«Մենք Սփիւռ­քի միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք»

Փրոֆ. Արա Սայեղ

Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Սոյնը առաջին մասն է Փրոֆ. Արա Սայեղի «Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին» վերնագրով յօդուածին, որ լոյս տեսած է 2022-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի։

Դոկտ․ Արա Սայեղ

Ա Յառաջաբան

Կարելի չէ քանի մը էջերու նեղ սիւնակներուն մէջ վերլուծել, պարզաբանել եւ ամփոփել Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելու խորքային, բազմաշերտ եւ բազմաբովանդակ  իմաստներն ու պատգամները։ Հասկնալի է նաեւ, որ մատներու չրթոցով մը չեն իրականանար այդ պատգամներուն գործնականացումը, սակայն նուազագոյն պատասխանատուութեամբ  կարելի է նեցուկ հանդիսանալ, հեռատես լուծումներու մասին մտածել, ուսումնասիրելով ազգաշէն ելքեր, վերլուծելով այլընտրանքային օգտաշատ ծրագիրներ: «Սփիւռքի տարի» հռչակումը մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հայ­րա­պե­տի մը կող­մէ, որ յատ­կան­շո­ւած է կրօ­նա­պե­տի հա­րուստ կեն­սա­փոր­ձով, իր խո­րա­թա­փանց միտ­քին, հո­գիին,  գրի­չին  եւ  հո­վո­ւա­կան  ու հո­վո­ւա­պե­տա­կան բազ­մօգուտ բովանդակութեան արգասիքն է։

Հայկական սփիւռքը իր գերյոգնած մարտահրաւէրներով, համաշխարհայնացումի քաշկռտուքին դիմաց անհաստատ, օրէ օր որակի սով մը ապրող, ինքնամաշումի իրավիճակէն, բեւեռացած խրամատներէն, ապագայի անորոշ հորիզոնէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի: Արամ Ա. կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրաձայնեց, վտանգները ահազանգեց եւ վերջապէս անկիւնադարձային հռչակագիրով մը ազդարարեց:

Ա­րամ Ա. Վե­հա­փա­ռը իր ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին «Ս­փիւռ­քի Տա­րի» հռչա­կա­գի­րին մէջ  թե­լադ­րա­կան հնչե­ղու­թե­նէն կ­’անց­նի ան­յե­տաձ­գե­լիօ­րէն ի­րա­գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նին  եւ   կը սահ­մա­նէ գոր­ծե­լաո­ճի ու­ղե­նիշ­նե­րը՝  վե­րա­կազ­մա­կեր­պում, վե­րա­թար­մա­ցում, վե­րաի­մաս­տա­ւո­րում, վե­րաշ­խու­ժա­ցում բա­նա­լի ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը, ա­ռանց գործ­նա­կան ծրագ­րի մը նա­խադ­րեալ­նե­րը պար­զա­բա­նե­լու կամ ա­նոնց գոր­ծի­քա­կազ­մե­րը մեկ­նա­բա­նե­լու։ Բայց եւ այն­պէս ա­նոնց ճիշդ ըն­կա­լե­լու եւ կշռա­դա­տե­լու հմտու­թիւ­նը կը կայանայ Սփիւռ­քի մէջ ըն­կա­լող միա­ւոր­նե­րու դա­տո­ղու­թեան եւ այդ միաւորներու կողմէ գործ­նա­կան քայ­լեր, ծրա­գիր­ներ եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ որ­դեգ­րե­լու իրենց մասնագիտութեան ու փորձառութեան վրայ։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս 2003 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, յա­տուկ նա­խանձ­նախնդ­րու­թեամբ, ա­մէն տա­րես­կիզ­բին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հռչա­կագ­րով մը անդ­րա­դար­ձած է ոչ միայն հայ սփիւռ­քի ի­րա­կա­նու­թեան, մեր ինք­նու­թեան, ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին հետ առն­չո­ւող զա­նա­զան հար­ցե­րուն,  այլ  նաեւ  սփիւռ­քեան  ի­րա­կա­նու­թեան  մէջ  գե­րա­գոյն  ի­մաստ  ու­նե­ցող մեր մաս­նիկ­նե­րուն,  սկսե­լով  յատ­կա­պէս  հա­մաս­փիւռ­քեան  կեն­սա­կան եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ղադ­րիչ­նե­րէն՝ հայ ըն­տա­նիք, դպրոց, գիրք, մա­մուլ եւ տա­կա­ւին հայ կնոջ, հայ  մօր,  հայ մա­նու­կի, տա­րե­ցի, ծա­ռա­յու­թեան, յա­տուկ խնամ­քի,  վե­րա­նո­րո­գու­մի եւ այլն։  Մէկ  խօս­քով 2022 թո­ւին Վե­հա­փա­ռը հա­մաս­փիւռ­քեան  կա­րե­ւո­րա­գոյն  բա­ղադ­րիչ­նե­րէն  կ­’անց­նի դէպի  բազ­մա­բարդ  Սփիւռ­քի հա­մա­պար­փակ եւ բազ­մա­խուռն պա­րու­նա­կին։

Հաստատ իրականութիւն է, որ Ս­փիւռ­քի հայ կեան­քին մէջ տի­րա­կան դար­ձած կարծ­րա­տի­պե­րը պէտք է  նո­րո­գո­ւին, վերանորոգուած կամքով,  թար­մա­ցած  թթո­ւա­ծին  պէտք է նե­րա­ծո­ւի,  ներ­կա­յին մէջ չապ­րե­լու հի­նը կամ մա­շեց­նող ան­ցեա­լը, չփնտռելու մեր ա­պա­գան ան­ցեա­լին մէջ։

Լո­զունք­նե­րէ, լալ­կան եւ տրտնջա­ցող տրա­մա­բա­նու­թե­նէն շատ հե­ռու, բու­ժե­լու կամ­քով եւ  կա­րո­ղու­թեամբ,   գի­տա­կան     հմտու­թեամբ   տո­գո­րո­ւած,   փոր­ձա­ռու  եւ   ար­հես­տա­վարժ լրջա­խո­հու­թեամբ  գոր­ծե­լու  ու  մաս­նա­գի­տա­ցած  ուղ­ղու­թիւն­նե­րով  ըն­թա­նա­լու  ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կա­նին, ո­րուն դէմ յան­դի­ման ենք:

Ու­սում­նա­սի­րո­ւած  գի­տա­կան    եզ­րա­յան­գում­նե­րու     հա­մար     կա­րի­քը  ու­նինք  նախ քննա­դա­տա­կան վեր­լու­ծու­թեան, բաղ­դա­տա­կան դա­տո­ղու­թեան եւ վե­րամ­շա­կո­ւած գի­տա­կան ձե­ւա­չա­փով եւ մաս­նա­գի­տա­կան  մօ­տե­ցու­մով  ծրա­գիր­ներ  մշա­կե­լու  գոր­ծըն­թա­ցին,  ճիշդ  կողմ­նո­րո­շու­մի,  ո­րոնք  վստա­հա­բար, պէտք է  պատ­րաս­տո­ւած  ըլ­լան  մաս­նա­գի­տա­ցած եւ փոր­ձա­ռու  հայ  մար­դու­ժի  կող­մէ` կրթա­կան, գի­տա­կան,  մշա­կու­թա­յին,   տնտե­սա­կան, բա­րե­սի­րա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րուն մէջ, եւ մա­նա­ւանդ ժա­մա­նա­կա­կից, ճկուն լծակ­նե­րով եւ գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու մի­ջազ­գա­յին զու­գա­հեռ­նե­րով։

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած բո­լոր շնոր­հա­կալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զան հա­մայն­քա­յին  հան­դի­պում­ներ, գա­ղու­թա­յին խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ, քննար­կում­ներ, խորհր­դա­ժո­ղով­ներ, հա­մա­գու­մար­ներ, լսա­րան­ներ եւ այլն, մնա­ցին  ոչ պար­տա­ւո­րիչ եւ ան­կախ, տե­սա­կան եւ ան­կաշ­կանդ պա­րու­նա­կի կամ մա­կար­դա­կի վրայ։ Նոյ­նիսկ  բազմազան վեր­լու­ծում­նե­րը, ա­հա­զան­գող ա­լե­կո­ծում­նե­րը, թար­մա­ցում­նե­րը շո­գիա­ցան՝ ան­հե­տա­ցան մնա­լով միայն մա­մու­լի է­ջե­րուն վրայ իբ­րեւ յի­շա­տա­կե­լի եւ չգոր­ծադ­րո­ւած  ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ան­ցու­դար­ձեր։

Այդ բո­լո­րը պէտք ու­նէին մարմ­նա­ւո­րո­ւե­լու աշ­խա­տան­քա­յին քար­տէս­նե­րով եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րով։  Պէտք  էր  զօ­դո­ւէին   հա­մա­հայ­կա­կան ցան­ցա­յին,  հե­տե­ւո­ղա­կան,  լուրջ աշ­խա­տե­լաո­ճով եւ հա­մա­րա­տու գոր­ծի­քա­ւո­րում­նե­րով, վա­ւե­րա­ցո­ւած գործ­նա­կան գի­րե­րով, յու­շա­գիր­նե­րով  եւ  հայ­կա­կան  միա­ւոր­նե­րու   մի­ջեւ  հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք բա­րո­յա­կան նո­ւա­զա­գոյն պար­տա­ւո­րու­թիւն մը պի­տի ու­նե­նա­յին, լուրջ մօ­տե­ցու­մով գործ­նա­կա­նաց­նե­լու առ­նո­ւած ո­րո­շում­նե­րը։

Ն­ման պա­րու­նա­կի հե­ռան­կար­նե­րով, այդ բո­լոր ակն­կա­լո­ւած բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­րե­նան  ա­պա­հո­վել ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ,  ճկուն,  եւ մա­նա­ւանդ  թար­մա­ցած  կա­ռոյց­նե­րով ա­պա­գա­յա­տե­սիլ Սփիւռք մը։ Ա­յո՛ պէտք է երկ­րոր­դել վե­րա­կանգ­նու­մի ճշմար­տու­թեան հաս­տա­տու­մին եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, բայց հարց պէտք է տալ՝ իսկ ի՞նչ ընել անկէ ան­դին, ի՞ն­չը  վե­րա­կանգ­նել  եւ ինչ­պի՞­սի ծրա­գիր­նե­րով եւ գոր­ծի­քա­ւո­րում­նե­րով վե­րա­կանգ­նել։ Կը մնայ յի­շել եւ վեր­յի­շեց­նել, որ այ­սօր ինչ­պի՞­սի սերմ­նա­ցա­նու­թիւն կ­ը­նենք, վստա­հա­բար ա­պա­գա­յին պի­տի հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցա­նե­ցինք։  

 Բ Տրամախոհական դիտարկումներ

Սփիւռքը ամէնօրեայ տագնապ է, Սփիւռքի գոյառումը պէտք է մեր ամէնօրեայ մարտահրաւէրը ըլլայ, Սփիւռքի բազմաբարդ թղթածրարը յարատեւ հսկողութեան տակ պէտք էր պահէինք եւ մշտատեւ պահենք ։

Հարց տանք՝ եր­կու տաս­նեակ տա­րի­ներ սպա­սե­լու կա­րի­քը կա՞ր, որ Սփիւռ­քի յա­տուկ նման հռչա­կա­գիր մը այս տա­րի ծա­նու­ցո­ւեր։ Ար­դար է հար­ցադ­րել, թէ ար­դեօք հա­շո­ւե­յար­դա­րի են­թար­կո­ւա՞ծ են նա­խորդ հռչա­կո­ւած տա­րի­նե­րու ըն­թացք­նե­րը, հա­մա­րա­տո­ւու­թեան լծակ­նե՞ր ու­նէին, լուրջ քննար­կում­ներ ե­ղա՞ծ են, եզ­րա­յան­գում­ներ կա­տա­րո­ւա՞ծ են, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, վեր­լու­ծում­ներ կա՞ն, ի՞նչ են  հե­տե­ւանք­նե­րը,  աշ­խա­տան­քա­յին  կամ  ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս­նե­րը եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը։

Ո՞վ պի­տի խօ­սի ամ­բողջ հայ ազ­գի ա­նու­նով, ո­րո՞ւն  վստա­հած ենք մեր հայ  էու­թեան մա­սին խօ­սի­լը, ա­պա­գան ծրագ­րե­լը։ Կը հա­ւա­տանք որ Սփիւռ­քը ոչ ո­քի ի­րա­ւունք չէ  տո­ւած մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու  վրայ  իր ա­նու­նով  խօ­սե­լու,  իսկ Հա­յաս­տա­նի  հա­յու­թիւ­նը  այդ ի­րա­ւուն­քը կա­մայ թէ ա­կա­մայ ար­դեօք  Մոս­կո­ւա­յի՞ն  յանձ­նած է,  պէտք  է վե­րա­տե­սու­թեա՞ն են­թար­կէ այդ ընտ­րան­քը։ Ուս­տի, երբ չկայ հայ Սփիւռ­քի ա­նու­նով խօ­սող մար­մին մը, ու­րեմն ա­մէն հայ միա­ւոր ինք­զինք կրնայ հա­մա­րել հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, խօս­նա­կը։ Ի՞նչ ը­նել ու­րեմն, ո­րո՞ւ վստա­հիլ այդ ի­րա­ւուն­քը։ Ո՞վ պի­տի ստանձ­նէ այդ պաշ­տօ­նը։ Ո՞վ կեան­քի պի­տի    կո­չէ    եւ  գործ­նա­կա­նաց­նէ  ու  ղե­կա­վա­րէ   ծրագ­րո­ւե­լիք  վե­րոն­շեալ  գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը։

