Լաւագոյն նուէրի փնտռտուքը տօնական այս օրերուն

Տօնական օրերը, հակառակ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն, որոշ ջերմութիւն եւ ուրախութիւն կը բերեն իրենց հետ, իսկ ուրախութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը՝ նուիրելու հաճոյքն է անկասկած, որ միախառնուելով տօնակատարութիւններուն, խնճոյքներուն, մեր մանուկներու ծիծաղին, մեր պատանիներու խանդավառութեան եւ մեր երիտասարդներու ու չափահասներու ձգտումներուն ու երազներուն՝ կը սահմանէ ու կը խթանէ տօնական ոգին: Տարեթիւը, ոչ ալ անոր փոփոխութեան տօնը՝ Նոր Տարին իմաստ ու արժէք ունի, երբ բացակայ է վերածնունդի եւ վերանորոգման յանձնառութեան այդ ոգին՝ անձնական թէ հաւաքական կեանքի մէջ:

Ամէն մարդ կ’ուզէ լաւագոյնը նուիրել իր հարազատին, եւ ամէն մարդ ազա՛տ է իր ուզած բանը նուիրելու եւ պիտի՛ նուիրէ, բայց մեր մաղթանքն է, որ նուիրաբերելու ատեն չմոռնանք մեր մեծ հարազատը՝ մեր մեծ ընտանիքը՝ մեր հաւաքական կեանքը եւ զայն կենսաւորող կռուանները:

Թէեւ հիւանդ, բայց երբ լիբանանեան հայրենիքի սիրտը կը բաբախէ տօնական օրերու կշռոյթով, մենք կը պատկերացնենք, որ հայ համայնքն ալ կը համախմբուի նուիրաբերութեան ոգիով: Տուները, փողոցներն ու վաճառատուները զարդարող լոյսի շողերէն անդին, մեր մաղթանքն է, որ Լիբանանի հայ համայնքը տօները կ’ընդունի իբրեւ հանդիպելու, բարութիւն տարածելու եւ բարերարութիւն կատարելու առիթ մը: Հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն եւ շարունակուող մարտահրաւէրներուն, ներառեալ՝ պատերազմի ուրուականը Լիբանանի հարաւին մէջ, մենք հաստատակամօրէն կը հաւատանք, որ յոյսը, ի վերջոյ, պիտի յաղթանակէ: Մեր համայնքը տասնամեակներու ընթացքին զարգացուցած է մարտահրաւէրներուն ու փոփոխութիւններուն յարմարելու եւ տոկալու հաւաքական կարողութիւն մը, որ դարձած է մեր առաջնորդը դժուարին ժամանակներու մէջ:

Եկէք պահ մը մտածենք ամէնէն արժէքաւոր նուէրին մասին, որ կարելի է տալ այս օրերուն: Բնականօրէն, ամէն անհատ ունի իրը՝ իր ամենաթանկը անձնական կեանքի մէջ, բայց ի՞նչ է այն հաւաքական կեանքի մէջ. մեր երիտասարդները եւ անոնց դասիատարակութիւնն ու կրթութիւնը անկասկած: Յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, որեւէ ներդրում երիտասարդութեան ուղղութեամբ՝ կը հանդիսանայ ամէնէն կարեւորը վերանորոգ ու բարգաւաճ ապագայի համար:

Այս տարի՝ կեդրոնանանք մեր երիտասարդութեան վրայ` զանոնք ներգրաւելով նուիրելու բերկրանքին եւ կամուրջ մը ստեղծելով անցեալի աւանդութիւններուն եւ ապագայի սպասումներուն միջեւ: Բարեգործութեան ոգիով, եկէք ոչ միայն մեր ձեռքերը երկարենք կարիքաւորներուն, այլեւ զօրացնենք նորահաս սերունդի ներգործուն դերակատարութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին կազմակերպական կեանքին մէջ:

Տօնական այս օրերուն եկէք որոշենք գնահատել իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի մտքին ներուժը, եւ առաջադրենք այդ ներուժը զարգացնող միջոցներ: Կրթական, մշակութային եւ ընդհանրապէս երիտասարդներու ձայնը լսելի ու ամուր դարձնող այլ ծրագիրներու մէջ ներդրումներ կատարելը նման է սերմնացանքի, որ հետագային պիտի ծաղկեցնէ մեր ապագան:

