Արեւմտահայերէնը՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան իրավիճակներուն միջեւ

«Ազդակ»ի առցանց լսարան 33-ի hետքերով

8 Յուլիս 202-ին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 33-րդ առցանց լսարանը (Պէյրութ, Լիբանան): Օրուան հիւր-դասախօսն էր հայրենի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, որ նախ ներկայացուց արեւմտահայ լեզուի եւ հայագիտական ուսումնառութեան ներկայ իրավիճակն ու այդ մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ ապա սպառիչ պատասխաններ տուաւ թեմային շուրջ մասնակիցներու հարցումներուն:

Պէտք է ըսել, որ նման հանդիպում-երկխօսութիւնները անկասկած մեծապէս իրենց նպաստը կը բերեն մեր մշակոյթի դաշտը զարգացնելու գործին, նաեւ կրթական հարցերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն եւ սէր ստեղծելու նպատակին:

Անկեղծօրէն, այս տողերուն նպատակը այդ հանդիպման թղթակցութիւնը հրամցնելը չէ, այլ հրամցուած տեսակէտներուն ընդմէջէն բացայայտել հարցերուն մէջ գլխաւորն ու էականը ու ներկայացնել մտահոգ սփիւռքահայու տեսակէտ-թելադրանքներն ալ, յատկապէս բոլոր անոնց համար, որոնք չմասնակցեցան սոյն օգտաշատ հանդիպման եւ կամ իրազեկ չեղան անոր ճոխ եւ իմաստալից բովանդակութեան:
Նախ գնահատանքս կ’երթայ անպայման «Ազդակ»ին, իր այս եւ նման հանդիպումներ կազմակերպելուն համար եւ ապա օրուան դասախօսին՝ փրոֆ. Սուրէն Դանիիէլեանի, որ շատ դրական, առողջ եւ համարձակ գաղափարներով, մեր մտքերու տողերուն վրայ շարեց իր փորձառու եւ վաստակաշատ մանկավարժի տեսակէտները, միեւնոյն ատեն պարզելով իր թելադրանքները, լոյսին բերելով արեւմտահայախօսութեան ապագան եւ անոր՝ հայրենիքէն ներս ընկալման դիմագիծն ու խնդիրները, հարցերն ու լուծումները: Կրկնեմ՝ օրուան գլխաւոր «թեման» արեւմտահայերէն լեզուն եւ անոր ապագան էր, ինչպէս նաեւ անոր ներկայութիւնը սփիւռքներու եւ յատկապէս հայրենիքի կրթական օճախներէն ներս:

Տեղին է յիշեցնել, որ սփիւռքի համար բոլորովին նոր անուն մը չէ փրոֆ. Դանիէլեանը: Ան հաստատ ներկայութիւն եղած է ու ամէն առիթով ելոյթներ ունեցած՝ սփիւռքեան մեր կրթական օճախներու ամպիոններէն: Դասախօսին ներկայացուցած բոլոր հարցերը, իբրեւ անկասկածելի իրականութիւններ, միշտ անհանգստացուցած են մեզ բոլորս, պրկած՝ բոլորիս հոգեկան վիճակը եւ յաճախ ալ մեզ յուսախաբութեան տարած, բայց նաեւ մեզ դէպի զգաստութեան, գիտակցութեան եւ լուծման առաջնորդած:

Արդ, փրոֆ. Դանիէլեան մատնանշեց, որ մէկ կողմէ Հայաստանի մէջ անտարբերութիւն կայ հանդէպ արեւմտահայ լեզուին, իսկ միւս կողմէն, այս լեզուն դժբախտաբար սփիւռքի մէջ մատնուած է ծանրագոյն վիճակի: «Զայն ձգած ենք անտէր եւ անտերունջ վիճակի մէջ: Մենք բոլորս ալ անոր զինուորներն ենք: Ուստի չձգենք, որ ան մեռնի», թելադրեց ան: Աւելին, խօսելով դասական ուղղագրութեան մասին, ան աւելցուց. «դասական ուղղագրութիւնը բոլորիս կը պատկանի: Ուստի մեր բոլորին վրայ դրուած է անոր պաշտպանութեան հարցը, արեւմտահայ լեզուին կողքին: Ու այս բոլորը կարելի է միայն համագործութեան ոգիով»:
«Պարտք մնացինք արեւմտահայ գրողներուն», շեշտեց փրոֆ. Դանիէլեան: Բոլոր խնդիրներուն լուծումը կը սկսի մեր միասնութեան ճանապարհով: Պէտք է փորձենք դուրս գալ հին սահմնաններէն, որովհետեւ արթնութեան գիծը միասնութենէն կը սկսի:

Խօսելով հայ ուսուցիչի պատրաստութեան եւ անոր կոչումի մասին, Դանիէլեան հայ ուսուցիչի առաւել մասնագիտացած պատրաստութեան էականութիւնը շեշտեց: Որովհետեւ «ուրիշ ճանապարհ չունինք. ուսուցիչը պէտք է զինել նոր գիտելիքներով, սիրողականէն արհեստավարժութեան տանող մեթոտներով, որովհետեւ նաեւ ժամանակին առջեւ, բոլորս ալ պատասխանտոու ենք: Հայ կրթական մշակներու մասնագիտականացնելը էական է»:

