LAST CALL. ՓՐԿԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ

«Մեր զաւակներուն հոգեմտաւոր զարգացումն ա՞լ այսքան աժան է միթէ, որ  այս պատասխանատուութիւնն ալ թօթափենք մեր ուսերէն եւ բաւարարուինք «կրցածնիս կ'ընենք կոր», «բոլոր երկիրը նոյն վիճակին է» ինքնամխիթարական յանկերգներով:»

ԳՈՆԷ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԿԵՑԷՔ

Դպրոցը վաճառատուն մը չէ, ուր խնձորի փոխարէն կարելի է նարինջ ծախել, որովհետեւ խնձորը սուղ է կամ հասանելի չէ: Հոս սերունդի մը հոգեմտաւոր առողջութիւնն ու ընկերութեան կենսունակութիւնը խնդրոյ առարկաներն են, որոնց համար անկարելին իրապէ՛ս կարելի դարձնելու ճառաբանութիւնը պէտք է ամէն գնով կեանքի կոչել: