Ես եւ թեթաս՝ մաշթալի ճամբան

October 9, 2021
Նկարի խորապատկերին՝ հանրային պարտէզ, Հալէպ (աղբիւրը՝ Wikipedia)

Տանս առջեւն եմ։ Վճռական, ուժեղ ու նոյն ժամանակ փափուկ եւ մեղմ ձեռք մը կը սեղմէ ձեռքս․ թեթայիս ձեռքն է։ Քիչ առաջ որոշեց, որ զիս այգի տանի կամ ինչպէս որ մինչեւ հիմա կը սիրեմ ըսել՝ մաշթալ։ Գիտեմ, որ երկու առաջարկ պիտի տայ, բայց կը սպասեմ կոր, որ հարցնէ, ու ես ալ ընտրեմ։ Հրաշալի է այն զգացումը, որ ինչ-որ մէկը քեզի ընտրելու առիթ կու տայ, ու դուն կ՛ընտրես։

«Սաղօ՛, սիրելիս, պստի՞կ մաշթալ երթանք, ոչ թէ մե՞ծ»:

Իհարկէ, այս ընտրութեան առջեւ իմ փոքրիկ երեւակայութիւնս կը սկսի նկարներ ցուցադրել եւ արագ համեմատութիւն ընել:

Փոքրիկ մաշթալը աղքատիկ է․ ծերուկներու հաւաքածու, երեք հատ մուտք՝ թեթեւ զառիվարներով, ուր կրնայինք վազել, քանի մը հատ ջուրի պուլպուլակ ու վերջ։ Միակ գրգռիչ պատկերը, որ կրնար ընտրութիւնս շեղել դէպի այս մաշթալին կողմը, մայր մուտքին առջեւ՝ Հիլալ Ահմարի հիւանդանոցին կողմէն տեղաւորուած՝ համով-համով բաներ ծախող ամմոներն են՝ պուշար ծախող ամմոն, վարդագոյն ղազզալ-պանաթի ամմոն, խաշած եւ խորոված պելիլան, կանաչ հըմմուսը, շատ սիրած կանաչ խնձորը՝ թաթխուած կարմիր շաքարի մեջ․․․․․

Ապաու, շատ գրգռիչ է, բայց չէ, չէ, մեծ մաշթալի ընտրութիւնը աւելի ճիշդ է։ Պատմութեան վերջը երբ որ հասնինք, վստահ եմ՝ դուք ալ պիտի համոզուիք։

«Սաղօ՛, Սաղօ՛, որոշէ՛ տղաս, կ՛ուշանանք կոր»,- կ՛ըսէ թեթաս։

Ուրախութեամբ ու վստահութեամբ կը յայտարարեմ․ «Մեծ մաշթալ, թեթա՛»։

Ու արագ մը կ՛անցնինք փողոցը դէպի Մետինաթ Մալահիի պատը։ Թեթայիս վճռական ու մեղմ ձեռքէն կը ձերբազատիմ ու երեք վայրկեաննոց ազատութիւն մը ձեռք կը բերեմ մինչեւ յաջորդ փողոցը։ Վազելով կ՛ուղղուիմ դէպի պատին անհասկնալի անցքերը, աչքս անցքին վրայ կը դնեմ ու կը վայելեմ Մետինաթ Մալահիի ամենասիրած խաղս՝ էլեքթրիք օթոները։ Մէկ, երկու, երեք․․․․ խաչմերուկին քովն ենք՝ Կազիեթ Շամսն է, ու թեթային ուժեղ ու փափուկ ձեռքը կրկին ազատութիւնս կը ձերբակալէ։

Կամաց-կամաց կը շարունակենք քալել մինչեւ Մահաթըթ Պաղտատի խաչմերուկը։ Քանի մը կօշիկի խանութ, քանի մը հագուստի խանութ, մինչեւ որ հասնինք Համպըրկըր Գաուսի եւ Ֆալաֆէլ Մըշուարի քով։ Քիթս կը գրգռուի հոտերէն, երեւակայութիւնս նոյնպէս։ Փորձ մը կ՛ընեմ թեթային ձեռքէն ազատելու, բայց կարծես թեթաս ալ երեւակայութիւնս կարդաց ու հասկցաւ․ «Չէ՛ տղաս, չէ՛։ Ասոնք ամէնը զիպիլ են։ Երբ որ վերադառնանք, ես քեզի համով սենտուիչներ կը պատրաստեմ»։ Անշուշտ քանի մը տարի յետոյ հասկցայ, որ թեթայիս համար ամէն դուրսի ուտելիքը զիպիլ է, չ՛ուտուիր։ Առաւել, որ հունարլը տիկինը ամէն ինչ պէտք է տունը պատրաստէ։

Կը շարունակենք մեր ճամբան մինչեւ յաջորդ անկիւնը։ Գան եա Մագան խանութի պաղպաղակի գործիքը կը ժպտի դէմքիս։ Քիչ մը ձայն կը հանեմ՝ պատգամ հասցնելու թեթայիս կամքին։ Փողոցը կ՛անցնինք, դէպի Նախիլ սրճարանին անկիւնը, որ նոյնպէս հրաշալի պաղպաղակ ունի։ «Մմմմ, շատ համով է, թեթա», – փորձ մը եւս կ՛ընեմ թեթային հետ։ Թեթան մեսիճը կը հասկնայ, բայց խորամանկ դիւանագէտի մը նման դանդաղ-դանդաղ կ՛ըսէ․ «Սաղօ՛, եթէ խօսքս մտիկ ընես ու քիչ վերջ խաղավայրը զիս չյոգնեցնես, վերադարձին քեզի պաղպաղակ կ՛առնեմ»։ Պահը օգտագործելով մէկ անգամէն կ՛ըսեմ․ «Այո, այո, թեթա, բայց Գան եա Մագանինէն շոքոլահալիպ պաղպաղակը»։

Վերջապէս հասանք մուտքին։ Այստեղ համով-համով բաներ ծախող ամմոներ չկան։ Տարիներ յետոյ հասկցայ, որ իրենց ներկայութիւնը այստեղ կապուած է շըրթային՝ ոստիկաններուն որոշումին հետ։ Եթէ դասաւորեցին ու համաձայնեցան, կը կենան, թէ ոչ՝ չեն կենար։ Արդէն ներսն ենք, մէկ անգամէն կ՛ուղղուինք դէպի ձախ, ուր իմ սիրած ու իմ սերունդիս շատ մը փոքրիկներուն սիրած ճոճանակներն են եւ սահնակները։ Արագ քայլերով կը շարունակենք դէպի ձախ ու քարէ շինութեան մը կը հանդիպինք։ Հոտերէն յայտնի է, որ թուալէթն է, բայց կեանքին մէջ թեթան ինծի չձգեց հոս մտնեմ․ միշտ պիպիշս ինչ-որ ծառի ետեւը կ՛ընէի։ «Թեթա փիփի ունիմ, թուալէթ երթանք»։ «Հոս ըրէ՛, Սաղօ, ծառին ետեւը։ Ադ թուալէթը աղտոտ է, զիպիլ է»։

Վերջապէս հասանք իմ սիրած տեղս։ Թեթան սիրոյ եւ քնքշութեան կապը կ՛արձակէ, ձեռքս կը ձգէ ու ցած ձայնով կը փսփսայ․ «Խաղցի՛ր, տղաս, բայց ուշադիր եղի՛ր»։ Խենթի պէս կը սկսիմ վազել օրօրոցէ օրօրոց, սահնակէ սահնակ։ Ուժերս փաստելու համար կ՛ընտրեմ ամէնէն երկար սահնակը։ Աստիճանները կը բարձրանամ ու սահելով կ՛իջնեմ աւազներու մէջ։ Գիտեմ, որ թեթան զիս կը դիտէ կոր։ Յանկարծ ձայնը կը լսեմ․ «Ուշադի՛ր, տղաս, մաքրէ՛ վրադ, ամէնը աւազ եղար։ Մամադ մեզի տուն պիտ չձգէ մտնենք»։ Կը շարունակեմ խենթութիւնս՝ գիտնալով, որ մաշթալի այս մասը մայրամուտին պիտի գոցուի։ Թեթայիս ձայնը նորէն կը լսուի․ «Սաղօ՛, չանօթեցա՞ր։ Եկո՛ւր, սենտուիչներդ կեր։»Կը վազեմ դէպի թեթաս ու կ՛առնեմ յատուկ ինծի համար պատրաստուած, կլոր փաթթուած երկու սենտուիչները․ մէկ հատը՝ լոլիկի ջուր նանայով եւ ոչ կծու պղպեղով, ու միսը՝ թեթայիս պատրաստած զահթարը։ Հաճոյքով կը խմեմ թերմոսիս ջուրէն ու  կը պատրաստուիմ վերադառնալու խաղավայր։ Թեթաս նոյն դիւանագիտական ձեւով կ՛ըսէ․ «Տղա՛ս, մթնցաւ, պէտք է տուն վերադառնանք»։«Դեռ քիչ մը եւս, թեթա՛, դեռ կանուխ է»։ Նոյն դիւանագիտութեամբ թեթաս կ՛ըսէ․ «Չէ՛ տղաս, չէ՞ որ պաղպաղակ պիտի առնենք»։Յանձնուեցայ․ «Այո՛, այո՛ թեթա, եալլա՛»։

Վերադարձի ճամբուն վրայ ենք, Գան եա Մագանի խանութի հինգ թուղթնոց շոքոլա-հալիպ պաղպաղակը ձեռքս է, թեթան ինծի կը նայի, ձեռքը՝ քլինեքս, որպէսզի յանկարծ չկաթկթեցնեմ գազակիս վրայ։ Ես ալ՝ ամբողջ կեդրոնցումս լեզուիս վրան է, կը փորձեմ կոր շուտ լզել, որպէսզի հասնիմ պաղպաղակին ամենաշատ սիրած մասս՝ պրշանի վարի անկիւնը։ Հա, ըսեմ, որ մինչեւ այսօր պաղպաղակին այդ մասը ամենասիրած մասս է։ «Արա՛գ  կեր, Սաղօ՛, արա՛գ կեր ադ զիպիլը, վրադ կը թափես կոր, ա՛ռ աս քլինեքսը․․․․․»

…Այսօր այստեղէն՝ Շուէտէն, ուր կան աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ ու հրաշալի անտառները, պարտէզները եւ այգիները, կարօտով կը յիշեմ մաշթալը եւ այդ ուժեղ եւ նոյն ժամանակ փափուկ ու մեղմ ձեռքը, որ սահմանագծելով մանկական խենթ ազատութիւնս՝ սէր, վստահութիւն, կայունութիւն ու կազմակերպուածութիւն կը պարգեւէր ինծի։ Յաճախ այդ ձեռքերու արժէքին կը գիտակցինք միայն կորսնցնելէն ետք։ Ըստ երեւոյթին, ասիկա կեանքի ճամբուն թաքնուած օրէնքներէն մէկն է։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x