Ժողովի ճամբան

August 21, 2021

Ժամը չորսին քառորդ կայ։ Աչքերս բացի, քիչ մը քրտնած եմ ու, ըստ երեւոյթին, ջղայնացած։ Խմբապետիս դժգոհ դէմքը աչքիս կ’երեւայ։ Օրէնքով պէտք է երեքուկէսին արթննայի, բայց կարծես աւանդական Կիրակի օրուայ ճաշը խաղը խաղցաւ գլխուս։ Լաւ, շատ չխօսիմ: Ժողովս չորսին է, միեւնոյնն է, ուշացեր եմ։ Տանս առջեւն եմ։ Քանի մը քայլ ալ՝ պզտիկ մաշթալին դիմացը, Մար Ճըրճոս եկեղեցին, Թաուհիտի մզկիթը, Թոնի Սթիքի անկիւնը, վիլլաներուն մէջտեղի փողոցը, «Արամ Մանուկեան» շէնք, վերելակը, որ միշտ այս ժամերուն չ’աշխատիր, ու քանի մը քայլէն երրորդ յարկն եմ։ Վարչութեան սենեակին առջեւն եմ, կարծես դուրսը կեցած են ընկեր մը՝ շորթով ու ընկերուհի մը՝ սանտալով։ Շունչս հազիւ կ’առնեմ, ընկերներուն կը հարցնեմ․ «Դու՞ք ալ ուշացեր էք»։ Սանտալով ընկերուհին չի պատասխաներ, իսկ շորթով ընկերը ջղայնացած կ’ըսէ ․ «Եղեր ասանկ չ’ըլլար քայլերգին մասնակցինք»։ Քանի մը արագ շունչէ յետոյ կ’ըսեմ ․ «Է հա, կ’երեւի ատանկ է»։

Քայլերգը կը վերջանայ, ու սենեակէն ընկեր մը մեզ ներս կը հրաւիրէ։ Երեքս ալ կը տեղաւորուինք, խմբապետը իր հայրական «պահտալէ»ն՝ յանդիմանութիւնը կ’ընէ ու կը սկսի մեր աւանդական-քլասիք շաբաթական ժողովը։ Քարտուղարուհիին քնքոյշ ձայնը կը յայտարարէ օրակարգին կէտերը՝ ժողովի բացում, ներկայութիւն, նախորդ ժողովի ատենագրութեան ընթերցում, վարչութեան զեկոյցի ընթերցում, Կեդրոնական վարչութեան՝ ԿՎ-ի զեկոյցի ընթերցում, դասախօսութիւն, շրջիկ դասախօս, գանձում, առաջարկներ, ժողովի փակում։ Կողքի ընկերս թեթեւ հազէ մը վերջ ականջիս կը փսփսայ․ «Ճիվերը կերանք, մինչեւ եօթը հոս ենք»։

Քարտուղարուհին կը սկսի մեր անունները կարդալ, ներկայութիւնը ստուգելու համար։ «Ներկայ․․․․ բացակայ․․․․ներկայ․․․», մինչեւ կարգը կը հասնի ընկերոջ մը, որ բացակայ է դասի պատճառով։ Յանկարծ խումբը կը կիսուի․ մէկ մասը «Բ» տառը կ’առաջարկէ, որ կը նշանակէ` բացակայ է, միւս մասը «ԲԲ» տառերը կ’առաջարկէ, այսինքն՝ յարգելի պատճառով մը «բանաւոր բացակայ»։ Կողքի ընկերս ետ ցած ձայնով կը փսփսայ․ «Ճիվերը կերանք հիմա»։ Պայքարը երկու խումբերուն մէջ կը շարունակուի մինչեւ խմբապետը վիճակը կը հանդարտեցնէ ու կը յայտարարէ․ «Ընկերներ, առաջնահերթութիւնը գիտէք որու է. շատերը դաս ունին, բայց ներկայ են»։ Ու այսպիսով բացակայ ընկերը կը ստանայ «Բ»։ Խմբապետնիս այս յաղթանակը արձանագրելէն վերջ, ծրար մը կը բանայ ու վարչութեան զեկոյցը կը հանէ։

