Ճերմակ Ագռաւ

Ճերմակ Ագռաւ

Ճերմակ Ագռաւը՝ գրող, ակնարկագիր Սաղաթէլ Պասիլ «Պտոյտ մը Հալէպի Փողոցներուն Մէջ» շարքով մտովի վերադարձած է նախապատերազմեան Հալէպ, ու կարծես ընթերցողին ձեռքէն բռնած՝ զայն կը պտտցնէ յիշողութեան մէջ իր ծննդվայրին, հաւանաբար զայն վերապրելու համար փողոց առ փողոց, գոյն առ գոյն եւ մարդ առ մարդ:

November 13, 2021

Չորրորդ ներկայացումն է արդէն, սիրելի՛ ընթերցող։ Նոյն ձեւով պիտի սկսիմ, բայց նոյն  ձեւով պիտի չաւարտեմ։ Առաջին տեսարանը Հալէպի հսկայ բեմին վրայ պիտի կատարուի, իսկ երկրորդ  ու վերջին տեսարանը պիտի ներկայացնեմ Շուէտի բեմէն։ Շատ չերկարեմ, ու եկէք սկսինք․ վարագոյրը բաց է։

November 6, 2021

Սիրելի՛ ընթերցող, արդէն երրորդ անգամն է, որ Հալէպ կոչուած հսկայ բեմին վարագոյրը կը բարձրացնեմ ու քեզի կը ներկայացնեմ ձայներ ու տեսարաններ այդ քաղաքին կեանքէն։ Քանի մը յիշեցում ընեմ, ու սկսինք։

October 30, 2021

Ըստ «հայկական ժամադրութեան», այսինքն՝ ոչ ճիշդ ժամին, կրկին անգամ, սիրելի՛ ընթերցող, եկուր միասին վարագոյրը բարձրացնենք Հալէպ կոչուած մեր հրաշալի բեմին, ուր ես եւ դուն շատ յաճախ եւ՛ դերասան եղած ենք, եւ՛ հանդիսատես։

October 23, 2021

...Մրցումը կը շարունակուի մինչեւ նոյն մարդուն յաջորդ սխալը, «զանգակներ-զանգակներ», «հաւ-հաւ-հաւկիթներ», ծափեր, սուլիչ, գնդակ ու ներքին անհասկնալի պայքար, որուն հետ կ՛աւարտեմ տեսարանս ու դանդաղ կ՛իջեցնեմ վարագոյրը այս մեծ ու իրական թատրոնին...

October 17, 2021

«Ես այլեւս մամային հետ Թիլել պիտի չիջնեմ, որպէսզի ի՛ր ճաշակին հագուստ գնեմ։ Ես այլեւս ես ինծի՛ պիտի գնեմ իմ հագուստս»...«Levis ճինզ կ՛ուզեմ եւ Dockside կօշիկ»։

October 9, 2021

...Այսօր այստեղէն՝ Շուէտէն, ուր կան աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ ու հրաշալի անտառները, պարտէզները եւ այգիները, կարօտով կը յիշեմ մաշթալը եւ այդ ուժեղ եւ նոյն ժամանակ փափուկ ու մեղմ ձեռքը, որ սահմանագծելով մանկական խենթ ազատութիւնս՝ սէր, վստահութիւն, կայունութիւն ու կազմակերպուածութիւն կը պարգեւէր ինծի։

October 2, 2021

«Մամա, կ՛իջնե՞ս, քիչ մը Ազիզիէ քալենք»։

September 25, 2021

«Ինչքա՞ն եղաւ հաշիւը», պապաս կը հարցնէ։  Համոն ժպտալով ու խանդավառութեամբ կլոր թիւ մը կ՛ըսէ, առանց մանրամասնելու։ Հայրիկս կը վճարէ գումարը ու կ՛աւարտէ ամէն անգամուան նախադասութեամբ․ «Մնացածը տուր չոճուխին․․․»:

September 18, 2021

...ըստ աւանդութեան բերնով տոպրակը վարէն կը ծակեմ, ու տղաքը ամէն մէկը ափը կը բանայ, ու ես կը սկսիմ քիչ-քիչ լեցնել։ Ամէն մարդ շատ զգոյշ ափը կը մօտեցնէ բերնին ու լեզուով կը համտեսէ։ Լռութիւն. համեմունքները արդէն իրենց խաղը կը խաղան տղոց գլուխներուն մէջ։

