Աշխարհաբար հայերէնը՝ հնդեւրոպականներուն մէջ միա՛կ կցական լեզուն

Լեզուական փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը (7)

(The All World Languages Tree: Created by Minna Sundberg)

Մեր դասընթացքը կը շարունակենք ձայնաւորներով, որովհետեւ թրքերէնը հիմնուած է իր ձայնային ներդաշնակութեան[1] օրէնքի ճիշդ իւրացումին ու տնտեսումին վրայ:

Անոր ութ  ձայնաւորները  կը բաժնուին երկու առանձնայատուկ խումբերու.

ա)  a, ı, o, u                         

          Ասոնց ձեւաւորումը տեղի կ’ունենայ լեզուի յետնամասին եւ կոկորդին միջեւ, ստորին ծնօտի թեթեւ յառաջացումով եւ լեզուի ծայրին ստորին հերձատամներէն թեթեւ հեռացումով.   ուրեմն ասոնք կը կազմեն  յետնալեզուային ձայնաւորները:

բ)  e, i,  ö,  ü

Ասոնց կազմաւորումը տեղի կ’ունենայ լեզուի յառաջամասին, ստորին ծնօտի յարաբերաբար զգալի նահանջով դէպի ետ եւ լեզուի ստորին հերձատամներուն հպումով. ասոնք կը կազմեն թրքերէնի յառաջնալեզուային ձայնաւորները:

Ձայնաւորներու այս դասակարգումի անդամներուն իրարու միջեւ ունեցած  կուռ ներդաշնակութեան  հիմամբ ձեւաւորուած է թրքերէնի պարզ կամ իբր այդպիսին ընկալուած բառերու ձեւաւորումը՝ հետեւեալ սկզբունքով. եթէ բառին առաջին ձայնաւորը յետնալեզուային է, ապա անոր մնացեալ  ձայնաւորները,− եթէ ունի,−  պարտին նմանապէս ըլլալ յետնալեզուային, իսկ եթէ առաջին ձայնաւորը յառաջնալեզուային է, մնացեալները իրենց կարգին  պարտին ըլլալ յառաջնալեզուային:

Մեծ տարածում ունին նաեւ այն բառերը, որոնց ձայնաւորները միատեսակ են՝ բացի      o-էն եւ ö -էն, որոնք  երբեք չեն  կրկնուիր պարզ  բառի մը սահմաններուն մէջ:

Օրինաներ՝

Յետնալեզուային՝  a, ı, o, u                              Յառաջնալեզուային` e, i,  ö,  ü

kayık               նաւակ                                    evcimen           տնաշէն

barud               վառօդ                                     derin                խորունկ

acaba               արդեօք                                   emeklemek      չորեքթաթել[2]

          ılıcak                գաղջ(ուկ)                               isevi                 քրիստոնեայ

ıstavroz                        խաչ(ի նշան)                           bölüm              հատուած, բաժանմունք

ışınıմ                 ճառագայթում                        ikicilik            կրկնաստուածութիւն

ortak                 գործակից                                ördek               բադ

çocuk               մանուկ                                   ötücü               երգեցիկ

uyanık             արթուն                                   örneğin             զոր օրինակ

usda                 վարպետ                                 üretim              արտադրում

tutuklu            կալանաւոր                            tükürük           թուք, խուղ

Այս  սերտողութիւնը կը հիմնուի թրքերէնի  մասնաւորաբար բնիկ բառերուն,  իսկ փոխառութիւններէն անոնց վրայ, որոնք ժամանակի ընթացքին  յղկուած ու պատշաճեցուած են թրքերէնի բառակերտումի օրէքներուն,  ինչ որ  միշտ պարագան չէ, քանի որ  թրքերէնը շատ մեծաթիւ փոխառութիւններ կատարած է պարսկերէնէն, արաբերէնէն ու մանաւանդ  եւրոպական  արդի լեզուներէն, իսկ ասոնց մէջ սպրդած են ու կը գոյատեւեն մեծաթիւ բառեր, որոնք չեն համապատախաներ ձայնային ներդաշնակութեան այն օրէնքներուն, որ  ցոյց տուինք. օրինակ՝ kitab, şezlong, radyatör, insan: Կը գտնենք  նոյնիսկ այնպիսի բառեր, որոնք պատմականօրէն յարգած են ներդաշնակութեան օրէնքը`kardaş “եղբայր”, իսկ իրենց արդի ձեւին մէջ չեն յարգեր զայն՝ kardeş: Կան  հատուկենտ բառեր ալ, ինչպէս anne “մայր”,  elma “խնձոր”, որոնց ձայնաւորները  համատեղելի ու ներդաշնակ չեն:

Ծանօթ.− Ձայնային ներդաշնակութեան կանոնները չեն վերաբերիր բարդ բառերուն, որոնց իւրաքանչիւր բաղադրիչը կրնայ ունենալ իր ուրոյն կազմը, որոնք կրնան իրարմէ տարբեր ըլլալ.  օրինակ՝ gökgöz-խաժակ,   dörtyol-քառուղի, açıkgöz-աչքաբաց  եւ այլն:

