Պատկերացուցէ՛ք հաստատութիւն մը, թերթ մը կամ դպրոց մը, որ ունի կայքէջ, ընկերային ցանցերու էջեր, ելեկտրոնային նամակագրութիւն եւ առցանց ժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւն։
Հարցում մը. ուրեմն արդիականացա՞ծ է։
Շարունակե՛նք։
Երբ կը հետեւինք անոր որոշումներու կայացման ընթացքին, աշխատանքներու կազմակերպման եղանակին եւ երիտասարդներուն հետ յարաբերութիւններուն, կը յայտնաբերենք բոլորովին տարբեր իրականութիւն մը։ Հաստատութիւնը կրնայ գործածել քսանմէկերորդ դարու գործիքներ, բայց տակաւին մտածել հեռագրի եւ թելեքսի դարաշրջանի տրամաբանութեամբ։
Այսի՞նքն։
Սփիւռքահայ աւանդական հաստատութիւնները պատահականօրէն չեն ստեղծուած։ Անոնք ծնած են իրական կարիքներէ, յաճախ՝ ազգային աղէտէ մը վերապրած ժողովուրդի գոյատեւման հրամայականէն։ Դպրոցները, մշակութային միութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մարզական ակումբները, մամուլը եւ համայնքային կառոյցները տասնամեակներ շարունակ պահպանած են լեզուն, փոխանցած են մշակութային ժառանգութիւնը եւ կազմակերպած են համայնքային կեանքը։
Սակայն պատմական վաստակը ինքնին չի կրնար երաշխաւորել ապագայի կենսունակութիւնը։ Աւելին՝ երբեմն անցեալի յաջողութիւնը կը դառնայ ներկայի մեծագոյն խոչընդոտը։ Որովհետեւ հաստատութիւն մը, որ տասնամեակներ շարունակ յաջողած է որոշ գործելակերպով, կրնայ դժուարութեամբ ընդունիլ, թէ նոյն գործելակերպը այսօր այլեւս բաւարար չէ։
Նոր գործիքներ, հին մտածողութիւն
Հեռագրի եւ թելեքսի դարաշրջանին տեղեկութիւնը սահմանափակ էր, անոր փոխանցումը՝ դանդաղ։ Կազմակերպութիւնները մեծ մասամբ կը գործէին կեդրոնացեալ համակարգերով։ Տեղեկութիւնը կը հասնէր ղեկավարութեան, որոշումները կը կայացուէին սահմանափակ շրջանակի մը մէջ, ապա կը փոխանցուէին անդամներուն։
Այսօր, սակայն, աշխարհը արմատապէս փոխուած է։
Տեղեկութեան հասանելիութիւնը այսօր աննախընթաց չափերու հասած է։ Գիտելիքը միայն հաստատութիւններու պատերէն ներս չի փոխանցուիր։ Երիտասարդ մը կրնայ իր հեռաձայնով հետեւիլ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու դասախօսութիւններուն, նոր հմտութիւններ ձեռք բերել եւ ստեղծագործական աշխատանք կատարել՝ առանց աւանդական կառոյցի մը միջնորդութեան։
Իսկ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) արդէն կը փոխէ ուսումնասիրելու, գրելու, թարգմանելու եւ աշխատելու ձեւերը։ Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ կը նշանակէ շարունակել ղեկավարել հաստատութիւն մը յիսուն-վաթսուն տարի առաջուան տրամաբանութեամբ։ Կը նշանակէ՝ նոր աշխարհի հարցումներուն պատասխանել հին աշխարհի ենթադրութիւններով։
Արդիականացումը յաճախ կը շփոթենք արհեստագիտական միջոցներու ձեռքբերման հետ։ Հաստատութիւն մը կը բանայ կայքէջ մը եւ կը կարծէ, թէ արդիականացած է։ Կը ստեղծէ ընկերային ցանցերու էջ մը եւ կը կարծէ, թէ երիտասարդներուն հետ հաղորդակցութեան խնդիրն ալ լուծած է։ Սակայն կայքէջը կրնայ վերածուիլ նախկին տեղեկատախտակին թուային տարբերակին, ընկերային ցանցերու էջը՝ հին շրջաբերականներուն նոր ձեւին, իսկ առցանց ժողովը՝ նոյն անվերջ քննարկումներուն շարունակութեան։