Վարչութեան զեկոյցին մէջ միշտ առաջին կէտը կը կոչուէր «Խօսք եւ պատգամ»։ Այս սարսափելի կէտը շատ յաճախ կարգ մը ընկերներու մղձաւանջը եղած է։ Մանաւանդ երբ որ այդ խօսք ու պատգամ կոչուածը կը պարունակէր անհասկնալի մտքեր ու ծանրակշիռ, չլսուած բառեր։ Ու շատ յաճախ խմբապետը ամչցնելու կամ վրէժ լուծելու նպատակով այդ խօսք եւ պատգամի ընթերցումը եւ բացատրութիւնը կու տար խեղճուկրակ ընկերոջ մը։ «Ընկեր, խօսք եւ պատգամը կարդա՛ եւ բացատրէ՛»։ Վարչութեան զեկոյցը ձեռքէ ձեռք անցնելով կը հասնի կողքի ընկերոջս։ Մինչեւ թուղթը հասնի, այս անգամ ես ականջին մէջ կը փսփսամ․ «Ճիվերը կերար»։ «Հա ուալլա» ըսելով թուղթը կ’առնէ, ու կը սկսի խեղճին Գողգոթայի ճանապարհը՝ այդ խօսք եւ պատգամը կարդալու ու յետոյ բացատրելու համար։ Քանի մը վայրկեան յետոյ կարծես խմբապետը կը բաւարարուի։ Խօսք եւ պատգամը կը տեղափոխէ ուրիշին։ Այդ ուրիշն ալ սահուն ձեւով կը կարդայ, նոյն սահուն ձեւով կը բացատրէ ու բան մը չեղածի պէս թուղթը ետ կը փոխանցէ խմբապետին։ Խմբապետը կը շարունակէ կարդալ․ «Այսինչ այսինչեանը կը ստանայ յանդիմանութիւն՝ ըստ կանոնագիրի «Է» կէտին, միւսը կը կանչուի վարչական ժողովի՝ կանոնագիրի «Բ» կէտին համաձայն, ուրիշ մը կախակայուած է 15 օրով՝ ըստ կանոնագիրի «Գ» կէտին․․․․», ու այսպէս, մինչեւ մէկը դուռը զարնէ.

«Բարեւ, վարչութեան զեկոյցը ձեր քո՞վն է»։

«Այո»։

«Իսկ ԿՎ-ի զեկոյցը ու՞ր է»։

«Դեռ մեր քովն է, չկարդացինք»։

«Լաւ»։

Խմբապետը այս անգամ կը բանայ ԿՎ-ի զեկոյցը։ Կէտերը կը կարդայ, հրամանները կը փոխանցէ ու կ’անցնինք արդէն դասախoսութեան՝ «Պուրժուական յեղափոխութեան ազդեցութիւնը բանուոր խաւին վրայ եւ իրաւազրկուածներու ճնշումը 19-րդ դարու աւարտին»։ Խմբապետը կը յայտարարէ․ «Հրամմէ՛, ընկեր»։ Խեղճ ընկերը քիչ մը կմկմալով կ’ըսէ. «Ընկերներ, չկրցայ պատրաստել, կը ներէք։ Ծրագիրին մէջ գրուած աղբիւրը գրադարանը չկար, միւս գրադարանն ալ գացի՝ հոն ալ չկար»։ Յանկարծ ջղայնացած խմբապետը կ’ըսէ․ «Միւս գրադարանը երթայիր», ու առանց ժամանակ փախցնելու, կը սկսի 5 վայրկեաննոց քարոզ մը։ Կողքի ընկերս ետ ականջիս կը փսփսայ․ «Լաւ էր՝ ազատեցանք»։ Աս տրամաթիք մթնոլորտը կ’աւարտի դուռի թակոցով․ շրջիկ դասախօսն է։ Ընկերը ներս կը հարաւիրուի, կը նստի խմբապետին քով ու յոգնած ուսուցիչի մը նման կը կրկնէ, երեւի չորրորդ կամ հինգերորդ անգամ ըլլալով, նոյն դասախօսութիւնը։ Ընկերը կ’աւարտէ, ու մենք կ’անցնինք մեր յաջորդ կէտին՝ առաջարկներուն։ Յանկարծ մէկը ձայն կ’առնէ. «Ընկեր, ժողովի ժամը փոխենք»։ Ու քառորդ ժամնոց պայքար մը կը սկսի անիմաստ ու անհեթեթ։ «Երեքին․․․․ չէ՝ չորսին,․․․ չէ՝ երեքուկէսին․․․»․։ Խմբապետը յոգնած կ’աւարտէ․ «Ժողովին ժամը նոյնն է, ընկերներ»։ Գանձում։ Այստեղ ամէն մարդ քիչ մը շունչ կ’առնէ, կը սկսին իրար հետ աջէն ձախէն խoսիլ…մինչեւ խմբապետին կողմէ այդ շորթով ընկերոջ ու սանտալով ընկերուհիին ետ դուրս հրաւիրելը։ Սա կը նշանակէ արդէն փակման քայլերգի ժամանակն է։ «Մշակ բանուոր, ռենչպէր ախպեր․․․․․․․․․․․ ճամբայ բացէ՛ք»։

Ժողովը վերջացաւ․ պարզ, միամիտ, անիմաստ կռիւներ։ Հազարաւոր ընկերներ հազարաւոր ժողովներ ըրած են։ Շատերն ալ այս ժողովներուն պատճառով զիրար կորսնցուցած են։

Սիրելի ընթերցող, ինքս եղած եմ թէ այդ խմբապետին տեղը, թէ այդ դասախօսութիւն չպատրաստողին տեղը, թէ շրջիկ դասախօսը եւ շատ յաճախ ալ պատժուողն ու պատժողը։ Տեղ-տեղ մանկական քաղցրութիւն կար, տեղ-տեղ ալ՝ խայթոց ու կռիւ, բայց, ի վերջոյ, այդ ժողովներէն սերունդներ կերտուեցան ու պատմութիւն գրուեցաւ։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x