Մենք Սփիւռ­քի հե­ղի­նա­կու­թեան ՀՍԿԱՅ տագ­նապ մը, ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան բաց մը ու­նինք, միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք:

-Մ­տա­ծա՞ծ ենք, ո­րո­շա՞ծ ենք հա­ւաս­տի ղե­կա­վար մարմ­նի մը մա­սին, դեռ ժա­մա­նա­կը չէ՞ հա­սած, դեռ ստեղ­ծե­լու հո­ղը պատ­րաստ չէ՞, ինչ­քա՞ն պի­տի սպա­սենք հա­մաս­փիւռ­քեան հե­ղի­նա­կու­թիւն եւ ճանաչելիութիւն ու­նե­ցող մարմին մը կազ­մե­լու հա­մար։

Աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն բա­ցա­կայ է լիա­զօ­րո­ւած հա­մա­հայ­կա­կան մարմ­նի մը  ներ­կա­յու­թիւ­նը, հա­մա­հայ­կա­կան շա­հե­րը ղե­կա­վա­րողն ու պաշտ­պա­նո­ղը – ան­կեդ­րոն էու­թեամբ հայ Սփիւռ­քի մէջ զգա­լի ներ­կա­յու­թիւն են հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րը, ո­րոնք զա­նա­զան թո­ւա­քա­նակ­նե­րով կը պա­րու­նա­կեն ինք­նա­վար եւ եր­բեմն ան­տէր, ան­կազ­մա­կերպ եւ  բազ­մաբ­նոյթ կա­ռոյց­ներ՝ պատ­մա­կան, յե­տե­ղեռ­նեան, յետ­խորհր­դա­յին, խառ­նա­ծին եւ բազ­մա­շերտ սե­րունդ­նե­րով։ Պարզ օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար, կա­րե­լի է հարց­նել՝ մեծ մար­տահ­րա­ւէր մը չէ՞ այ­սօր Սփիւռ­քի մէջ սո­վո­րա­կան մար­դա­հա­մար մը ծրագ­րե­լը եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լը․․․ եւ այլն։

-Ի­րա­կա­նու­թիւն է, որ Սփիւռ­քի մէջ, մենք պե­տա­կան հա­մա­կար­գու­մի կա­ռոյց չու­նինք, եւս ա­ռա­ւել մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը (կու­սակ­ցա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, մշա­կու­թա­յին…) ինք­նիշ­խան չեն, դար­ձեալ կը մնան հո­գե­ւոր կամ կու­սակ­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու են­թա­կա­յու­թեան ներ­քոյ։

-Ս­փիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ չու­նինք պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի մտա­ծե­լա­կերպ, չու­նինք   պե­տա­կա­նա­մէտ գոր­ծու­նէու­թիւն,  նա­մա­նա­ւանդ  միա­ձու­լած  ենք  հա­մա­հայ­կա­կանն ու հայ­կա­կա­նը, նոյն­պէս ա­նոնց հան­դէպ մեր դա­տո­ղու­թիւն­նե­րը, մեր կեդ­րո­նա­ցու­մը մսխած ենք միայն հայ­կա­կա­նին չգե­րա­դա­սե­լով հա­մա­հայ­կա­կա­նը։

-Պէտք է ստեղ­ծել մրցու­նակ կրթու­թիւն, գի­տա­կանն ու ի­մաս­տա­սի­րու­թիւ­նը ար­ժե­ւո­րող մի­ջա­վայ­րեր, հա­մա­հայ­կա­կան ստեղ­ծա­րար հար­թակ­ներ, հայ գի­տա­կան են­թա­կա­ռոյ­ցով հա­մա­կար­գեր, որ ա­կան­ջա­լուր ըլ­լան դա­րու գի­տա­կան հրա­մա­յա­կան պա­հանջ­նե­րուն եւ ա­չալր­ջօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նեն զա­նոնք։

