Քարթաբաշխումի ճամբան

August 28, 2021
Նկարը՝ armenianweekly.com-էն

Այս օրերուն, բացի Նոր տարուան եւ Սուրբ ծնունդին «թաշխալա»էն, սրտիս շատ մօտիկ երեւոյթ մը կար Հալէպի մէջ։ Բոլոր ակումբները՝ սկաուտական, միութենական, կը մասնակցէին այդ երեւոյթին։ Ես ալ փոքր եղած ատենս մասնակցած եմ։ Այս հրաշալի կազմակերպուած երեւոյթը կը կոչուէր «քարթաբաշխում»։ Կոկիկ, սիրուն զարդարուած քարթ մը, որ ազգային խորհրդանիշներու կողքին անպայման կ’ընդգրկէր տուեալ միութեան խորհրդանիշը եւ շնորհաւորական խօսքեր։ Ու բանակ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, փողոցները ինկած, տունէ տուն տուեալ միութեան անունով կը շնորհաւորեն Նոր տարին և Սուրբ ծնունդը։ Հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն պատասխանատու դիրք ունեցած եմ այս երեւոյթին մէջ, բայց սրտիս միշտ ալ աւելի մօտ եղած է այն ժամանակը, երբ որ ես անձամբ այդ քարթերը կը բաժնէի, որպէս պզտիկ գայլիկ կամ քիչ մը մեծ սկաուտ։ Կը յիշեմ՝ հաւաքը միշտ Սահակեան դպրոցը կ’ըլլար։ Բոլորն ալ ամէնագեղեցիկ ու ամէնաշքեղ հագուստներով կեցած կը սպասէն, թե այս տարի որուն հետ պիտի ելլեն քարթաբաշխումի։ Ես ալ իմ կարգիս փայլուն աչքերով կը յուսայի, որ գեղեցիկ քոյր արծուիկ մը ինձի հետ ըլլայ նոյն խումբին մէջ։ Ու, փառք Աստուծոյ, միշտ մուրազիս կը հասնէի․ ես, գեղեցիկ քոյրը ու երկու պզտիկ գայլիկ։

Չերկարեմ. արդէն կազմակերպողներու սենեակին մէջն ենք շատ կազմակերպուած ու հրաշալի քարտէսի մը առջեւ։ Պատասխանատու եղբայրը ճիշդ կարծես թէ պատերազմի դիրքեր կը բացատրէ. վստահելով իմ ճարպիկութեանս, ան մատը կը դնէ քարտէսին վրայ ու ցոյց կու տայ մեր խումբին վստահուած տարածքը։ «Հասկցա՞ր, եղբայր Սաղօ, տարածքը։» «Այո, այո, ամէն ինչ յստակ է»։ Տրցակ մը քարթեր, ստացագիրի տետր, գրիչ, ու արդէն «Սահակեան»ի դռան առջեւն ենք՝ դէպի մեր տարածքը։ Քալելով կը հասնինք առաջին շէնքը։ Կը բարձրանանք առաջին յարկը։ Ու կը սկսի աշխատանքը․ զանգակին վրայ անունը կը կարդամ, ծանօթ ըլլալու պարագային՝ որպէսզի պատրաստուիմ, անծանօթ ըլլալու պարագային, խումբիս երկու գայլիկները առաջին շարք կը բերեմ։ «Հայտէ՛, եղբայր, դուռը երբ որ բանան, կ’ըսես․ «ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը և սկաուտական խորհուրդը կը շնորհաւորեն ձեր Նոր տարին և Սուրբ ծնունդը. չամչնաս, նորմալ ըսէ»։ Մինչեւ խեղճ գայլիկը մտածէ, արդէն զանգը զարկած կ’ըլլայի։ Տիկին մը դուրս կու գայ, խեղճ գայլիկը գոց արտասանութեան նման կ’ըսէ ըսելիքը և քարթը կը յանձնէ կնոջը։ Անշուշտ այստեղ պէտք է ըսեմ՝ եթե տուեալ տունը «մերոնցից» է կամ «մերոնցներու համակիր» է, ժպիտը չտեսնէ՜ք.  ուրախութենէն հազիւ քարթը առած, ներս կ’երթայ, որպէսզի շոքոլաներու ամանը բերէ ու մեզի հրամցնէ։ Մարդիկ կային՝ նոյնիսկ տունը պատրաստած լիքէօր կը բերէին եւ անշուշտ յիսունէն աւելի սուրիական դրամ։ Այստեղ արդէն ես կը մօտենայի, որ գումարը ստանձնեմ։ Իսկ գեղեցիկ քոյր արծուիկը նազով կը գրէ ստացագիրի տետրին մէջ անուն-մականունը, գումարը եւ կը ստորագրէ։ Թուղթին առաջին օրինակը կը յանձնէ կնոջը, շնորհակալութիւն յայտնելով, ու խումբով կ’անցնինք յաջորդ տունը։ Չմոռնամ՝ շոքոլաներուն առատութիւնը աննորմալ էր։ Մէկ մասը չորսս կը բաժնուէինք, իսկ երբ որ արդէն լուրջ կշտացած կ’ըլլայինք, մնացած մասը կը հաւաքէինք տոպրակի մը մէջ ու կը յանձնէինք պատասխանատու խմբակին, ստացագիրներուն հետ։ Այսպիսով արշաւը կը շարունակուէր մինչեւ մեր քովի քարթերը վերջանային։ Փողոցէ փողոց, շէնքէ շէնք, յարկէ յարկ նոյն նախադասութիւնը կրկնելով, մարդոց Նոր տարին եւ Սուրբ ծնունդը կը շնորհաւորէինք մեր միութեան անունով։ Մէկ-մէկ նոյն այդ փողոցներուն մէջ կը հանդիպէինք ուրիշ միութիւններու՝ նոյն գործին լծուած երիտասարդներու։ «Դուք անոնցմէ՞ էք»։ «Այո, իսկ դուք միւսներէ՞ն»։ «Կրնա՞նք ձեր քարթը տեսնել։ Կրնա՞նք մէկ հատ առնել, մէկ հատ ալ մենք ձեզի կու տանք»։ Անշուշտ այս փոխանակումը ճշդապահութեան համար պէտք է ստացագիրին մէջ արձանագրել։ Ու այդ միւսներուն քարթը ստացագիրներուն հետ յանձնել։ Ժամը արդէն երեքն է, վերադարձանք «Սահակեան», ստացագիրները յանձնեցի, գումարը յանձնեցի, շոքոլաները յանձնեցի։ Ու հիմա քիչ մը միւս խումբերուն հետ պէտք է զրուցեմ իրենց հաւաքած գումարին մասին, եղած պատմութիւններուն, դէպքերուն մասին. ո՞վ դուռը չբացաւ, ով ի՛նչ խմիչք հրամցուց, ամէնահամով շոքոլան, ամէնաշատ տրուած գումարը…

Աս ալ ըսեմ ու երթամ։ Այս երեւոյթը չսիրողներէն մէկը մամաս էր, շատ պարզ պատճառով. այդ օրուան առաքելութեան պատճառով,  ընտանեկան ճաշէն միշտ կ’ուշանայի։ Ոչ թէ միայն կ’ուշանայի, այլ ճաշի նստելէն ետք, չէի ալ ուտեր. այդ օրուան կերածս շոքոլաները ու լոխումները արդէն բաւարար էին։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x