Համեմունքներ՝ Տա’այի ճամբան

September 18, 2021
«Ու միասին, քիչ չափերով, փակ աչքերով, Ռաճնիին համար կը պատրաստեմ կախարդական տա'ան...»

Շուէտ եմ, պճլիկ տունս, պզտիկ աթոռիս վրայ նստած կը զրուցեմ Siri-ին հետ եղանակի տեսութեան մասին։ Ռաճնին խոհանոցն է, հետաքրքրական աղմուկ մը կայ։

«Ռաճնի՛, ի՞նչ կ՛ընես»։

Ռաճնին ժպիտով կը պատասխանէ․ «Փոքրիկ շիշերս կը դասաւորեմ, համեմունքներու շիշերս»։

«Մմմմ»

Ըսեմ, որ Ռաճնիին եւ համեմունքներուն միջեւ հրաշալի սիրոյ պատմութիւն մը կայ եւ յատուկ վարուելակերպ մը։

Յանկարծ մտքէս հարցում մը անցաւ, ու երկինքէն ինկածի պէս ըսի․ «Ռաճնի՛, սումմախ ունի՞ս մը»։

Զգացի, որ Ռաճնին զարմացաւ ու նոյն զարմանքով ըսաւ․ «Այո, ունիմ։ Ինչո՞ւ կը հարցնես»։

Երեւակայութիւնս կամաց-կամաց սկսաւ յիշողութիւնս պզպզել․ «Լաւ, իսկ նա՛նա՛ (անանուխ) եւ քիչ մը կծու պիպա՞ռ։»

«Այո, այո, ունիմ Սաղօ։ Ի՞նչ կը մածես կոր։»

Երեւակայութիւնս աւելի գրգռուեցաւ․ «Ռաճօ՛, աջաբ լեմուն տուզու (լիմոնաղ) ալ ունի՞ս։»

«Ունիմ ,Սաղօ, ունիմ։ Գարամ մասալա ալ  ունիմ, քարի ալ ունիմ ու քըզպարա․․․․»

Սակայն ես իրականութեան մէջ լեմուն տուզույէն վերջ բան մը չլսեցի։ Երեւակայութիւնս արդէն ուշացած երեխայի մը նման քունէն արթնցաւ ու վազելով հասաւ Հալէպ, երբ հինգերորդ դասարան էի ու ծանօթացած էի տա’այի գիւտին։

Հալէպ եմ, ժամը վեցն է, մաման, պապան տունը չեն, Յարութը եւ Սուզին զբաղած են։

Պզտիկ փլասթիքէ աթոռը պալքոնէն կամաց-կամաց կը քաշեմ դէպի մամային սիրած բարձր պահարանը։ Աթոռը կը դնեմ, կը բարձրանամ, պահարանին դուռը կը բանամ, ու դէմքիս կը փչէ համեմունքներու բուրմունքը։

«Ասի նա՛նան է, աս ալ քիչ մը կծու կարմիր պիպառը, հոս ալ լեմուն տուզուն է, աս ալ գիտեմ։ Դէ՛ աղն ալ մաման արդէն ասոնց հետ չի դներ, յստակ է՝ ուր է։ Աս սումմախ կոչուածը տեսնես ո՞ւր է։ Համը գիտեմ, բայց ոչ՝ գոյնը, ոչ՝ ձեւը։ Հինգ վայրկեան մը պճլիկ մատս մտցնելով զանազան տուփերու մէջ, վերջ ի վերջոյ հասայ սումմախին։ Աչքերս կը փայլին ու  ժպիտս արդէն յստակ է։ Պահարանը կը գոցեմ ու կը սկսիմ տա’ան պատրաստել։ Բծախնդիր խոհարարի մը նման ամէն ինչը, ըստ տղոց առաջարկի, կը հաւաքեմ, կը խառնեմ, թափանցիկ նոր փլասթիքէ տոպրակ մը կ՛առնեմ, մէջը կը լեցնեմ, կը կապեմ տոպրակը չքակուելու աստիճան ու սուսիկ փուսիկ կ՛երթամ սենեակս, պայուսակս կը բանամ։