-Հ­րա­մա­յա­կան է, թէ՛ ու­սում­նա­կան եւ թէ կրթա­կան  ներ­կայ  գոր­ծըն­թաց­նե­րուն  մէջ  յա­րա­փո­փո­խու­թիւնն ու  նո­րա­րա­րու­թեան յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, փոխ­ներ­գոր­ծու­թիւ­նը։

-Ա­ռանց յա­պա­ղու­մի   ան­շա­հախն­դիր  կազ­մա­կերպ­չա­կան են­թա­կա­ռոյ­ցի   մը  եւ  զայն ղե­կա­վա­րող միա­ւորնե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կայ:

-Վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մի ար­ժա­նի է կրթա­կան մեր կեան­քի մէջ տե­ղե­կա­գի­տա­կան (information system), ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան (technology), ան­գո­յա­կան կամ ե­րե­ւու­թա­կան (Vitrual), ցան­ցա­նեարդ (Neural) եւ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան (telecommunication) վրայ հիմ­նո­ւած հա­մա­կար­գե­րու կի­րա­ռու­մը։ Այս­պէս՝

-Կր­թա­կան կա­ռոյց­նե­րու  ի­րա­վի­ճա­կը  բա­րե­լա­ւե­լու  հա­մար,  հեռանկարային ելքերով  ծրա­գիր­ներ պէտք է մշակել, ի­րա­պաշտ լու­ծում­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեամբ կամ կի­րա­ռու­մով:

 Գ Սփիւռքի հաւաքական գիտական ներուժը

21-րդ դա­րու զար­գա­ցած  տար­բեր  եր­կիր­նե­րու  մէջ  գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կամ  այս­պէս կո­չո­ւած մտքի պա­շար­նե­րու կեդ­րոն­նե­ր (think tank), որոնք իբրեւ ռազմավարական գաղափարներու դարբնոցներ (The smithies of strategic ideas)  կը զար­գա­նան եւ կը դառ­նան ոչ միայն ներ­պե­տա­կան, այլ հան­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­ներ, ո­րոնք կ­’ի­րա­գոր­ծեն  զա­նա­զան  հե­տա­զօ­տա­կան    ծրա­գիր­ներ՝ ռազ­մա­կան  հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան, ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան, ա­հա­բեկ­չու­թեան, տնտե­սա­գի­տու­թեան ծրա­գիր­ներ։ Այս­պի­սով այս կեդ­րոն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած գի­տա­կան   ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը    ազդու   եւ  եր­բեմն վճռա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին ռազ­մա­վա­րու­թիւն մշա­կող այ­րե­րու  ծրա­գիր­նե­րուն   եւ նշա­նա­կա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին նաեւ ո­րո­շում կա­յաց­նող ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու վրայ։

-Հայ Սփիւռ­քի մէջ աչ­քա­ռու  է   ան­հա­տա­կան   նե­րու­ժի   նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կի­րա­ռու­թիւն, մա­կե­րե­սա­յին է մեր հա­ւա­քա­կա­նի նե­րու­ժը եւ ի­րար հան­դէպ մեր զի­ջո­ղու­թիւ­նը։

-Հաս­տա­տու­թե­նա­կան (Institutional) քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը պէտք  է  ըն­դու­նիլ,  որ­պէս փրկօ­ղակ: Այդ ռազ­մա­վա­րու­թեան պա­կա­սը շատ զգա­լի է, ո­րով հայ բազ­մա­շերտ կա­ռոյց­նե­րը չու­նին հաս­տա­տու­թե­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հա­մա­կար­գեր, ուս­տի չկայ մեր ազ­գի հան­դէպ, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան, հա­մա­րա­տո­ւու­թեան եւ հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան լծակ­ներ, դէ­տեր։

-Հաս­տա­տու­թե­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը  պէտք  է բացարձակ ան­կախ  ըլ­լայ  բո­լոր  ներ­գոր­ծող հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն, հան­գա­մանք­նե­րէն՝ նախ եւ ա­ռաջ կու­սակ­ցա­կան, կրօ­նա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, միու­թե­նա­կան եւ այլն։ Այ­սօր մե­զի կը պակ­սի հաս­տա­տու­թե­նա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան տար­բե­րա­կը եւ ըստ այնմ մեր հար­ցե­րու լու­ծում­նե­րուն գործ­նա­կա­նա­ցու­մը։

