Երկար ճամբայ` Սահայէն մեր տուն

August 14, 2021
Նիսրի լեռները, Էքիզօլուխէն դիտուած (Քեսապ, Սուրիա)

Սահա եմ՝ Արմէնին դիմացը։ Նոր հասայ, քանի մը բան պէտք է գնեմ Արմէնին քովէն ու շարժիմ դէպի տուն։ Ընդհանրապէս Կարոյին քովէն թաքսի կ’առնէի ու կ’երթայի, բայց քանի որ կ’ուզեմ կոր ձեզի ծանօթացնել ճամբան, քալելով պիտի երթամ։ Ի միջի այլոց, միշտ զգացած եմ, որ Սահայէն դէպի Էքիզօլուխ երթալը շատ աւելի դժուար է ու յոգնեցուցիչ, քան հակառակը։ Յամենայն դէպս, կեցէք՝ գնումս ընեմ Արմէնին քովէն ու քալենք։

– Արմէ՛ն, հաճի՛ս, մէկ հատ իտալական, մէկ հատ մալինկ, մէկ հատ սիյահի հաց, մէկ տուփ «Սատա» լոխում, մէկ հատ լամիս պըսքուիթ՝ նորէն «Սատա», երկու հատ ալ մանտարին «Վինիթօ»։

Տոպրակներս առի, ու ճամբան սկսաւ։ Նախքան քալելս ըսեմ, որ Արմէնին դիմացի մայթը Քէսապի ամենասթրաթեճիկ մայթն է։ Ամէն մարդ կը նախընտրէ հոն նստիլ։

Ուրեմն Արմէնին քով ուրիշ խանութ մը կար, կարծեմ անունը Զահթարեան էր։ Ինծի համար միշտ զարմանալի էր, որ Արմէնը շատ աւելի յաճախորդ ունի քան այդ կողքի խանութը, hակառակ որ խանութները ոռ-ոռի են։

Քիչ մը որ բարձրանանք, դպրոցի մուտքն է։ Դէպի ձախ որ դառնանք, արդէն կը սկսին շարք մը խանութներ․ Կարոն՝ որպէս թաքսի և ճամբորդութիւններու գրասենեակ, կողքը՝ նպարավաճառ մը։ Երեւի քովէն առնեմ վարունգ, լոլիկ եւ քիչ մը պտուղ։ Յիշածիս համաձայն, կողքը փուռ մը կայ՝ Նորմայենց փուռը, կողքը՝ խանութ մը, որ քունաֆէ պըլ ճըպնէ կը ծախէր, յետոյ ալ՝ դեղարանը։ Քիչ մըն ալ քալենք ու կը դառնանք աջ, ու արդէն կը սկսի զզուելի զառիվերին սկիզբը։ Ձախ կողմս գերեզմանատունն է, կողքը խանութ մը կար, որ քասեթներ կը ծախէր ժամանակին։ Շունչ առնելով կը բարձրանամ։ Ձախիս նոր շէնքեր են, անկիւնին վրայ սափրիչ մը կայ։ Աջիս՝ դէպի ներս քիչ մը, Մանճիկեաններու տունն է։ Կը շարունակեմ, մինչեւ հասնիմ «Օթել Ռաուտան», յետոյ քանի մը նոր շէնք ու քաքէն գուրպ մը՝ դէպի ձախ։ Ի միջի այլոց, դէպի աջ գաղտնի ճամբայ մը կայ, որ կը հասցնէ եկեղեցի։ Հիմա ժամանակը չէ։ Դժոխային զառիվերի երկրորդ մասն է՝ արդէն քրտինքներու մէջ եմ։ Մինչեւ որ ճամբան ետ շտկուի, լռեմ քիչ մը։

․․․․․ Կարծես թէ շտկուեցաւ։ Հիմա տեղ մըն եմ, որ, տղաքը կ’ըսէին դամասկոսցիներու ՍԵՄ-ի բանակավայրը կը տանի. չեմ գացած հոն։ Քիչ մը առջեւ Դերձակեաններուն տունն է, յետոյ՝ մուստաուսաֆը, յետոյ՝ քանի մը նոր շէնք։ Երկու դրացի կայ այս շէնքին մէջ, որ կը ճանչնամ՝ Խայէլեանները և Գանտիլեանները։ Քանի մը քայլ առջեւ՝ հեռուէն կ’երեւայ կարմիր գոյնի Փօլատեաններուն տունը, իսկ անկիւնին վրայ՝ կաթոլիկներու ճամբարը։ Այդ ճամբով, որ շարունակենք, կը հասնինք ՀՄՄ-ի բանակավայրը։ Դէ՛հ, բայց գիտէք՝ իմ ճամբաս դէպի տուն է։ Եկէք շարունակենք. քրտինքս կը հոսի կոր ու ճամբուն դեռ մէկ երրորդը հազիւ կտրեցինք, չնայած հիմա ճամբան ուղիղ է քիչ մը, աւելի դիւրին։ Ճամբարէն քանի մը քայլ առջեւ՝ ձախ կողմի վրայ, «Կազդուրման կայան»ն է։ Ընդհանրապէս այստեղ արծուիկները կ’իջնէին, բայց ես քանի մը անգամ իջած եմ այնտեղ «Օգնութեան Խաչ»ին եւ  «Պատսպարան»ին հետ։ Ասոնք երեւի զատ յօդուած մը կ’ուզեն։ Շարունակեմ։ Հարիւր մեթր անդին՝ անկիւնը ճաշարան մը կայ, որուն անունը չեմ յիշեր, ու մէկ հատ ալ նպարավաճառ։ Դէպի աջ կը դառնամ, ու կը սկսին Քէսապի լեռներուն եւ ձորերուն հրաշալի տեսարանները։ Տեսարանը մտքիս մէջ քիչ մը պղտոր է։ Բայց, օրինակ, շատ լաւ կը յիշեմ Պալապանեաններուն տունը՝ ճամբու ձախ կողմը։ Կը տեսնեմ մէկական բերդի նման մեծ-մեծ շէնքեր՝ ճամբու աջ կողմը։ Կը քալեմ քիչ մը զառիվար, քիչ մը զառիվեր, մինչեւ յայտնուի ամերիկեան հին մեծ օթոն․ «Եումուրթա»յին օթոն է։

Կարծես թէ Էքիզօլուխին մօտեցայ․ Փանոյեաններուն տունն է աջիս, քիչ մը առջեւ ՝ Հալլաճեաններունը, դիմացնին՝ Թութունճեաններու վիլլան, իսկ դիմացը՝ հրաշալի ակը։ Այ, հոս պէտք է կենալ։ Արդէն հերթ կայ․ ամէն մէկը, ձեռքին կալոն մը կամ շիշ մը, ջուր պիտի լեցնէ,  կամ պարզապէս կ’ուզեն խմել ու լուացուիլ։ Կարեւորը՝ առանց հոսկէ ջուր խմելու տուն պիտի չերթամ։ Փոքր տարիքիս կը կարծէի, որ այս ակը սառնարանի մը կապուած է, որովհետեւ չի կրնար ասանկ տաք եղանակի այսքան պաղ ջուր գայ։ Հերթս եկաւ, կը լուացուիմ կոր, ջուր կը խմեմ կոր հնարաւորին չափ ու կ’երեւակայեմ կոր ակին կապուած սառնարանը։ Կարծես թէ պէտք է շարժիմ, որովհետեւ ետեւս հերթը երկարեցաւ։ Քանի մը քայլ առաջ՝ ակին կողքը, «Չաղլասեան Օթել»ն է, դիմացը՝ նպարավաճառ մը ու քիչ մը վեր՝ ճաշարան մը։ Երկուքին ալ անունը չեմ յիշեր։ «Չաղլասեան Օթել»ին կողքը քասթըրմէ ՝ կտրուկ ճամբայ մը կայ, որ դէպի բանակավայր կը հանէ. բայց գիտէք, եղածով զառիվեր է ու հեչ սիրտ չունիմ բարձրանալու։ Նորմալ ճամբաս կը շարունակեմ, մինչեւ գայ շատ մեծ, դէպի աջ գուրպ մը։ Աս գուրպը մեծ պատմութիւն ունի ողորմած Ապու Ազիզին հետ։ Ամէն անգամ, որ յաղթահարէր, «զամմուր հաուան» ամուր կը սեղմէր ու կարծես կ’ուզէր գուրպին ճարտարապետին ըսել․ «Քաքնեմ խելքիդ, աս ինչ քաքէն գուրպ էր»։

Եկէք շարունակեմ տունիս կողմը։ Այստեղ քանի մը տուն կը յիշեմ՝ Էքմեքճեանները, Տաքէսեանները, Բախտիկեանները, ու յետոյ կը սկսէր գեղեցիկ վիլլաներու շարք մը։ Յետոյ հասկցայ, որ ատոնք բոլորն ալ զինուորական մարդոց տուներ էին։ Այս շարքին մէջ վերջին տունը մեր տունն էր՝ գետնայարկ, պճլիկ պալքոնով։ Ակոն եւ Մունան հանգիստ նստած իրենց սուրճը կը խմեն ու հեռուէն կը նետեն․ «ուշացար․․․․»

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x