«Ո՞ւր պահեմ, որ մէկը չտեսնէ։ Երեւի գրչատուփին մէջ»։

Ու իսկապէս ուշադիր կը տեղադրեմ, ու ամէն ինչ պատրաստ է։

Երեւակայութիւնս էջը կը դարձնէ դէպի յաջորդ օր։ Առաջին զբօսանքն է, հինգ ընկերներով դասի ժամանակ արդէն համաձայներ ենք, որ զբօսանքին կը հաւաքուինք կոր տղոց թուալէթին քով։ Հա, ըսեմ, որ Մխիթարեան դպրոցն է, Աշրաֆիէի շրջանին մէջ, օրինակելի մեծ բակն է, տղոց թուալէթն ալ ամենահեռու կէտն է պարոն Ժիրայրին եւ հերթահապահ օրիորդին աչքերէն։

Հինգ հոգիով արդէն կեցած ենք, ուշադրութեամբ տոպրակս կը հանեմ ու բոլոր տղաքը ուրախ-ուրախ կը հարցնեն։

«Ըրի՞ր մը»։

«Համով չըլլայա…»։

«Համով է, համով է, հիմա կը տեսնէք» , ու ըստ աւանդութեան բերնով տոպրակը վարէն կը ծակեմ, ու տղաքը ամէն մէկը ափը կը բանայ, ու ես կը սկսիմ քիչ-քիչ լեցնել։ Ամէն մարդ շատ զգոյշ ափը կը մօտեցնէ բերնին ու լեզուով կը համտեսէ։ Լռութիւն. համեմունքները արդէն իրենց խաղը կը խաղան տղոց գլուխներուն մէջ։

«Համով է»,  «Շատ համով է»։

«Լան, կծուն շատ քիչ է, լան։ Նորմալ կծու պիպառ չունի՞ք կ՛երեւի։ Ուրֆացի չէի՞ր դուն։ Աս ի՞նչ կծու է»։

Հանգիստ եւ ուրախ կը պատասխանեմ, քանի արդէն մեծամասնութիւնը «շատ համով է» ըսաւ։

«Ծօ չէ, եաու։ Շատ կծու ըլլայ նէ, չուտուիր»։

Բոլորս կը խնդանք եւ ուշադիր կը հետեւինք շրջապատին՝ յանկարծ մէկը չմօտենայ կամ «մատնիչ Յուդա» մը չնկատէ։ Տոպրակս կը վերջանայ, բոլորս կ՛ուղղուինք դէպի տղոց թուալէթներէն քիչ մը հեռու՝ դէպի ջուրի խողովակները, ձեռքերնիս, բերաննիս կը լուանք ու կը շարունակենք մեր խենթութիւնները այդ հրաշալի բակին մէջ։

«Սաղօ՛, Սաղօ՛»։

«Հա, ՌաՃ»։

«Ո՞ւր գացիր նորէն»։

«Հոս եմ, հոս եմ։ Ըսիր սումմախ ունիս, չէ՞»։

Համբերութեամբ Ռաճնին կը պատասխանէ․ «Ծօ հա, ունիմ։ Ի՞նչ կ՛ուզես կոր սումմախէն»։

Ու միասին, քիչ չափերով, փակ աչքերով, Ռաճնիին համար կը պատրաստեմ կախարդական տա’ան, տոպրակին մէջ կը լեցնեմ  նոյն ձեւերով․ այս անգամ Շուէտի մէջ, պաղ եղանակին, տղոց թուալէթէն հեռու, հեռու՝ «մատնիչ Յուդաներէն», հեռու՝ ընկերներէն, հեռու՝ մարդկային հրաշալի աղմուկէն։ Քիչ մը Ռաճնիին ափին մէջ կը լեցնեմ ու կ’ըսեմ, «Փորձէ՛, համով է։ Ասոր համին մէջ կեանք կայ ու երազներ։ Համով է, համով է․․․»:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x