Երիտասարդ սերունդին հանդէպ մեր նուիրուածութիւնը շատ աւելին է քան նիւթեղէն նուէրը: Ան կ’ընդգրկէ երկխօսութեան համար պայմաններու ստեղծումը, միտքերու այլազանութեան, ընդհանրապէս այլակարծութեան հանդէպ լայնախոհութիւնը եւ երիտասարդներուն մէջ տոկունութեան, բարեգործութեան եւ համայնքային ծառայութեան արժէքներու սերմանումը: Երբ այս օրերուն կը խմբուինք աւանդական սեղաններու շուրջ, եկէք նաեւ աւանդութիւն դարձնենք երիտասարդական սեղաններու սարքումը, ուր առատօրէն նորահաս սերունդին կը հրամցուին հաւաքականութեան ծառայելու, անոր տէր դառնալու, զայն ղեկավարելու եւ ի վերջոյ՝ բարգաւաճելու բոլոր միջոցները: Այսպիսով մենք ոչ միայն կը զօրացնենք մեր համայնքին փոխկապակցութիւնն ու ներդաշնակութիւնը, այլեւ կ’երաշխաւորենք անոր գոյատեւումը:

Տօնական եռուզեռի այս օրերուն եկէք մտածենք նաեւ մեր տարեցներուն մասին՝ ոչ միայն հոգատարութեան ոգիով, այլեւ գտնելով ձեւերը մեր երիտասարդները ներգրաւելու եւ զանոնք կամրջելու մեր տարեցներուն հետ: Հաւատացէ՛ք, տատիկի ու թոռան կապը որքան կարեւոր է ազգային դիմագիծի ձեւաւորման մէջ: Այդ կապով է որ «հինին» հայաբոյր համը կը շաղախուի «նորին» նորարարկան թռիչքներուն հետ: Լիբանանի հայ համայնքը այսօր կը ներկայացնէ բազմազան ու բազմագոյն մետաքսեայ հիւսուածք մը, ուր գիծերն ու գոյները կորսնցուցած են իրենց կառոյցն ու ներդաշնակութիւնը եւ հետեւաբար՝ իրենց գրաւչութիւնը, եւ այդ մետաքսեայ հիւսուածքը կրնայ ամողջովին փտիլ, եթէ կարելի չըլլայ մեր երիտասարդներու ներուժով ու գաղափարներով վերանորոգել զայն: Գիծերն ու գոյները դրած են մեր տարեցները, կը մնայ նոր ու ժամանակակից ճաշակով վերակենդանացնել զայն: «Տատիկի ու թոռնիկի» այս կապը՝ անցնելով միջին սերունդի բովէն՝ կրնայ ստեղծել տարածքներ, ուր կարելի կ’ըլլայ զարգացնել ու ամրապնդել իւրաքանչիւրին հաւաքական հայաշունչ պատկանելիութեան զգացումը: Տարբերութիւնները կը դառնան նրբաթելեր, որոնք կը զարդարեն մեր համայնքին հիւսուածքը:

Մէկը բոլորին համար, բոլորը Լիբանանի հայ համայնքին համար: Տօնական այս օրերու լաւագոյն մաղթանքը, խոստումն ու յանձնառութիւնը պիտի պիտի ըլլայ համախմբուիլ հաւաքական գործի շուրջ: «Մէկը բոլորին համար, բոլորը Լիբանանի հայ համայնքին համար» կարգախօսը կարելի չէ իրականացնել առանց սերունդները կամրջող համագործակցութեան ոգիի զարգացման, առանց երիտասարդները ներգրաւելու համայնքային աշխատանքներուն մէջ՝ ստեղծելով նախաձեռնութիւններ, որոնք միաժամանակ կ’արձագանգեն անոնց ձգտումներուն:

Նոր տարուան նախօրեակին եկէք ոչ միայն տօնենք առիթը, այլեւ մարմնաւորենք անոր իսկական ոգին` վերանորոգման բագինին ընծայելով խոստումը զօրացնելու նորահաս սերունդներուն դերակատարութիւնը գաղութապահութեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքապահութեան մէջ: Նոր տարուան հետ փակենք էջը հինցած կառոյցներուն եւ նորին ստեղծումը վստահինք մեր երիտասարդներուն:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Պետրոսյան Հասմիկ
Պետրոսյան Հասմիկ
4 months ago

Մեր Սիրելի Սփյուռքի Հայ Ազգ Մենք միասին կերտելու ենք ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆԸ… Ի ԳՈՐԾ ՀԱՆՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՎ ՍՓՅԵՒՌՔԻ 👊🇦🇲🇺🇸🇨🇦🇬🇷🇫🇷🤗

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x