-Ու­նինք անն­ման հե­րոս ան­հատ­նե­րու եր­կար ա­նո­ւա­նա­ցան­կեր, ո­րոնք ու­նին բա­րե­սի­րա­կան հիմ­նարկ­ներ եւ բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րամ­ներ,  նիւ­թա­կան  եւ  կազ­մա­կերպ­չա­կան մի­ջոց­նե­րով կը ծրագ­րեն, կը ղե­կա­վա­րեն եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր ձե­ւով խնդիր­ներ  կրնան  լու­ծել Սփիւռ­քի մէջ, եւ մենք ա­նոնց շնոր­հիւ կը  գտնենք   մեր   եր­կար   տո­կա­լու եւ  տե­ւե­լու  ու­ժի խա­փու­սիկ ինք­նա­գո­հու­թիւ­նը։

-Ս­փիւռ­քի եր­կա­րա­տեւ լու­ծում­նե­րը  լուրջ  հա­ւա­քա­կան  եւ  պիւտ­ճէա­կան  աղ­բիւր­ներ, մի­ջոց­ներ կը  պա­հան­ջեն,  այդ  մի­ջոց­նե­րը  ան­հատ­նե­րէն  վեր  են։  Հաս­տա­տու­թե­նա­կան կա­ռոյց­ներն են, ո­րոնք ու­նին ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւն ստանձ­նող իս­կա­կան հա­ւաս­տիք­ներ, ո­րոնք կա­րող պի­տի ըլ­լան մեր կա­ռոյց­նե­րը կեն­սա­գոր­ծե­լու, մտա­ւոր հա­րուստ պա­շա­րով սե­րունդ­ներ հասց­նե­լու, պատ­րաս­տե­լու, մէկ խօս­քով սերն­դա­փո­խե­լու, օ­ղա­կա­ւո­րե­լու եւ եր­կար ժա­մա­նակ գո­յա­տե­ւե­լու։

-Բ­նա­կա­նա­բար գի­տա­կան եւ հե­տա­զօ­տա­կան խնդիր­նե­րը խմբա­յին աշ­խա­տան­քով լու­ծե­լը ակն­յայ­տօ­րէն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ են, մա­նա­ւանդ գի­տու­թեան բազ­մա­ճիւղ (multi-disciplinary) բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։  Շա­հար­կե­լով  մաս­նա­գի­տա­կան    բազ­մա­ճիւղ    գի­տու­թիւն­նե­րու                  նո­ւա­ճում­նե­րը։ Ան­շուշտ գո­յու­թիւն ու­նին հաս­տա­տու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու տնտե­սա­կան եւ վար­չա­կան մեծ գերխն­դիր­ներ, ո­րոնց մա­սին թոյլ է նաեւ մեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, չու­նինք հա­շո­ւարկ­նե­րու տար­բե­րակ­ներ, վեր­լու­ծում­ներ, բա­ցա­յայտ հո­րի­զոն­ներ: Այս գնա­հա­տու­մը չի՛ նսե­մաց­ներ տա­րո­ւած անձ­նո­ւէր բո­լոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, աշ­խա­տանք­նե­րը, բայց չ­ան­տե­սեր նաեւ բաց­թո­ղում­նե­րը, կը հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցա­նե­ցինք։

-Ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան նե­րու­ժի բա­ցա­յայտ­ման եւ հա­մախմբ­ման խնդի­րը իւ­րա­յա­տուկ բնոյթ ու­նի Սփիւռք ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու հա­մար։ Հա­յաս­տա­նէն դուրս բնա­կող գի­տա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը իր ստեղ­ծա­րար մօ­տե­ցում­նե­րով, ան­փո­խա­րի­նե­լի նե­րուժ մը պէտք է դարձ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, իբ­րեւ զայն կեն­սա­ւո­րողն ու շնչա­ւո­րո­ղը եւ իբ­րեւ Սփիւռ­քը վե­րա­թար­մաց­նող այ­լընտ­րան­քա­յին ելք մը։ Ուս­տի այդ նե­րու­ժի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ճիշդ գնա­հա­տե­լու, կողմ­նո­րո­շե­լու եւ օգ­տա­գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կան է, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է դար­ձեալ Սփիւռ­քը բնու­թագ­րել որ­պէս՝ լճա­ցած, մա­շո­ւող, ձու­լո­ւող, ժա­մա­նա­կա­ւոր Սփիւռք եւ այլ պի­տա­կա­ւո­րում­նե­րո­վ։

Փրոֆ. Արա Սայեղ

Շարունակութիւնը՝ այստեղ https://bit.ly/3gnn3Wc

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.