Ազիզիէ՝ երրորդ ոտքի ճամբան

October 2, 2021
«Մամա, կ՛իջնե՞ս, քիչ մը Ազիզիէ քալենք»։

Երեք ամիս է ինչ, որ տունէն չեմ ելած։ Պատճառը՝ տեսողութեանս կորուստն էր, բառացի՝ տեսողութեանս կորուստը։ Սիրտ չունիմ մարդոց հանդիպելու ու նոյն պատմութիւնը պատմելու, անշուշտ եւ՝ նոյն խորհուրդները լսելու։ Քանի օր է՝ մամաս կ՛առաջարկէ, որ նոր ճերմակ փայտով միասին իջնենք ու Ազիզիէի փողոցները շրջելու մեր հին աւանդութիւնը նորոգենք։

«Ես ասի չեմ գործածեր։ Ասի կոյրերուն համար է․․․ կամ ալ ծերուկներու։ Չեմ ուզեր։ Կարծես թէ երրորդ ոտք է․․․»։

***

Բայց կարծես այսօր համոզուեցայ։ Տունին մեջ «թըխ-թըխ, թըխ-թըխ» քալել կը փորձեմ կոր։ Ուալլա կարծես խոշ է։ Փորձեմ։

«Մամա, կ՛իջնե՞ս, քիչ մը Ազիզիէ քալենք»։

Մամայիս ժպիտը առանց աչքերու կը տեսնեմ։ Իրեն համար հրաշալի էր․ երեք ամիս առաջ տեսողութիւնը կորսնցուցած իր անդրանիկ զաւակը փոփոխութիւն ցոյց տուաւ ու որոշեց վերջապէս վերադառնալ իր առաջուայ աշխոյժ կեանքին։

«Եալլա Սաղօ, երկու վայրկեանէն պատրաստ կ՛ըլլամ»։

Ազիզիէ ենք՝ մեր շէնքին առջեւը։ Դանդաղ կը քալենք ես, մամաս ու երրորդ ոտքս։  «Թըխ-թըխ, թըխ-թըխ»․ կարծես ձայնն ալ աղուոր է, ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Ձախ կողմը արծաթագործ Պետիկին խանութն է։ Աջ կողմը՝ Մաղսալըթ Զահրա’ը, մի քանի քայլ առջեւ, անկիւնը Ճեսսին՝ հագուստի հռչակաւոր խանութը։ Առջեւը՝ Ճորճը, յետոյ՝ Մունիրը ու յետոյ՝ Թաքսի Պաղտատը։ Կը թեքուինք դէպի ձախ՝ մինչեւ կաթոճի Ռիատը։ Մինչեւ հիմա ամէն ինչ լաւ է։ Կը պատրաստուինք փողոցը անցնելու։ Յանկարծ կը զգամ՝ թանթիկ մը մեզ կը կեցնէ։ Անշուշտ այստեղ պէտք է ըսեմ, որ «թանթիկ» հասկացութիւնը Հալէպի մեջ ինծի համար այդ ժամանակ կը նշանակէր յիսուն տարեկանէն վեր, քրիստոնեայ, բծախնդիր տիկին մը, անունը ընդհանրապէս Մարի Ռոզ կամ Քիլին կամ Իվոն կամ Թերեզ․․․ Ու խօսած տասը բառէն չորս հատը միայն արաբերէն է։

«Պոն սուար մատամ Մունա, քի՞ֆ էք»։

Մատամ Մունան մամաս է։ «Համտ ըլլահ», կը պատասխանէ։

Յանկարծ ձայնը կը վերածուի փսփսուքի։  Չեմ լսեր կոր՝ ի՞նչ կը խօսին, բայց յայտնի է, որ զրոյցի գլխաւոր թեման ես եմ։ Փսփսուք, փսփսուք ու ցաւ արտայայտող բացականչութիւն․ «Ուաաաա՜խ, ծ,ծ,ծ,ծ։ Եա՜ ալլաաաա՜հ»։

