Ճանապարհի բեմ՝ տեսարան ու ձայն – 2

October 30, 2021
Զըլեպիէ՝ Հալէպի մեջ հռչակաւոր անուշեղէն, որ նուրբ բացուած ու տապկուած թերթ է, վրան շաքարափոշի, կասիա ու պիստակի փոշի ցանուած կամ նաեւ սերով լեցուած։

Ըստ «հայկական ժամադրութեան», այսինքն՝ ոչ ճիշդ ժամին, կրկին անգամ, սիրելի՛ ընթերցող, եկուր միասին վարագոյրը բարձրացնենք Հալէպ կոչուած մեր հրաշալի բեմին, ուր ես եւ դուն շատ յաճախ եւ՛ դերասան եղած ենք, եւ՛ հանդիսատես։ Շատ չերկարեմ, յիշեցնեմ, որ երկու տեսարան պիտի ունենանք, որոնց միակ կապը այն է, որ Հալէպ պատահած են։

Վարագոյրը բարձրացուցի, սկսանք․․․․

Տեսարան առաջին՝

Վայրը՝ Սուլամանիայի նազլէն (զառիվայրը), Հաճի Տիապի անուշավաճառին խանութը:

Ժամանակը՝ ամառուան տաք առաւօտ մը, երբ հին ժամացոյցին մեծ ու պզտիկ սլաքները ուղղահայեաց են։

Դերասանները՝

ես՝ կիսաքուն վիճակով,

Հաճի Տիապը՝ շատ աշխոյժ ժպիտով,

Քանի մը երիտասարդ գործաւորներ, որոնք շատ հաւանաբար, Հաճի Տիապին ազգականները ըլլան,

Մէկ ու կէս տասնեակ յաճախորդ կամ աւելի ճիշդ՝ զըլէպիէի[1] սիրահարներ, որոնք ըստ երեւոյթին ինծի պէս գիշերը երազնուն մէջ նազելի զըլէպիէն տեսած են։

Action՝

Տունէս ուղիղ դէպի ձախ կը քալեմ, Ղասսան գրադարանին մօտ եմ, վտանգաւոր փողոցը կ՛անցնիմ հպարտութեամբ, քանի որ օթոները շատ քիչ են։ Դեղատուն Քըթթիին քովի նեղլիկ թաղն ալ կ՛անցնիմ, կը վայելեմ Սուլամանիէի զառիվայրին հանդարտութիւնը մինչեւ վերջնական կայանս․ մտքիս մէջ մէկ բան կայ․ «Ինշալլա[2], շատ յաճախորդ չըլլայ եա՜ու։ Ընդամէնը եօթը հատ պիտի առնեմ, եա րապ[3] շատ խճողում չըլլայ»։

Դուռին քովն եմ․ «Քաքնեմ բախտիս, Աստուած ձայնս չլսեց»։ Խանութը լեցուն է, ու վստահ՝ բոլորն ալ զըլէպիէ գնող են։ Ներս կը մտնեմ ու կը փորձեմ շարքին մէջ տեղաւորուիլ։ Ձախ կողմս ցած ապակիէ մը անդին հրաշալի, երազային ու քաղցր տեսարան մը կայ՝ մեծ-մեծ սինիներով (ափսէներով) անուշեղէն։ Աչքերս կը փնտռեն սիրածներս։ Գտայ․ պըլլօրիէն[4] երեսիս կը ժպտայ եւ պեն նարէնը[5] աչք կ՛ընէ։ Քիչ մը հերթին կը հետեւիմ եւ քիչ մըն ալ սիրած անուշեղէններս կը դիտեմ։ Կարգս կը մօտենայ կոր․ մէկ հոգի մնաց։ «Աստուած տայ, որ քիչ բան ուզէ»։ Սակայն Հաճի Տիապին եւ յաճախորդին զրոյցը անգամ մը եւս «հաւատքս» խախտեց․ «Քսանհինգ հատ, Հաճի Տիապ։ Ձեռքերուդ դալար»,- կը յայտարարէ յաճախորդը։

