Հայաստանի հասարակութեան մէջ պլոկըրներուն նկատմամբ դժգոհութիւնը օրէ օր կը խորանայ։ Մարդիկ մեծ վրդովմունքով կը նշեն անոնց անպատշաճ, անկիրթ եւ երբեմն նոյնիսկ կեղտոտ վարքագիծը։ Հասարակութեան մէջ լայնօրէն կը հնչէ այն մտահոգութիւնը, թէ այս պլոկըրները դարձած են նոր սերունդին գլխաւոր հերոսները, իսկ երեխաները սկսած են զանոնք դիտարկել որպէս օրինակ։
Անշուշտ, այս բոլորին մէջ ճշմարտութեան մեծ բաժին մը կայ, եւ իսկապէս ցաւալի է, որ մտաւորականներու, արուեստագէտներու, բժիշկներու, գիտնականներու եւ նման այլ կերպարներու փոխարէն՝ դեռահասին սիրելին կը դառնայ «պլոկըրը»։ Ցաւալին այն է, որ պլոկըրին համար պատանիները, եւ ընդհանրապէս՝ հանրութիւնը, պարզապէս առեւտրական շահագործման ենթակայ շուկայ է։ Իսկ քանի որ դիւրամարս բովանդակութիւնն է, որ ամենէն աւելի սպառում կը գտնէ, կարգ մը պլոկըրներ կ’օգտուին այս իրողութենէն՝ հետապնդելով իրենց կարճաժամկէտ նիւթական շահերը։ Նոյնիսկ կարեւոր ալ չէ, թէ Ա. պլոկըրը կը փոխարինուի Բ. պլոկըրով։ Երբ հիմքը կազմող սկզբունքը կը մնայ նոյնը, իրականութեան մէջ ոչինչ կը փոխուի։
Մարդիկ, անշուշտ, իրաւունք ունին բողոքելու, սակայն հարցին սխալ տեսանկիւնէ կը մօտենան եւ սխալ հարցումներ կ’ուղղեն։ Փոխանակ զայրանալու, որ պատանի մը զբաղած է յիմարութիւններ ընդօրինակելով, պէտք է փորձել իսկապէս հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս եւ, մանաւանդ, ինչո՛ւ այդ պատանին ընտրած է յատկապէս այս յիմարութիւնը եւ ոչ թէ ուրիշ բան մը։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս յիմարութիւնը դարձած է հասարակական լայն արձագանգ գտած, այժմէական երեւոյթ մը։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ մտաւորական կամ ինքնին արժէք ներկայացնող երեւոյթներն ու զբաղումները սկսած են ձանձրացուցիչ թուիլ հասարակութեան գերակշիռ մեծամասնութեան։ Ասոնք են այն էական հարցերը, որոնք համեմատաբար հազուադէպ կը բարձրացուին. մասամբ՝ որովհետեւ պատասխանները թէ՛ ցաւոտ են, թէ՛ հասարակութեան ամէն անդամ պատասխանատուութիւնը իր բաժինը պէտք է կրէ։
Պէտք է քաջութիւն ունենալ եւ ըսել, որ մեր գիտական ու մտաւորական շրջանակները չափէն աւելի թոյլ գտնուեցան քանի մը պլոկըրի դիմաց։ Բայց պէտք է նաեւ ընդունիլ, որ հասարակ մարդն ալ չպաշտպանեց իր ուսուցիչն ու գիտնականը, եւ վերջիններուս լեզուն մնաց կարճ, իսկ ձեռքերը՝ կապուած։ Փոխանակ բանաստեղծութենէն ու երգէն յուզուելու, փոխանակ առաքինութիւններէն ներշնչուելու, եւ փոխանակ երիտասարդութեան իմաստութեան ու խոհեմութեան ձգտելու՝ հասարակութիւնը սկսաւ տարուիլ ու հմայուիլ պլոկըրներու իմաստակութիւններով, պարզունակ ու տխմար «ճշմարտութիւններով», աժանագին փիլիսոփայութեամբ եւ կենցաղային սիրով։ Յարձակողականութիւնն ու անպատկառ լկտիութիւնը դարձան անոնց նախընտրած գործիքները, եւ այսօր մենք ականատես կ’ըլլանք հետեւանքներուն։ Ու դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակենք ականատես ըլլալ անոնց։
Եւ հիմա, երբ արդէն իսկ վախով կ’արձանագրենք, որ դպրոցական երեխաները հետզհետէ անվերահսկելի կը դառնան, մեր քայլերը տակաւին կը մնան թերի, տկար եւ սխալ ուղղութեամբ տարուած։ Ո՛չ կ’ուզենք, ո՛չ ալ կը կարողանանք ճիշդ նշանակէտին խփել։ Չենք քններ պատճառները. կը բաւարարուինք պարզապէս հետեւանքներուն շուրջ աղմուկ բարձրացնելով։
Բայց ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մարդիկ, առաքինութիւններու ձգտելու փոխարէն, սկսան ընտրել պարզունակն ու գարշելին։ Միթէ՞ նոր սերունդը ի բնէ չար ծնաւ։ Զայն այդպիսին դարձուցինք ու կը շարունակենք դարձնել մե՛նք եւ միայն մե՛նք։ Ո՞վ, եթէ ոչ Խորհրդային Միութեան տարիները ապրած մարդը, լաւագոյնս գիտէ, թէ ի՛նչ են համակարգային սուտն ու կեղծիքը։ Ո՞վ, եթէ ոչ ան, որ պէտք է պայքարէր անոնց դէմ՝ գիտակցելով, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կ՚ունենայ, երբ առօրեայ սուտը կը վերածուի առօրեայ ճշմարտութեան։ Ան, որ համալսարանին մէջ ստիպուած էր սերտելու «գիտական համայնավարութեան» անհեթեթութիւնները, որ պարտադրուած էր գոց սորվիլ Կեդրոնական Կոմիտէի նիստերուն անիմաստ արձանագրութիւնները, վստահաբար սարսափով ականատես եղած պիտի ըլլար, թէ ինչպէ՛ս Խորհրդային Միութիւնը՝ իր գիտական ամբողջ անհեթեթութեամբ ու անիմաստութեամբ, հիմնայատակ կը կործանէր։ Եւ այս բոլորը պէտք է իրեն յուշէին, որ ասկէ ետք ամէն ինչ տարբեր պիտի ըլլար, մանաւանդ որ ինք անձամբ կրած էր կայսերական հսկայական սուտի մը ամբողջ ծանրութիւնը եւ ճզմուած անոր տակ։

Բայց փոխանակ ուշքի գալու եւ նոր սերունդը ապագային պատրաստելու, մենք ընդամէնը զայն անտէր թողեցինք։ Անոր տուինք ազատութիւն, բայց ոչ պատասխանատուութիւն։ Ազատուելով խորհրդային շղթաներէն՝ մենք ուրախութեամբ նետուեցանք անգիտութեան փոսը, վեր հանեցինք այն ողջ կեղտը, որ նստած էր մեր հոգիին մէջ ու հիմա երիտասարդ սերունդը հրճուանքով կը լողայ այդ կեղտին մէջ եւ կը կատարելագործէ այդ ողջ անհեթեթութիւնը։
Այդ խելագարութեան մէջ կորսուեցան արուեստն ու գիտութիւնը։ Ամէն ինչ ցաւալի աստիճանի պարզունակ դարձաւ. «հայրենիք» հասկացութիւնը վերածուեցաւ սոսկ կենացներու, մինչ ազատութիւնը մնաց հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու։ Ազատութիւնը եկաւ, բայց միայն հեռանալու եւ այլեւս երբեք չվերադառնալու համար, որովհետեւ մենք մեզ շղթայեցինք նոր՝ յետխորհրդային շղթաներով։ Արտաքին աշխարհէն իւրացուցինք բազմաթիւ բացասական երեւոյթներ՝ մոռնալով մեր մէջ եղած լաւը, որ կրնար զէնք ու կռուան դառնալ դէպի ապագայ տանող ճանապարհին վրայ։
Պլոկըր մը, որ հրապարակաւ կը խօսի իր բնական կարիքները հոգալու մասին, պատահական երեւոյթ մը չէ. ան իր միջավայրին ծնունդն է։ Ան ո՛չ եզակի է, ո՛չ ալ նմաններուն մէջ վատագոյնը. պարզապէս իր վրայ հրաւիրած է հանրութեան ուշադրութիւնը։ Բայց քանի՜-քանի՜ ուրիշներ ալ կան, որոնք նոյն ձեւով կը խօսին ու կը վարուին։ Անոնցմէ քանի՞ն հանրային պարսաւանքի ազդեցութեան տակ փոխած է իր վարքագիծը դէպի լաւը, կամ գոնէ յանդիմանութեան արժանացած է։
Գրեթէ ոչ մէկը։
Նման բան նոյնիսկ չէր կրնար պատահիլ, որովհետեւ մենք էինք թէ՛ գռեհկախօսը, թէ՛ անոր բերանը փակողը։ Ո՛չ մասոնները, ո՛չ ալ դաւադիր այլ ուժեր. մե՛նք էինք անոր հեղինակներն ու պաշտպանը։ Հասարակութիւն մը, որ իբրեւ տիպար կ’ընդունի հայհոյող մարդու կերպարը, կը զարմանայ, երբ պլոկըր մը ուղիղ եթերի ընթացքին կը հայհոյէ։ Հասարակութիւն մը, որ կը հանդուրժէ ընտանեկան անհաւատարմութիւնը, կը զարմանայ, երբ ամուսնալուծումներու թիւը կ’աճի։
Ուրիշ ի՞նչ պիտի ծնէր տեղ մը, ուր այսքան կեղտ կայ կուտակուած։
Ուրիշ ո՞վ պիտի դառնար անոր հերոսն ու առաջնորդը։
Իսկ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ ապագան։ Պիտի ըլլայ այն, ինչ որ այսօր կը սարքենք, այն, ինչ որ այսօր կը ցանենք։ Միայն թէ ամէն նոր ապագայ մեզի համար հետզհետէ աւելի դժուար հասանելի պիտի դառնայ, մինչ ամէն նոր գռեհիկ զազրախօս աշխարհ պիտի գայ աւելի մեծ հպարտութեամբ եւ շատ աւելի պաշտպանուած դիրքով։
Արայիկ Մկրտումեան



