Ճանապարհի բեմ՝ ձայն ու տեսարան թիւ 1

October 23, 2021
"Տեսարան երկրորդ. վայրը՝ մարզական դաշտ մը, ուր մրցակիցները երկուքն ալ հայեր են։"

Փողոցն եմ, քաղաքի մը մէջ, որ շատ յաճախ թատրոնի կը նմանցնէի։ Իրական թատրոն՝ անվերջ դէպքերով ու պատմութիւններով։ Դերասաններ, ձայներ, աղմուկ, փոշի ու հանդիսատես։ Հալէպ է այդ հսկայ թատրոնին անունը, ու ես՝ ե՛ւ որպէս դերասան, ե՛ւ որպէս հանդիսատես, այս տողերուն միջոցով քեզի կը ներկայացնեմ, սիրելի ընթերցող, այդ փողոցներէն, այդ թատրոնէն  քանի մը ձայն ու տեսարան։ Հակառակ, որ հարիւրաւոր քիլոմեթրերով հեռացած եմ այնտեղէն, մինչեւ հիմա ամէն անգամ, որ բանամ յիշողութեան արխիւս ու  աշխատցնեմ ձայնային ժապաւէնս՝ բծախնդիր մանրամասնութեամբ կը յիշեմ այդ տեսարաններն ու ձայները։ Եթէ պատրաստ ես, եկուր՝ բեմը բանամ  ու վարագոյրը  բարձրացնեմ։

Տեսարան առաջին

վայրը՝

Մահաթըթ՝ կայարան Պաղտատ՝ «Ֆալաֆել Մըշուար»ին խանութը,

ժամանակը՝

կէսօրուան ժամերուն,

դերասանները՝

ես,

յոգնած հաշուապահ մը (հաւանաբար այս իր երկրորդ աշխատած գործն է),

երկու գործաւոր՝ մէկը թաշխալաճի, միւսը՝ ջղային, աննորմալ արագութեամբ կ՛աշխատին։

Տեսարանը՝

Կեցած եմ  յոգնած, բայց ժպտուն հաշուապահին առջեւ։ Տասը սուրիականը կը վճարեմ ու դիմացը կը ստանամ բարակ քառակուսի թուղթ մը, որուն վրայ գրուած է անհասկնալի թիւ մը։ Թուղթը՝ ձեռքս, կ՛ուղղուիմ դէպի երկու գործաւորները, կ՛ընտրեմ թաշխալաճին ու թուղթը անոր կը յանձնեմ։ Մարդը կը սկսի ֆալաֆել պատրաստելու ներկայացումը։ Ճիշդ կարծես մարդկային ռոպոթ է, բայց վրան աւելցուցած են մնայուն ժպիտ, թաշխալայի ձայներ ու լեզուի setting-ին մէջէն ընտրած էն մաքուր «հալէպերէն»ը։ Բարակ թաննուր հացը (լաւաշի մրցակիցը), ֆալաֆելի հատիկները, սեզոնային կանաչեղէնը , թահինը, թռշուն ու յանկարծ կախարդական ձեւով սենտուիչը վեր կը բարձրանայ ու  հարսի վայել նազով պտոյտ մը կ՛ընէ թաշխալաճիին ձեռքերուն մէջ։ Փայլուն աչքերս ուղղուած են դէպի հրաշալի սանտուիչս։ Ճիշդ պահն է այդ սպասելի ձայնին. ռոպոթային արագութեամբ թաշխալաճիին ձեռքը կ՛իջնէ տրցակ մը բարակ թուղթերուն վրայ ու կախարդական ձեւով հատիկ մը բարակ թուղթ կը փակի մարդուն ձեռքին՝ արձակելով իմ այդ սիրած ձայնը՝ «ԹԱԱԱԱԱԱԱԽԽԽԽԽԽԽԽ»։ Մէկ հատիկ թուղթը նուրբ ձեւով կը փաթթուի միւս ձեռքով բռնած սենտուիչին վրայ ու կը յայտնուի արդէն դիմացս։ «Սահթէն», կ՛ըսէ մարդկային ռոպոթը նոյն թաշխալայով, իսկ ես երկու ձեռքերս կ՛երկարեմ այդ հրաշալի ստեղծագործութիւնը ընդունելու համար։ Կը զգամ, որ հանդիսատեսները բոլորը կը ծափեն այս շարժումին ու ձայնին։ Սենտուիչս կ՛առնեմ  ու քուլիսներու ետին արդէն կը սկսիմ վայելել։

ԴԱԴԱՐ․․․

Տեսարան երկրորդ.

վայրը՝

մարզական դաշտ մը, ուր մրցակիցները երկուքն ալ հայեր են։

Ժամանակը՝

կա՛մ մէկուկէս ժամ ու տասնհինգ վայրկեան դադար, կա՛մ քառասուն վայրկեան ու քանի մը անգամ դադար։

Դերասանները՝

ես,

երկու խումբ մարզիկներ՝ կա՛մ գնդակի մը ետեւէն կը վազեն, կա՛մ ձեռքերով գնդակը իրարու կը նետեն,

երկու հսկայ ամբոխ, որ մէկը միւսին «Զանգակներ-Զանգակներ» կ՛երգէ, իսկ միւսը «Հաւ-հաւ-հաւկիթներ»ով կը պատասխանէ։

Տեսարանը՝

Մարտի դաշտին մէջ խաղցողները լարուած են, ես ալ նոյնպէս։ Ամբոխը լարուած է, դիմացի ամբոխն ալ, մարզիչները, պատասխանատուները, կարգը պաշտպանող զինուորները, զահթար ծախող Ապու Ալին ու պրիոշ ծախող Քրմոն․ բոլորը լարուած են։ Պատճառը սեւ հագուող մարդն է, որ օրէնքով պէտք է իրաւարար կոչուի, եւ անոր քանի մը անգամ անարդար սխալ սուլոցները։ Մթնոլորտը աւելի կը լարուի, ու յանկարծ կանչերը՝ «զանգակներ-զանգակներ» ու «հաւ-հաւ-հաւկիթներ» կը փոխուին։ Արաբերէն լեզուով հայհոյականչ մը կը սկսի ուղղուած սեւ հագուող մարդուն, աւելի ճիշդ՝ այդ խեղճ մարդուն խեղճ ու անմեղ մօրը կամ քրոջը։ Կարճ «քէ» տառը արաբերէնով ու յետոյ երկար «սէ» տառը՝ ու ծայր կ՛առնէ խմբային բանաստեղծական հայհոյանքը։ Բոլորը կը հայհոյեն, ես ալ կը մասնակցիմ։ Տարօրինակ ու անհասկնալի հաճոյք մը կայ խմբային հայհոյանքին կամ պոռալ-կանչելուն մէջ։ Բոլորն ալ կ՛ըլլան «ես» ու այդ «ես»ը կը ղեկավարէ բոլորը։

Տեսարանը արդէն աշխուժացաւ ու աւելի լարուած դարձաւ, մանաւանդ երբ կարգը պաշտպանող  բանակի զինուորները մէկ մարդու պէս սկսան շարժիլ դէպի մեր կողմը։ Խաղը կեցած է, պոռալ-կանչել, աղմուկ, գաւազանները կը մօտենան կոր դէպի հայհոյող ամբոխը։ Յանկարծ կը պատահի կախարդական բան մը․ ինչ-որ մէկը հայհոյանքի բանաստեղծութեան գլխաւոր քառեակը «քէ» ու «սէ» տառերէն կը փոխէ դէպի ուրիշ քառեակի մը, որը կը բաղկանայ երեք բառերէ՝ «Աստուած, երկիր, իշխանութիւն ու վերջ»։ Մէկ անգամէն ամբոխը կը միանայ, ու նոյն կախարդական վայրկեանին զինուորները ու իրենց փայտիկները կը սառին օդի մէջ։ Բառացի կը սառին, ու կը սկսին  նահանջի քայլերը։ Ամբոխը կ՛ուրախանայ ու կը սկսի նոյն գովասանական քառեակը շարունակել։ Ծափեր, երջանկութիւն, թաշխալա, փոշի, ու տեսարանը կ՛աւարտի սեւ հագուող մարդուն սուլիչին ձայնով։

Մրցումը կը շարունակուի մինչեւ նոյն մարդուն յաջորդ սխալը, «զանգակներ-զանգակներ», «հաւ-հաւ-հաւկիթներ», ծափեր, սուլիչ, գնդակ ու ներքին անհասկնալի պայքար, որուն հետ կ՛աւարտեմ տեսարանս ու դանդաղ կ՛իջեցնեմ վարագոյրը այս մեծ ու իրական թատրոնին, որուն բոլորս ալ օր մը կա՛մ դերասաններէն էինք, կամ հանդիսատեսը։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x