Փոխուած է միջոցը, բայց ոչ մտածողութիւնը։
Երբ հաստատութիւնը կը դառնայ ինքնանպատակ
Սփիւռքահայ կազմակերպական կեանքի ամենէն զգայուն հարցերէն մէկը հաստատութեան գոյութիւնը անոր առաքելութենէն զանազանելն է։ Հաստատութիւնները կը ստեղծուին որոշ կարիքներ բաւարարելու համար։ Սակայն ժամանակի ընթացքին երբեմն կը պատահի, որ անոնց պահպանումը ինքնին կը դառնայ գերագոյն նպատակ։
Այդ պարագային հիմնական հարցումը այլեւս չըլլար՝ «Ի՞նչ կարիք կը բաւարարենք»։ Կ՚ըլլայ՝ «Ինչպէ՞ս պահպանենք մեր գոյութիւնը»։
Առաջին հարցումը կը ստիպէ ուսումնասիրել հասարակութեան փոփոխուող կարիքները եւ անհրաժեշտութեան պարագային վերափոխուիլ։ Երկրորդը կրնայ առաջնորդել դէպի ինքնապահպանում, փոփոխութեան նկատմամբ անվստահութիւն եւ գոյութիւն ունեցող կառոյցներու անվերջ վերարտադրութիւն։
Արդեօք մեր բոլոր հաստատութիւնները այսօր կը պատասխանե՞ն այն կարիքներուն, որոնց համար ստեղծուած էին։ Իսկ եթէ այդ կարիքները փոխուած են, մենք փոխա՞ծ ենք մեր աշխատանքը։

Երբ աղաներն ու ջոջերը կ’որոշեն ապագան
Համայնքային շրջանակներուն մէջ յաճախ կը լսենք, թէ երիտասարդները այլեւս հետաքրքրուած չեն ազգային կամ միութենական կեանքով։ Բայց կարելի՞ է նաեւ հարցնել, թէ մեր հաստատութիւնները որքանո՛վ պատրաստ են երիտասարդներուն իսկական մասնակցութեան առիթ տալու։
Աւանդական մտածողութեան ամենէն յամառ դրսեւորումներէն մէկը «աղաներու եւ ջոջերու» մշակոյթն է, ուր որոշումներ կայացնելու իրաւունքը կը վերապահուի սահմանափակ շրջանակի մը, որ իր ազդեցութիւնը կը պարտի տարիքին, դիրքին, նիւթական կարողութեան կամ տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած հեղինակութեան։
Այս համակարգը կը շարունակէ վերարտադրել ինքզինք՝ ղեկավարութեան բերելով նոյն միջավայրէն եկող եւ նոյն մտածողութիւնը ունեցող մարդիկ։ Այսպէս, ղեկավարութեան շարունակականութիւնը կը շփոթուի նոյն անձերուն կամ նոյն խմբակին իշխանութեան պահպանումին հետ։
Խնդիրը չի սահմանափակուիր միութիւններով։ Ան կրնայ դրսեւորուիլ նաեւ դպրոցներու եւ կրթական հաստատութիւններու վարչական մարմիններուն մէջ, ուր երիտասարդ մասնագէտները, ուսուցիչներն ու նոր մտածողութիւն ունեցող մարդիկ միշտ չէ, որ իրական մասնակցութիւն կ’ունենան որոշումներու կայացման։ Դեռ վերջերս մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ իր աշխատանքին մէջ յաջողութիւններ արձանագրած դպրոցի տնօրէն մը եւս տուժած է, ենթադրաբար, նոյն այս աղաջոջական մտայնութեան հետեւանքով։
Եւ ապա կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ երիտասարդները կը հեռանան։
Երիտասարդը միայն ապագայ ղեկավար չէ։ Ան նաեւ այսօրուան մասնակիցն է՝ իր գիտելիքով, կարողութիւններով եւ աշխարհը դիտելու տարբեր եղանակով։ Եթէ զինք կը հրաւիրենք միայն կատարելու մեծերուն որոշումները, բայց ոչ մտածելու, առաջարկելու եւ որոշելու, զարմանալի չէ, որ ան իր ստեղծագործական ուժը ուրիշ տեղ կը գործածէ։
Հաստատութիւն մը չի կրնար պատրաստել ապագայի ղեկավարներ, երբ իր ներկայի ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ տեղ տալու անոնց։