***

Հայեցի դաստիարակութեան գործը օրէ օր սկսած է աւելի դժուարանալ, սփիւռքի տարածքին հայախօսներու, հայերէն կարդացողներու եւ գրողներու թիւերը կը նուազին: Արեւմտահայերէնը կ’ապրի լուրջ տագնապներ: «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի լեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ բացայայտուած է, որ արեւմտահայերէնը կամ արեւմտահայ մեր գործածած այսօրուան լեզուն, ուրիշ կարգ մը լեզուներու կողքին, «խստօրէն վտանգուած» լեզուներուն շարքին կը գտնուի: Այլ խօսքով, ան արդէն իսկ դասուած է աշխարհի կորսուելու վտանգին ենթակայ լեզուներու շարքին: Մեր լեզուին ճակատագիրով իսկապէս մտահոգ հայորդիները, զգալով վտանգին մեծութիւնն ու մօտիկութիւնը, մեզ զգաստութեան կը փորձեն հրաւիրել եւ միաժամանակ զգուշացնել: Կասկած չկայ, որ հայերէն լեզուի երկու բաժիններն ալ, իբրեւ անբաժան եւ փոխներգործօն մասնիկներ, մեր ժողովուրդի գոյութեան երաշխիքներն են: Սակայն վերոնշեալ եզրակացութենէն հետեւցնելով, աղէտ մը ճակատագրուած կը տեսնուի արեւմտահայերէնի հասցէին: Ամէն տեղ լաւ տրամադրութիւններու առկայութեամբ հանդերձ, կը պակսի ստեղծուած տագնապին առաջքը առնող, հիմնաւոր քայլեր նախաձեռնող եւ համադրող ուժը:

Հայաստանը պէտք է ունենայ լեզուական յատուկ քաղաքականութիւն մը, որ իր նպաստը պիտի բերէ արևմտահայերու նոր ներգաղթին եւ հայրենիքին մէջ անոնց ամրապինդ ներկայութեան: Պէտք է ըլլայ այնպէս, որ արևմտահայերէն խօսողները, գրողներն ու արտայայտուողները խորթութիւն չզգան եւ հայրենիքէն ներս օտար չընկալուին: Տակաւին չենք խօսիր արեւմտահայերէնով հրատարակութիւններ, մամուլ, գրականութիւն, հեռատեսիլի յայտագիր-հաղորդումներ հովանաւորելու մասին:

Կ՛ըսենք՝ փառք Աստուծոյ, գրեթէ մեր բոլոր գաղութներէն ներս ունինք որոշ թիւով եւ զանազան երանգներով մշակութային միութիւններ, ուսումնական խորհուրդներ, օտար համալսարաններէ ներս գործող հայկական ամպիոններ, հայագէտ փրոֆեսէօրներ, արեւմտահայերէնի սփիւռքեան եւ հայրենի հայագէտներ ու մասնագէտներ, որոնք ամէն բանէ առաջ, իրե՛նք պէտք է դառնան առաջարկուած այս միտքերու համադրումը նախաձեռնողն ու կազմաւորողը: Արեւմտահայերէնով մտահոգ, գիտակից ու ատակ մարդոցմով համախմբում մը շատ հաւանաբար դառնայ բարերար առաջին նախաքայլը ապագայ նման ծրագրումներուն: Սակայ հիմա լուրջ հարց է, թէ ինչո՞ւ Երևան չունենայ արևմտահայերէն դասաւանդող դպրոց եւ կամ դպրոցներ: Հայաստանը ոչ միայն արեւելահայու, նաեւ արեւմտահայու հայրենիքն ալ է: Եւ հայրենիքը պարտաւոր է հոգալ անոնց կարիքները, պահել լեզուն եւ զայն գործածել, որպէսզի ան ըլլայ կենդանի, հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան միջոց:

Ինչո՞ւ պիտի ըլլան ռուսական, անգլիական, ֆրանսական եւ կամ սպաներէն ու պարսկերէն ուսուցանող դպրոցներ, բայց՝ ոչ արևտահայերէնով: Եթէ ասոնց պահանջքը կայ, ապա նաեւ կայ արեւմտահայերէնի պահանջքն ալ՝ չմոռնանք: Տակաւին, արեւմտահայ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութիւնը հրամայական հարց ալ է, եւ այս մէկուն համար էական է, որ Հայաստան եւ Սփիւռք համատեղ աշխատատին: Այլ խօսքով, անհրաժեշտ է պետականօրէն խնամք ցուցաբերել արեւմտահայերէնին հանդէպ:

Միշտ կրկնած ենք՝ ամէն բանի կարիքը ունինք, բացի ազգային անտարբերութենէն, որովհետեւ սփիւռքեան երկինքին տակ ամէն բան փայլուն չէ: Ժամանակն է, որ այլեւս վերջ տանք միայն ահազանգ հնչեցնելու մեր ճիգին: Աղէտը մեր դրան շեմին կանգնած է արդէն:

Գէորգ Պետիկեան (ծն. 1943, Հալէպ, Սուրիա) իր ետին ունի աւելի քան յիսնամեայ մանկավարժական, կրթական, գրական, հայ հանրային եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Պէյրութի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Աւարտած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական բաժինը:
Ցարդ հրատարակած է արձակ գրութիւններու 9 հատորներ, հեղինակած է թատերգութիւններ եւ չափածոյ գործեր, հայկական միօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն յատուկ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր: Աշխուժօրէն կ’աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին, ուր անցած տասնամեակներուն լոյս տեսած են անոր հարիւրաւոր յօդուածներն ու գրական ստեղծագործութիւնները:
Անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան, պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով (2015-ին) ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x