Ոչ-դասական այլընտրանքային լրատուամիջոցները նոյնպէս՝ մեքենայութիւններու եւ ամբոխավարութեան միջոց (3 եւ վերջ)

21-րդ դարուն ամբոխավարութիւնն ու քաղաքական չարախնդութիւնը պատանդ վերցուցած են  ժողովրդավարութիւնը` եւ ոչ միայն դասական, այլեւ այլընտրանքային լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Ոչ-դասական այլընտրանքային լրատուամիջոցները նոյնպէս՝ մեքենայութիւններու եւ ամբոխավարութեան միջոց (2)

Տակաւին, անհանդուրժողականութեան առկայութիւնը,  հաղորդակցելու եւ զիրար լսելու սովորութեան չգոյութիւնը,   ընդհանրապէս երկխօսութեան բացակայութիւնը թէ՛ ղեկավարութեան եւ թէ՛ հասարակ քաղաքացիներու մակարդակներուն վրայ, շատ աւելի գերիշխող է Հայաստանի քան Լիբանանի մէջ:

Հայասպանութեան ուրացումը…եւ թրքական տրամաբանուած ստաբանութիւնը

Վարուժ Թէնպէլեան Թուրքիա ուրացումի եւ արդարացումի ամբողջական ռազմավարութիւն մը մշակած է հերքելու համար ցեղասպանութիւնը եւ այդ ճամբով հայկական հողերու բռնագրաւումը: Թուրքիա ինչպէ՞ս կը հիմնաւորէ ուրացումի եւ արդարացումի իր ռազմավարութիւնը: Առաջին հերթին պէտք է նշել, եւ բնականօրէն, որ թուրքիա չի գործածեր ցեղասպանութիւն բառը, իսկ 1915ը կը բնորոշէ իբրեւ նեղ ժամանակաշրջանի մէջ պատահած դէպքերու շարք մը, որ ըստ իրեն հետեւանք է Ա. Աշխարհամարտին: Թուրքիա կ՝ուրանայ որ այս դէպքերը ցեղասպանական արարքներ էին՝ հրահանգուած օրուան իշխանութիւններուն կողմէ եւ տակաւին կը փորձէ արդարացնել զանոնք՝ հայերու վերագրուած խեղաթիւրեալ ամբաստանութիւններով: Ուրեմն, հերքելու համար, Թուրքիա կ՝օգտագործէ երկու միջոց—ուրացում

«Սփիւռ­քը պէտք ու­նի գի­տա­կան հիմ­նադ­րամ­նե­րու»

Փրոֆ. Արա Սայեղ. Հայ­կա­կան գի­տա­կան մտքի ուժը եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան մար­դու­ժը թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Սփիւռ­քի մէջ գե­րա­զան­ցա­պէս ա­ւե­լին է, քան՝ այն տե­սա­նե­լին, որ կը թո­ւի շա­տե­րուս։

«Մենք Սփիւռ­քի միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք»

Փրոֆ. Արա Սայեղ. Հա­յաս­տա­նէն դուրս բնա­կող գի­տա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը, իր ստեղ­ծա­րար մօ­տե­ցում­նե­րով, ան­փո­խա­րի­նե­լի նե­րուժ մը պէտք է դարձ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար:

Ի նպաստ արեւմտահայերէնին

Կ'արժէ մտածել արեւմտահայ լեզուի հեղինակութիւններէ բաղկացած մարմին մը յառաջացնելու մասին: Երիտասարդական խանդը խառնել ամբարուած գիտելիքներուն եւ փորձառութեան: Արդիւնքը վստահ աւելի լաւ կ'ըլլայ:

LAST CALL. ՓՐԿԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ

«Մեր զաւակներուն հոգեմտաւոր զարգացումն ա՞լ այսքան աժան է միթէ, որ  այս պատասխանատուութիւնն ալ թօթափենք մեր ուսերէն եւ բաւարարուինք «կրցածնիս կ'ընենք կոր», «բոլոր երկիրը նոյն վիճակին է» ինքնամխիթարական յանկերգներով:»

Ինչու չենք կրնար օգտագործել սփիւռքի ներուժը. հայեացք Երեւանէն

«Հայութեան տարբեր օղակները պէտք է առանձնայատուկ ջանք գործադրեն դիմացինը հասկնալու, դիմացինի վիճակին մէջ մտնելու, այդ վիճակին համապատասխան երբեմն նոյնիսկ տհաճ, հանգիստի գօտիէն դուրս բերող քայլեր կատարելու համար:»

Պատմութիւնը խթան գոյատեւումի

Օտար երկինքներու տակ, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական բազմազան ազդեցութիւններու ենթակայ մեր ժողովուրդը, իր նոր դիմագիծի փնտռտուքին մէջ, սկսած է անջատուիլ իր ամբողջ անհատականութիւնը կերտած մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի պատմութենէն:

Լուռ եւ ծրագրուած գործելու պահը

Դասականացած ոճով խոստումները լուծում չեն բերեր տագնապին: Պէտք է ձերբազատիլ այս ինքանպատակ ոճէն եւ ժողովուրդին ներկայանալ նոր բանաձեւումով մը, որ սերտուած ծրագիրներու ձեւաչափով միայն կրնայ արտայատուիլ:

ԳՈՆԷ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԿԵՑԷՔ

Դպրոցը վաճառատուն մը չէ, ուր խնձորի փոխարէն կարելի է նարինջ ծախել, որովհետեւ խնձորը սուղ է կամ հասանելի չէ: Հոս սերունդի մը հոգեմտաւոր առողջութիւնն ու ընկերութեան կենսունակութիւնը խնդրոյ առարկաներն են, որոնց համար անկարելին իրապէ՛ս կարելի դարձնելու ճառաբանութիւնը պէտք է ամէն գնով կեանքի կոչել:

Գրե՞լ, թէ չգրել…

«Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել, ե՛ս ինծի համար, ի՛մ ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապա՛կս գոհացնելու համար:»

«Իմ հաւատամքս»

Չիք հայրենիք առանց ժողովուրդի:
Չիք Հայաստան առանց հայրենի ժողովուրդի:
Չիք սփիւռք առանց հայրենիքի:
Կը սիրեմ քեզ, հայրինի՛ իմ ժողովուրդ:

Արեւմտահայերէնը՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան իրավիճակներուն միջեւ

Հայաստանը պէտք է ունենայ լեզուական յատուկ քաղաքականութիւն մը, որ իր նպաստը պիտի բերէ արևմտահայերու նոր ներգաղթին եւ հայրենիքին մէջ անոնց ամրապինդ ներկայութեան: Պէտք է ըլլայ այնպէս, որ արևմտահայերէն խօսողները, գրողներն ու արտայայտուողները խորթութիւն չզգան եւ հայրենիքէն ներս օտար չընկալուին: