Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան «խենթութիւնը»

Վարուժ Թէնպէլեան

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, 7, 8, 9-10 Յունիսին, յաջորդաբար կը ներկայացնէ «Տունը Սահմանին», «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է» եւ «Քեռի Քուչին, Tom & Jerry» թատերախաղերը:

Իսկապէս ուրախալի է լիբանանահայ կեանքին մէջ տեսնել այս թատերական եռանդն ու եռուզեռը, որ լաւատեսութեամբ կը համակէ մեր հոգիները՝ մասնաւորաբար տնտեսական ու քաղաքական այս ճնշիչ մթնոլորտին մէջ:

Քանի մը տարիներու վրայ երկարող ակամայ բացակայութենէ ետք, արդէն գաղութիս թատերական կեանքի եղանակին բացումը կատարած են լիբանանահայ տարբեր թատերախումբեր, որոնց անխոնջ աշխատանքն ու նուիրումը արժանի են ամէն գնահատանքի: Կը լսենք. բոլոր ներկայացումները կ’արժանանան մեծ ընդունելութեան, որ ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդին մեծ ծարաւը թատերական ու մշակութային ձեռնարկներու:

Գիտենք, թէ մարդկային ու նիւթական ի՛նչ զոհողութիւններով կ’իրականան այս բոլորը:

Սակայն, այս տագնապալի օրերուն, 15 հոգինոց թատերախումբ հրաւիրել «դուրսէն», այս պարագային՝ Հայաստանէն, քիչ մը «խենթութիւն» պիտի նկատուի շատերու կողմէ: Այս «խենթութեան» շարժառիթներուն ու նպատակներուն մօտէն ծանօթանալու նպատակով հանդիպում մը ունեցանք Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանի հետ:

«Լիբանանահայ թատրոնը սիրողական է եւ բնական է որ այդպէս ըլլայ նկատի առնելով գոյութիւն ունեցող դերասանական ուժերը եւ դերասանութիւնը իբրեւ ասպարէզ ընտրելու դժուարութիւնները», ըսաւ ան: «Մենք յաճախ մտածած ենք մեր հանդիսատեսներուն արհեսավարժ երանգ ու ճաշակ հրամցնելու կարելիութիւններուն մասին եւ առիթներով իրագործած ենք այդ՝ Հայաստանի Համազգայինի «Սօս Սարգսեանի» անուան թատրոնին հետ գործակցաբար: Այդ գործակցութիւնը ծաւալեցաւ մինչեւ Գիւմրի՝ նաեւ «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին հետ: Գործակցութիւնը վերածուեցաւ բարեկամութեան, եւ իրերօգնութեան մթնոլորտ մը ստեծուեցաւ: Այս մթնոլորտը դիւրացուց Վարդան Աճէմեան»ի անուան թատրոնին այս այցելութիւնը Լիբանան», մանրամասնեց Մարտիկ Տեմիրճեան:

Բնակնօրէն, 15 հոգինոց թատերախումբի կեցութեան, սրահի եւ բեմայարդարումի ծախսերը հոգալը դիւրին գործ չէ: «Բարեբախտաբար, գործակցութեան ոգին եւ այս նախաձեռնութեան նկատմամբ առկայ հաւատքը մեղմացուցին նաեւ նիւթական դժուարութիւնները: Նախ այս առիթով շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի գեղարուետական ղեկավար եւ տնօրէն Լութֆիկ Յարութիւնեանին` անոր տրամադրած բոլոր դիւրութիւններուն համար: Այս գործին նպաստեց նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը: Իսկ Լիբանանի մէջ, իսկապէս երախտապարտ ենք Համազգայինի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բարեկամներուն, որոնք, իւրաքանչիւրը՝ իր կարողութեան չափ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց այս գործին յաջողութեան համար», ըսաւ Մարտիկ Տեմիրճեան:

Արդարեւ, Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը լիբանանհայ թատերասէրներուն պիտի հրամցնէ լեհ թատերագիր Սլամովիր Մրոժէքի «Տունը Սահմանին» քաղաքական բովանդակութեամբ թատերախաղը, բեմադրութեամբ՝ Արտուշ Միքայէլեանի: «Թատերախաղը ունի այժմէկան բնոյթ եւ կը յիշեցնէ Արցախի հարցը», դիտել տուաւ Մարտիկ Տեմիրճեան:

Երկորդ թատերախաղը՝ «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է» կատակերգութիւնը կը պատկանի ֆրանսացի թատերագիր Քլոտ Մանիէի գրիչին. խնդուք պատճառող ֆարս մը, բեմադրութեամբ՝ Լութֆիկ Յարութիւնեանի:

«Լիբանանի մէջ կարեւոր բացակայ է մանկապատենական թատրոնը: Այդ նպատակով, մանաւանդ որ գրեթէ նոյն դերասաններով կը կատարուի ներկայացումը՝ որոշեցինք նաեւ բեմ բարձրացնել Յ. Թումանեանի «Շունն ու կատուն» պատմութեան այժմէկանացուած տարբերակը՝ «Քեռի Քուչին, Tom & Jerry» վերնագրով», բացատրեց Մարտիկ Տեմիրճեան:

Այս առիթով, յաջողութիւն կը մաղթենք հայրենի արուետագէտներուն եւ վարձքը կատար կ’ըսենք հայ մշակոյթի բոլոր սպասարկուներուն:

Կը մնայ, որ տոմս գնելով թատերասրահ ուղղուելու տրամադրութիւնը վերածենք կիրքի եւ իրաւ վայելքի:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Vartouhi Mournian
11 months ago

Շատ մեծ հաճույքով կարդացի, նախ շնորհակալութիւներս Տկն. Շաքէ Մանկասարեան Կորկնի. իր բոլոր չանքերով մեզ կը լուսաբանէ, հայ եւ այլ ազքի նորութիւներով եւ անձեալի պատահածով, վարձքդ կատար Շաքէ սիրելիս, Աստուած Օրհնէ քեզ։ Յաջողութեան լաւագոյն մախթանքներս Պրն. Վարուժան Թնպէլեանին եւ իր հետ աշխատող երտասարդներուն, նորանոր ճանապահ։ Համազգայինի Գասպար Իփէկեան Թատերախումբի վարչութեան, Տէրոջ Սէրը հաւատքը եւ Յոյսը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։🙏🙏🙏

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x