կը սկսին ի դերեւ ելլել: Երբ անոր մերձաւոր շրջանակէն մէկը կը բռնուի գաղտնաբար ցորեն կուտակելու յանցանքի մէջ, հաւերը կը զայրանան. «Դուք ոչինչով կը տարբերիք Մագիլէն»,— բարկացոտ կը ճչան անոնք, «դուք ալ աւազակութիւն կ’ընէք»: Շիկակարմիրը անմիջապէս կը հերքէ մեղադրանքները. «Այս բոլորը սուտեր են, որոնք կը տարածեն Մագիլի հաւատարիմները»,— կը հաջէ ան, բայց վնասը հասած էր արդէն: Կենդանիները կը սկսին անդրադառնալ, որ աղուէսները այն փրկիչները չէին, ինչպէս կը փորձէին ներկայանալ: Այս կեղծիքին բացայայտումը կը խախտէ անոնց վստահութիւնը ընդհանրապէս համակարգին նկատմամբ:

Վստահութեան խախտումով՝ կենդանիները կը բաժնուին խմբաւորումներու: Ոմանք դեռ կը հաւատային Շիկակարմիրի առաջադրանքներուն, իսկ միւսները հաւատարիմ կը մնային Մագիլին: «Համախոհութեան» ագարակը կը դառնայ մնայուն տագնապներու եւ վէճերու թատերաբեմ: Ագարակը կը նահանջէ բոլոր ճակատներու վրայ: Կենդանիներուն հանդիպումները, որոնք ժամանակին հարցեր լուծելու եւ ապագայի ծրագիրներ մշակելու առիթներ կը հանդիսանային, կը վերածուին մեղադրանքներու եւ ամբաստանութիւններու կրկէսի մը: Արդիւնաբերութիւնը կտրուկ անկում կ’արձանագրէ, որովհետեւ հաւերը կը հրաժարին հաւկիթ ածելէ, կովերը կը կտրեն իրենց կաթը, իսկ ոչխարները կը հրաժարին խուզուելէ՝ ի նշան բողոքի:

«Համախոհութիւն» ագարակի կը սկսի գահավիժիլ անդունդն ի վար, հետեւանքները տեսանելի են ամէն կողմ: Հեռու ու մօտիկ ագարակները կը սկսին խուսափիլ նման անկայուն հաւաքականութեան մը հետ գործ ունենալէ: Ագարակին բնակիչները կը մատնուին սովի: Իմաստուն սկիւռները, որոնք ծանօթ են պարէնաւորուելու եւ ապագան ծրագրելու իրենց հմտութեամբ, կը սկսին պաշար կուտակելու՝ մտահոգ ագարակին ապագայով. «Մեզի կայունութիւն պէտք է», — կը շշնջային անոնք:

Այս իրարանցումին մէջ Արագավազ անունով տարեց կրիայ մը, որ մեծ յարգանք կը վայելէր իր իմաստութեան համար, ժողովի կը հրաւիրէ բոլորը: Ան կը խօսի դանդաղ, բայց մեծ հեղինակութեամբ. «Մենք թոյլ տուինք, որ մեր ագարակը քանդուի անվստահութեան եւ պառակտումի պատճառով: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մինչ ղեկավարները կու գան ու կ’երթան, մեր ագարակը կը մնայ: Մենք պէտք է աշխատինք միասին, ոչ թէ իրարու դէմ»:

Արագավազին խօսքերը անարձագանգ չեն մնար: Կենդանիները կը հասկնան, որ «Համերաշխութիւն» ագարակի գոյատեւման եւ բարգաւաճման համար իրենք պէտք է վերակառուցեն վստահութեան կամուրջները եւ կեդրոնանան հասարակաց նպատակներու, եւ ոչ թէ կարճատեւ ձեռքբերումներու եւ փոխադարձ ոչնչացման վրայ:

Մագիլ բազէն, գիտակցելով միասնականութեան կարեւորութեան, գործակցութեան ձեռք կ’երկարէ բոլոր կենդանիներուն՝ հրաւիրելով զանոնք անվախ արտայատելու իրենց մտահոգութիւնները եւ մաս կազմելու որոշումներու կայացման գործընթացին: Շիկակարմիր աղուէսը՝ քողազերծուած ու վարկաբեկուած, գլխիկոր կը սողոսկի ագարակին մէկ մութ անկիւնը. իշխանութեան հասնելու իր երազները փշրուած էին:

Կրիային իմաստուն թելադրանքներով, ձեռք ձեռքի տուած, կենդանիները կը սկսին վերականգնել իրենց ագարակը: Դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, «Համերաշխութիւն» ագարակը կը վերագտնէ իր նախկին բարօրութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Եւ այսպէս, «Համերաշխութիւն» ագարակի կենդանիները կը հասկնան, որ իսկական կայունութեան եւ զարգացման կարելի է հասնել միայն միասնականութեան, անկեղծութեան եւ փոխադարձ յարգանքի միջոցով: Անոնք կ’որոշեն մնալ զգօն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կ’ուզեն պառակտել զիրենք` միշտ յիշելով աղուէսներու նենգամտութիւնը եւ ընդհանուրին բարօրութեան համար միասին աշխատելու կարեւորութիւնը:

Այս գրութիւնը հեքիաթ է: Հեքիաթը չեն մեկնաբաներ: Հեքիաթի հերոսները իրական անձեր չեն: Հեղինակը պատասխանատու չէ որեւէ մեկնաբանութեան կամ իրական անձերու հետ զուգահեռներ գտնելու որեւէ փորձի:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Գեղամ
Գեղամ
1 year ago

Հարց: Հոդվածն ավելի օգտակար չէ՞ր լինի, եթե կապվեր մեր երկրի իրականության հետ, թեև ենթադրվում է, որ բոլորն էլ գիտեն, թե ով ով է:

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x