Նորէն փսփսուք, նորէն բացականչութիւն։ Ու  յանկարծ թանթիկին դէմքը ականջիս դուռին դիմացն է։

«Սավա՞, Սաղօ», շատ բարձր ձայնով կը պոռայ։ Անակնկալի կու գամ ու շատ բնական ձեւով ետ կը քաշուիմ ու կը փորձեմ հանգիստ ձայնով պատասխանել պարզապէս հասկցնելու համար, որ այո, կոյր եմ, չեմ տեսներ կոր այլեւս, բայց լսողութիւնս տեղն է ու նորմալ։

«Մերսի, մերսի թանթիկ, լաւ եմ»։

Առաջուընէ քիչ մը աւելի ցած ձայնով կ՛ըսէ․ «Զօրաւոր եղի՛ր, աղօթէ՛ Աստուծոյ, շատ լաւ մամա ունիս ու Աստուած ամէն ինչի կարող է»։

Գլուխս կը շարժեմ ու երրորդ ոտքս ալ կը սկսիմ ձեւով մը շարժել մամայիս հասկցնելու համար՝ «եալլա, մամ, կը բաւէ»։

Փողոցը անցանք, Մուսալլաճաթ Հատիսէին դիմացն ենք՝ առաջին համով սթիք-պաղպաղակ բերող խանութը։ Քիչ մը առջեւ՝ Տիսքոթեք Մազենը, որը դեռ թրքական CD կը ծախէ ու դեռ տղաքը խելքերնին հետը դրած են, որպէսզի ձեւով մը սահմանափակեն թրքական երգի տարածումը Հալէպի մեջ։ Կը շարունակենք քալելը, ու թըխ-թըխ-ի ձայնը արդէն խոշիս կու գայ կոր։ Դիմացս ծաղկավաճառ Մըրճանէն է, որ Հալէպի զոյգերու հարսանեկան շռայլութեամբ հարստացաւ։ Կողքը՝ Փիցցա Զաուիէն, որ, ըստ ստամոքսիս՝ Հալէպի ամենահամով փիցցա պատրաստող խանութներէն մէկն էր։

Շունչ մը կ՛առնեմ ու մամային հետ կը պատրաստուիմ դիմացի մայթը անցնելու համար։ Սանապել փուռը՝ իր հրաշալի ֆրանսական պակեթով ու քրուասանով, ժելիպոնի եւ մարշմելլոյի՝ Հալէպի առաջին խանութը, որ առաջ գրադարան էր, ու Ժիրարտը, որուն քով անպայման պէտք է կենամ։ Աս մարդը շատ քլաս էր, խանութն ալ իր անունին էր։ Ֆրանսական սիրուն-սիրուն կաթոներ կը ծախէր։ Կաթոներուն անուններն ալ ֆրանսերէնով գրուած էր։ Կը յիշեմ՝ երբ քովը կը մտնէի, ծախելու սիրտ չունեցողի պէս ոտքի կ՛ելլէր, Պալզաքի գիրքը մէկ կողմ կը դնէր ու վերէն նայելով կը հարցնէր․ «Հրամմեցէ՛ք, ինչպէ՞ս կրնամ օգնել»։ Ամենասիրած կաթոս կ՛ընտրէի ու, առանց ֆրանսերէն անունը կարդալ կարողանալու, մատիկովս ցոյց կու տայի․

«Ասկէ հաճի՛ս․․․․․․ Մերսի պոքու»։ Էհ, Ժիրարտ, Ժիրարտ, ադ ի՞նչ կաթոնե՜ր էին։

Մամաս կարծես երեւակայութիւնս կարդաց ու ցած ձայնով ականջիս կը փսփսայ․ «Համով էին չէ՞ ասոր կաթոները։ Շատ քաղցր էին, հա»։

