Շատ երկար ճամբայ` Ղանտուրէն Սահա….

August 7, 2021

Ժամը վեցն է, նոր արթնցայ։ Պասս ժամը վեցուկէսին է։ Գիտեմ, որ չեմ ուշանար, քանի՝ տունէս մինչև Ղանտուրի գրասենեակը ընդամէնը հինգ վարկեան է։ Քսանն անց է արդէն, եւ ես կեցած եմ Մար Ճըրճոս եկեղեցիին անկիւնը։ Դիմացս Ապու Ճորճին տասնչորս հոգինոց պասն է։ Ապու Ճորճը առտուընէ քրտնած է, ձեռքը՝ ինչ-որ թուղթ, որ կը ներկայացնէ պասի փլանը։ Թաշխալա․ անուններ կան՝ սխալ են, մարդիկ կան՝ ուշացեր են, մէկը կայ՝ տեղը նեղ է, կը բանակցի կոր առջեւինին հետ, միւսին ապրանքը չի տեղաւորուիր կոր պասին մէջ․․․ Մէկ խօսքով, թաշխալա, իրարանցում։ Եօթին քառորդ կայ. ըստ աւանդութեան, ուշացած շարժեցանք։ Բախտէս, տեղս Ապու Ճորճին քովն է՝ առջեւը։ Միշտ, երբ որ ճամբորդութեանս օրն ու ժամը յստակ էր, քանի մը օր առաջ կը կտրէի այդ տեղը՝ շոֆերին քով։ Քանի՝ իսկապէս այդ ճանապարհին, ետեւը ճզմուիլը ահռելի էր։ Եօթն է արդէն ժամը, արեւը սկսաւ կամաց կամաց դուրս գալ ու մեզի ընկերակցիլ։ Խռռոցի երգչախումբը սկսաւ․ տարբեր ձայներ, տարբեր եղանակներ։ Ապու Ճորճը ջղայնութենէն յանկարծ կ’ըսէ․

«Ձեռքդ նետէ՛, հոնկէ քասէդ մը տո՛ւր»։

«Ի՞նչ քասէդ»։

«Ինչ ըլլայ նէ՝ բան մը տո՛ւր»։

Յետո հասկցայ, որ Ապու Ճորճը ընդամէնը երկու երգիչի քասէդներ ունի՝ ՃորՃ Ուասսուֆ և Նաճուա Գարամ։ Ժամերը անցան, ու կարծես թէ ես ալ քնացայ, ու երազիս մէջ մէկ բան է, որ կ’իշխէ՝ Ղասթալի նախաճաշը։

Կարծես թէ հասանք. տարբերութիւնը Հալէպի օդին և այս տեղի օդին աննորմալ է․ ամէն տեղ ջուրերը կը հոսին։ Ապու Ճորճը շարեց պասը։ Ի միջի այլոց ինքը, ինչպէս մնացած բոլոր վարորդները, ունի համաձայնութիւն որեւէ ճաշարանի հետ։ Ըստ այս համաձայնութեան, վարորդին կը տրուի նախաճաշ կամ ճաշ եւ քլինեքսի տուփ մը։ Այս վերջինը զիս միշտ զարմացուցած է։

«Ժողովուրդ, կէս ժամէն աւելի չուշանաք»։

Ու այդ ժողովուրդը կեանքին մէջ ճիշդ ժամանակին չեկաւ․ ո՞վ կը դիմանայ Ղասթալի նախաճաշին։ Տասնչորդ հոգի ենք՝ տարածուած տարբեր սեղաններու շուրջ։ Լուացուեցայ պաղ ջուրով։ Մատուցողին դիմացն եմ հիմա ու պիտի ապսպրեմ։