September 11, 2021

...«պարտէզ»ները հալէպահայութեան համար ամենահոգեհարազատ վայրերն էին, այդ հասկացութեան ընդգրկած բազում բարի ապրումներով։

September 4, 2021

Երեւի գաղտնիք մը չէ եթէ ըսեմ, որ ֆութպոլի դաշտը ուղղանկիւն պէտք է ըլլայ, սակայն մեր դաշտը այդպէս չէ. աւելի ճիշդ՝ մէկ կողմը ուղղանկիւն է, իսկ միւս կողմը՝ սենեակներ, դռներ, պատուհաններ, ջուրի ծորակ, է՛հ, եւայլն․․․

August 28, 2021

Կոկիկ, սիրուն զարդարուած քարթ մը, որ ազգային խորհրդանիշներու կողքին անպայման կ’ընդգրկէր տուեալ միութեան խորհրդանիշը եւ շնորհաւորական խօսքեր։ Ու բանակ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, փողոցները ինկած, տունէ տուն տուեալ միութեան անունով կը շնորհաւորեն Նոր տարին և Սուրբ ծնունդը։

August 21, 2021

Սիրելի ընթերցող, ինքս եղած եմ թէ այդ խմբապետին տեղը, թէ այդ դասախօսութիւն չպատրաստողին տեղը, թէ շրջիկ դասախօսը եւ շատ յաճախ ալ պատժուողն ու պատժողը։ Տեղ-տեղ մանկական քաղցրութիւն կար, տեղ-տեղ ալ՝ խայթոց ու կռիւ, բայց, ի վերջոյ, այդ ժողովներէն սերունդներ կերտուեցան ու պատմութիւն գրուեցաւ։

August 14, 2021

Աս գուրպը մեծ պատմութիւն ունի ողորմած Ապու Ազիզին հետ։ Ամէն անգամ, որ յաղթահարէր, «զամմուր հաուան» ամուր կը սեղմէր ու կարծես կ’ուզէր գուրպին ճարտարապետին ըսել․ «Քաքնեմ խելքիդ, աս ինչ քաքէն գուրպ էր»։

August 7, 2021

«Ժողովուրդ, կէս ժամէն աւելի չուշանաք»։ Ու այդ ժողովուրդը կեանքին մէջ ճիշդ ժամանակին չեկաւ․ ո՞վ կը դիմանայ Ղասթալի նախաճաշին։

July 31, 2021

...Այդ ժամանակ հրաշալի էր այդ գաղտնիութեան ու ժողով ընելու զգացումը։ Մեծ բան մը ընելու հոգեբանութիւնը։ Այսօր, երբ այդ բոլորը կը յիշեմ, երանի կու տամ այդ մանկական ու պարզամիտ հոգիի զգացումին։

July 24, 2021

Ի միջի այլոց, Ճեմարանը իսկապէս միայն դպրոց չէր, այլեւ շատ-շատ խիտ ճամբաներու եւ ճակատագիրներու խաչմերուկ։

July 17, 2021

«Արամ Մանուկեան» շէնք կամ «Արամ Մանուկեան կեդրոն» կամ ճամբաներու խիտ խաչմերուկ․․․Շատ մարդոց ճամբաները այստեղ հանդիպած են ու /կամ բաժնուած։ Այս կառոյցը եթէ լեզու ունենար ու խօսելու կարողութիւն՝ ինչեր ու ինչեր պիտի պատմէր։

July 9, 2021

Այսօր ձեզի հետ կը քալեմ շատ-շատ կարճ ճամբայ մը՝ դռնէ դուռ։

June 26, 2021

Միակ օրն է, որ ժամացոյցի զարթուցիչէն առաջ կ'արթննամ ու յաղթական շարժումով մը զինք կ'անջատեմ նախքան վեցուկէսի զանգը։

June 19, 2021

Ասի իմ տարածքս էր ու իմ սիրելի փողոցը, որտեղ իսկապէս ամէն քայլի հետ ազատութիւն և ապահովութիւն կը զգայի, նոր բան կը սորվէի, նոր հայհոյանք կը լսէի ու կ’ըսէի որ «ասի իմ փողոցս է»։ Այսօր ապահով Եւրոպայի մէջ դժբախտաբար փողոց չունիմ։ Ազատ եւ ապահով կը քալեմ, այո, բայց իմ փողոցիս զգացումը չ’ունիմ։ Չեմ կրնար ըսել․ «ասիկա իմ փողոցս է, իմ փողոցս»։…