ԳՈՆԷ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԿԵՑԷՔ

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. «Դպրոցները պէտք է իրենց դռները վերջին փակողները ըլլան եւ առաջին վերաբացողները:»

Source: www.hrw.org

Կեանքը դժուար է այսօր Լիբանանի մէջ: Միջին քաղաքացիին սովորական առօրեան դարձած է աւելի կնճռոտ քան երբեք: Մինչեւ կոկորդ փտածութեան մէջ խրած երկրի ղեկավարութեան անչափելի ագահութիւնն ու ապիկարութիւնը, տնտեսութեան թաւագլոր անկումն ու ժամանակակից համաճարակը միացեալ ճիգերով խցանած են հասարակութեան շնչափողը ու կիսամեռ վիճակի մը մատնած զայն:

Տեղատուութիւն է ամենուրէք: Սնունդի պակասը, ելեկտրականութեան չգոյութիւնը, աներեւակայելի սղաճը, վերանորոգ գաղթի ալիքն ու համատարած ընկճուածութիւնը կը սպառնան հանրութեան լայն խաւերուն: Ինչպէ՞ս յարմարիլ այս ծանր պայմաններուն ու գոնէ եղունգներով կառչիլ բնականոն կեանքի վերջին յենարաններէն մէկուն. հարցում մը, որ Lիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր անհատ ինքն իրեն կու տայ, մինչ երկիրը առաջնորդելու կոչուած խաւը «պիզնըս էզ եուժուըլ» տրամաբանութեամբ կը շարունակէ իր առօրեան:

Ինչպէ՞ս…

Հարցման պատասխանը թէեւ կը կարօտի մասնագիտական եւ պահի լրջութեամբ յագեցած մօտեցումներու, այդուհանդերձ անոր նախաբանը կամ առաջին քայլը՝ պարզ ու հասարակ տրամաբանութենէ բխող՝ ուսումնասիրուած զիջումներ կատարելու հրամայականը հարկ է որ ըլլայ: Բայց հոս ալ կան առկախ ենթահարցումներ. ո՞ր ճակատներու վրայ զիջիլ եւ ո՞րքանով զիջիլ, այլ խօսքով՝ ինչպէ՞ս ճշդել առաջնահերթութիւնները:

Երբ սկիզբ առաւ պսակաձեւ ժահրի համաշխարհային գրոհը, կը թուէր, թէ ինչպէս այլուր, այդպէս ալ Լիբանանի մէջ վիճարկման առարկայ պիտի չըլլար, որ կրթութեան ոլորտը, իմա՝ նոր սերունդի հոգեմտաւոր զարգացման կռուանը, առաւելագոյնս պէտք էր հեռու պահել վերոյիշեալ զիջումներէն: Այդուհանդերձ, հակառակ անցնող մէկուկէս տարուայ ընթացքին, քաղաքակիրթ աշխարհի նախաձեռնած՝ կրթական համակարգը պաշտպանելու նշմարելի փորձերուն, Լիբանանի մէջ անոր նկատմամբ վերաբերումը դժբախտաբար յատկանշուեցաւ անփութութեամբ: «Փակել դպրոցներու դռները եւ ուսուցումը փոխադրել առցանց հարթակ». սա եղաւ միակ որոշումը: Ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները իսկոյն ուղարկուեցան իրենց համար անորոշութեամբ լեցուն աշխարհ մը, որուն պատշաճելու պարտադրանքին տակ գտնուեցան մէկ օրէն միւսը:

Անցաւ մէկուկէս տարի, եւ Լիբանանը աշխարհի մէջ իր կրթարաններու դռները ամէնէն երկար տեւողութեամբ փակ պահող երկիրներուն յառաջատար դիրքերը զբաղցուց: Ընթացքին, հրատապութեան զգացումով թափ առած արհեստագիտական լուծումներու որոնման ճիգերը թէեւ հասան որոշակի յաջողութիւներու,  սակայն առցանց դասաւանդման ընդհանուր արդիւնաւէտութեան արժեւորումը մնաց առկախ: Այսպէս,  ո՛չ տարեշրջանի ընթացքին, ո՛չ ալ անոր աւարտին, չհանդիպեցանք լուրջ ուսումնասիրութիւններու, որոնք լոյս սփռէին, թէ կրթական տարին ի՞նչ որակ արտադրեց, որո՞նք էին դրական կէտերը, որո՞նք էին ժխտականները եւլն:

Իսկ այսօր, առանց վերոյիշեալ արժեւորման, Լիբանանի կրթօճախները միեւնոյն անփութութեամբ դարձեալ կ’ուղուին նոր տարեշրջանը սկսելու միեւնոյն ձեւաչափով…