«Պնակ մը հաւկիթ, լեպնէ, կանաչեղէն և ճըպնէ մսա՛սա՛ա, ու հետը մէկ հատ թէյ, հաճիս»։

Տղան կարծես ճիշդ գիտէ ի՛նչ պիտի ապսպրեմ. վազելով կ’ուղուի դէպի խոհանոց։ Նստած եմ սեղանիս, ու հայեացքս կապոյտ, ուռած շիշի մը վրայ է։ Պաքքինի շիշ մըն է, տարօրինակ ձեւով ուռած, մէջը՝ ջուր։ Ճիշդ գլխուս վրան է։ Կը պատկերացնեմ, որ եթէ գլխուս ինա՝  ինչ պիտի ըլլայ։ Յետո հասկցայ, որ այս շիշերը ճանճերը վախցնելու համար են։ Կ’երեւի՝ ասիկա ճըպնէ մսա՛սա՛ի կողքին երկրորդ հրաշք բանն է Ղասթալին մէջ։ Նախաճաշս եկաւ։ Հրաշալի գոյներ ու հոտեր։ Ձեռքս ուղղակի արդէն դէպի պանիրը կ’ուղուի։ Առաջին խածը կ’առնեմ ու ցած ձայնով կ’ըսեմ՝ «Մմմմմմմ»։ Աչքս Ապու Ճորճին վրան է, որովհետեւ իր ըսած կէս ժամը կախեալ է իր՝ նախաճաշը վերջացնելէն։ Շատ արագ կ’ուտէ կոր , յաու։ Ես ալ ստիպուած եմ իր արագութեան հետ թխմել։ Հիմա եթէ պապային հետ ըլլայինք կամ ընկերներով, աւելի կը վայելէի այս անմահական նախաճաշը։

«Ժողովու՛րդ, ուշացա՛նք, յալլա՛, յալլա՛», կ’ըսէ Ապու Ճորճը, մէկ ձեռքով պասին դուռը բռնած, միւս ձեռքով՝ քլինեքսին տուփը։

Ես քովը արդէն նստած եմ։ Կը փորձեմ կոր երեք անգամ լսած Նաճուա Գարամի քասէդը փոխել։ Միւս ու միակ տարբերակը Ճորճ Ուասսուֆն է։ Ապու Ճորճը արդէն ջղայնացաւ, ձեռքը քլաքսին վրան է։ Տասնչորսէն երկու հոգի բացակայ է։ Մէկը կը լուացուի կոր, միւսն ալ՝ գիտէք ուր է։ Անշուշտ այդքան նախաճաշէն վերջ, պէտք է գիտնաք ուր է։

«Պիիիիպ, Պիիիպ, յալլա յալլա», քալեցինք։

ՃորՃ Ուասսուֆը կ’երգէ կոր։ Ապու Ճորճը կեդրոնացած է ճամբուն վրայ։ Ընդամէնը յիսուն վայրկեան, ու կը հասնինք Քեսապ։ Ամէն մարդ աշխոյժ է, քնացող չմնաց։ Ճամբան շատ դժուար է․ զառիվեր, զառիվար, դէպի աջ, դէպի ձախ։ Ու յանկարծ մէկը կը պոռայ․ «Ապու Ճո՛րճ, կեցի՛ր, պիտի փսխէ»։ Միտքիս մէջէն կ’սեմ․ «Ճիվերը կերանք». Ապու Ճորճը բարձրաձայն կ’ըսէր․ «Քաքը կերանք»։ Բայց մարդը չի կրնար չկենալ։ Ի վերջոյ, դուրսը փսխելը շատ աւելի լաւ է, քան պասին մէջը։ Կարեւորը՝ մարդը կեցաւ, փսխողը իջաւ, փսխեց. ամէն մարդ կը փորձէ հակառակ կողմը նայիլ։ Այս թաշխալային ժամանակը նուազագոյնը տաս վայրկեան է։ Ճամբան կը շարունակուի, ու կը հասնինք թրքական սահման։ Կը շարունակենք․ աջ կողմը Բարեգործականի բանակավայրն է, կը շարունակենք․ Օթել եւ ճաշարան Ռազու՛քը, ՔՋԱԿ-ը, մախֆարը, մզկիթը ու վերջապէս՝ Սահան։ Կ’ուզէի ձեզի պատմել Սահայի մասին, բայց այդ մէկը` յաջորդին։

Շարունակելի․․․․․

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x