«Քսանհինգ հա՜տ։ Ասիկա կը նշանակէ գոնէ քառորդ ժամ եւս»։ Յուսահատ աչքերով կրկին կը վերադառնամ ինձմէ հեռու ժպտացող սինիներուն։ Կ՛երեւակայեմ ու մէկ-մէկ այդ երեւակայութիւնս կը խանգարուի ինսուլինի ասեղին տեսքով։

«Հրամէ՛, տղաս։ Քանի՞ հատ կ՛ուզես»,- կ՛ըսէ Հաճի Տիապ իր մնայուն քաղցրութեամբ։

Ես ալ նոյն քաղցրութեամբ ու ուրախութեամբ կը պատասխանեմ․ «Հինգ հատ պարզ, երկու հատ մահշի[6]»։ Ու աչքերս այլեւս հեռանալով սինիներէն՝  կը տեղափոխուին Հաճի Տիապին ստեղծագործ ձեռքերուն վրայ։ Հատիկ-հատիկ, նազով կը բանայ այդ նուրբ թերթիկի պէս բացուած ու տապկուած խմորը, վրան մանր շաքարը ու տարչինը քնքշութեամբ կը ցանէ ու յատուկ ձեւով կը փաթթէ։ «Հինգ, վեց, եօթը․․․խենթանալիք»։ Զըլէպիէներս պատրաստ են։ Ես ուրախ եմ, աչքերս կը փայլին, քանի մը վայրկեանէն տուն կ՛ըլլամ, ու կը սկսի պահը։ Բեմը ուրախ է, հանդիսատեսները նոյնպէս, ետ մնացած յաճախորդները՝ այդքան ալ չէ։ Դեռ պէտք է համբերեն հասնելու համար իրենց սիրած նազելիին։

 

ԴԱԴԱՐ․․․․

 

Տեսարան երկրորդ՝

Վայրը՝ որեւէ դպրոցի բակ, որտեղ աշակերտները հեռուէն կը նմանին զինուորականներու:

Ժամանակը՝  կէսօրին, վեցերորդ պահէն վերջ, երբ կիզիչ արեւը ուղղահայեաց դիրքի մեջ է այդ զինուորանման աշակերտներուն գլխուն վրայ։

Դերասանները՝

Ես՝ լրիւ զինուորական հագուստով ու գլխարկով մը, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է պահել ու պաշտպանել տակը թաքնուած թիփ (գրաւիչ) մազերս,

Դասարանի տղաքը միայն, որոնք ունին նոյն հագուստը ու պաշտպանող գլխարկը,

Իրական զինուորական մը, զոր  մտառէպ Ֆըթըուէ կը կոչեն[7] ու յաճախ կ՛ունենայ զինուորական կոչում մը։ Հա, ան ալ ըսեմ, որ երբեմն զէնք կ՛ունենար մէջքին։ Այս վայրկեանին ձեռքը ունի սեւ, չինական, անորակ մկրատ մը։

Action՝

Վախով շարուած ենք ետեւ-ետեւի, երեք շարք ենք։ Մեր մէջի հեռաւորութիւնը յատուկ դասաւորուած է, որպէսզի ձեռքին մկրատ ունեցող զինուորական մտառէպ Ֆըթըուէն առիթ ունենայ մեր մէջ շատ հանգիստ ու ազատ պտտելու ու քէֆին համեմատ մէկու մը քով կենալու եւ ստուգելու մազերը։

«Սթա-րե՛հ (հան-գի՛ստ)․․․․Սթա-՛էտ (պատ-րա՛ստ)․․․․․», – սկսաւ քալել, ինծի կը մօտենայ։ Կը փորձեմ հանգիստ ձեւանալ ու նոյն ժամանակ այդ տպաւորութիւնը ձգել, որ «ճիվերուս պէս է[8], նոյնիսկ եթէ մազերս կտրես» ։ Բայց նոյն ժամանակ երեւակայութեանս մէջ ռոմանթիք տեսարան մը կը գծուի երկու շաբաթ յետոյ սպասուող փարթի[9]ին, երբ սլօու[10] պարի ժամանակը պիտի գայ, եւ ես սիրած ընկերուհիիս պարի պիտի հրաւիրեմ, շատ մօտիկէն պիտի փաթթուիմ ու պիտի լսեմ իր փսփսուքը ականջիս․ «Ուաու, Սաղօ, մազերդ խենթանալիք են այսօր»։ Ես ալ «Հա՛» պիտի ըսեմ ու փորձեմ մութին մէջ աւելի ու աւելի մօտենալ իրեն։ Կարծես երեւակայութեանս ժպիտը իրական գծուեցաւ դէմքիս, ի՜նչ հաճելի է․ փարթի, սլօու, պար, փաթթուկ, կիսատ համբոյր ու ժպիտ․․․

«Լահ, եա հայուան, մթաուէլ շա՛արաթաք, ուլաք»[11],- ֆըթուէի մարզիչին այս «յարգելի» նախադասութիւնը կ՛անջատէ երեւակայութիւնս։ Մէկ անգամէն կը զգամ՝ պահպանող ու պաշտպանող գլխարկս օդը կը թռի ու ոտքիս քով կ՛իյնայ։ Զինուորականին կոշտ ձեռքը կը բռնէ մազերէս փունջ մը, կը շարունակէ իր կարծիքով դաստիարակչական վատ բառերու շարքը, ու յանկարծ ականջներս կը լսեն այդ անորակ մկրատին փակուելու ձայնը մազերուս վրայ․ «ԽԸՐԹ-ԽԸՐԹ»։

Լռութիւն, աչքերս կը կարմրին ու արցունքներս կը պատրատուին հոսելու։ Արժանապատուութիւնս սակայն կ՛արգելէ։ Ընկերուհիիս քաղցր ու գրգռիչ ձայնը կը հեռանայ, ու տեղը կը սկսի սափրիչիս ձայնը յայտնուիլ․

«Լահ, լահ, լահ, լան ի՞նչ ըրեր է աս հայվանը[12]»։

«Չեմ գիտեր, Ֆիլիփ, բայց հաճիս, բան մը ըրէ, եաու»։

Մկրատը ու տէրը կը հեռանան քովէս փնտռելու համար ուրիշ զոհ մը։ Վախեր, հովուն հետ թռչող մազեր ու զգացումներ։ Հանդիսատեսներուն մէկ մասը կը դժգոհի, մէկ մասը անտարբեր է ու քիչ մասը կը քաջալերէ, իսկ ես կ՛երեւի այսօրուան տեսարանը աւարտեմ ու վարագոյրը իջեցնեմ մինչ յաջորդ ներկայացումը։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ

[1] Զըլեբիէ՝ Հալէպի մեջ հռչակաւոր անուշեղէն, որ նուրբ բացուած ու տապկուած թերթ է՝ կամ շաքարափոշի, կասիա ու պիստակի փոշի ցանուած, կամ  նաեւ սերով լեցուած։

[2] Ինշալլա՝ արաբերէն արտայայտութիւն, որը բառացիօրէն կը նշանակէ «Եթէ Աստուած կամենայ»

[3] Րապ՝ տէր, եա րապ՝ ո՜վ Տէր

[4]Պըլլօրիէ ՝ Հալէպի մէջ հռչակաւոր անուշեղէն

[5] Պեն նարէն՝ Հալէպի մէջ հռչակաւոր անուշեղէն, որ կը նշանակէ՝ երկու կրակի միջեւ

[6] Մահշի՝ արաբերէն բառ է, որը կը նշանակէ լեցուած

[7] Մտառէպ ֆըթըուէ՝ արաբերէն բառ, բառացի կը նշանակէ զինուորական կրթութեան մարզիչ

[8] «Ճիվերուս պէս է»՝ հոգս չէ

[9] Փարթի՝ հաւաքոյթ, խրախճանք

[10] Սլօու՝ զոյգի հանդարտ պար․ անգլերէն slow բառը

[11] «Լահ եա հայուան, մթաուէլ շա՛արաթաք, ուլաք» ՝ արաբերէն արտայայտութիւն, որ բառացի կը նշանակէ «Այ անասուն, մազերդ երկնցուցեր ես, ծօ՛»։

[12] «Լահ, լահ, լահ, լան ի՞նչ ըրեր է աս հայվանը»՝ չէ, չէ, չէ, ծօ ի՞նչ ըրեր է աս կենդանին

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x