Ահաւասիկ այն մտահոգիչ մօտեցումը, որ միայն ու միայն առարկայական պայմաններուն կամեցողութեան կը յանձնէ կրթական քաղաքականութիւն որոշելու լրջագոյն գործը: Այլ խօսքով, առկայ նիւթական եւ առողջապահական պայմաններուն կ’արտօնէ բացառապէս տնօրինելու մատղաշ սերունդի մը իմացական ու վարքային զարգացումը: Ու այդ մէկը կը կատարէ այնպիսի պահու, երբ առցանց ուսուցման բացասական հետեւանքները, սկսեալ աշակերտներու մօտ հոգեբանական եւ ընկերային խնդիրներու զարգացումէն, ընկճուածութեան նախանշաններէն, առցանց բռնաճնշումի (cyberbullying) մագլցումէն, ելեկտրոնային գործիքներու մոլութենէն (screen addiction) մինչեւ ուսուցողական եւ կրթական այլեւայլ բացթողումները, սկսած են ջուրի երես գալ:

Անշուշտ հասկնալի է պահու աննախադէպ ծանրութիւնը, ու բնաւ նախանձելի չէ կրթական մշակներուն վիճակը, բայց կրթական ոլորտին առջեւ նետուած օրուան ձեռնոցը անտեսել պարզապէս կարելի չէ: Ի վերջոյ, դպրոցը վաճառատուն մը չէ, ուր խնձորի փոխարէն կարելի է նարինջ ծախել, որովհետեւ խնձորը սուղ է կամ հասանելի չէ: Հոս սերունդի մը հոգեմտաւոր առողջութիւնն ու ընկերութեան կենսունակութիւնը խնդրոյ առարկաներն են, որոնց համար անկարելին իրապէ՛ս կարելի դարձնելու ճառաբանութիւնը պէտք է ամէն գնով կեանքի կոչել:

Զգոյշ պէտք է ըլլալ նաեւ նիւթական հարցին կրակէ գնդակը ձեռքէ-ձեռք նետելու թակարդին մատնուելէն, որովհետեւ առցանց դասաւանդումը թէեւ կրնայ կրճատել դպրոցի մը ծախսերը, այնուամենայնիւ միեւնոյն այդ ծախսը կը բարդէ ծնողքին վրայ, որ ստիպուած՝ կամ պիտի զոհէ իր անձնական աշխատանքն ու եկամուտը, կամ ալ զաւկին առցանց աշխատանքներուն հետեւելու համար պաշտօնավարութեան պիտի կոչէ համապատասխան անձ մը: Միաժամանակ, ան տան մէջ պիտի ապահովէ առցանց դասաւանդման բոլոր նախապայմանները, ինչպէս՝ ելեկտրականութիւն, համացանց, համակարգիչ, տպագրիչ եւլն: Ծնողքին վրայ աւելցած այս նիւթական յաւելեալ բեռը բնականաբար իր արտացոլացումը պիտի ունենայ նոյնինքն դպրոցին հանդէպ իր ունեցած նիւթական պարտաւորութիւններուն վրայ ու այսպէս վերադարձ պիտի կատարուի անել շրջանակին սկզբնակէտին:

Այսօր, երկրին դիմագրաւած ճգնաժամը համարձակ որոշումներ կայացնելու հրամայականին առջեւ կը դնէ կրթական համակարգի բոլոր պատասխանատուները անխտիր: Պահը ճակատագրական կրնայ ըլլալ եթէ ամէն կարողական ճիգ չներդրուի նոր սերունդը զերծ պահելու հասարակութեան վրայ բանեցուած այս ծանր «տուրքէն»: Ի վերջոյ, այս սերունդը, որ մեղքի բաժին չունի երկրի դիմագրաւած ձախորդութիւններուն մէջ, ապագայի կտրուածքով ինքը պիտի կազմէ այն մարդուժը, որ փորձէ թերեւս փրկել ինչ որ կարելի է դեռ փրկել ընկղմող այս նաւէն:

Լիբանանի մէջ կրթութիւնը մարդկային տարրական անհասանելի յաջորդ պէտքը դառնալու ամէնէն հաւանական թեկնածուն դարձած է: Այդ յարաճուն ցանկին լիիրաւ անդամ դառնալու պարագային, արտագաղթի եւս մէկ ալիք անպայման կը սպասէ անոր, ու այս անգամ մեղադրանքի նշոյլ մը անգամ կարելի չէ բարդել ո՛չ նորահաս սերունդին վրայ, որուն բնականոն կրթութիւն ստանալու իրաւունքը անսակարկելի պէտք է մնայ, ո՛չ ալ ծնողներուն, որոնք կրթութենէն զատ ալ ուրիշ բան չունին ժառանգ ձգելիք իրենց զաւակներուն:

Խաչիկ Խաչերեան (Պէյրութ, Լիբանան) համակարգչային ծրագրաւորող է եւ համացանցային արհեստագիտութեան մասնագէտ: Գլխաւորաբար կը զբաղի հաստատութիւններու առցանց կառավարման դրութիւններու կառուցումով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x