«Այո, այո», կ՛ըսեմ ու կը յիշեմ յաւերժական ճակատամարտս շաքարի ու ինսուլինի միջեւ։ Կը շարունակենք քալել ու արդէն Փրիմոյի անկիւնն ենք։ Փրիմոն լուացքատուն էր, որ այլեւս չկայ։ Դիմացը հռչակաւոր քանի մը խանութ են՝ Ֆաթայեր Սահան, Համպըրկըր Միքին ու Էյ․ անտ Թի․ ռեքորտինկը։

Կարճ զրոյցէ մը վերջ մամային հետ կ՛որոշենք ոչ թէ Ազիզիէի թալա’ան (զառիվերը) բարձրանալ, այլ շարունակել ՀՄԸՄ պարտէզ հասցնող ճամբան։ Պենեթթոնը անցանք, ֆառռուճ Սեւանն է իր քլասիք քարթոն ֆրիի տուփով ու պճլիկ փլասթիք պատառաքաղով։ Սոմար անուշավաճառն է յետոյ՝ քիչ առաջուայ ճակատամարտիս երկրորդ կայարանը, Յովիկ շուզը, ՀՄԸՄ պարտէզին մուտքը ու հո՛փ՝ երկրորդ թանթիկը դիմացնիս կ՛ելլէ։

«Բարեւ տիկին Մունա, ինչպէ՞ս ես։ Սաղոն ի՞նչպէս է»։

Անշուշտ Սաղոն ես եմ, որ ճիշդ տիկին Մունային քովը կեցեր է։ Տիկին Մունան ալ այստեղ իրար կ՛անցնի․ «Քա հոս է, հարցո՛ւր»։

Թանթիկը, իրար անցած, ձեռքով-ոտքով, փսփսուքով մամայէս կը փորձէ հասկնալ, թէ նորմալ կը խօսի՞, հանգի՞ստ է, կը պատասխանէ՞։ Մամաս ալ․․․․․ մէկ անգամէն կը լսեմ մամայիս ձայնը․ «Քա հա՜, հա՜»։ Ու թանթիկը վերջապէս բարձր ձայնով կը հարցնէ․ «Վա՜յ Սաղօ, տղաս, ինչպէ՞ս ես։ Քա ի՞նչ եղաւ, տղաս»։ Ու յանկարծ կը սկսի փսփսուքը մամայիս հետ։ Փսփսուք, փսփսուք, յետոյ նոյն բարձր ձայնը կ՛ուղղուի ինծի․ «Աչք է, տղաս, աչք։ Աղօթէ՛, աղօթէ՛։ Աստուած պապան կը լսէ։ Ամէն օր երկու հատ Հայր մեր, երեք հատ Մարիամ Աստուածածին։ Ու չվախնա՛ս, հա՜»։

Գլուխս կը շարժեմ ու նոյն ժամանակ երրորդ ոտքս, որպէսզի մաման հասկնայ, որ եղաւ․․․ պըխմըշ եղայ, քալենք։

Ապու Յակոբի սուճուխի գրգռիչ հոտերն են, փիցցա Հաուսը, Շամս կազիէն, Մատինըթ մալահին, որ այլեւս չկայ, ու կրկին մեր տունը։

Հատիկ-հատիկ աստիճանները կը բարձրանամ, թըխ-թըխ, տուն կը մտնեմ ու կը տեղաւորուիմ սիրած աթոռիս վրայ։ Փայտիկս կը ծալեմ, կը դնեմ կողքս ու ժպտալով երկար շունչ մը կ՛առնեմ։ Մամաս, նորէն կարդալով միտքերս, կը հարցնէ․ «Յոգնեցուցիչ էր, չէ՞»։  Կը խնդամ։ «Պէտք է կամաց-կամաց վարժուիս, Սաղօ՛»։

Սիրելի փայտիկս՝ երրորդ ոտքս, նորէն կը բանամ, թըխ-թըխ գետին զարնելով, մամային կ՛ըսեմ․ «Անպայման, մա՛մ։ Կեանքը կը շարունակուի։ Ու ես ալ շուտ կը վարժուիմ, բայց կը սպասեմ, որ իրենք ալ վարժուին։ Թըխ-թըխ, թըխ-թըխ»։

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x