Վայ այն ժողովրդին, որուն գործիքը արտասուքն ու բողոքն է: Վայ այն ժողովրդին, որ իր դժբախտութիւններուն վրայ կը յենի որպէս իր գոյութեան ապացոյցը:
Մեր մտածումներուն՝ շարունակական ձեւով ուշադրութիւն դարձնելը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է բարելաւելու համար մեր քննական միտքը:
«Քովիտ-19-ի դէմ պայքարի ձախողութիւնները պէտք է նախ եւ առաջ դիտարկել դրամատիրական կարգերու պատճառած մահացու թերացումներուն, շահոյթի կուտակման բացարձակութեան եւ մարդկութեան միասնական ու իրարօգնութեան հրամայական արժէքի անկման շրջագիծին մէջ»:
Դժուար աշխատանք է խումբը առողջ պահելը, մանաւանդ, որ այդ գործընթացը կրնայ սպառնալ մեկուսացումով եւ լուսանցքայնացումով այն բոլոր անդամներուն, որոնք կը փորձեն առողջ պահել խումբը՝ հարցադրումներով, դիմադրութեամբ, վերլուծումներով...



