Ինչու չենք կրնար օգտագործել սփիւռքի ներուժը. հայեացք Երեւանէն

Մենք բոլորս պէտք է ժամանակ եւ եռանդ յատկացնենք միմեանց ինթըրֆեյսները հասկնալու եւ սեփական ինթըրֆեյսները ձեւափոխելու համար:

2020-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ հայութեան մէջ շեշտակի աշխուժացան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մասին զրոյցները: Էապէս աւելի շատ են ոչ հրապարակային քննարկումները: Այսպիսի զրոյցները, ինչպէս բնորոշ է ճգնաժամային իրավիճակներուն, յաճախ կը յանգին ծայրայեղ եզրակացութիւններու, ընդհուպ մինչեւ «սփիւռքի ռեսուրսը միֆ է՝ առասպել, գոյութիւն չունի, պէտք է մոռնալ եւ կեդրոնանալ Հայաստանի ներքին ռեսուրսներուն վրայ» եւ «Հայաստանը կամ Արցախը կենսունակ չեն, չ’արժեր այլեւս ջանքեր վատնել»:

Այս, իմ համոզումովս, անհեթեթ եզրակացութիւններուն կողքին կան նաեւ իրական քայլեր, որոնք արդէն կու տան շատ փոքր, բայց նշանակալի արդիւնքներ: Նշեմ քանի մը օրինակներ իմ տեսադաշտէս, որ նախագծուած եւ իրականացուած են պատերազմէն յետոյ:

  • Gitak.club հարթակին մէջ տասնեակէ աւելի ուսանողներ սկսած են աշխատիլ սփիւռքահայերու կողմէ ղեկավարուող ծրագիրներու շուրջ, որոնց շնորհիւ արդէն կան աւարտուն մագիստրոսական թեզեր Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
  • Նորաստեղծ Հայկական անկախ համալսարան եւ Հայաստանի կենսաինֆորմաթիքայի ինսթիթութ միաւորները կ՛իրականացնեն ամառնային դպրոցներ՝ սփիւռքահայերու հսկայական ներգրաւումով:
  • SASTIC նախաձեռնութիւնը միաւորած է հարիւրէ աւելի սփիւռքահայ արհեստավարժներ, որոնք կանոնաւոր կերպով կ՛ուսումնասիրեն Հայաստան-Հայքի զարգացման նպաստող նախագիծեր եւ կը խոստանան ֆինանսական եւ մտաւոր աջակցութիւն:
  • The Future Armenian, Armenians Forward, United AIO նախաձեռնութիւնները կը հրաւիրեն քննարկումներու` նոր համագործակցութիւններու շուրջ:

2021-ի առաջին ամիսներուն անձնապէս մասնակցած եմ քանի մը տասնեակ ոչ հրապարակային զրոյցներու, ուր քննարկուած են հայութեան տարբեր հատուածներու առաւել արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան մասին տարբեր հարցեր: Այս յօդուածին մէջ կը փորձեմ շարադրել այդ զրոյցներուն հետեւանքով իմ մօտս ձեւաւորուած «միջանկեալ եզրակացութիւնը»:

Հիմնական խոչընդոտը

Սփիւռքի մէջ իրօք կայ կուտակուած հսկայական մարդկային ռեսուրս, որ առայժմ չի մասնակցիր Հայաստան- Հայքի զարգացման:

Այսպէս, սփիւռքի մէջ իրօք կայ կուտակուած հսկայական մարդկային ռեսուրս, որ առայժմ չի մասնակցիր Հայաստան- Հայքի զարգացման: Կը նշուին բազմաթիւ խոչընդոտներ, ինչպէս օրինակ համընդհանուր մեծ նպատակի մը բացակայութիւնը կամ սփիւռքի` Հայաստանի կառավարման գործընթացներուն մասնակցութեան անհնարութիւնը: Ամենեւին չնսեմացնելով այս հարցերուն նշանակութիւնը, կը պնդեմ, որ նոյնիսկ գործող պայմաններուն մէջ ահռելի հնարաւորութիւններ կան Հայաստան-սփիւռք արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար․ կան բաւականաչափ հարցեր, որոնց շուրջ բոլորս կամ գոնէ շատերս ունինք համաձայնութիւն, եւ այդ հարցերէն շատերու լուծման համար իրաւական խոչընդոտներ գրեթէ չկան:

Իմ համոզումովս, ամենամեծ խոչընդոտը հայութեան տարբեր օղակներուն միջեւ համագործակցութեան ինթըրֆեյսներու անհամապատասխանութիւնն է:

Ուրեմն ի՞նչը կը խանգարէ: Իմ համոզումովս, ամենամեծ խոչընդոտը հայութեան տարբեր օղակներուն միջեւ համագործակցութեան ինթըրֆեյսներու անհամապատասխանութիւնն է: Այն օղակը, որ ունի հրատապ խնդիր, եւ այն օղակը, որ ի վիճակի է լուծելու այդ խնդիրը, զիրար չեն հասկնար․ կը խօսին տարբեր «լեզուներով», ունին տարբեր պատկերացումներ վստահութեան մասին, կը նախընտրեն գործել իրարու հետ չհատուող քոմֆորթի՝ հանգիստի գօտիներուն մէջ: Այս պայմաններուն մէջ օղակներու միջեւ համագործակցութիւնը չի կայանար, երբեմն նոյնիսկ մէկ յօդաբաշխ խօսակցութիւն չի կայանար:

Բերեմ պատկերաւոր փոխաբերութիւն մը: Պատկերացուցէք` մենք կը գտնուինք Երեւանի մէջ, ծովու մակերեսէն 800-1200 մեթր բարձրութեան վրայ եւ նպատակ ունինք բարձրանալու Աժդահակի գագաթը` 3597 մեթր: Բոլորս Հայաստանի մէջ ունինք գիտելիք եւ փորձ, թէ ինչպէս կը բարձրանան 800 մեթրէն մինչեւ 1200 մեթր: Միայն սկաւաթիւ մարդիկ գիտեն մինչեւ 2500 մեթր բարձրանալ: Փոխարէնը, ունինք սփիւռքի մէջ գործող մասնագէտներ, որոնք հսկայական փորձ ունին 2000 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հազարաւոր մարդիկ  3000 մեթրի հասցնելու գործին մէջ: Նաեւ ունինք մասնագէտներ, որոնք պարբերաբար 3000-էն կը բարձրանան գագաթ` 3597 մեթր, եւ երբեմն ալ իրենց կողմէ քար մը կ՛աւելացնեն գագաթին: Այս մարդոց մասին ամէն օր կը գրէ միջազգային մամուլը:

Աժդահակի գագաթին

Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ: Գագաթին աշխատող մարդիկ վարժուած են, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէն գործարարներ, պաշտօնեաներ եւ հանրային գործիչներ (հիմնականին մէջ 2500-3000 մեթրի վրայ գտնուողներ) կը դիմեն իրենց՝ տարբեր հարցերով, կը խնդրեն աջակցութիւն, կ՛ուրախանան իրենց հետ քանի մը ժամ զրոյցի հնարաւորութեան համար: Իսկ Հայաստանի մէջ, 1000 մեթրի վրայ ապրող մարդիկ անոնց հետ շփումէն կը խուսափին կամ կը դիմեն 1100-էն 1200 մեթր բարձրանալուն կապուած «անհետաքրքրական» հարցերով: Գագաթին աշխատող մարդիկ կամ կը հիասթափին հարցերուն «մանրութենէն», կամ կը վիրաւորուին վերաբերմունքի պակասէն: 1200 մեթրի խնդիրներ ունեցողներն ալ զանոնք կը պիտակաւորեն որպէս մեծամիտ կամ անհայրենիք աշխարհաքաղաքացիներ:

2000 մեթրէն 3000 մեթր բարձրացնող մարդիկ որոշ չափով կրնան շփուիլ 1200 մեթրի վրայ գտնուողներուն հետ, սակայն այդ եւս հազուադէպօրէն կը վերածուի համագործակցութեան: Որոշ պարագաներու 1200 մեթրի վրայ գտնուողները չեն ուզեր խոստովանիլ, որ իրենք այդքան հեռու են 3000 մեթրէն: Այդ պաշտպանական հակազդեցութիւն է, յաճախ` corporative  շահով պայմանաւորուած («ներսի թերութիւնները դուրս չենք հաներ»): Այդ տեսակի մարդոց իրենց իրական «բարձրութեան» մասին յիշեցնելը կ՛ընկալուի որպէս վիրաւորանք․ կը մեկնաբանեն այնպէս, թէ դիմացինը կը մերժէ իր արդարացի ջանքերը` 1000 մեթրէն 1200 մեթրի հասնելու գործին մէջ: Առաւել ծայրայեղ պարագաներուն, երբ մարդիկ տասնամեակներով մնացած են 1100-1200 մեթրի հատուածին մէջ, արդէն ներքուստ կը սկսին ժխտել 1500 մեթրէն բարձր լեռներու գոյութիւնը: Միւս կողմէն, 2000 մեթրէն ցած աշխատելու փորձ չունեցող մարդիկ չեն ուզեր դուրս գալ իրենց հանգիստի գօտիէն եւ տարիներ նուիրել ուրիշին՝ 1200-էն 2000 մեթրի անցման․ կ՛ըսեն՝ «երբ որ հասնիք 2000 մեթրին, մենք կ’օգնենք»:

Նաեւ քիչ չեն դէպքերը, երբ 2000 մեթրին վարժուած սփիւռքահայերը բոլոր հայաստանցիներուն կը վերաբերին որպէս 1000 մեթրէն աւելի չտեսած մարդոց, եւ նոյնիսկ կ՛անտեսեն 2500+ մեթրի վրայ գտնուող մարդոց խորհուրդները:

Զիրար չհասկնալու, տարբեր լեզուներով եւ հասկացութիւններով խօսելու փայլուն օրինակ է ռազմական արդիւնաբերութեան ֆինանսաւորման վերաբերեալ այս զրոյցը:

Լուծումը

Հայութեան տարբեր օղակները պէտք է առանձնայատուկ ջանք գործադրեն դիմացինը հասկնալու, դիմացինի վիճակին մէջ մտնելու, այդ վիճակին համապատասխան երբեմն նոյնիսկ տհաճ, հանգիստի գօտիէն դուրս բերող քայլեր կատարելու համար:

Լուծումը, ըստ ինծի, ունի պարզ ձեւակերպում, բայց իրականացումը բաւական աշխատանք կը պահանջէ: Հայութեան տարբեր օղակները պէտք է առանձնայատուկ ջանք գործադրեն դիմացինը հասկնալու, դիմացինի վիճակին մէջ մտնելու, այդ վիճակին համապատասխան երբեմն նոյնիսկ տհաճ, հանգիստի գօտիէն դուրս բերող քայլեր կատարելու համար: Բերեմ երկու օրինակ իմ անմիջական շրջապատէս:

Վարէն վեր

2019-ի Օգոստոսին ես եւ YerevaNN-ի աշխատակից Կարէնը կը մասնակցէինք ACL 2019 գիտաժողովին` հիւրի կարգավիճակով: Այդ բնական լեզուի մշակման ոլորտի աշխարհի ամենահեղինակաւոր գիտաժողովն է: Կը լսէինք գիտաժողովին ներկայացուած զեկոյցները եւ կը զգայինք, թէ որքան հեռու ենք այդ մակարդակի գիտութեան մէջ ներդրում ունենալէն: Ներկայ էր Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանէն Արամ Գալստեանը, որուն հարցուցինք, թէ ինչպէս կրնանք այս ոլորտին մէջ այս մակարդակի աշխատանքներուն ներգրաւուիլ: Գալստեանը առաջարկեց ծանօթանալ իր ամերիկացի գործընկերոջ հետ, որ այդ գիտաժողովի մշտական մասնակիցներէն է: Ծանօթացանք, գործընկերը մեզի համար խնդիր մը ձեւակերպեց եւ խոստացաւ պարբերաբար շփուիլ մեր հետ:

Հետագային պարզուեցաւ, որ իրեն համար ընդունելի շփումը առաւելագոյնը շաբաթական մէկ ժամ է: Ընդ որում` ձեւաչափը այնպիսին է, որ շփուիլը իմաստ ունի միայն այն պարագային, երբ նոր ըսելիք ունինք: Այդ իր աշխատանքին ոճն է, նաեւ իր ուսանողներուն հետ: Այդ կշռոյթով շփումը բաւարար չէր, որ մենք կարենայինք մրցունակ գիտական արդիւնք մը ստանալ: Ուստի, ըսելիք ալ չէինք ունենար ու փաստացի կը շփուէինք երկու ամիսը մէկ ժամ: Անցաւ ութ ամիս, ու հասկցանք, որ մեզի տրուած խնդիրին մէջ էական յառաջընթաց գրանցել չենք կրցած: Անցանք այլ խնդիրներու, ստացանք որոշ արդիւնքներ, որոնք, ինչպէս պարզեցինք հետագային, արդէն ստացուած էին այլ գիտնականներու կողմէ: Միայն 2020-ի Դեկտեմբերին Կարէնիը յաջողեցաւ արդիւնք մը տալ, որ հաճելիօրէն զարմացուց մեր գործընկերը: Անմիջապէս շփումները դարձան շաբթական․ ան օգնեց մեզի գրելու յօդուածը եւ ուղարկել զայն նոյն ACL գիտաժողովին: 2021-ի Ապրիլին պարզուեցաւ, որ յօդուածը ընդունուած է տպագրութեան: Այսպէս, երկու տարուան աշխատանքին շնորհիւ, մենք յաջողեցանք հասնիլ այնպիսի վիճակի մը, երբ կրցանք օգտուիլ մեր գործընկերոջ աջակցութենէն:

Վերէն վար

2012-ին Ռուբէն Մեսչեանը կ՛աշխատէր Պոսթըն,  ընկերութեան մը մէջ որպէս առաջատար ճարտարագէտ: Որոշեց տարուան մէջ քանի մը շաբաթ անցնել Հայաստանի մէջ եւ դասախօսութիւններ ներկայացնել: Ըլլալով իր ոլորտին ամենաբարձրակարգ մասնագէտներէն մէկը (3000+ մեթր), իր դասախօսութիւնները ամենաբարդ թեմաներու շուրջ չէր կառուցեր: Ընդհակառակն, ուսանողներուն կը մատուցէր Javascript ծրագրաւորման լեզուին մասին ամէնէն նախնական գիտելիքը (800-900 մեթրանոց): Բացայայտ հիացմունք կը յայտնէր, երբ կը տեսնէր, որ լսարանին մէջ մէկը ծանօթ է աւելի բարդ (1200 մեթրանոց) հասկացութիւններու: Առաւել յառաջացած գիտելիքներ ունեցող սակաւաթիւ մասնակիցներուն երբեմն նոյնիսկ կ՛առաջարկէր չգալ իր դասախօսութիւններուն, քանի որ իրենց համար կրնային ձանրացուցիչ ըլլալ: Այսինքն, Ռուբէնին նպատակը լսարանին մէջ քանի մը 1200+ մեթր բարձրութեան վրայ գտնուողները յայտնաբերելը, «առանձնացնելը» եւ արագ աճեցնելը չէր: Իր նպատակը մեծ թիւով մարդիկ 800-էն 1500 մեթրի հասցնելն էր: Քանի մը շաբաթ տեւողութեամբ սեմինարներու շարքէն յետոյ կը վերադառնար Պոսթըն, անցնելով իր 3000+ մեթր գործունէութեան:

Յաջորդ տարիներուն այցերը դարձան աւելի ու աւելի երկար, մինչեւ որ քանի մը տարի անց լիարժէք տեղափոխուեցաւ Հայաստան: Սեմինարներուն շարքը աստիճանաբար վերածուեցաւ համալսարանական դասընթացքի, իսկ 2020-էն` հայալեզու անվճար եւ բարձրակարգ կրթական բովանդակութեան: Արդէն 2018-էն Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան Javascript լեզուին վերաբերեալ համաժողովներ, որոնց կը մասնակցին մինչեւ հազար ծրագրաւորողներ ու կը քննարկեն բացառապէս 2000+ մեթրի թեմաներ: Ռուբէնը նաեւ այդ համաժողովներու կազմակերպիչներէն է:

Հայաստանցիներուն այցերը աշխարհի հայաշատ վայրեր եւ սփիւռքահայերուն այցերը՝ Հայաստան, ճակատագրական նշանակութիւն ունին:

Այս օրինակները ցոյց կու տան, որ համապատասխան ջանքեր գործադրելու պարագային արդիւնաւէտ համագործակցութեան հասնիլը միանգամայն իրատեսական է: Ատոր էապէս կը նպաստեն մարդոց անմիջական շփումները, ուստի հայաստանցիներուն այցերը աշխարհի հայաշատ վայրեր եւ սփիւռքահայերուն այցերը՝ Հայաստան, ճակատագրական նշանակութիւն ունին: Կարեւոր է նաեւ համբերութիւնը եւ հաստատակամութիւնը:

Ամփոփելով, մենք բոլորս պէտք է ժամանակ եւ եռանդ յատկացնենք միմեանց ինթըրֆեյսները հասկնալու եւ սեփական ինթըրֆեյսները ձեւափոխելու համար: Ամէն մէկ այդպիսի ձեւափոխութիւն կրնայ յանգիլ նոր համագործակցութեան մը եւ յստակ խնդիրի մը լուծման: Եթէ նաեւ կարենանք այդպիսի յաջող ձեւափոխութիւններուն փորձերը պատմել իրարու, ապա ամէն յաջորդ նման համագործակցութիւն աւելի դիւրին եւ արագ կ՛իրականանայ:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Հրանդ Խաչատրեան իր PhD-ը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն՝ Graph Theory-ի մէջ: Ներկայիս ան տնօրէնն է YerevaNN ընկերութեան, Machine Learning գիտահետազօտական գիտաշխանոցին: Իբրեւ Data գիտնական, Հայաստանի մէջ եղած է առաջինը, որ աշխատակցած է IntelinAir ընկերութեան, ուր կը շարունակէ մնալ իբրեւ խորհրդատու: Հ. Խաչատրեանի հետազօտութիւնները կեդրոնացած են “deep learning for sequental data” թեմային վրայ` ընդգրկելով բնական լեզուն:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x