Հարցադրող միտք, վերանորոգ ապագայ. քննական մտածողութեան այլընտրանքը կրթութեան մէջ

Մեր «Քննական մտածողութիւնը, ընկերային ցանցերը եւ պայքար կեղծ լուրերու դէմ» նախորդ յօդուածով փորձեցինք լուսարձակի տակ առնել քննական ու վերլուծական մտածողութեան կարեւորութիւնը, մէկ կողմէ՝ բամբասանքային ու կեղծ տեղեկտուութեան դէմ պայքարելու, իսկ միւս կողմէ՝ լրագրագիտութեան զարգացման սատարելու աշխատանքին մէջ:

Այսօր պիտի փորձենք ընդգծել քննական մտածողութեան կարեւորութիւնը կրթութեան եւ կրթական համակարգին մէջ: Կը հաւատանք, որ անոր ընդգրկումը կը նպաստէ աշակերտներուն մօտ զարգացնելու հարցադրող ու վերլուծող հմտութիւններ եւ զանոնք կ’օժտէ 21-րդ դարու յարափոփոխ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու յաւելեալ կարողութիւններով:

Կը հաւատանք նաեւ, որ քննական մտածողութեամբ օժտուած սերունդները կրնան կարեւոր ներդրում ունենալ յառաջադէմ հաւաքականութիւն մը ստեղծելու մեր ճիգին մէջ: Մեր աշակերտներուն անկախ մտածելու, հարցեր լուծելու եւ զանոնք քննական ակնոցով դիտելու, վերահասու շրոշումներ կայացնելու եւ բարոյական արժէքները պահպանելու կարողութիւնը դրականօրէն կ’ազդէ մեր հաւաքական զարգացման եւ բարւոք գոյատեւումին վրայ:

Քննական մտածողութեան գաղափարը նոր չէ: Անոր արմատները կը հասնին մինչեւ հին յունական փիլիսոփայութիւն, յատկապէս Սոքրաթի, Պղատոնի եւ Արիստոտէլի ուսուցումներուն մէջ: Մասնաւորաբար Սոքրաթ, որ ծանօթ է հարցապնդելու իր ուրոյն սոքրաթեան մեթոդով, որ անհատները կը խրախուսէր քննականօրէն վերաբերելու իրենց համոզումներուն եւ ենթադրութիւններուն հետ:

Արդի պատմութեան մէջ, կրթական համակարգերու մէջ քննական մտածողութեան ընդգրկումն ու խթանումը կարելի է վերագրել տարբեր մտաւորականներու, փիլիսոփաներու եւ մանկավարժներու, ինչպէս՝ ամերիկացի Ճոն Տիուի (John Dewey), զուիցերիացի Ժան Փիաժէ (Jean Piaget), ամերիկացի Պենճամին Պլում (Benjamin Bloom), աւստրիացի Լուտվիկ Վիթկէնշթայն (Ludwig Wittgenstein) եւ ուրիշներ: Թէեւ այս նշուած փիլիսոփայ-մանկավարժները նշանակալի ներդրում ունեցած են, սակայն կարեւոր է նշել, որ կրթական համակարգերու մէջ քննական մտածողութեան զարգացումն ու ընդգրկումը եղած է շնորհիւ բազմաթիւ այլ մանկավարժներու եւ մտաւորականներու հաւաքական ճիգերուն շնորհիւ:

Այսուհանդերձ, արդի պատմութեան մէջ, քննական մտածողութեան հայրը կը նկատուի ամերիկացի հանրածանօթ փիլիսոփայ եւ կրթական բարեկարգիչ Ճոն Տիուի (John Dewey, 1859-1952), որուն մանկավարժական աշխարհայեացքը ամփոփուած է իր «Ինչպէ՞ս կը մտածենք (How We Think – 1910) գիրքին մէջ:

Տիուիի (1859-1952) համաձայն. «կրթութիւնը նախապատրաստութիւն չէ կեանքին, կրթութիւնը ինքնին կեանքն է»: Այս մէջբերումը կ’ամփոփէ Տիուիի այն համոզումը, որ կրթութիւնը առանձին կառոյց մը չէ, որ պարզապէս ապագայ մարտահրաւէրներու կը պատրաստէ անհատները, այլ ան անբաժանելի մէկ մասն է աւելի իմաստալից եւ լիարժէք կեանք մը ապրելու մարդկային ձգտումին: Կ’արժէ լուսարձակի տակ առնել անոր կարգ մը կրթական-մանկավարժական մտածումները:

Ըստ Տիուիի, կրթութիւնը չի սահմանափակուիր պաշտօնական հաստատութիւններով կամ կանխորոշուած ժամանակով. ան շարունակական գործընթաց մըն է, որ կը ներթափանցէ մեր գոյութեան բոլոր ոլորտները: Ծնելու պահէն մենք կը սկսինք սորվիլ եւ իմաստաւորել մեզ շրջապատող աշխարհը: Կրթութիւնը ոչ միայն կ’ընդգրկէ ակադեմական գիտելիքներ, այլ նաեւ գործնական հմտութիւններու ձեռքբերում եւ ընկերային ներգործութեան ու անձնական հետաքրքրութիւններու հետապնդման ունակութիւն: Սորվելու շարունակական այս գործընթացին միջոցով է, որ մենք աւելի խոր ըմբռնում մը կը զարգացնենք ուրիշներու եւ այն աշխարհի մասին, ուր կ’ապրինք:

Կրթութիւնը, Տիուիի համար իբրեւ կեանքը ինքնին, միահիւսուած է անձնական զարգացումին հետ: Կրթութիւնը կը ստեղծէ միջոցները ինքնաճանաչման եւ ինքնակատարելագործման համար: Կրթութեան միջոցով մենք կ’ընդլայնենք մեր հորիզոնները, կասկածի տակ կ’առնենք մեր ենթադրութիւնները եւ կը զարգացնենք աւելի լայն հորիզոն մը: Ան կը մղէ մեզ հարցականի տակ առնելու, վերլուծելու եւ քննական ակնոցով դիտելու գաղափարները եւ համոզումները: Կրթական այս մօտեցումը կը խթանէ ինքնավստահ անհատի մը պատրաստութիւնը, որ ազատամիտ է լայնախոհ ու ունակ ընդունելու որեւէ փոփոխութիւն:

Տիուիի կրթական-մանկավարժական փիլիսոփայութեան հիմքը կը հանդիսանայ քննական մտածողութիւնը, որ կ’արժէ առանձնաբար լուսարձակի տակ առնել: Տիուի կ’ըսէ, թէ կրթութիւնը կը ծառայէ որպէս քննական մտածողութեան հմտութիւններ զարգացնելու միջոց մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ մեզի կեանքի բարդութիւններուն միջով նաւարկելու մտաւորական ինքնավարութեամբ եւ խորաթափանցութեամբ: Կրթութեան ճամբով մենք կը սորվինք քննական հարցումներ տալու ձեւերը, աւանդական համոզումներ վերանայելու ունակութիւնը եւ տարբեր հեռանկարներ փնտռելու պատրաստակամութիւնը: Այս բոլորը անհատը կ’օժտեն ինքնավստահութեամբ, որ կրնայ կայացնել վերահասու որոշումներ, հարցերը լուծել խելամտօրէն եւ կարեւոր ներդրում ունենալ հասարակական կեանքին մէջ:

Նշմարելի է, որ քննական մտածողութիւնը կ’երաշխաւորէ շարք մը հմտութիւններ, որոնք կը գերազանցեն դասական կրթութիւնը: Քննական մտածողութեան հմտութիւններով օժտուած աշակերտները իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին կը ցուցաբերեն նորը սորվելու պատրաստակամութիւն, քննականօրէն կը գնահատեն տեղեկութիւնը եւ տեղեկատուութիւնը ու կը թարմացնեն իրենց ըմբռնումները, երբ նոր տուեալներ յայտնուին: Արագ փոխուող այսօրուան ընկերութեան մէջ՝ անոնք, որոնք կրնան քննական ակնոցով դիտել եւ յարմարիլ նոր տուեալներու՝ կրնան մեծապէս նպաստել հաւաքականութեան յառաջդիմութեան:

Այս յատկութիւնները կը նպաստեն աշակերտներու անձնական զարգացումին, յարմարուողականութեան եւ ճկունութեան՝ տալով անոնց միջոցները ինքնավստահութեամբ դիմակալելու մարտահրաւէրները, օգտուելու ներկայացող առիթներէն եւ հասնելու իրենց նպատակներուն կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ, ըլլան անոնք յարաբերութիւններ, ասպարէզ կամ անձնական բարեկեցութիւն:

Տակաւին, քննական մտածողութեան հմտութիւններով օժտուած աշակերտները հետագային մեծապէս կը նպաստեն իրա՛ւ ժողովրդավար մթնոլորտի ստեղծումին ու ծաղկումին՝ խթանելով հանդուրժողականութիւնը եւ յարգանքը ընկերային բազմազանութեան նկատմամբ: Անոնք հաւատարիմ կը մնան ժողովրդավարական արժէքներուն եւ կ’ունենան միջոցները պաշտպանուելու ապատեղեկատուութենէն, որ թշնամին է ժողովրդավարութեան: Անոնց կրթութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ գործելակերպի պահպանումին ու ամրապնդման գործին մէջ:

Քննական մտածողութիւնը կը խթանէ քաղաքական հաշուետուութիւնը: Քննական մտածողութեան հմտութիւններով օժուած անձեր հակամէտ կ’ըլլան հարցադրելու, կասկածի տակ առնելու եւ ըստ այնմ գնահատելու քաղաքական հաստատութիւններու եւ առաջնորդներու արարքները, քաղաքականութիւնները եւ յայտարարութիւնները: Անոնք կը փնտռեն փաստեր, նկատի կ’առնեն բազմաթիւ երեսները եւ կը վերլուծեն քաղաքական որոշումներուն հաւանական հետեւանքները: Այս ձեւով, քննական մտածողութեամբ օժտուած քաղաքացիները պատասխանատուութեան կ’ենթարկեն քաղաքական գործիչները՝ միաժամանակ պահանջելով թափանցիկութիւն, ուղղամտութիւն եւ պատասխանատու ղեկավարութիւն, ինչ որ կը նպաստէ ժողովրդավար ընկերութեան զարգացումին:

Բնականօրէն ըսել չենք ուզեր, թէ դասական կրթութեամբ հասակ առած աշակերտները կը ձախողին իրենց անձնական կամ հաւաքական կեանքին մէջ: Քննական մտածողութիւնը պարզապէս աւելի թափանցիկ կը դարձնէ անհատն ու ընկերութիւնը: Մենք կը հաւատանք որ դասական կրթութիւնը նաեւ կը հետապնդէ աշակերտներու անհատականութեան խթանումը՝ զանոնք օժտելով լեզուական ուժեղ հմտութիւններով եւ մարդկային արժէքներով ու մանաւանդ մշակութային ժառանգութեան գիտակցութեամբ:

Սակայն, հաւաքական մեր կեանքին մէջ նշմարուող բոպիկութիւնը մտածել կու տայ այլընտրանքներու մասին:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեան

Քննական մտածողուդեան մասին շատ ճիշտ բացատրութիւններ է տրուած եւ այսօրուայ հայկական հաւաքական կեանքի եւ ընդհանրապէս բոլոր մարզերու մէջ բոպիկութիւնը տեսանալի է եւ ցաւալի:
Շնորհակալութիւն յիշեցման համար:

Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեան

Քննական մտածողուդեան մասին շատ ճիշտ եւ հատաքրքրքկքն բացատրութիւններ է տրուած եւ այսօրուայ հայկական հաւաքական կեանքի եւ ընդհանրապէս բոլոր մարզերու մէջ բոպիկութիւնը տեսանալի է եւ ցաւալի:
Շնորհակալութիւն յիշեցման համար:

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x