Հայը զո՞վ կը նախընտրէ. Էրտողա՞նը թէ՞ Քըլըչտարօղլուն

Թուրքիոյ մէջ տեղի կ’ունենան նախագահական ընտրութիւններ եւ բնականօրէն աշխարհ հետաքրքրուած է անոնցմով, որովհետեւ ո՛չ միայն որովհետեւ այս երկիրը այսօր աշխարհի 20 մեծ տնտեսութիւններէն մէկը (19-րդը) կը ներկայացնէ իր աւելի քան 85 միլիոն բնակչութեամբ եւ 2021-ի տուեալներով՝ 819 միլիառ տոլար ազգային միախառն արտադրութեամբ, այլեւ՝ իր աշխարհագրական դիրքին բերումով, (յատկապէս Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք), ան ստացած է կրկնակի նշանակութիւն:

Աշխարհը թրքական ընտրութիւններով շահագրգռուած է ռազմագիտական եւ տնտեսական նկատառումներով, մասնաւորաբար երբ Էրտողան իր քսան տարիներու իշխանութեան ընթացքին օսմանեան փառքի օրերը փայփայելէ անդին՝ գործնապէս հետամուտ եղաւ տնտեսածաւալապաշտական ծրագիրներու գործադրութեան՝ Սուրիայէն Լիպիա, Իրաք, Քաթարէն մինչեւ Ատրպէյճան ու Հայաստան:

Արեւմուտքն ու Արեւելքը մտահոգ են Էրտողանի օսմանականութեամբ, որ 19-րդ դարու մթնոլորտին կը վերադարձնէ Կովկասն ու Փոքր եւ Միջին ասիաները՝ իր ապագայով մտահոգ Եւրոպայի ճիշդ կողին:

Էրտողան-Փութին քաղաքական պատեհապաշտական բարեկամութիւնը նաեւ հաճելի չի թուիր ոչ Միացեալ Նահանգներուն եւ ոչ ալ Եւրոպայի համար, թէեւ մէյ մը նալը, մէյ մը մեխը հարուածելու Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը էական մասը կը կազմէ անոր միջին արեւելեան ու կովկասեան յաջողութիւններուն:

Էրտողան եւրոպայի ձեռքէն խլեց Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ հեռանկարները շահագործող խաղաթուղթը: Սակայն Եւրոպայէն դուրս տնտեսական հզօրութիւն ստեղծելու անոր ջանքերը շատ սուղ արժեցին եւ երկիրը տարիներէ ի վեր կ’ապրի սղաճ, թղթոսկիի արժեզրկում եւ կամաց-կամաց օտար դրամագլուխներ իրենց վստահութիւնը կը կորսնցնեն Թուրքիոյ տնտեսական ապագային նկատմամբ:

Էրտողանի օսմանականութիւնը եւ մենատիրական ձգտումները ծանր ազդեցին նաեւ ժողովրդավարութեան վրայ: Իսկ ազգայնականութեան ու կրօնամոլութեան միաձուլումով յառաջացած էրտողանեան գաղափարախօսութիւնը ո՛չ միայն վտանգ ստեղծեց շրջակայ ժողովուրդներուն, այլեւ՝ թուրք ազատական մտաւորականութեան համար, որուն մէկ կարեւոր տոկոսը կամ կը գտնուի բանտերու մէջ, կամ կ’ապրի աքսորեալ կեանք մը:

Էտողանի դէմ այսօր թեկնածու ներկայացող Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, իր ընտրապայքարը հիմնած է Էրտողանի տնտեսաքաղաքական հակաթէզերուն եւ ազատականութեան վերահաստատման խոստումին վրայ: Քըլըչտարօղլու կը խոստանայ վերականգնել Եւրոպական Միութեան միանալու գործնթացը եւ բարելաւել Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ: Ան նաեւ կը խոստանայ վերահաստատել ազատականութիւնը՝ սահմանադրական, ներքին-քաղաքական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ:

Հարց կը ծագի հայուն համար, թէ ո՞ր մէկը նախընտրել: Իր արտաքին ախորժակներով ծանօթ բայց բաց թուղթերով խաղցող Էրտողա՞նը կամ ազատականութիւն ճառող բայց տակաւին գոց թուղթերով խաղցող Քըլըչտարօղլո՞ւն:

Արագ պատասխանող հայը պիտի ըսէր ոչ մէկը. թուրքը թուրք է եւ ով ալ գտնուի իշխանութեան վրայ՝ պիտի վարէ հայամերժ նոյն քաղաքականութիւնը: Ընդունելի է այս պատասխանը՝ միայն մէկ նրբութեամբ, որ ազատականութեան մթնոլորտին մէջ, բանտէ եւ աքսորէ կրնան ազատիլ բազմաթիւ թուրք ակադեմականներ ու մտաւորակններ, որոնք նոյնիսկ եթէ ուղղակիօրէն չեն ճանչնար պետականօրէն ծրագրուած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը (ճանչցողներ ալ կան), առնուազն քննական ակնոցով կը դիտեն Թուրքիոյ հայաթափումը եւ զայն կը վերագրեն ցեղասպանական արարքներու:

Տակաւին, Քըլըչտարօղլու կը ներկայացնէ բազմաբեւեռ ընդդիմադրութիւն մը, եւ հետեւաբար՝ անոր իշխանութիւնը չի կրնար պահել կեդրոնաձիգ կայունութիւն մը, որուն մթնոլորտին մէջ կրնան ազատութիւններ զարգանալ, նոյնիսկ՝ անիշխանականութիւն:

Հարցումը կը յամենայ: Ո՞ր մէկը նախընտրել:

Ո՛վ ալ շահի 28 Մայիսին կայանալիք ընտրութիւնները, կը նախատեսուի, որ Թուրքիոյ մէջ պիտի ստեղծուի նոր իրավիճակ մը. մեր նախընտրութիւնը կ’երթայ ա՛յդ իրավիճակին:

Կը ծագին հետեւեալ հարցադրումները:

Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Էրտողան կորսնցնէ ընտրութիւնները: Ան պիտի ընդունի՞ արդիւնքները եւ պատրա՞ստ է իշխանութիւնը յանձնելու ընդդիմադիրներուն: Կասկածելի է, առնուազն՝ ոչ հեզասահ:

Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Էրտողան շահի ընտրութիւնները: Առաջին հերթին, ընդդիմադիրները կասկածի տակ պիտի առնեն արդիւնքները՝ Էրտողանը ամբաստանելով իբրեւ զեղծարար: Արդար կամ անարդար արդիւնք, Էրտողանի յաղթանակը սուր բաժանումներ պիտի ստեղծէ երկրին մէջ: Պարտութիւնը՝ նոյնպէս:

Այս բաժանումները կրնան Թուրքիան առաջնորդել քաղաքական եւ տնտեսական անկայունութեան:

Այդ անկայունութեան նախանշանները արդէն կ’երեւին թրքական թղթոսկիի եւ բաժնեթուղթերու արժեզրկումով ու սղաճի մագլցումով, իսկ քաղաքական գետնի վրայ թրքական ներքին բեւեռացումները յաճախ առաջնորդած են արիւնահեղութիւններու, եւ միայն դադրած բանակին միջամտութեամբ:

Արդարեւ, ինչ որ ալ ըլլան ընտրութեան արդիւնքները, Թուրքիոյ նոր իրավիճակը անկայունութիւն կը խոստանայ:

Թէ ո՞ր նախագահը նախընտրել հարցումին, բնականօրէն պատասխանը կրնայ ըլլալ՝ Թուրքիոյ անկայունութիւնը:

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Peter Manoukian
11 months ago

Շատ օբյեկտիվ և հավասարակշռված հոդված էր, ես այլ բովանդակություն էի սպասում, դատելով վերնագրից. բայց իրականում բովանդակությունը հսկայական ջանք ու միտում է գործադրել օբյեկտիվ, հավասարակշռված մնալու համար,
Ինձ դուր եկավ այն հատվածը, որ հեղինակը հակված չէր հավակնել վճռական եզրակացությունների, ինչը շատ կարևոր է, նա մնաց զգույշ և իրատես:, չափավոր, սա մտածողության եզրն է, որը մեզ պետք է զոհ գնացած ազգից: դեմագոգիայի և ծայրահեղականության, կողմնակալ ժեստերի
A very objective and equilibrium balanced article, I expected a different content judging from the title,. but in fact the content made a huge effort and tendency to stay objective, balanced,
I loved the part that the author did not tend to claim firm decisive conclusions, which is very important, he stayed cautious and realistic, moderate and down to earth, this is the kind of thinking we need inside the nation, which has fallen a victim of demagogue and extremism, biased gestures

L.Ayvazian
11 months ago

Very objective and balanced analysis, without wishful thinking….

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x