Քսաներորդ դարու սկիզբը Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի ժողովուրդները սկսան ընկերային եւ տնտեսական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ նոր զարգացումներ ապրիլ։
Ինչպիսի՞ ապրելակերպ մը սկսաւ ցանկալի նկատուիլ, եւ արեւմտեան աշխարհի քաղաքացիները մշակութային ի՞նչ արժէքներու հետ սկսան նոյնանալ։ Քաղաքները ընդարձակուեցան, նոր գործարաններ հիմնուեցան, կառուցուեցան երկաթուղիներ եւ փոխադրութեան զանազան միջոցներու համար անհրաժեշտ ենթակառոյցներ։ Միաժամանակ, ինքնաշարժն ու օդանաւը դարձան նոր դարաշրջանի՝ արդիականացման դարաշրջանի խորհրդանիշները։
Գիտութիւնն ու ճարտարագիտութիւնը ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ մարդկութիւնը վերջապէս ձեռք բերած էր բնութեան ուժերը հասկնալու, զանոնք իր տիրապետութեան տակ առնելու եւ մասնագիտական գիտելիքներու միջոցով բացատրելու միջոցները։

«Հին աշխարհը» դանդաղաշարժ կը թուէր, մինչդեռ «նոր աշխարհը» կը ներկայանար իբրեւ արագընթաց, աղմկոտ եւ անսահման կարելիութիւններով լի աշխարհ մը։
Այս մթնոլորտին մէջ ծնունդ առաւ ապագայապաշտութիւնը։ 1909-ին, Փարիզի «Ֆիկարօ» թերթին մէջ հրապարակուած հռչակագիրով մը, Մարինեթթի պաշտօնապէս յայտարարեց ապագայապաշտ շարժումին ծնունդը։
Իտալիոյ մէջ Ֆիլիփփօ Թոմմազօ Մարինեթթիի եւ իր հետեւորդներուն համաձայն, Իտալիոյ անցեալը բեռ մըն էր յառաջադէմ իտալացիներու ուսերուն՝ մգլոտած եւ ժամանակավրէպ արժէքներու ամբողջութիւն մը։ Թանգարանները պարզապէս անցեալի մասունքներ էին եւ պէտք էր կործանուէին՝ ապագայապաշտութեան ծաւալումը դիւրացնելու համար։ Իտալական մշակոյթը վերանորոգման եւ բարեփոխութեան կարիք ունէր։
Արագութիւնը, մեքենաները, երիտասարդական աւիւնը եւ վտանգին ընդառաջ գացող ուժերը՝ ասոնք պիտի կազմէին նոր իրականութեան ատաղձը:
Անոնց համար ապագան պարզապէս գալիք ժամանակը չէր, այլ պաշտամունքի եւ երկրպագութեան առարկայ մը։ Մարդը պէտք է դառնար քաղաքին կենսատու ուժը՝ էակ մը, որ կրնար հանդուրժել մեքենաներու ժխորը, բռնկեցնել արագութեան բոցը եւ անտրտունջ կատարել ամենածանր աշխատանքը։ Սլացիկ ինքնաշարժները, մարզիկներու մկանագեղ, առնական մարմինները, մրցակցութեան ոգին եւ գերազանցելու ձգտումը… ասոնք էին նոր փառքի խորհրդանիշերը։

Մարինեթթիի սկզբնական հռչակագիրը նաեւ կնոջ հանդէպ արհամարհանք կը քարոզէր։ Ապագայապաշտութեան այս հայրիշխանական ըմբռնումին մէջ կինը կը ներկայացուէր իբրեւ նոր, ուժի եւ պայքարի վրայ հիմնուած հասարակութեան կերտումին խոչընդոտ։
Մարինէթթի եւ ապագայապաշտական շրջանակներու մէկ մասը հետզհետէ մօտեցան Մուսոլինիի շարժումին, որովհետեւ պատերազմի, բռնութեան, ուժի եւ ազգայնամոլական վերածնունդի հանդէպ ունեցած որոշ պաշտամունքներ համընկնեցան ֆաշականութեան հետ։

