LAST CALL. ՓՐԿԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ

Սփիւռքը հայրենիքին համարկելու մեծ պատկերը վանելէն ետք, արդեօք տեղական փոքր պատկերնե՞րն ալ լռելեայն թաղելու տրամադրութիւն մը կայ:

Թէեւ վաղուց հատատուած իրողութիւն է, որ հայկական իրականութեան մէջ հասարակութեան շարքերէն բխած գիրն ու խօսքը աղերս ընդհանրապէս չունին էսթէպլիշմընթի օրուայ ղեկավարութեան որոշումներուն եւ որդեգրած ուղիներուն հետ, այսուհանդերձ, արտայայտուելու մարդկային պահանջքն ու տիրող օրէնքի բացառութեան դռները բախելու յաւակնութիւնը դեռ դրդապատճառներ կը հանդիսանան սեւով ճերմակին յանձնելու մտորումներ, զորս պիտի արձանագրեմ ստորեւ:

Այսօր, Lիբանանի դիմագրաւած տնտեսական մեծ տագնապին ծիրին մէջ, գաղութահայութիւնը, չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել, կ’ապրի յետ-քաղաքացիական պատերազմի ժամանակահատուածին իր գոյութեան ամէնէն ճակատագրական պահը: Վէրքերը շատ են, մաս մը հինէն կը յամենայ մինչեւ օրս, ուրիշներ ներկայ ճգնաժամի ծնունդն են, բայց անոնցմէ ոչ մէկը այնքան առատ արիւն չի ծորիր, որքան երկրի հայկական կրթօճախներունը: Դպրոցներու ժամանակակից տագնապն ու անոր անմիջական հետեւանքները իրենց տարողութեամբ ալ չեն նմանիր անցեալի իրենց իրավիճակին: Ոչ եւս են այն օրերը, երբ հարցերու կարկտան լուծումները գէշ-աղէկ կը բաւարարէին ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք եռանկիւնի բոլոր կողմերը: Ոչ եւս են այն օրերը, երբ կալա-ձեռնարկներով ու տեղական նուիրատուութիւններով կարելի կ’ըլլար վտանգուած կրթական տարեշրջան մը գէշ-աղէկ իր աւարտին հասցնել: Երկար տարիներու ընթացքին անդարման մնացած վէրքերը օրուայ ծանր պայմաններուն բերմամբ բազմապատկուած են, տարածուած են ու հաստատուած  լիբանանահայ վարժարաններէն ներս:

Ալ ժամանակն է բառերը առանց ծամծմելու բարձրաձայնելու, որ հայկական դպրոցներու ուսուցչական որակը, առանց որուն անհեթեթ է կրթօճախի մը գոյութիւնը, իսպառ փոշիացման սեմին կը գտնուի: Անցեալին աստիճանաբար մաշող այդ արժէքը այսօր մեր աչքերուն առջեւ սրընթաց կշռոյթով կը լքէ իր վերջին կայանները, մինչ գաղութի ղեկավարութեան կոչուած մարմինները կը շարունակեն «միջակութեամբ» վերաբերիլ այս աղէտին հետ եւս: Աղէտ մը, որուն սաստկացման վերջին հանգրուանը ստորացուցիչ աշխատավարձով ուսուցչութեան պաշտօնավարութեան հրաւիրելը եղաւ: Կարծէք բաւարար չէր այս խաւին վաղեմի նիւթական անձկութիւնը՝ վրայ հասաւ ժամանակակից տագնապը եւ ուսուցիչը յանկարծ ինքզինք գտաւ իր ամսական վառելանիւթի ծախսն իսկ չբաւարարող աշխատավարձին առջեւ: Այս պայմաններուն մէջ, ակնկալելը անորմէ ձեռնհասօրէն կատարել իրեն վստահուած ծանրակշիռ գործը՝ պարզապէս մարդկային տրամաբանութիւնը արհամարհել պիտի ըլլար: Եւ բնականաբար պատահեցաւ այն, ինչ ունինք այսօր: Ուսուցիչներէն մաս մը արդէն բռնած է գաղթի կամ ասպարէզի փոփոխութեան ճամբան, իսկ մնացեալը, այլըտնրանքներու չգոյութեան պատճառով, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս անպատրաստ վիճակի մէջ կը շարունակեն ներկայանալ աշխատանքի․ ապառողջ վիճակ մը, նուազագոյնը ըսելու համար, որուն դառն հետեւանքները կրելու դատապարտուած է լիբանանահայ աշակերտութիւնը իմա՝ գաղութի նորահաս սերունդը:

Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել:

Վերջին երեսնամեակին քիչ չեղան հնչած այն ձայները եւ հոսած այն մելանը, որոնք, բնորոշելով նման հարցերու արմատները, բովանդակ սփիւռքի գոյութեան իմաստը վերամտածելու եւ ազգային համապարփակ ռազմավարութեան մը շրջագիծին մէջ անոր դերը ճշդելու հրամայականը ընդգծեցին: Սակայն  տարիներու թաւալումը ցոյց տուաւ, որ այդպիսի նախաձեռնութեան ոչ կամքը, ոչ ալ ամենեւին փափաքը գոյութիւն ունի ո՛չ սփիւռքի, ո՛չ ալ հայրենի ղեկավարութեան մօտ: Հետեւաբար, այս գծով չոր, գործնական մօտեցումը, որքան ալ տխուր եւ պատեհապաշտ հնչէ, կը թելադրէ փորձել պահել այն, ինչ որ գոյութիւն ունի, մինչեւ նոր առարկայական կամ ենթակայական պայմաններու ձեւաւորումը․ այլ խօսքով, լաւագոյնս կառավարել սփիւռքի կարողականութեան շիջման անխուսափելի հոլովոյթը, ակնկալելով, որ ապագայ իրադրութեան փոփոխութիւն մը հնարաւորութիւն  կը ստեղծէ ատիկա աւելի արդիւնաւէտ ձեւով տնօրինելու: Մինչ այդ, ճիգ պէտք չէ խնայել կասեցնելու լիբանանահայ դպրոցին՝ սփիւռքի կարողականութեան փափախող սրտին արիւնահոսութիւնը ու համեմատական կայունութիւն մը ստեղծելու անոր շուրջ: Նիւթական լուրջ յենարանի կարօտող սոյն առաջադրանքը պարտի առաջին հերթին արժանավայել աշխատավարձ տրամադրել ուսուցիչներուն, զերծ պահելով զիրենք մարդկային տարրական պէտքերու հետապնդման մտմտուքներէն, որոնց առկայութեան, դաստիարակութեան աշխատանքը անկարելի առաքելութեան մը կը վերածուի: Պարզապէս մտահան պէտք է ընել ուսուցչութեան հետ առնչուող հնամաշ առասպելաբանութիւնները, թէ ուսուցչութիւնը սոսկ նուիրում է, խաչակրութիւն է, այս է, այն է: Այո՛, թերեւս այդ բոլորը է, բայց ան նաեւ գերպատասխանատու ասպարէզ մըն է, որ պարտի բաւարարել ենթակային գէթ նուազագոյն մարդկային կարիքները:

Այս ծիրին մէջ, լիբանանահայութիւնը կը վայելէ աշխարհով մէկ սփռուած գաղութահայութեան որոշակի նեցուկը, եւ տարօրինակ է, որ հարցի համապատասխան հրատապութեամբ համասփիւռեան ահազանգ տակաւին չէ հնչած փրկելու լիբանանահայ դպրոցը: Սփիւռքը հայրենիքին համարկելու մեծ պատկերը վանելէն ետք, արդեօք տեղական փոքր պատկերնե՞րն ալ լռելեայն թաղելու տրամադրութիւն մը կայ: Ի վերջոյ, նկարագրուած աղէտը մեր քիթին տակն է որ  կը պատահի՝ մեր իսկ դպրոցներէն ներս, այսօր: Մեր զաւակներուն հոգեմտաւոր զարգացումն ա՞լ այսքան աժան է միթէ, որ  այս պատասխանատուութիւնն ալ թօթափենք մեր ուսերէն եւ բաւարարուինք «կրցածնիս կ’ընենք կոր», «բոլոր երկիրը նոյն վիճակին է» ինքնամխիթարական յանկերգներով:

Մինչ կեանքը Լիբանանի մէջ կը շարունակէ դէպի անդունդ թաւալգլոր իր անկումը, կը թուի, թէ ականատես կ’ըլլանք գաղութահայ կեանքի հիմնական արարի մը աւարտին: Արար մը, որուն տեւողութիւնը լրջագոյն ճիգերով գուցէ կարելի ըլլայ երկարաձգել:

Last Call գաղութի ղեկավարութեան. փրկել լիբանանահայ դպրոցը:

Խաչիկ Խաչերեան (Պէյրութ, Լիբանան) համակարգչային ծրագրաւորող է եւ համացանցային արհեստագիտութեան մասնագէտ: Գլխաւորաբար կը զբաղի հաստատութիւններու առցանց կառավարման դրութիւններու կառուցումով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x