ԱԻ-ն չի կրնար արդիականացնել հին մտածողութիւնը
Արուեստական իմացականութիւնը կրնայ օգնել հաստատութիւններուն աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու իրենց աշխատանքը, ուսումնասիրելու անդամներուն կարիքները եւ մշակելու հաղորդակցութեան նոր ձեւեր։ Սակայն ԱԻ-ի գործիքներ գործածելը ինքնաբերաբար չի նշանակեր արդիականացում։
Եթէ ղեկավարութիւնը չի հանդուրժեր քննադատութիւնը, ԱԻ-ն չի կրնար ստեղծել բաց քննարկումի մշակոյթ։ Եթէ երիտասարդները դուրս կը մնան որոշումներու կայացումէն, ԱԻ-ն չի կրնար զանոնք վերածել իրական մասնակիցներու։
Աւելին՝ հին մտածողութիւնը նոր արհեստագիտութեամբ զինելը կրնայ նոյնիսկ ամրապնդել գոյութիւն ունեցող թերութիւնները։ Քարացած կազմակերպութիւնը կրնայ աւելի արագ աշխատիլ, բայց շարունակել նոյն սխալները գործել։
Հայերէնը՝ անցեալի ժառանգութենէն դէպի ապագայի լեզու
Այս քննարկումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի արեւմտահայերէնի համար։ Տասնամեակներ շարունակ մեր հաստատութիւնները հայերէնի պահպանումը նկատած են իրենց հիմնական առաքելութիւններէն մէկը։ Եւ իրաւացիօրէն։
Սակայն բաւարա՞ր է հայերէնով հանդէսներ կազմակերպել, ճառեր արտասանել, յիշատակի օրեր նշել եւ անցեալի գրականութիւնը մեծարել։
Լեզու մը չի կրնար կենսունակ մնալ միայն անցեալը յիշելու միջոց ըլլալով։ Ան պէտք է կարենայ արտայայտել նաեւ ներկան եւ ապագան։
Եթէ երիտասարդը հայերէնով կը խօսի միայն ընտանեկան կամ հանդիսաւոր առիթներով, բայց գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ իր մասնագիտական հետաքրքրութիւններուն մասին կ՚արտայայտուի միայն ուրիշ լեզուներով, հայերէնի գործածութեան դաշտը աստիճանաբար կը նեղնայ։
Մեր հաստատութիւնները կրնան ստեղծել միջավայրեր, ուր հայերէնը միայն պահպանուող ժառանգութիւն չէ, այլ նոր գաղափարներու, ստեղծագործութեան եւ ուսումնասիրութեան կենդանի լեզու։
Որովհետեւ լեզու մը պահպանելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը զայն նոր գիտելիքի եւ ստեղծագործութեան լեզու դարձնելն է։
Յարգել անցեալը՝ առանց անոր կառչելու
Մեզի անհրաժեշտ է կազմակերպական նոր մշակոյթ մը, որ կը քաջալերէ հարցադրումները, կը գնահատէ աշխատանքի իրական արդիւնքը, կը բաշխէ պատասխանատուութիւնները եւ համագործակցութիւնը կը նկատէ ուժ, ոչ թէ սպառնալիք։
Այս բոլորը չեն նշանակեր, թէ պէտք է հրաժարինք մեր աւանդական հաստատութիւններէն։ Ընդհակառակը՝ անոնց կուտակած փորձառութիւնը, մարդկային կապերը եւ պատմական յիշողութիւնը անփոխարինելի արժէքներ են։ Սակայն այդ արժէքները ապագային ծառայեցնելու համար անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ անցեալի յաջողութեան պայմանները այլեւս նոյնը չեն։
Մեր նախորդ սերունդները ստեղծեցին հաստատութիւններ՝ անսալով իրենց ժամանակի կարիքներուն։ Մենք անոնց վաստակին հաւատարիմ պիտի մնանք ոչ թէ կրկնելով իրենց գործելակերպը, այլ նոյն համարձակութեամբ պատասխանելով մեր ժամանակի կարիքներուն։
Հեռագիրն ու թելեքսը վաղուց պատմութեան անցած են։ Ժամանակն է, որ անոնց դարաշրջանի մտածողութիւնն ալ անցնի պատմութեան։



