Շատ կարճ ճամբայ 3. Ճեմարանի ներքին ճամբաները

July 24, 2021
«Քարէն Եփփէ» ճեմարանը, Հալէպ

Ճիշտ բակին մէջտեղն եմ։ Առջեւս լայն աստիճաններ են։ Բայց նախքան բարձրանալս մէյ մը ձեզի բացատրեմ՝ ինչ կայ շուրջս։ Ետեւս՝ Ճեմարանի միակ ծառը։ Մի քանի տարի յետոյ պիտի կտրեն ու շուրջը քարէ ցած կլոր նստարան պիտի ըլլայ։ Դէպի ձախ՝ աւազով լեցուած տարածք մը, ուր մարզանքի պահերուն, մեր հեռու ցատկելու ուժերը կը փորձէինք։ Այդ ալ, կարծեմ քանի մը տարի յետոյ չքացաւ։ Ճիշդ ծառին ետեւը` «Օշական»  շէնքը, վարը, ձախէն՝ պարոն Ռիմոնին սենեակը, կողքը` Ճեմարանին գրադարանը։ Դեռ նոյն տեղը կեցած եմ։ Ձախ կողմս չորս օթոքարներու կարաժն է՝  քանի մը տարի յետոյ պիտի ըլլար սրահ։ Դիմացս՝ լայն աստիճաններու երկու կողմերը՝ երկու հատ կիսանդրի։ Մէկը՝ Զարեհ կաթողիկոսինը, որուն օրով բացուեցաւ Ճեմարանը, իսկ միւսը՝ Քարէն Եփփէինը՝ դանիացի մայրիկը, որուն անունով կը կոչուի Ճեմարանը։ Մէկ-երկու քայլ առջև քալեմ, որպէսզի աջ կողմը երեւի մեր պիւֆէն։ Քոչ Կարոն հոն է. ամէն ինչ շատ սիրուն կազմակերպուած, օրէնքով, միայն ես ու քանի մը ֆութպոլիստ ընկերներ կարգը կը խախտէինք։ «Դէ Քոչը մեզի գիտէ․․․պէտք չկայ կարգի կենալու»։ Քոչը հիմա Գանատա է։

Պիւֆէէն քիչ մը դէպի ձախ՝ անկիւնի վրայ, մի քանի աստիճան կը բարձրանաս ու պարոն Անդրանիկին սենեակն է։ Տարիներ յետոյ, այդ սենեակն ալ պիտի փոխուէր։ Ֆետայիի նման պարոն Անդրանիկին պեխերը միշտ զիս վախցուցած էին։ Մանաւանդ, երբ 10րդ դասարանիս, առաջին եւ վերջին անգամ ըլլալով զիս ապտակեց։ Քանի մը տարի յետոյ, երբ միասին պիտի աշխատէինք իբրեւ վարչականներ, ամէն անգամ իրեն կը յիշեցնէի․ «Ըսդազ, յաու ձեռքդ շատ ծանր էր։»․․․․ «Դուն ալ շատ չար էիր, պէտք էր ատի։»․․․ Ըսդազը այսօր մեզի հետ չէ, Աստուած հոգին լուսաուորէ։

Կը բաւէ, յոգնեցայ կենալէն, եկէք քալենք։ Աստիճաններուն վրան եմ, դիմացս դէպի վեր բարձրացող աստիճաններն են, կողքը՝ պզտիկ դուռ մը՝ դէպի Տիգրանեան պարտէզ, դէպի ձախ՝ պարոն Մհերին սենեակն է՝ վերջին կայարանս։ Բայց նախքան հոն երթալս, եկէք ձեզի ծանոթացնեմ աջ կողմը գտնուող տնօրէնութեան բաժինը։ Նեղ դռնէն մտանք, դէպի ձախ՝ արաբ տնօրէնին սենեակը ( հոն գործ չունինք), շարունակեմ՝ տիկին Վեհանին սենեակը։ «Բարեւ, տիկին Վեհան»․․․ «Բարեւ, աղուորս», կը պատասխանէ տիկին Վեհան, աշխոժ, ժպիտով ։ Չեմ գիտեր այսօր տիկին Վեհանը ուր է։

Ձախ կողմը, վերջին սենեակը օրիորդ Հուրիին սենեակն է։ Գլուխս կ’երկարեմ առանց ներս մտնելու։ «Բարեւ, ընկերուհի»։ Հանգիստ ու հանդարտ կը պատասխանէր․ «Բարեւ, Սաղաթէլ»։ Օրիորդ Հուրին չեմ գիտեր ուր է։

Աջ կողմի վրայ երկու սենեակ մնաց, ետեւ ետեւի։ Նախ օրիորդ Սօսիին սենեակը, ուր միշտ կը հրաւիրուէինք ինչ-որ բան խմելու, ու յետոյ երկրորդ սենեակը, որ ամէն կողմէն պաշարուած էր երկաթէ պատուհաններով։ Ներսը՝ մեծ կանաչ գոյնի գասսա, գրասեղան, երեք հատ աթոռ եւ պարոն Արսէնը։ Հաշուապահութեան սենեակն էր։ Քիչ մը նստիմ պրն. Արսէնին քով։ «Ինչպէս ես, ըսդազ»: «Լաւ եմ», ժպիտով կը պատասխանէ։ «Նորէն թթու-կծու գրեր ես, հա։ Երէկ կարդացի։ Նստիր՝ քեզի պատմեմ ինչ կ’ըլլայ կոր, որ նորէն գրես։» Ըսդազը նկատի ունէր «Գանձասար»ի մէջ յօդուածներս։ «Ըսդազ, պրն. Մհերին պիտի երթամ, նորէն կու գամ՝ կը պատմես։» «Ծօ նստիր, նորէն չեմ պատմեր։»

Դուրս ելլեմ ետ եւ ուղղուիմ դէպի իմ վերջին կայարանս։ Ի միջի այլոց ըսեմ, օրիորդ Սօսիին և պրն. Արսէնին հիմակուայ գտնուելու տեղն ալ չեմ գիտեր։ Շիտակ, ուղիղ ճանապարհ՝ դէպի պարոն Մհերին գրասենեակը։ 10-րդ դասարանի հերթապահն է ըսդազը։ Դուռը բաց է։ Ըսդազը դուրս կ’ելլէ կոր դէպի ինչ-որ դասարան։ «Բարեւ, ըսդազ »,  «Բարեւ ընկեր, ինչ որ պիտի խմես, ապսպրէ, կու գամ կոր»։ Սենեակին մէջն եմ, հին կաշիէ աթոռին վրայ կը նստիմ ու կը սպասեմ։ Երկու վայրկեան ետք ըսդազը աշխոյժ ներս կը մտնէ։ «Ապսպրեցի՞ր»։ «Ի՞նչ ապսպրեցի, ըսդազ ։» «Ուֆ, լաւ, լաւ ինչ կը խմես։» ․․․․Կը պատասխանեմ փիս ծիծաղով․ «գարգատէ»․․․Զարմացած ըսդազը կը պատասխանէ․ «գարգատէ՞։» Քառորդ ժամ յետոյ, տիկին Ռուբինան իմ սիրելի կարմիր թեյս և սդազին սուրճը կը բերէր։ Զրոյցնիս կը սկսէր դպրոցով, ապա շրջանաւարտից միութիւն, գաղութ, կուսակցութիւն, հայրենիք, ու կ’աւարտէր պապայիս զանգով։ Պրն. Մհերը հիմա Ամերիկա է, յաճախ հետը կը խօսիմ։ Իսկ տիկին Ռուբինան՝ իսկապէս տեղեակ չեմ։

«Սաղօ, ու՞ր ես տղաս»․․․ «Ճեմարանն եմ, պապ, ըսդազին քով։ Կու գա՞ս զիս առնելու։»․․․․ «Անշուշտ, տղաս, ես մօտ եմ, ամմօ Գոգոյին (Ապու Յարութին) քովն եմ, տասն վայրկեանէն կու գամ»։ Ամմօ Գոգոն տակաւին Հալէպ է, ողջ-առողջ։ Իսկ Յարութը՝ Գանատա։ Հայրիկս ալ որոշեց հեռանալ։ Տասը վայրկեանը անցաւ, պապայիս հետ թեւ-թեւի նոյն ճամբով դուրս կու գամ Ճեմարանէն։

Ի միջի այլոց, Ճեմարանը իսկապէս միայն դպրոց չէր, այլեւ շատ-շատ խիտ ճամբաներու եւ ճակատագիրներու խաչմերուկ։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x