Թրքերէնը ունի բարդութեան միայն մէկ տեսակը՝ կցականը, այսինքն՝ այստեղ սովորակaն բառակապակցութիւնը հետզհետէ կցումով բարդացած է. բերուած երեք օրինակները կը հաստատեն այս իրողութիւնը. այսպէս՝ նախապէս անջատ ըսուած է՝ gök “խաժ” եւ göz “աչք”, հետագային այս երկուքը միանալով տուած են մէկ կցական բարդութիւն՝ gökgöz,  առանց յօդակապի, որովհետեւ յօդակապ չունի թրքերէնը: Նկատել, որ այս նոյն բառը հայերէնի մէջ եւս  կցական  է, ինչ որ պարզ զուգադիպութիւն մըն է::

Ինչ կը վերաբաերի թրքերէնը խօսողին կամ գրողին, ան բառերու կազմութեան մէջ որեւէ պարտաւորութիւն եւ դերակատարութիւն չունի.  ան պարտի բառերը ընդունիլ եւ իւրացնել զանոնք իբրեւ պատրաստի գործիք՝ այնպէս, ինչպէս կը գտնուին անոնք լեզուի ու  անոր բառարաններուն մէջ:

*   *   *

Կցական լեզու

Լեզուները կը բաժնուին երկու  խումբերու՝ կցականներ[3] եւ անջատականներ[4]:

Կցական կը կոչուի այն լեզուն,  որուն բառերը կրնան թեքիլ,− մասնաւորաբար հոլովուիլ,−  միւս կողմէ՝  իրենց կցել ձեւաբանական այլազան  կարգեր արտայայտող զանազան մասնիկներ ու տարրեր. օրինակ՝ յաղթ-ական-ներ-ու-ն-ը. այս մէկ հատիկ բառին մէջ խտացած են նախ բառարմատը, ապա ածականակերտ ածանց մը, ապա յոգնակերտ մասնիկը, հոլովը եւ յօդը. Կ’ակնարկէ ինչ-որ «յաղթանակ  տարած անձերու  մէկ ունեցածին»: Ամէն լեզու, օրինակ՝ ֆրանսերէնը, անգլերէնը, իտալերէնը, չի կրնար  մէկ բառով արտայայտել այս  բոլորը, այլ կը կարօտին քանի մը բառերու: Ուրեմն աշխարհաբար հայերէնը, յարաբերաբար յիշեալ լեզուներուն, օժտուած է կցականութեամբ. անցողակի ըսենք, որ հնդեւրոպականներուն մէջ յատկանշօրէն ան միա՛կ կցականն է:

Իր կցականութեամբ համբաւաւոր է  թրքերէնը, որուն բառերը կրնան կրել մինչեւ 10 ու աւելի մասնիկներ: Կան կցականութեամբ օժտուած  ուրիշ լեզուներ եւս:

Կցականութեան այսպիսի հարուստ օժիտ մը տնտեսելու համար՝ յառաջացած են  ձայնային ներդաշնակութեան ուրիշ  կանոններ, առանց որոնց իմացումին, աւելի ճիշդը՝ ուղիղ կիրարկութեան, կարելի չէ թրքերէն  խօսիլ ու գրել:

Եւ ճիշդ այստեղ է, որ գլուխ կը ցցէ  անհատական պարտաւորութեան հարցը:

Յաջորդիւ կ’անդրադառնանք  այդ  կանոններուն:

[1] Harmonie vocale կամ vocal harmony:

[2] Յաճախ պիտի ստիպուիմ հնարելու բառեր, որոնք հարազատ կը թարգմանեն թրքերէնը եւ որոնք անպայման մեր բառարաններուն մէջ տեղ չունին:

[3] agglutinant

[4] Isolant, amorphe

Լիբանան ծնած, հայ գաղթական ծնողներու զաւակ, մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ Արմենակ Եղիայեան 60-ականներէն սկսեալ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է սփիւտքահայ եւ յատկապէս լիբանանահայ կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Ազգային ուսումնական խորհուրդին, «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ Կիլիկիոյ Աթոռին յառաջացուցած «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին: Այս վերջինին պատուէրով պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով (անտիպ): Հեղինակն է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութեան եւ հայկական նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքին, որ երկու տասնամեակ անընդմէջ կիրարկուեցաւ աւելի քան 10 երկիրներու հայկական համայնքներու վարժարաններուն մէջ: Արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն:
Վերջին տարիները կ’աշխատի «Ուղեցոյց»-ին վրայ, որ կը համատեղէ արեւմտահայերէնի ճամբով՝ այդ լեզուի արդի օգտագործողին առջեւ կուտակուած հարցերը:
Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է եւ կը շարունակէ աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x