Անմիաբանութիւնը՝ աւեր, համագործակցութիւնը հրաշքներ կրնայ գործել

Ընկերային ցանցերու մէջ շատ յաճախ կը հանդիպինք մեծերու արծարծած միտքերէն մէջբերումներու, որոնք ընդհանրապէս ունին դրական խորք: Վերջերս հանդիպեցանք Փիթըր Քրոփոթքինի այն պնդումին, որ «մրցակցութիւնը անտառի օրէնքն է, մինչ համագործակցութիւնը քաղաքակրթութեան օրէնքը» (“Competition is the law of the jungle, but cooperation is the law of civilization”): Անմիջապէս մտածեցինք, թէ որքա՛ն կարեւոր է այս թեման հայ ժողովուրդին համար:

Նախ կ’արժէ ծանօթանալ, թէ ո՞վ է Փիթըր Քրոփոթքինը եւ ի՞նչ են անոր հիմնական գաղափարները: Փիթըր Քրոփոթքին կամ Փիոթըր Ալեքսեյեւիչ Քրոփոթքին ռուս անիշխանական (anarchist) մտածողութեան առաջնորդներէն, աշխարհագրագէտ եւ քաղաքական փիլիսոփայ, ապրած է 1842-1921 եւ նշանակալից դերակատարութիւն ունեցած է անիշխանական մտքի եւ ընկերային տեսութեան ձեւաւորման մէջ: Քրոփոթքինի գաղափարները կեդրոնացած են իրարօգնութեան, համագործակցութեան եւ կամաւոր ընկերակցութիւններու եւ ապակեդրոնացած կառոյցներու վրայ հիմնուած ընկերութեան մը ստեղծման առաջադրանքին վրայ:

Քրոփոթքինի գործերը, ներառեալ՝ «Իրարօգնութիւն. բարեշրջումի գործօն մը» (Mutual Aid: A Factor of Evolution) եւ «Հացին նուաճումը» (The Conquest of Bread) երկար ատեն մեծ ազդեցութիւն ունեցած են անիշխանական մտքի, ընկերային տեսութեան եւ նուիրապետական ու շահագործող դրութիւնները քննադատող գաղափարներու զարգացման վրայ: Անոր գաղափարները մինչեւ այսօր քննարկման առարկայ կը դառնան, երբ սեղանի վրայ կը դրուի օրակարգը ընկերութեան զարգացման այլընտրանքային տիպերու, որոնք առաջնահերթութիւն կու տան համագործակցութեան, հաւասարութեան եւ ապակեդրոնացեալ իշխանավարութեան:

Իբրեւ հայ, չէինք կրնար կանգ չառնել Քրոփոթքինի այն շեշտուած մտածողութեան վրայ, որ իրարօգնութեան եւ իրարհասկացողութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը ներգործոն սկզբունք է մարդկային ընկերութեան զարգացման ու բարգաւաճման համար. երեւոյթ մը՝ որ ներկայիս մեծ բացակայ է հայ իրականութեան մէջ:

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պարագային համագործակցութեան նշանակութիւնը աւելի կը շեշտուի, երբ նկատի առնենք մեր պատմական փորձն ու առկայ մարտահրաւէրները: Հայաստանի պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման գտնուած է բազում մարտահրաւէրներու՝ Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ պետականութեան համար պայքարը: Դժուարին ժամանակներու ատեն, հայերու միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս հայրենիքի մէջ, այնպէս ալ սփիւռքի տարածքին, եղած է կենսական՝ փրկութեան եւ գոյատեւումի համար: Համագործակցութիւնը հնարաւորութիւն տուած է պահպանելու հայ մշակոյթը, ինքնութիւնը եւ հետապնդելու ընդհանուր նպատակներ, ինչպէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ Արցախի ազատագրումը Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք: Փաստօրէն, հաւաքական կեանքի որեւէ երեւոյթ, մանաւանդ անոր բարգաւաճումն ու յարատեւութիւնը, կախեալ է զայն բաղկացնող անդամներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող իրարհասկացողութեան եւ իրարօգնութեան մթնոլորտէն:

Ներկայիս, Հայաստան եւ Արցախ դէմ յանդիման կը գտնուին աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու, տնտեսական դժուարութիւններու եւ ներքին բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան: Հայերու միջեւ համագործակցութիւնը, միաժամանակ միջազգային ընտանիքին հետ կառուցողական համագործակցութեան, կարեւոր է այս հրատապ հարցերու լուծման համար: Ըլլա՛յ ամուր տնտեսութիւն կառուցելը, ըլլա՛ն քաղաքական մարտահրաւէրները կամ տարածաշրջանային մտահոգութիւնները, այս բոլորը՝ արդիւնաւէտօրէն միա՛սին աշխատելու կարողութիւնը կը դարձնեն հրամայական:

Համագործակցութեան բացակայութիւնը սակայն, կրնայ խոչընդոտել Հայաստանի բարգաւաճումը: Ան կրնայ առաջնորդել ներքին պառակտումներու եւ տկարացնել պետութեան դիրքն ու ձայնը միջազգային բեմի վրայ: Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ երբ հայերը կը համախմբուին համագործակցութեան ոգիով, անոնք կրնան յաղթահարել ահռելի խոչընդոտներ եւ հրաշքներ գործել: Վկա՛յ Սարդարապատը: Վկա՛յ մեր վերապրումը ցեղասպանութենէն ետք:

Արդարեւ, թէեւ երբեմն մրցակցութիւնը բնական երեւոյթ է եւ որոշ պարագաներու կը նպաստէ յառաջդիմութեան, սակայն ընդհանրապէս հաւաքական աշխատանքն է կայուն յաջողութեան եւ զօրութեան բանալին Հայաստանի, հայութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան համար: Երբ նոյն եւ մէկ հայրենիքին մէջ մարդիկ չեն համագործակցիր, ապա այդ մէկը մեծ հարցականներ կը ստեղծէ. ժողովուրդը կը բաժնուի, յարաբերութիւնները կը սրին եւ պատճառ կը դառնան անկայունութեան: Ազգային նպատակներու իրագործումը կը դառնայ դժուար: Մէկ խօսքով, երբ բացակայ է համագործակցութիւնը, այդ մէկը ոչ միայն կ’արգելակէ յառաջդիմութիւնը, այլեւ կը տկարացնէ Հայաստանը եւ զայն կը դարձնէ նուազ ունակ դիմագրաւելու դժուարին պայմանները:

Թէեւ համագործակցութեան բացակայութիւնը երբեմն եղած է տիրական մեր պատմութեան մէջ, սակայն նոյն պատմութիւնը, մանաւանդ ժամանակակից օրինակներ մեզ կը յուշեն, որ հայերս միաժամանակ ունինք համախմբուելու եւ համագործակցելու հարուստ աւանդ մը: Մինչ Հայաստան կը փորձէ շարժիլ դէպի առաջ, անցեալի դասերը եւ աւելի համագործակցային ապագայի մը ներուժը պէտք է ուղղեն մեր ջանքերը՝ միասնականութեան ոգին մարմնաւորող բարգաւաճ պետութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x