Իտալական ապագայապաշտութեան հրչակագիրը դարձաւ յառաջապահ մտածողութեան խորհրդանիշներէն մէկը։
Այս շարժումը չէր սահմանափակուեր միայն Իտալիայով: Նոյն ժամանակաշրջանին ռուսական ապագայապաշտութիւնը ուրիշ երանգ մը ստացաւ: Վլատիմիր Մայաքովսքիի, Վելիմիր Խլեպնիքովի եւ ուրիշներու գործերուն մէջ ապագայապաշտութեան լեզուն կապուեցաւ յեղափոխութեան, «նոր մարդու» գաղափարին եւ հին մշակոյթի խորտակման: Ահա հոս է, որ հայկական միջավայրը կ’առնչուի շարժումին՝ խիստ ուշագրաւ կերպով: 1922-ին Եղիշէ Չարենց, Գէորգ Աբով եւ Ազատ Վշտունի՝ ապագայապաշտութեան գաղափարախօսութենէն ազդուած, հրապարակեցին «Երեքի յայտարարութիւնը»՝ այդպիսով արմատական շրջադարձ մը յառաջացնելով Խորհրդային Հայաստանի գրական կեանքին մէջ: Յայտարարութիւնը կը մերժէր հին գրական սովորութիւններու շարունակութիւնը եւ կոչ կ’ուղղէր նոր գրականութեան մը՝ գրականութիւն մը, որ պիտի արտացոլացնէր իր սեփական ժամանակը եւ դուրս գար փակ սենեակներէն՝ թանգարաններէն եւ պահարաններէն դէպի հրապարակային կեանք:
Այսպիսով, ապագայապաշտութիւնը երկրէ երկիր տարածուեցաւ՝ տարբեր ժողովուրդներու ապագայի եւ իտէալի պատկերացումներուն վրայ իր ազդեցութիւնը ձգելով:
Հոս հարկ է նշել, որ ապագայապաշտութիւնը, որ ծնունդ առած էր Իտալիոյ մէջ, դէպի ապագայ միտուած նման շարժումներու ամենածայրայեղ եւ ակնառու օրինակներէն մէկն էր: Թէեւ ժամանակի ընթացքին անոր եւ ֆաշիզմի միջեւ հակասութիւններ ծագեցան, այսօր ապագայապաշտներուն տեսլականը մեզի թոյլ կու տայ վերադառնալու անոնց պատկերացուցած ապագային եւ զայն համեմատելու մեր ապրած ներկային հետ:

Աւելի քան մէկ դար անց, մենք կը գտնուինք աւելի բարդ իրականութեան մը՝ գոյավիճակի մը մէջ։ Ինքնաշարժը, երկաթուղին եւ օդանաւը այլեւս արդիականացման գլխաւոր խորհրդանիշները չեն։
Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ), իր արագ զարգացող կարողութիւններով, հետզհետէ կը ներթափանցէ մարդկային կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտները՝ աշխատանքէն մինչեւ հաղորդակցութիւն, ընկերային ցանցերէն մինչեւ հաստատութիւններու գործունէութիւն, ազդելով մարդոց վարքագիծին եւ որոշումներուն վրայ:
Մարդը հետզհետէ կը փոխարինուի իր իսկ ստեղծած գործիքով։
ԱԻ կոչուած այս գործիքը կը պահանջէ ելեկտրականութիւն, հող, ջուր, հսկայական շէնքեր, հազուագիւտ նիւթեր, սպասարկիչներ եւ մարդկային աշխատանք: Ըստ արհեստագիտական ընկերութիւններու տարեկան ֆինանսական հաշուետուութիւններուն վրայ հիմնուած համադրական տուեալներուն՝ 2025-ին Amazon, Alphabet, Meta, Microsoft եւ Oracle ընկերութիւններուն դրամագլուխային ծախսերը միասին հասած են շուրջ 378 միլիառ տոլարի։ Այս հսկայական գումարը ծախսուած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ, ըստ ՄԱԿ-ի Մարդկային բնակավայրերու ծրագրին (UN-Habitat), աշխարհի տարածքին աւելի քան 300 միլիոն մարդ անօթեւան է, իսկ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) 2026-ի տեղեկագրին համաձայն՝ 2025-ին շուրջ 645 միլիոն մարդ կը տառապէր սովէ։ Ամենահարուստ դրամատէրերէն ոմանք, որոնց շարքին՝ Իլոն Մասքը, Ճէֆ Պէզոսը եւ Մարք Զուքըրպըրկը, կը թուին վերստին հմայուած ըլլալ ապագայի վերաբերեալ իրենց իսկ ցնորական տեսլականներով:
Յոյն տնտեսագէտ Եանիս Վարուֆաքիս այս երեւոյթը կը վերլուծէ «արհեստագիտական աւատատիրութիւն» (technofeudalism) կոչած իր հայեցակարգին միջոցով։ Ան կը պնդէ, թէ արուեստական իմացականութեան եւ թուային հարթակներու վրայ հիմնուած նոր տնտեսական համակարգին առանցքային ենթակառոյցները կը գտնուին սակաւաթիւ միլիառատէրերու ձեռքը:
Աշխատաւոր եւ ընչազուրկ դասակարգերուն մտահոգութիւնները՝ անգործութիւնը, յոգնութիւնը եւ անարդար պայմաններուն հանդէպ դժգոհութիւնը, կը մնան երկրորդական, մինչ հարուստներուն մտաւոր խաղերն ու քմահաճոյքները առաջնահերթութիւն կը ստանան:
Ապագայապաշտական խանդավառութեան ետին ի՞նչ ճշմարտութիւններ կը թաքնուին:



